ԿԱՌԱՎԱՐԵԼԻ՞ ԹԷ ԱՆԿԱՌԱՎԱՐԵԼԻ

Սփիւռքահայ մտաւորական Խաչիկ Թէօլէօլեան սփիւռքագիտութեան բնագաւառի հիմնադիրներէն է, գրականագէտ, մտաւորական։ Ան՝ որպէս հեղինակաւոր սփիւռքագէտ նաեւ հիմնադիր-խմբագիրն է «DIASPORA» հանդէսին։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ուէսլէյըն (Wesleyan) համալսարանին մէջ համեմատական գրականութիւն դասաւանդած է։ Փարիզի «Նոր Յառաջ» թերթի գլխաւոր խմբագիր Ժիրայր Չոլաքեան վերջերս տեսակապով զրուցած է Խաչիկ Թէօլէօլեանի հետ՝ արծարծելով զանազան նիւթեր, որոնք ներկայիս մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնեն հայ իրականութեան օրակարգին վրայ։ Ստորեւ կ՚արտատպենք այս շահեկան տեսակցութիւնը։

*

-Այս օրերուն, Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւնները, զանազան պատճառներով, վատթարացած են, նաեւ՝ միջազգային քաղաքական իրադարձութիւններու բերումով։ Ձեր կարծիքով սփիւռքը կառավարելի՞ է, թէ՞ ոչ։

-Նման հարցումի մը տեսական պատասխան տալը դժուար է, իսկ եթէ փորձենք տեսականը հիմնաւորել գոյութիւն ունեցող սփիւռքներով, կը տեսնենք որ ո՛չ մէկ սփիւռք իսկապէս կառավարելի է, այսինքն սփիւռքներու ընտրանիները, կամ այսպէս կոչուած աւագանիները, հազիւ թէ կարողանան իրենց սփիւռքի մէկ փոքր մասը կառավարել, իսկ պետութիւնները իրենց սփիւռքները գրեթէ երբեք չեն կրնար կառավարել։ Սակայն հարցը պէտք չէ բեւեռացնել։ Կառավարել կայ, ղեկավարել կայ, ուղղութիւն թելադրել կայ։ Կան իրավիճակներ, ինչպէս հրէականը, որ իր սփիւռքին մէջ ունի բազմատեսակ աւագանի մը. ոմանք՝ կրօնքին հանդէպ անտարբեր կամ անուշադիր, ոմանք՝ ծայրայեղ պահպանողական կրօնասէր, ապա ոմանք գլխաւորաբար Ողջակիզման հարցով զբաղող, ոմանք ալ՝ Իսրայէլով...։ Այլ խօսքով հոն զանազանութեան գործակազմ մը կայ, ուր վերնախաւէն պզտիկ խումբեր կը վարեն իրենց սփիւռքի մէկ մասին, ոչ բոլորին, զանազան հատուածները։

Բազմապիսութիւնը փոխանակ հակամիացում ըլլալու, կը դիւրացնէ վարումը սփիւռքի մասամբ իրարմէ անջատ, միշտ իրարմէ տարբեր հատուածները։ Ըսեմ, թէ Ֆրանսայի կամ Ամերիկայի մէջ հրեայ սփիւռքի 60-էն 70 տոկոսը տարեկան նուիրատուութիւն մը կ՚ընէ հրէական կազմակերպութեան մը կամ՝ Իսրայէլի։ Իսկ հայկական իրականութեան մէջ, որքան գիտեմ, այդ թիւը երբեք 15 տոկոսը չէ անցած։ Առ այդ արդեօք պիտի ըսենք, թէ հրեայ սփիւռքը կառավարելի՞ է։ Ես պիտի ըսէի վարելի է, զանազան տեղական կամ սահմանափակ վերնախաւերու կողմէ։ Իսկ այդ վերնախաւերը վարելու հարցով իր կարգին Իսրայէլի պետութիւնը կը զբաղի։ Ան տարին անգամ մը սփիւռք-Իսրայէլ ժողով չի գումարեր, այլ անոր արտաքին գործոց կազմէն դիւանագէտներ անդադար կը խորհրդակցին զանազան երկիրներու հրեայ վերնախաւերու ղեկավար տարրերուն հետ։ Ղեկավարել, վարել, կառավարել, ուղեցուցել բառերուն եւ դերերուն մէջ նրբութիւններ կան, իսկական կառավարելը միայն պետական մակարդակով կ՚ըլլայ, երբ ժողովուրդը ստիպուած է պետութեան հնազանդիլ, անշուշտ օրինաչափութեան սահմաններուն մէջ։

Այս առումով ամենէն հետաքրքրականը (…) վերջին մի քանի տարիներու Թուրք պետութեան փորձն է՝ իր սփիւռքը այնպէս կազմակերպելու եւ օժտելու դրածոյ վերնախաւով մը, որ կարենայ թէ՛ վարել, թէ՛ ղեկավարել։ Եւ քանի որ թրքական սփիւռքին մէջ հաստատուած մարդոցմէ շատերը վարժուած են հնազանդելու իրենց պետութեան, կրնայ ըլլալ որ թուրքերու ստեղծած նոր սփիւռքը մեծաւ մասամբ ղեկավարելի է։

Ուրիշ սփիւռքներու պարագային, օրինակ՝ չինական կամ հնդկական, ներդրումներ կատարող միլիոնատէրերը անդադար կը շոյուին պետական ներկայացուցիչներուն կողմէ, ըսել է անոնց միջեւ անդադար կապ կայ՝ հաղորդակցութիւն, համոզում եւ այլն։ Հասարակաց կէտը այն է, որ որքան հեղինակաւոր է հայրենի պետութիւնը եւ նոր՝ սփիւռքը, այնքան հաւանական է ղեկավարուելու հակումը։ Որքան հին ու խայտաբղէտ է սփիւռքը եւ օժտուած տեղական, հին վերնախաւով, այնքան անղեկավարելի է հայրենիքի պետութեան կողմէ, յատկապէս երբ խակ եւ վարկազուրկ է ան։

-Այս մօտեցումը նաեւ քիչ մը Հայաստանի կառավարութեան մօտեցումն էր, յատկապէս մինչեւ 2018-ի յեղափոխութիւնը։ Անկէ ետք հարցերը քիչ մը դժուարացան, նկատի ունենալով որ սփիւռքի ամենէն կարեւոր քաղաքական կազմակերպութիւնը՝ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը, եւ Հայաստանի կառավարութիւնը իրարու հետ ձեւով մը բախումի մէջ մտան, անհամաձայնութիւններ գոյացան, հաղորդակցութեան կապերն ալ խանգարուեցան։ Եւ այսօր մրցակցութեան խնդիր կայ, բայց Հայաստանի կառավարութեան կողմէ նաեւ զրուցակիցներ գտնելու դժուարութիւններ կան։ Դուք այսօր ինչպէ՞ս կը բնորոշէք սփիւռք-Հայաստան յարաբերութիւնները։

-Իրականութիւնն այն է, որ Հայաստանի մէջ կայ բաւական մեծ փոքրամասնութիւն մը, որ հակափաշինեանական է։ Միաժամանակ, այնպէս կը թուի, որ Հայաստանի ժողովուրդի կրաւորական մեծամասնութիւնը աւելի փաշինեանական է։ Հետեւաբար՝ Հայաստանէն փոքրամասնութիւն մը եւ սփիւռքի մէջ կարեւոր կազմակերպութիւններէն մէկը՝ Դաշնակցութիւնը, սփիւռքի մէկ փոքր, բայց անցեալին լաւ կազմակերպուած փոքրամասնութիւն մը կը ղեկավարէ։ Այնպէս, որ երբ կ՚ըսենք Հայաստան-սփիւռք հարց կայ, իրականութեան մէջ Հայաստանի մէջ կազմակերպուած փոքրամասնութիւնը եւ սփիւռքեան կազմակերպուած փոքրամասնութիւնը միասնաբար դէմ են Հայաստանի կրաւորական մեծամասնութեան որ,- ցարդ գոնէ,- կը յօժարի փաշինեանական պետութեան։

Գիտէք, Փաշինեան որոշեց փոխանակ բարելաւելու, ջնջել սփիւռքի նախարարութիւնը, եւ Սինանեանը նշանակեց իբրեւ գլխաւոր յանձնակատար, բայց ի՞նչ ըրաւ այդ նոր «ոչ»-նախարարութիւնը, 2018-էն ի վեր իսկապէս որեւէ նուաճում արձանագրե՞ց... Իմ տեսածս այն է, որ արեւմտահայ սփիւռքը ղեկավարելու մանր փորձերը արդիւնաւէտ չեղան։ Թերեւս ո՛չ պետութիւնը, ո՛չ ալ Սինանեան կ՚ուզեն հաստատել որ իրենց իսկական «թիրախ»ը 1988-էն ետք արտագաղթած ու դեռ նոր կազմուող արեւելահայ սփիւռքն է, եւ պէ՛տք է ըլլայ, քանի որ արեւմտահայ սփիւռքի ղեկավարութեան համար անկարելի է այդ իրագործել։

Հարցը այն է, որ թէ՛ սփիւռքի եւ թէ՛ Հայաստանի մէջ ո՞վ կրնայ նախաձեռնել մեծ գործի մը, այն հաւատքով որ իր ժողովուրդի մեծամասնութիւնը իրեն պիտի հետեւի։ Չկայ նման անձ մը կամ կազմակերպութիւն մը։ Գիտէ՛ք, յուսախաբութիւնը շատ մեծ է, խաբուածութեան զգացում մը կայ, որ եկա՛ն եւ բան մը չըրին։ Ես ցարդ չեմ տեսներ այն ելքը, որ այդ խաբուածութեան զգացումին կը յաղթահարէ եւ ժողովուրդին մէջ գոյութիւն ունեցող կրաւորական, բայց հիմնական խաւը գործի կը լծէ։ Անշուշտ պսակաձեւ ժահրի համաճարակն ալ իր բացասական դերը ունեցաւ, շեշտելով այս ձախողութիւնները։

-2018-էն ետք վերջին տարիներուն համաճարակը, պատերազմը շատ բաներ խանգարեցին, բարդացուցին իրավիճակը եւ պետութիւնը բնական ընթացքով չյառաջացաւ, յուսախաբութիւնները մեծցան, միաժամանակ կարիքներն ալ աւելցան։ Իսկ տեղեկատուական արհեստագիտութիւնը ի՞նչ կրնայ փոխել սփիւռքը կազմակերպելու տեսակէտէն։

-Ամէն մարդ գիտակից է, որ ներկայիս հսկայական կարելիութիւններ կան, իրականացուած, կամ՝ ոչ։ Բայց սփիւռքներու - հայկականը ներառեալ - մէջ ո՞ր սփիւռքն է ուր մէկ կամ երկու կազմակերպութիւններ կը ղեկավարեն, կը տիրապետեն՝ գործածելով տեղեկատուական ոլորտը։ Չկայ նման իրավիճակ։ Բաւական մեծ թիւով սփիւռքագիտական յօդուածներ հրատարակուած են, պրպտելով թէ ո՛ր սփիւռքի մէջ եւ ինչպէս ի զօրու է տեղեկատուական արհեստագիտութիւնը։ Միակ բանը որ կրնանք ըսել այն է, թէ մարդիկ, որոնք այլապէս սերտ կապ պիտի չունենային իրենց սերնդակիցներուն հետ՝ թէ՛ սփիւռքի եւ թէ՛ հայրենիքի մէջ, հիմա այդ կապերը ունին։ Բայց ի՞նչ է այդ կապերուն գոյութեան արդիւնքը։ Ըստ իս, կապեր ունենալը ինքնին դրական է, բայց անկէ անդին այդ կապը զօրակոչելը՝ այս կամ այն նպատակին ծառայեցնելու համար, միշտ շատ աւելի սահմանափակ արդիւնքներ տուած է ցարդ։ Օրինակ՝ Միացեալ Նահանգներու մէջ 5.5 միլիոն չինացի գաղթական կայ, աշխարհի մէջ 45-էն 50 միլիոն չինացի կայ, որ Չինաստանէն դուրս կ՚ապրի, եւ ամէն տարի բարեկեցիկ դասակարգը աւելի մեծ թիւով կ՚արտագաղթէ։ Չինաստանի կառավարութիւնը կ՚ուզէ ձեւով մը վերակացուի դեր կատարել այդ սփիւռքին մէջ, բայց ան կը յաջողի մի՛այն այն պարագային, եթէ այդ գաղթողները գործարարութիւն ստեղծած են իրենց հայրենիքին մէջ։ Զանոնք վարելու, անոնց տիրապետելու հաստատուած մէկ ձեւ չունի պետութիւնը։ Պարզապէս ամէն մէկ չինացի որ իր երկրէն գաղթած է, 1979-էն ի վեր, կապ ունի Չինաստանի մէջ իր ընտանիքին եւ բարեկամներուն հետ, եւ այս կապին գոյութիւնը հսկայ ուժականութիւն մը ունի իր մէջ, սակայն, այդ ուժականութիւնը զօրակոչելու վստահելի թեքնիք մը գոյութիւն չունի։ Ինչպէս որ ըսի, տեսականօրէն կարելի չէ այս նիւթերուն մասին խօսիլ։ Որոշ սահմանէ մը անդին պիտի նայիս, թէ ո՛ր սփիւռքին մէջ տեղեկատուական թուայնացուած կապերը ի՛նչ ազդեցութիւն կ՚ունենան։ Սերտ կապուածութիւնը որքան ալ դրական ազդակ է, ինքնաբերաբար արդիւնաւոր գործակցութիւն չի ստեղծեր։ Միշտ եւ նորէն գիտակից ու պատասխանատու կառոյցներու եւ զանոնք ղեկավարող վերնախաւի մը կարիքը կը յամենայ։

Ինչ կը վերաբերի ընկերային ցանցերուն, ապա շատեր ըսին, թէ առանց Դիմագիրքի 2018-ի Թաւշեայ յեղափոխութիւնը տեղի չէր ունենար։ Սփիւռքի մէջ եւս Դիմագիրքը կարեւոր դերակատարութիւն ունի ընկերային եւ ազգային երկխօսութիւնը պահպանելու համար։ Սակայն ի՞նչ ուղղութեամբ եւ ի՞նչ արդիւնքի համար, ատիկա այլ հարց է...

-Արդարեւ, Դիմագիրքը զանգուածային զօրաշարժի առիթ հանդիսացաւ, բայց նաեւ պատճառ դարձաւ ընդդիմադիր բազմաթիւ շարժումներու ստեղծման եւ ապատեղեկատուութեան տարածման, յատկապէս քաղաքական կեանքի մէջ։ Վերադառնալով ՀՅԴ-ին, կրնա՞ք խօսիլ անոր ինքնակազմակերպման փորձառութեան մասին։

-Առաջին Հանրապետութեան անկումէն ետք, ՀՅԴ-ն յաջողեցաւ իր շուրջ համախմբել եւ ուղղութիւն տալ բազմահազար հայերու։ Ամերիկեան քաղաքագիտական լրագրերու մէջ այս կուսակցութիւնը կը նկարագրուի իբրեւ «աքսորի կառավարութիւն»։ Ճիշդ է, որ ձեւով մը ժողովուրդ ղեկավարած է, առանց կառավարութիւն ըլլալու։ Այսուհանդերձ, բազմաթիւ պատճառներով այլեւս կարելի չէ նոյն եղանակով ղեկավարել։ Գլխաւոր պատճառն այն է, որ մեր համայնքներուն մէջ ժողովուրդը առաջուան պէս համախմբուած չէ մէկ տեղի, կեդրոնի մէջ, ինչպէս է՛ր Նոր Գիւղի (Հալէպ) կամ Պուրճ Համմուտի (Լիբանան) պարագան, հետեւաբար կառավարելը ա՛լ աւելի դժուար է, մանաւանդ որ այլեւս չկան Լիբանանի նման՝ այդ մօտեցումով փոքրամասնութիւններ ղեկավարող կուսակցութիւններ հանդուրժող պետութիւններ։ Տեղայնացուած հաւաքականութիւն մը վարելը,- ուր մնաց ղեկավարելը,- միշտ ալ աւելի դժուար է, քան ցրօնք մը վարելը, մանաւանդ երբ ընդունուած ու վարք վայելող վերնախաւ մը չկայ։

Միայն թուայնացուած աշխարհի բարիքներէն օգտուելով կարելի չէ կառավարել կամ ղեկավարել։ Եւ ասիկա մի՛այն հայերուն չի վերաբերիր։ Ամենուրէք այդպէս է։ Ըստ իս՝ թուայնացումին հետ սին յոյսեր կապուած են, քանի որ ամէն մարդ կրնայ մասնակցիլ, կրնաս ամէն մարդու հասնիլ եւ իբր թէ զայն զօրաշարժի ենթարկել։ Բայց այդպէս չէ։ Զգացումները յուզել-շարժել կայ, զանգուածները զօրաշարժի կոչել կայ, ապա զանոնք վարել եւ վերջապէս ղեկավարել կայ։ Տարբեր բաներ են։

-Եթէ սփիւռքը հեռուէն դիտենք, կրնանք երկու տարբեր տիպարներ գտնել, մէկը՝ Միջին Արեւելքի սփիւռքահայն է, իսկ միւսը՝ արեւմտեան աշխարհի։ Առաջինը համայնքային կեանք ստեղծած է, իսկ երկրորդը իր միջավայրին մէջ իբրեւ քաղաքացի ընդունուած է, որ ձեւով մը կը տառապի համայնքային կեանքի պակասէն։

-Պիտի աւելցնէի երրորդ հատուած մը՝ Հայաստանէն գաղթած զանգուածը, որ այլ տեսակի ցրօնք-դեռ-ոչ-սփիւռք մըն է, այսինքն ան՝ արեւմտեան աշխարհին մէջ Հայաստանէն արտագաղթած հաւաքականութիւնն է, որ ո՛չ մէկ հին տիպարի կը համապատասխանէ։

-Իսկ Հայաստանէն արտագաղթած այդ զանգուածը պէ՞տք է սփիւռք համարել, թէ՞ ոչ։ Տարիներ առաջ, սփիւռքի նուիրուած համագումարի մը ժամանակ հրեայ սփիւռքագէտ մը յայտարարեց, որ գաղթական հաւաքականութիւն մը «սփիւռք» դառնալու համար 100 տարի կ՚ուզէ։

-Ես տարիներ առաջ
անդրազգայնութեան յատկացուած գիտաժողովի մը ըսի,
թէ սփիւռքի մը գոյանալը, յարատեւումը կամ չմնալը միայն երրորդ սերունդէն կարելի է գիտնալ։ Առաջին սերունդը բնականօրէն կապուած է հայրենիքին, ապրուած կեանքի մը յիշողութեամբ, իր երկրէն եկած է եւ կապուած է անոր։ Երկրորդ սերունդը կրնայ ըլլալ որոշ չափով, ազգականական կապերով կապուած մնայ իր հայրենիքին, բայց կը սկսի հեռանալ, իսկ երրորդ սերունդի պարագային՝ եթէ ինքնութիւնը եւ կապը պիտի պահուին հայրենիքին հետ, կազմակերպուած աշխատանք պէտք է։ Թէ հաւաքականութիւն մը որ անդրազգային է, իսկական սփիւռք պիտի ըլլա՞յ, պիտի վերացուի՞, երրորդ սերունդին կը սկսի յստականալ։

Ըստ իս՝ երկտեղութիւնը, երկվայրութիւնը, bilocal աշխարհահայեացքը բնական կը դառնայ իսկական սփիւռքահայուն համար՝ որ միայն «հոս»ով չի մտահոգուիր, այլ նաեւ՝ «հոն»ով։ Այդ ատեն է որ ան միջոցներու կը ձեռնարկէ պահելու համար իր երկտեղեայ պատկանելիութիւնը։ Այդ է լիովին կազմուած սփիւռքը։ Աւելցնեմ, որ օտար մասնագէտներու աչքով դիտուած՝ հայկական սփիւռքը բաւական յաջող սփիւռք մըն է։

-Հայրենիք վերադառնալու անկարելիութեան պարագան տարագիրներուն կը վերաբերէր, որոնք առաջին սերունդն էին։ Այդ երեւոյթը սփիւռք կազմելու մէջ դեր ունի՞, թէ՞ ոչ։

-Անշուշտ որ դեր ունի, բայց պէտք է նկատի ունենալ, թէ որոշ սփիւռքի մը բնակչութեան համար հայրենիք վերադառնալու անկարելիութիւնը ի՛նչ կը նշանակէ, ի՛նչ հետեւանք ունի, ապա նաեւ ի՛նչ իմաստ ունի անոնց համար, որոնք կրնան հայրենիք վերադառնալ, բայց չեն վերադառնար։ Մենք յաճախ կ՚անտեսենք այս երեւոյթը։ Հայրենիք վերադառնալու կարելիութիւնը եւ յոյսը հոգեբանօրէն շատ կարեւոր է, բայց ինքն իրեն ինքնաբաւ չէ, այնքան ալ մեծ քաղաքական ազդակ մը չէ։ Կարեւորը կապ պահելու ազատութիւնն է, երթալ-գալու կարելիութիւնը, իսկ ամենէն կարեւորը՝ հայրենիքի մէջ եղողներուն հետ արդիւնաբեր ձեւերով գործակցելու կարելիութիւնը։

-Սփիւռքի նախարարութիւնը, յաճախ համաժողովներ կը կազմակերպէր, որոնք մեծ արդիւնք չէին տար, բայց Հայաստան-սփիւռք իրարու հետ յարաբերելու առիթ կը հանդիսանային։
Եկեղեցին եւ հաւատքն ալ կարեւոր ազդակներ են սփիւռքի կազմակերպութեան համար։ Հայութեան պարագային եկեղեցիներու երկու թեւ ըլլալը, երկու կաթողիկոսութիւն ունենալը, նոյն շրջանին մէջ երկու թեմ ունենալը կը խանգարէ սփիւռքի կազմակերպումը։ Ինչպէ՞ս կը գնահատէք այս հարցը։

-Գոնէ 1955-ի պայքարէն ի վեր՝ Անթիլիասի կաթողիկոսական աթոռի մասին է խօսքս, այս հարցը շատերը կը նեղէ։ Մէկ կողմէ՝ բնազդաբար կը նախընտրենք միացումը քան թէ երկբաժանումը, միւս կողմէ՝ թէ՛ սովետական կարգերու օրերուն, թէ՛ ներկայիս յստակ է որ երբեմն երկու տարբեր աթոռներ ունենալը որոշ ապահովութիւն մը կու տայ։ (…)

Ես մեր եկեղեցիներու հարցերու մասին միայն մէկ անգամ գրած եմ, կը վարանիմ գրելու։ Շուրջ 20 տարի առաջ, անգամ մը մտաւորական բարեկամ մը գայթակղեցուցի, ըսելով որ գոնէ Ամերիկայի մէջ, ուր ժողովուրդը կրօնասէր է, եւ եկեղեցի գացող հայերու թիւը մեծ է եւ կարելիութիւնները շատ են, ամերիկահայութեան համար կարող ծխական քահանայ մը աւելի կարեւոր է, քան կարող մտաւորական մը։ Այս խօսքս ինք դաւաճանութիւն համարեց։ Ես կը հաւատամ, որ գոնէ Ամերիկայի մէջ լաւ որակի կղերականութիւն մը, յատկապէս ծխական որակեալ քահանաներու դասի մը գոյացումը՝ շատ մեծ ու դրական դեր կրնայ ունենալ, յատկապէս եթէ կուսակրօն վերնախաւը դադրի անտեսելէ, նոյնիսկ արհամարհելէ ամուսնացած քահանայ խաւը։ Պիտի ուզէի, որ սփիւռքի մէջ զօրաւոր Հայ Եկեղեցի մը գործուն ներկայութիւն մը ըլլայ։ (…) Ո՛չ մեր եկեղեցին եւ ո՛չ ալ միւս մեծ եկեղեցիները,- ինչպէս կաթոլիկ եկեղեցին,- չունին ներքին քաղաքականութիւն մը, որ ազդու ձեւով կը պահէ կրօնասէր համայնքները։ Ապակեդրոնացած աւետարանականները շատ աւելի ազդեցիկ եւ յաջող կը թուին ըլլալ՝ իրենց համայնքներուն մէջ։
 Այսօր՝ Միացեալ Նահանգներու մէջ ցաւալի է որ բաժնուած ենք։ Յատկապէս՝ պզտիկ քաղաքներու հայ համայնքներ կան, ուր այդ բաժանումի ազդեցութիւնը ծանր ու բացասական է ընկերային կեանքի մէջ, օրինակ՝ ամուսին ընտրելը կը դժուարանայ երբ մանչ-աղջիկ չեն կրնար միւս թեմական հատուածէն տարեկիցներու հանդիպիլ, մտերմանալ բնականոն պայմաններու մէջ, ընտրութիւն կատարել՝ ամուսնանալու համար։

Հոն, ուր տակաւին կրօնքը կարեւոր է,- ինչպէս Միջին Արեւելքի կամ Միացեալ Նահանգներու մէջ,- մեծ դեր ունի եկեղեցին եւ զանազան պատճառներով չի կրնար լիովին իրականացնել այդ դերը։

-Անկախութենէն ի վեր նոր կառոյց մը կայ՝ «Հայաստան» հիմնադրամը։ Ձեր կարծիքով միա՞կ կառոյցն է, որ կրցաւ գոյատեւել եւ ձեւով մը համախմբել Հայաստանը եւ սփիւռքը։

-Որքան գիտեմ, այո՛, միակն է եւ կարեւոր յաջողութիւններ ալ արձանագրեց, վերջը սայթաքեցաւ, չկրցաւ լիովին վերագտնել իր դիրքը, բայց կը շարունակէ եւ թերեւս որոշ օգուտ մը ունի։ Ես չեմ քննադատեր։ Կը յիշեմ, երբ Արցախ երթալու երկրորդ ճամբան շինուեցաւ, որքան մեծ էր մարդոց խանդավառութիւնը։ Հիմնադրամի կառուցած ճամբաները շատ օգտակար եղան նաեւ տնտեսութեան, քանի Հայաստան այցելողներու թիւը բազմացաւ։ Բայց միայն անցեալի աշխատանքով պէտք չէ բաւարարուիլ, պէտք է այսօր ալ շարունակել։ Ես այսօր մեծ ծրագրի մը յղացումը եւ իրականացումը չեմ տեսներ, բայց թերեւս պարզապէս կ՚անգիտանամ գործունէութիւնը։

-Հիմնադրամի Ֆրանսայի մասնաճիւղը Տաւուշի շրջանին մէջ բաւական մեծ ծրագրեր իրագործած է։

-Ֆրանսայի մասնաճիւղի տնօրէն Պետրոս Թերզեանը կը ճանչնամ, կը հիանամ իր ունեցած շատ ազդու գործունէութեան։ Ինք ալ ըսած է, որ շատ դժուար է հայութեան մեծամասնութենէն նուիրատուութիւն կանոնաւոր ստանալը, առաւելագոյնը մեր ժողովուրդին 15 առ հարիւրն է որ կը մասնակցի դրամահաւաքին։ Թերեւս եթէ նպատակայարմար ծրագիր ներկայացուի, որ սփիւռքահայ ժողովուրդի հաւանութեան արժանանայ, այն ատեն հանգանակութիւնը կը դիւրանայ։ Ատենին կը հաւատայի, որ Մեծամօրի հիւլէակայանը արդիականացնելու ուղղութեամբ մեծ հանգանակութիւն կարելի պիտի ըլլար իրականացնել։ Ներկայիս թերեւս Հայաստան պիտի խորհի ուժանիւթի այլընտրանքի մը մասին։ Նման ուժանիւթի երկրորդ աղբիւր մը ապահովելը հրամայական է, իսկ այդ գործին մէջ սփիւռքը թերեւս դեռ կրնայ ազդու ներդրում ունենալ։

-Սփիւռքի մասին տարբեր կարծիքներ կան. հայաստանակեդրո՞ն պէտք է ըլլայ, պէտք է ինքնակազմակերպուի՞։

-Ըստ իս, սփիւռքը պէտք չէ փորձէ անկարելին՝ կեդրոնական ղեկավարութիւն մը ունենալ, աւելի՛ն, Հայաստանը պէտք չէ փորձէ բառին լիակատար իմաստով՝ ղեկավարել սփիւռքը։ Մանաւանդ ներկայ, վարկազուրկ պետութիւնը չի կրնար ընել այդ։ Եթէ այդ պետութիւնը Հայաստանը կարենայ մարդավարի ղեկավարել, դրական սկիզբ մը կ՚ըլլայ։ Փոխանակ ամլութեան դատապարտուած ճամբաներով քալելու, կ՚արժէ մտածել երկու ձեւով. առաջին՝ կան մեծ ազգային ծրագրեր, որոնց կարելի է լծել սփիւռքը, եւ երկրորդ՝ ինչպէ՞ս կարելի է դիւրացնել, որ սփիւռքի մէջ գոյացուող նոր, փոքր, բայց բազմաթիւ ձեռնարկներ յղացող կազմակերպութիւններ գործի լծուին Հայաստանի մէջ, փոքր բայց արժէք ներկայացնող ձեռնարկներ իրագործելով հայրենիքի մէջ ։ Իսկ թէ Հայաստանը ի՞նչ կրնայ ընել սփիւռքի համար, անկեղծօրէն, այսօրուան Հայաստանը շատ քիչ բան կրնայ ընել։ Կ՚ենթադրեմ, որ Հայաստան սփիւռքին օգտակար ըլլալու համար ինքզինք պէտք է փոխէ ամէն ձեւով. նախ՝ հոգեբանօրէն, որ շատ կարեւոր է։ Երկրորդ՝ պետութեան պաշտօնեաները սփիւռքահայերուն ծառայել չեն գիտեր, ինչպէս որ տեղւոյն ժողովուրդին ալ ծառայել չեն գիտեր, տակաւին նոր կը սորվին։ Ընդհանրապէս պետութիւն մը միաձոյլ երկու ազդակ ունի՝ բանակը եւ օրինական դատարանները. սփի՞ւռքն է որ բանակը պիտի փրկէ, սփի՞ւռքն է որ դատական համակարգը պիտի վերանորոգէ։ Բնականաբար՝ ո՛չ։ Հետեւաբար հարց կը ծագի, թէ որո՞նք են այն բնագաւառները, ուր սփիւռքը իր բազմաթիւ կարողութիւններով պիտի կարողանայ օգտակար ըլլալ։ Ներկայիս Հայաստանի պետական մարդոց մէջ այս հարցին մասին խոր մտածում չեմ նկատեր։ Տեսէ՛ք, դրամը միշտ կարեւոր է, սովորաբար կենսական, սակայն դրամ տալով հարցերը կը վերջանա՞ն, խնդիրները կը լուծուի՞ն։ Միայն երբեմն։ Դրամը վստահելիօրէն եւ հմտութեամբ աշխատցնողի կարիքն ալ կայ։

Հարց գրգռող օրինակ մը։ Չինական ունեւոր սփիւռքը Չինաստանի պետութեան օգնութիւն չի հասցներ ընդհանրապէս։ Չինական աւանդական սփիւռքը իր գիւղերուն եւ քաղաքներուն հետ կապ պահած է, անոնք իրենց նախահայրերու գերեզմանին եղած տեղը բուն հայրենիք կը համարեն եւ հո՛ն է որ ներդրումներ կ՚ընեն։ Թէ ինչպէս սփիւռք մը պիտի օգնէ ու ծառայէ հայրենիքին,- անոր պետութեան, ժողովուրդին, թէ նուազ ընդհանրացուած՝ աւելի փոքր եւ աւելի տեղական իրավայրերու,- այդ կը մնայ յաւէտ հարցական. արդէն կաղապարուած ու պատրաստի մէկ պատասխան չկայ։

-Կ՚ուզէի նաեւ անդրադառնայիք «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի հովանաւորութեամբ տեղի ունեցած Սփիւռքի հարցախոյզին (ADS Armenian Diaspora Survey)։ Դուք ալ խորհրդատուական յանձնախումբին մաս կը կազմէիք։ Այդ հարցախոյզին արդիւնքները ի՞նչ կը փաստեն։ Քաղաքէ-քաղաք, երկրէ-երկիր այնքա՜ն զանազանութիւնները եւ միաժամանակ նմանութիւնները ի՞նչ ազդեցութիւններ ունեցած են։

-Իմ վերջին երկու-երեք տարիներու ընթերցումներս ինծի կը թելադրեն ըսել, որ հարցախոյզը իսկապէս դրական եւ արդիւնաւէտ աշխատանք եղաւ, իսկական նորութիւններ յայտնաբերեց ու հաստատեց։ Տակաւին ընդհանուր եզրակացութիւն չկայ։ Կ՚ենթադրեմ յանձնախումբին մաս կազմող անձերու խումբին պիտի միանան հարցախոյզերու վերլուծման մէկ կամ երկու հմուտ այլ մասնագէտներ ալ, որոնք երկու օր առանձնանալով տեղ մը եւ միասնաբար քննարկելով կատարուածը՝ ընդհանուր եզրակացութեան մը պիտի յանգին։ Կարեւոր է վստահելի եզրակացութեան յանգիլը, որու հիման վրայ կարելի է նոր գործունէութիւններու անցնիլ։

-Նման ձեռնարկի մը գիտական մօտեցումը շատ կարեւոր էր, կարկինը շատ աւելի լայն բանալու, ընկալումներ, տեղեկութիւններ հաւաքելու, կեդրոնացնելու եւ այնպիսի պատկեր մը ստեղծելու, որ նոր ուղիներ որոնելու կարելիութիւններ ընձեռէր։

-Նայեցէ՛ք, իմ դասաւանդած համալսարանիս մէջ ժամանակին կար հարցախոյզերու մասնագէտ մը, որ ընկերաբան էր. անոր միակ գործը՝ մաթեմաթիքական վերլուծումով հարցախոյզերուն մօտենալն էր, ճշդելու համար, թէ ո՞ր հարցախոյզերը յաջող են, եւ ինչո՞ւ։ Հարցախուզական ամբողջ մասնագիտութիւն մը կայ։ Գիտենք որ նոյնիսկ հարցումներու կարգը շատ բան կը փոխէ։ Արդարեւ, «Կիւլպէնկեան»ի Սփիւռքի հարցախոյզը առաջին անգամն է, որ վստահելի տեղեկութիւններ հաւաքելու մեծ փորձ մը եղաւ։ Կարեւոր նախաձեռնարկ մըն է, որուն պիտի հետեւին անոր հայթայթած իսկական տեղեկութիւններուն վրայ հիմնուած նոր ձեռնարկներ։

-Կը կարծէ՞ք, որ հարցախոյզը կատարող կառոյցը կարելի է պահել եւ զայն տեւական դարձնել։

-Անշուշտ մէկ անգամը չի բաւեր, պէտք է անդադար փոփոխութիւններուն հետեւիլ, բայց ատիկա դրամի եւ աշխատանքի կը կարօտի, իսկ այդ դրամը եւ աշխատանքը պիտի գոյանա՞յ, չեմ գիտեր։ Նաեւ ինծի համար տակաւին յստակ չէ, որ մեր զանազան կազմակերպութիւններու ղեկավարները որքանո՞վ կ՚ուզեն վիճակագրական իրականութեան վրայ հիմնուելով գործել։ Վստահ չեմ, թէ հաւաքուած նոր տեղեկութիւնները հաւասարաբար եւ գործնականօրէն պիտի օգտագործուին զանազան կազմակերպութիւններու ղեկավարներու կողմէ։ Եթէ վստահելի նոր վիճակագրութիւններ ցոյց տան, թէ որոշ կազմակերպութիւններու գործունէութիւնը սխալ տուեալներու վրայ հիմնուած է, անոր ղեկավարները պիտի ողջունե՞ն այդ լուրը եւ պիտի փոխե՞ն իրենց գործելակերպը։ Ո՛չ անպայման։ Հին դարերուն թագաւորին չուզած լուրը բերողները կը գլխատուէին...։

-Իսկ Հայաստանի կառավարութեան կողմէ կրնա՞ն օգտագործուիլ այդ տեղեկութիւնները։

-Ներկայիս Հայաստանի կառավարութիւնը հազիւ թէ կը վարէ երկիրը։ Անշուշտ պիտի ուզէի աւելի վստահութիւն ունենալ դէպի սփիւռք ուղղուած անոր գործունէութեան վրայ, բայց դեռ չունիմ։

-Փափաքելի պիտի ըլլար, որ հարցախոյզին օրինակը նաեւ գործադրելի ըլլար Հայաստանի մէջ, որպէսզի սփիւռքի հանդէպ քաղաքականութիւն ճշդելը կարելի ըլլար։

-Իմ տպաւորութիւնս այն է, որ Հայաստանի մէջ կա՛ն վիճակագրութեան եւ ընկերաբանութեան բնագաւառի հմուտ մասնագէտներ, բայց կա՞ն արդեօք այդ մասնագէտները պետական մակարդակով մտիկ ընողներ, այդ մէկը չեմ կրնար ըսել։

Կ՚ուզեմ աւելցնել, որ՝ ես բազմաթիւ սփիւռքահայերէ աւելի բարձր կարծիք ունիմ Հայաստանի համալսարանական կրթական կառոյցներուն մասին, բայց դարձեալ չեմ գիտեր, թէ հոն կ՚արտադրուի՞ն վիճակագրութեան մասնագէտներ՝ որոնք կը յաջողին պաշտօն ապահովել պետական կառոյցներու մէջ եւ իրենց հմտութեամբ բարելաւել նախարարութիւններու գործելակերպը։ Կը թուի թէ յատկապէս դրամատնային, ապա նաեւ ընդհանուր տնտեսական համակարգին մէջ իսկական հմտութիւն կայ, ի զօրու է, կ՚օգտագործուի։ Փակեմ՝ ըսելով որ Հայաստանի առաջին տագնապը հմտութեան տագնապ չէ. պատասխանատու ղեկավար տարրի տագնապն է առաջնակարգը։ Դժբախտաբար, նման ղեկավարութիւն սփիւռքէն ներածելը թէ՛ մեզի համար, թէ՛ այլ ազգութիւններու համար շատ բարդ հարց է։ Իսրայէլի եզակի եւ անսովոր յաջողութեան ազդակներէն մէկն ալ այն էր, որ իրենց առաջին տասնամեակներու ղեկավար սերունդը սփիւռքածին էր, սփիւռքէն հայրենադարձ ազգի մը ընկերացող։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 16, 2022