ԿԻՐԱԿՄՈՒՏՔԻ ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ. ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Այս կիրակի օրուան ճաշու ընթերցուածները հետեւեալներն են.
Եսայիի մարգարէութենէն 29.11-20:
Պօղոս առաքեալին Փիլիպպեցիներուն ուղղած նամակէն 4.8-24:
Ղուկասի Աւետարանէն 11.1-13:
Ղուկասի Աւետարանի հատուածին մէջ նկարագրուած է, թէ ինչպէս Տէր Յիսուս Իր աշակերտներուն աղօթել կը սորվեցնէ: Մեր Տիրոջ սորվեցուցած աղօթքը յետագային կոչուեցաւ Տէրունական աղօթք, նկատի ունենալով, որ Տէրը Ի՛նք սորվեցուց զայն: Տէրունական աղօթքը իւրաքանչիւր քրիստոնեայ հաւատացեալի կեանքին անբաժան մէկ մասնիկն է: Այս աղօթքը ձեւով մը ամփոփումն է մեր բոլոր խնդրանքներուն եւ պէտքերուն, ինչպէս նաեւ մարդ-Աստուած եւ մարդ-մարդ յարաբերութեան իւրայատուկ օրինակ մը:
Կարդա՛նք Ղուկասի Աւետարանին տուեալ հատուածը, ուր մեր Տէրը Իր աշակերտներուն աղօթել կը սորվեցնէ.
«Պատահեցաւ որ Յիսուս տեղ մը կ՚աղօթէր: Երբ աղօթելը վերջացուց, Իր աշակերտներէն մէկը ըսաւ.
-Տէ՛ր, մեզի աղօթել սորվեցուր, ինչպէս որ Յովհաննէս Մկրտիչ իր աշակերտներուն սորվեցուց.
Յիսուս ըսաւ.
-Երբ կ՚աղօթէք, ըսէք.
"Հայր մեր, սրբաբանուի՛ անունդ.
թող գայ արքայութիւնդ:
Ամէնօրեայ մեր հացը
շնորհէ՛ մեզի օրէ օր:
Եւ ներէ՛ մեր մեղքերը,
քանի մենք ալ կը ներենք
անոնց՝ որոնք մեզի դէմ
նոյնպէս յանցանք գործած են:
Եւ թոյլ մի՛ տար
որ փորձութեան մէջ իյնանք"» (Ղկ 11.1-4):
Լուսահոգի Զարեհ Արքեպսիկոպոս Ազնաւորեանը այսպէս կը նկարագրէ Տէրունական աղօթքը.
«Համայնական աղօթք մըն է "Հայր մեր"ը: Ինչէ՞ն գիտենք, որ այդպէս է:
Քերականօրէն. "Հայր մեր" կ՚ըսէ. "Զհաց մեր" կ՚ըսէ, եւ այլն:
Տէրունական աղօթքը համայնական նկարագիր ունի, այսինքն՝ համայնական գիտակցութեամբ եւ կամ հաւաքականօրէն ասելի աղօթք մըն է:
Յիսուս այս աղօթքը սորվեցնելով մեզ կը քաջալերէ, որ աղօթելու ատեն՝ նոյնիսկ երբ առանձին ենք՝ առանձին չզգանք մենք մեզ, այլ ուրիշներու հետ միութեան մէջ զգանք:
Եկեղեցին շէնքը չէ, եկեղեցին Քրիստոսի մարմինն է, հաւատացեալներու ամբողջութիւնն է. երբ կ՚աղօթեմ՝ ինքզինքս միշտ այդ ամբողջութեան մէջ զգալով պիտի աղօթեմ:
"Հայր մեր"ը սորվեցնելով՝ Յիսուս չի մերժեր հրապարակային աղօթքը, այլ կը մերժէ աղօթքի այն տեսակը՝ որով աղօթող ենթական ինքզինք ցուցադրել կ՚ուզէ, այլ խօսքով՝ ինքզինք կ՚անջատէ այն ամբողջութենէն, որուն անդամ է:
Հիմա տեսնենք, թէ "Հայր մեր"ը ի՞նչ կառոյց ունի, որովհետեւ կառոյցը հասկնալը՝ կ՚օգնէ մեզի որ ըսուածը հասկնանք:
Կառոյցը.
1.- Դիմում-կոչ:
2.- Աստուծոյ վերաբերող խնդրանքներ:
3. Մարդոց վերաբերող խնդրանքներ:
4. Փառաբանանք:
Այս կառոյցը կարելի է երկուքի վերածել. առաջին երկու մասերը մէկ բաժնի եւ վերջին երկու մասերը ուրիշ բաժնի:
Դիմում-կոչը եւ Աստուծոյ վերաբերող խնդրանքները եւ փառաբանանքը՝ մարդ էակին յատկացուած բաժինը:
Կառոյցի այս կերպը նորութիւն մը չէր: Այս կերպը կիրարկուած էր Տասնաբանեայ պատուիրաններուն ալ պարագային: Տասնաբանեայ պատուիրաններուն կառոյցը եւս ունի Աստուծոյ վերաբերող պատուիրաններու բաժին մը եւ մարդոց կեանքին վերաբերող բաժին մը:
Համայնական այս աղօթքը "Տէրունական" կը կոչենք, որովհետեւ մեր Տէրը՝ Յիսուս է, որ սորվեցուցած է մեզի:
…
Եթէ այս աղօթքին ուրիշ բացատրութիւն մը ուզենք տալ՝ կրնանք "Եկեղեցւոյ աղօթք" ալ կոչել: "Հայր մեր"ով Եկեղեցին իր ամբողջութեան մէջ կ՚աղօթէ: Այսինքն՝ երբ "Հայր մեր"ը կ՚ըսենք, ոչ թէ միայն մենք անհատապէս Աստուծոյ հետ դէմ առ դէմ կը գտնուինք, այլ նաեւ եկեղեցւոյ միւս անդամներուն հետ մեր միասնութիւնը կը զգանք: Աստուած մեզ առանձին չէ կանչած, այլ մեզ իբր ժողովուրդ կանչած է» («Սերտողութիւն Մատթէոսի Աւետարանին», Զարեհ Արք, Ազնաւորեան, (Խմբագիր՝ Գառնիկ Աւ. Ք. Գ.), Մոնթրէալ, 2016, էջ 120-121):
Գաբրիէլ Արքեպիսկոպոս Այվազեանը հարց-պատասխանի ձեւով այսպէս կը բացատրէ աղօթք հասկացողութիւնը ընդհանրապէս:
«Հարցում. Ի՞նչ է աղօթքը:
Պատասխան. Մեր միտքը դէպի Աստուած բարձրացնելը:
- Հ. Ինչպէ՞ս կ՚ըլլայ միտքը դէպի Աստուած բարձրացնելը:
Պ. Երկրպագութեամբ, փառաբանութեամբ, գոհութեամբ, խնդրուածքով եւ կամ նուիրմամբ:
- Հ. Աղօթքը անհրաժե՞շտ բան է:
Պ. Աստուածպաշտութեան ամենէն անհրաժեշտ պարտքերէն մէկն է:
- Հ. Ինչպէ՞ս պէտք է աղօթել:
Պ. ա. Յանուն մեր Տիրոջ Քրիստոսի:
բ. Հոգիով ու ճշմարտութեամբ:
գ. Խոնարհութեամբ եւ զղջումով:
դ. Մտադրութեամբ:
ե. Վստահութեամբ:
զ. Յարատեւութեամբ:
- Հ. Ի՞նչ բաներ պէտք է խնդրել Աստուծոյ աղօթելով:
Պ. Իրաւացի, բանաւոր եւ հոգիի փրկութեան անհրաժեշտ բաներ:
- Հ. Ի՞նչ կերպով պէտք է աղօթքի կանգնիլ:
Պ. Ինչ կերպով որ մեր միտքը ամփոփ, եւ կեցուածքը համեստ եւ զղջողական կ՚ըլլայ:
- Հ. Պէ՞տք է յաճախ աղօթել:
Պ. Մեր Տէրը Քրիստոս կը թելադրէ միշտ աղօթել:
- Հ. Ինչպէ՞ս կարելի է կատարել այդ հրամանը:
Պ. Ամէն օր գոնէ երբեմն-երբեմն քիչ մը աղօթելով, եւ մեր բոլոր գործերը ի փառս Աստուծոյ կատարելով:
- Հ. Ո՞ր ատենները աւելի պէտք է աղօթել:
Պ. Առաւօտ եւ իրիկուն:
- Հ. Աղօթքը պէտք է հրապարակա՞ւ, թէ՞ առանձինն ընել:
Պ. Առանձնական աղօթքէն բացի, պէտք է նաեւ յաճախ հրապարակաւ ալ աղօթել:
- Հ. Որո՞նք են հրապարակային աղօթքին գլխաւորները:
Պ. Ժամերգութիւն, եւ մանաւանդ՝ Սուրբ Պատարագ:
- Հ. Ո՞րն է ամենէն գերազանց աղօթքը:
Պ. Տէրունական աղօթքը, այսինքն՝ Հայր մերը, որ մեզի սորվեցուց մեր Տէրը Քրիստոս» («Դասագիրք Քրիստոնէական վարդապետութեան, ըստ ուղղափառ հաւատոյ Հայաստանեայց Ս. Եկեղեցւոյ», Վաղարշապատ, 1875, էջ 95-96):
Նոյն կերպով՝ հարց-պատասխան, կը բացատրէ նաեւ Տէրունական աղօթքը, այսպէս.
«Հարցում. Ինչո՞ւ համար զԱստուած Հայր կը կոչենք:
Պատասխան. Որովհետեւ Ան ստեղծած է մեզ եւ իրաւունք տուած է մեզի ժառանգակից ըլլալ Իր Միածին Որդիին, Որուն անդամներն ենք մենք:
- Հ. Ինչո՞ւ համար Աստուծոյ համար կ՚ըսենք, թէ երկինքն է:
Պ. Քանի որ Աստուած երկինքով Իր փառքը կը ցուցնէ՝ աւելի հանդիսաւոր կերպով:
- Հ. Ի՞նչ կը խնդրենք Աստուծմէ Սուրբ եղիցի անուն Քո ըսելով:
Պ. Կը խնդրենք, որ բոլոր մարդիկ եւս զԱստուած ճանչնան, փառաւորեն ու պաշտեն:
- Հ. Ի՞նչ կը խնդրենք եկեսցէ Արքայութիւն Քո ըսելով:
Պ. Կը խնդրենք, որպէսզի Ինք տիրէ մեր եւ բոլոր մարդոց սիրտին մէջ՝ Իր շնորհքով, եւ մեզ Արքայութեան արժանի ընէ:
- Հ. Ի՞նչ կը խնդրենք եղիցին կամք Քո որպէս յերկինս եւ յերկիր ըսելով:
Պ. Կը խնդրենք, որպէսզի շնորհ տայ մեզի Իր ամենասուրբ կամքին ենթարկուելու եւ երկրի վրայ զայն կատարելու այնպիսի սիրով ու փութով՝ որով զայն երկինքի հրեշտակները կը կատարեն:
- Հ. Ի՞նչ կը խնդրենք Աստուծմէ այս խօսքով. զհաց մեր հանապազորդ տուր մեզ այսօր:
Պ. Ինչ որ մեր հոգեւոր եւ մարմնաւոր կենդանութեան համար անհրաժեշտ է՝ կը խնդրենք, որպէսզի ամէն օր տայ մեզի:
- Հ. Ի՞նչ կը խնդրենք այս խօսքերով. եւ թող մեզ զպարտիս մեր, որպէս եւ մեք թողումք մերով պարտապանաց:
Պ. Կը խնդրենք, որ ներէ մեր մեղքերը՝ ինչպէս որ մենք եւս մեզի դէմ եղած անիրաւութիւններն ու նախատինքները կը ներենք:
- Հ. Եթէ մենք մեր դէմ եղած անիրաւութիւնները սրտանց չներենք, այն ատեն ի՞նչ կը պատահի:
Պ. Այն ատեն ամէն անգամ, որ Հայր մեր կ՚ըսենք, մենք մեզ է որ կը դատապարտենք:
- Հ. Ինչո՞ւ:
Պ. Որովհետեւ Աստուծմէ կը խնդրենք, որ մեր հետ այնպէս վարուի, ինչպէս որ մենք ուրիշներուն հետ կը վարուինք:
- Հ. Ի՞նչ կը խնդրենք եւ մի՛ տանիր զմեզ ի փորձութիւն ըսելով:
Պ. Կը խնդրենք, որ չձգէ մեզ փորձութեան մէջ իյնալ, եւ եթէ ալ ձգէ՝ օգնէ՛ մեզի, որպէսզի փորձութենէն չյաղթուինք:
- Հ. Ո՞վ է մեզ փորձողը:
Պ. Սատանան, աշխարհը եւ մեր ցանկութիւնները:
- Հ. Ի՞նչ կը խնդրենք այլ փրկեա՛ զմեզ ի չարէն ըսելով:
Պ. Կը խնդրենք, որ մեզ ազատէ բոլոր չարիքներէն, որոնք մեզ յաւիտենական երանութենէն կրնան զրկել:
- Հ. Որո՞նք են այդ չարիքները:
Պ. Սատանային գերութիւնը, մեղքը, եւ ընդհանրապէս այն բոլոր բաները, որոնք մեզ Աստուծմէ կը հեռացնեն:
- Հ. Ինչո՞ւ համար զի Քո է արքայութիւն եւ զօրութիւն եւ փառք յաւիտեանս, Ամէն ըսելով կը վերջացնենք Հայր մեր աղօթքը:
Պ. Որպէսզի իմացնենք, թէ Անոր ամենակարող զօրութենէն կը յուսանք ընդունիլ մեր խնդրանքները, եւ փառաւորել զԻնք այս եւ հանդերձեալ աշխարհներուն մէջ յաւիտեանս:
- Հ. Ե՞րբ պէտք է ըսել Հայր մերը:
Ամէն օր, եւ եթէ կարելի է օրուան մէջ բազմաթիւ անգամներ:
- Հ. Ի՞նչ կերպով պէտք է ըսել:
Սաստիկ ուշադրութեամբ, մեծ ջերմեռանդութեամբ, կատարեալ հաւատքով եւ որդիական վստահութեամբ» (Նոյն, անդ, էջ 99-101):
Աւարտենք Սուրբ Գրիգոր Տաթեացիին կատարած Տէրունական աղօթքի ամփոփ մեկնութեամբ.
«Այս աղօթքը շատ պատուական եւ գովելի է, երեք պատճառներով.-
ա) Որովհետեւ Քրիստոսի կողմէ սահմանուած է։ Եթէ աղօթքները, որ մարդիկ սահմանած են, պէտք է սորվիլ ու աղօթել, հետեւաբար որքա՞ն աւելի պէտք է սորվիլ այս աղօթքը, որ Աստուած իր իսկ բերանով սորվեցուցած է։
բ) Որովհետեւ կարճ ու գեղեցիկ է եւ ոչ ոք չի՛ կրնար չսորվիլ, պատճառաբանելով թէ երկար է։
գ) Որովհետեւ անհրաժեշտ ու բարեբեր է, որով այն ամէնը ինչ որ պէտք է մեզի թէ՛ հոգեւոր եւ թէ՛ ալ մարմնաւոր, այս աղօթքի միջոցաւ խնդրած կ՚ըլլայ։
Այս աղօթքը տասը խօսքերէ բաղկացած է.-
ա) «Հայր մեր երկնաւոր». Մարդուն համար մեծագոյն պարգեւը զԱստուած Հայր կոչելն է։ Քրիստոնեաներուն համար Աստուած Հայր է, որովհետեւ մենք Աստուծոյ Միածին Որդիի պատկերին կերպարանակից եղանք։ Իսկ «Հայր մեր» կ՚ըսուի, եւ ոչ թէ իմ Հայրս, որպէսզի բոլոր քրիստոնեաներուն միութիւնը երեւայ։ Ընդհանրական աղօթքը աւելի լսելի է։
բ) «Սրբաբանուի՛ անունդ». այս կը նշանակէ, թող Քու անուանդ սրբարար զօրութիւնը մեր վրայ ըլլայ, որպէսզի մեզ բոլոր մեղքերէն մաքրէ։ Քրիստոնեայ կը կոչուինք եւ հաւատքով սուրբ ենք, մեր գործերով ալ մեզ սուրբ ըրէ։
գ) «Թող գայ արքայութիւնդ». Աստուծոյ արքայութիւնը կը խնդրենք, որպէսզի մեզ խաւարի իշխանութենէն փրկէ եւ Ի՛նք թագաւորէ մեր սիրտերուն, ոչ թէ մեղքը։
դ) «Թող կատարուի քու կամքդ, ինչպէս որ երկինքի մէջ՝ նոյնպէս ալ երկրի վրայ». երկինքին մէջ հրեշտակները եւ երկնային բոլոր զօրութիւնները Աստուծոյ կամքը կը կատարեն, իսկ մարդը յաճախ իր ինքնիշխան կամքով Աստուծմէ կը հեռանայ եւ մեղքերու մէջ կ՚իյնայ։ Այս խօսքով կը խնդրենք, որ մարդիկն ալ Աստուծոյ կամքը կատարեն։ Աստուծոյ կամքը, մեղաւորներուն դարձն է եւ հոգիներուն փրկութիւնը՝ մեղքի ու չարիքի բռնութենէն։
ե) «Ամէնօրեայ մեր հացը այսօր եւս մեզի տուր». որովհետեւ տակաւին մարմինին մէջ ենք՝ կերակուրի կարիքն ունինք, որ մարմինին կենդանութիւնը կը պահէ, որով հարկաւոր պէտքերը կը հասկցուի՝ կերակուր, խմելիք, հագուստ։ Մեր՝ այսինքն անհրաժեշտ եւ ո՛չ՝ աւելին, մեր արդար վաստակը եւ ո՛չ՝ օտարինը, ո՛չ անիրաւ կերպով ձեռք բերուածը։ Այսօրուանը կը խնդրենք, իսկ վաղը ինքն իրենը կը հոգայ։
զ) «Ներէ՛ մեր յանցանքները, ինչպէս որ մենք կը ներենք անոնց՝ որոնք մեզի դէմ նոյնպէս յանցանք գործած են». այս նախադասութենէն կը հասկցուի, որ երբ մենք մարդուն կը ներենք, Աստուծմէ թողութիւն կը ստանանք։ Այս նախադասութիւնը ուրիշ խորիմաստ իմաստ մըն ալ ունի. բոլոր բարի գործերը մենք Աստուծմէ կը սորվինք, իսկ այստեղ՝ Ա՛ն է, որ մեզմէ մարդասիրութիւն կը սորվի։ Եթէ մենք չենք ներեր, կ՚անիծենք մենք մեզ, թէ՝ ինչպէս որ ես ուրիշները չներեցի, դուն ալ զիս մի՛ ներեր։ Ոխը սիրտին մէջ պահելով՝ Աստուծմէ կը հեռանանք։
է) «Եւ թոյլ մի՛ տար որ փորձութեան մէջ իյնանք». խոնարհութիւն կը սորվեցնէ, յանդուգն կերպով փորձութեան չերթալ, ինչպէս նաեւ Աստուծոյ օգնութիւնը կը խնդրենք նեղութիւններու եւ դժուարութիւններու ընթացքին։
ը) «Այլ մեզ չարէն ազատէ՛». այսինքն՝ իւրաքանչիւր չարէ, նախ՝ սատանայէն. երկրորդ՝ չար մարդոցմէ, որոնք սատանային արբանեակներն են. երրորդ՝ աշխարհի մեղաւոր ցանկութիւններէն, որովհետեւ ատոնք Աստուծոյ նկատմամբ թշնամութիւն են. չորրորդ՝ չար մեղքերէ, դժոխքէ, չար մահէ եւ մեր հոգիին յաւիտենական տանջանքէն։
թ) «Որովհետեւ քուկդ են միշտ արքայութիւնը, զօրութիւնը եւ փառքը յաւիտեանս». այսինքն՝ երբ Անորն է արքայութիւնը, մենք մեղքէն չենք վախնար. երբ Անորն է զօրութիւնը, ո՛չ ոք կրնայ յաղթել մեզի։ Աստուած ո՛չ միայն մեզ բոլոր չարերէն կ՚ազատէ, այլ՝ յաւիտենապէս կը փառաւորուի։
ժ) «Ամէն». բոլոր խնդրանքները կը հաստատէ։ Ինչ որ խնդրեցինք, ճշմարիտ է, թո՛ղ ըլլայ։
Տէրունական աղօթքը եօթը խնդրանք կը պարունակէ, երեքը՝ հոգեւոր, չորսը՝ մարմնաւոր։ Չորս խընդ-րանքները այստեղ են եւ հիմա կը կատարուին, իսկ երեքը հանդերձեալ կեանքին մէջ պիտի կատարուին։ Եւ որովհետեւ հոգին աւելի պատուական է քան մարմինը, այդ պատճառով նախ հոգեւորը կը խնդրենք՝ Սուրբ անունը, արքայութիւնը եւ Աստուծոյ կամքին կատարումը, ու ապա մարմնաւորը կը խնդրենք՝ ամէնօրեայ հացը, թողութիւնը եւ մեղքերու փորձութիւններէն ու չար պատուհասներէ ազատիլ։ Այս եօթը խնդրանքներէն աւելին պէտք չէ խնդրել, որովհետեւ ասոնք բոլոր խնդրանքները կը բովանդակեն, որոնք հոգիին ու մարմինին օգտակար են»:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
14 նոյեմբեր 2022, Վաղարշապատ
Ընկերամշակութային
- 11/29/2024