ՀՐԱՉ ՔԸՐՄԸԶԵԱՆԻ ԿԵԱՆՔԻ ՈԴԻՍԱԿԱՆԸ
«Արաս» հրատարակչութիւնը վերջերս գրասէրներու տրամադրութեան տակ դրած է «Nereden Nereye» գիրքը, որ սփիւռքահայ յայտնի գործիչ ու բարերար Հրաչ Քըրմըզեանի կեանքի ոդիսականը կը ցոլացնէ։ Հրաչ Քըրմըզեանի կենսագրական նոթերը նախապէս Փարիզի մէջ հրատարակուած էին ֆրանսերէնով, այժմ «Արաս» այդ գործին թրքերէն թարգմանութիւնը լոյս ընծայած է։
Պուքրէշ-Պոլիս-Փարիզ առանցքին վրայ լիուլի ապրուած կեանք մը ունի Հրաչ Քըրմըզեան, որ սփիւռքեան երէց սերունդի վառ անհատականութիւններէն մին է։ Իր յուշերու ամբողջին մէջ ան մասնաւոր տեղ յատկացուցած է՝ արքունի ճարտարապետներ Պալեան գերդաստանի անդամներու յուշարձան-շիրիմին, որ Սկիւտարի գերեզմանատան մէջ քանի մը տարի առաջ բացուեցաւ՝ իր եւ ՀԱՅՃԱՐ-ի համագործակցութեամբ։
Երէկ երեկոյեան, «Արաս» հրատարակչատան երդիքին տակ տեղի ունեցաւ Հրաչ Քըրմըզեանի գիրքին շնորհանդէսը։ «Զապէլ Եսայեան» սրահի երդիքին տակ այս առթիւ Հրաչ Քըրմըզեանի հետ կենդանի զրոյց մը վարեց «Արաս»ի գլխաւոր խմբագիր Ռոպէր Քոփթաշ։ Իսկապէս հաճելի մթնոլորտի մը մէջ անցաւ հաւաքոյթը, որու ընթացքին ՀԱՅՃԱՐ-ի վարչութեան ատենապետուհի Հերիքնազ Թուրաչն ալ ողջունեց Հրաչ Քըրմըզեանը՝ որպէս իր գլխաւորած կառոյցի երիցագոյն անդամն ու համակիրը եւ անոր յանձնեց յուշանուէր մը։
Յայտագրի գործադրութեան աւարտին, գինեձօնի հաւաքոյթը շարունակուեցաւ ընդունելութեան ձեւաչափին մէջ՝ մինչ Հրաչ Քըրմըզեան ներկաներուն համար մակագրեց իր գիրքերը։ Ջերմ զրոյցի մթնոլորտին մէջ հեղինակը շրջապատուեցաւ «Արաս»ի ընտանիքի անդամներուն եւ գրասէրներուն կողմէ։
Ռոպէր Քոփթաշ երէկուան շնորհանդէսի ընթացքին նշեց, որ «Արաս» հրատարակչութիւնը թէեւ այս գիրքը հրատարակած է, սակայն հեղինակը, միեւնոյն ժամանակ, եղած է մեկենաս։ Ուստի, հրատարակչութիւնը որոշած է այս գիրքի վաճառքին հասոյթը տրամադրել Կեդրոնական վարժարանին, Գալֆաեան Տան եւ Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» դպրոցին։
Հարկ է նշել, որ յառաջիկայ շրջանին Հրաչ Քըրմըզեանի յուշերը Պուքրէշի մէջ ալ պիտի հրատարակուին՝ այս անգամ ռումաներէնով։