ՍԷՐ ՈՒ ՏՐԱՄԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ
Հաւանաբար զարմանալի թուի, սակայն աշխարհի մէջ պսակուող զոյգերուն 80 առ հարիւր տոկոսը սիրահարածներ չեն, որովհետեւ ամուսնութեան պարագային եւս չափանիշները փոփոխուած են եւ սէրը մնացած է յատուկ հեքիաթներուն մէջ։ Ցաւալի փաստ է, որ սիրողներու մեծամասնութիւնը աւարտին բաժանում մը կ՚ունենան եւ իրենց կեանքը կը շարունակեն այն անձին հետ, որ «տրամաբանական» կը թուի ըլլալ։ Այդ է պատճառը որ սիրային երգերու մեծամասնութիւնը տխուր ու յոռետես աւարտ մը կ՚ունենայ։
Դարեր շարունակ սէրը եղած է առեղծուածային զգացում մը, որովհետեւ անցեալին պսակադրութիւնները սիրոյ գաղափարէն աւելի աւանդութիւններու եւ օրէնքներու համաձայն կ՚ըլլար։ Շատ անգամ տակաւին անհատին մանկութեան կ՚որոշուէր իր ապագայ կողակիցը, որուն դէմ ըմբոստանալը ապերախտութիւն ու մեղք կը նկատուէր։
Թէեւ այդ աւանդութիւնները այլեւս ժամանակավրէպ են, սակայն տակաւին սիրոյ գաղափարը կը շարունակէ մնալ առեղծուած։ Սիրոյ խօսքերը այսօր կորսնցուցած են իրենց իմաստը։
Այս բոլորին պատճառը այն է, որ մարդիկ «սէր» անունուան տակ տրամաբանութիւնը ի գործ դնել կը փորձեն, մինչ իրողութեան մէջ սէր եւ տրամաբանութիւն իրարու հակառակ ու թշնամի իրողութիւններ են եւ անոնք որոնք երկուքը միատեղել կը փորձեն, գիտցէք որ դժբախտներ են։
Մարդու սիրտը անկարող է դիմադրել սիրոյ զգացումին եւ անկասկած ամէն ընտանիք անտեսելով այդ զգացումը՝ տրամաբանութեան ուժ կու տայ եւ երիտասարդ անհատը ինքզինք ճնշուած կը զգայ սիրոյ եւ տրամաբանութեան միջեւ։ Սիրտը կ՚ընտրէ սէրը, իսկ միտքը՝ տրամաբանութիւնը եւ այս պարագային ներքին պայքար մը սկիզբ կ՚առնէ անձին ներաշխարհէն ներս։ Երիտասարդը լաւապէս կը գիտակցի, որ ընտանիքը իր «բարիք»ը կը ցանկայ, սակայն սիրտը այդ տրամաբանութեան դէմ կը տառապի։
Բոլոր անոնք որոնք առանց տառապանքի կ՚անցընեն այդ պայքարը, կրնանք վստահ ըլլալ որ այդտեղ երբեք գոյութիւն չէ ունեցած սէրը, որովհետեւ այսօր դժուար է զանազանել ճշմարիտ սէրը տրամաբանական միացումէն։
Յաճախ հարց տրուած է, թէ ո՞ր մէկն է տրամաբանական, այն համոզումով որ սէրը մերժելով անձը ինք պիտի դժբախտանայ, իսկ ընտանիքը մերժելով անհնազանդ ըլլալու զգացում մը ծնունդ պիտի առնէ եւ այս երկու պարագաներուն ալ տուժողը անհատը ինք է, որովհետեւ երկու պարագաներուն դժբախտ իրավիճակի մէջ պիտի յայտնուի։
Այս անվերջ պայքարին պատճառը չափանիշներու անհամեմատ փոփոխութիւններն են։ Եթէ կարդանք Զարթօնքի շրջանի գրողները, այդտեղ պիտի տեսնենք, թէ չափանիշը «ճշգրիտ» ամուսնութեան մարդու մը գործի պարագան է։ Այդտեղ կը տեսնենք, թէ ամենազարգացած ուսուցիչն անգամ անարժէք էր, որովհետեւ նիւթական հարստութիւնը միտքի հարստութենէն աւելի առաջնահերթ էր։
Որոշ ժամանակ ետք մարդիկ ուշադրութիւն դարձնել սկսան ուսումի։ Ամէն մարդ գործի եւ հարստութեան կողքին սկսաւ գիտութեան կարեւորութիւն տալ, որովհետեւ Պոլսոյ մէջ սկսան հարստանալ անձեր, որոնց հետ պսակուիլը գրեթէ անհնար էր։ Շատ մը երիտասարդներ ստիպուած պսակուեցան նման հարուստներու հետ եւ հակառակ հարստութեան դժբախտ կեանք մը ունեցան։ Երկու պարագաներուն ալ մէկ կողմ դնելով հոգեկան զգացումները կարեւորութիւն տուին հարստութեան եւ գիտութեան։
Յետոյ սկսան համոզուիլ, որ հարուստ ըլլալն ու գիտութիւն ունենալը լաւ ամուսնութեան մը երաշխիքը չեն, որովհետեւ մարդ կրնայ գիտապէս զարգացած ըլլալ, սակայն նկարագիրով ու ապրելակերպով ըլլայ անտանելի մարդ մը։ Այս բոլորը նկատի ունենալով ընտանիքներ փորձեցին «ազատութիւն» մը շնորհել երիտասարդներուն։
Ա՛յն ժամանակ երբ երիտասարդութիւնը «ազատութիւն»ը ունեցաւ, ներկայ ժամանակաշրջանը եկաւ իր աւերը գործելու։ Աշխարհիկ հետաքրքրութիւնները աւելի կարեւոր սկսան դառնալ. լաւ ինքնաշարժ, արտաքնապէս ներկայանալիութիւն եւ այլ ժամանակաւոր երեւոյթներ սկսան աւելի առաջնահերթ նկատուիլ, որու պատճառով այսօրուան ընտանեկան աւերները կը գործուին։
Այս մէկը առյաւէտ լուծում պիտի չգտնէ, որովհետեւ մարդ արտաքինին աւելի կարեւորութիւն պիտի տայ եւ ինքն իր ձեռքով ինքզինք պիտի դժբախտացնէ, իսկ տրամաբանութեան հետեւողներ միշտ ալ խորտակուած սիրոյ դժբախտութիւնը պիտի ունենան։
ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -96-
Երեք տարի առաջ լիբանանահայ երիտասարդ մը սիրեց օրիորդ մը՝ որ ըստ երեւոյթին դէմ էր ընտանեկան «տրամաբանութեան»։ Ընտանիքին որոշումը յստակ էր. իրենց զաւակը պարտէր որոշում մը կայացնել, կա՛մ պէտք էր սէրը ընտրէր եւ կամ ընտանիքը։
Նկատի ունենալով ընտանիքին հանդէպ կապուածութիւնը չէր ուզեր վշտացնել զիրենք, սակայն չէր ուզեր նաեւ կորսնցնել իր սէրը։
Հոգեկան ահաւոր պայքարէ մը ետք տղան որոշեց հետեւեալը. ո՛չ սէրը կորսնցնել եւ անոր վիշտով ապրիլ եւ ո՛չ ալ ընտանիքը վշտացնել։
Առաւօտ մը սովորականին պէս բոլորին բարի օր մաղթելով դուրս եկաւ տունէն եւ ժամ մը ետք վերջ տուաւ կեանքին...։
Ի՞նչ եղաւ ընտանեկան տրամաբանութեան։ Ցաւ ի սիրտ, շատեր ի սէր իրենց «քմահաճոյք»ին իրենց զաւակները կը դժբախտացնեն։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ