ԲԺԻՇԿ ՅՈՎԱՍԱՓԵԱՆԻ ՅՈՒՇԵՐԸ ԵՒ ՄՏՈՐՈՒՄՆԵՐԸ ՎԱԶԳԷՆ Ա. ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՄԱՍԻՆ
Ամենայն Հայոց Վազգէն Ա. Կաթողիկոսին հետ երբեւէ առընչութիւն ունեցած շատ մարդիկ իրենց յուշերը յանձնած են թուղթին: Ակնյայտ է, որ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ 130-րդ կաթողիկոսը, մեծ հայագէտն ու Հայաստանի Ազգային հերոսը անջնջելի տպաւորութիւն ձգած է թէ՛ անմիջապէս իր շուրջիններուն եւ թէ՛ մէկ անգամուայ զրուցակիցներուն, հիւրերուն վրայ:
Հայաստանի վաստակաւոր բժիշկի կոչում ունեցող տոքթոր Յովսէփ Յովասափեան այն մարդոցմէ է, որ Ամենայն Հայոց Վազգէն Ա. Կաթողիկոսի հետ հանդիպումէն ետք իր յուշերը յանձնած է թուղթին: Իր յուշագրութեան մէջ բժիշկը պատմած է 24 դեկտեմբեր 1984 թուականին տեղի ունեցած հանդիպման մը մասին: Յովսէփ Յովասափեանի յուշերը հրատարակուած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի «Էջմիածին» պաշտօնական հանդէսին մէջ: Ուշագրաւ այդ յօդուածը կը ներկայացնենք արեւմտահայերէնով: Յովսէփ Յովասափեան կը պատմէ ռուսական քաղաքէ մը Մայր Աթոռ ղրկուած նուէրի մասին, սակայն հանդիպումը չէ սահմանափակուած միայն նուէրի յանձնումով:
*
Սթաւրոփոլ քաղաքին մէջ՝ 1952 թուականէն կը գործէր բժիշկներու գիտահետազօտական նշանաւոր կաճառ մը, որուն հիմնադիրը եւ տնօրէնը ճանչցուած գիտնական եւ շատ գործունեայ մասնագէտ Վարդան Տէր-Վարդանեանն էր։ Ծնողքը Կաղզուանէն էր եւ 1915-ին գաղթած էր Ռուսաստան։ Անոր հայրը մահէն առաջ իր բժիշկ որդւոյն կը յանձնէ լաւ պահպանուած հին գորգ մը եւ արծաթեայ մասնատուփ մը: Ան տղայէն կը պահանջէ երդուել, որ այդ իրերը որպէս նուիրատուութիւն պիտի յանձնէ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնին։ Տղան կը խոստանայ կատարել հօր պահանջքը։
Վարդան Տէր-Վարդանեան այդ առիթով ինձմէ կը խնդրէ, որ ես այդ գորգը եւ մասնատուփը փոխադրեմ Երեւան, ապա զանոնք յանձնեմ Վեհափառին։ Ես անոր խոստացայ կատարել ամենայն ճշդութեամբ եւ այդ մասին յայտնել իրեն։
Երեւանի մէջ գորգին վարի մասը գունաւոր թելերով արձանագրութիւն մը հիւսուեցաւ, ուր կ՚ըսուէր, թէ գորգը (230 սմ. երկարութեամբ եւ 130 սմ. լայնութեամբ) կը նուիրուի Սուրբ Էջմիածնին՝ հայրենասէր բժիշկ Վ. Տէր-Վարդանեանի ընտանիքին կողմ։
24 դեկտեմբեր 1984-ին գորգը եւ արծաթեայ մասնատուփը բացատրագրին հետ ներկայացուեցան Վազգէն Ա. Կաթողիկոսին։ Մտայ Վեհափառին աշխատասենեակը եւ խոնարհաբար բարեւեցի անոր՝ կանգնած մնալով դուռին քով: Բերուած գորգը փռուած էր յատակը ծածկող ուրիշ գորգի մը վրայ։ Լաւ նկատելի էր անոր հին ըլլալը, զարդանախշերուն ու գոյներուն տարբեր ըլլալը: Վեհափառ Հայրապետը ժպտալով պատասխանեց իմ բարեւին եւ ելլելով տեղէն՝ մօտեցաւ փռուած գորգին ու սկսաւ զննել զայն։ Պահ մը լռութենէ ետք, դառնալով ինծի ըսաւ.
-Ի՞նչ տամ Ձեզի այս գորգին դիմաց, որ գոհ մնաք...
-Ոչ մէկ բան, Վեհափա՛ռ, ատոր ազգապաշտ տէրը ղրկած է որպէս նուիրատուութիւն եկեղեցիին։
-Այդ պարագային իմ անկեղծ շնորհակալութիւնս կը յայտնէք այդ ազգապաշտ Վարդան Տէր-Վարդանեանին՝ այս նուիրատուութեան համար։ Իսկ ձեզի կու տանք համապատասխան ընկալագիր (ստացական) մը, որ եկեղեցին իրօք ձեզմէ ստացած է գորգը եւ արծաթեայ մասնատուփը,- ըսաւ Վեհափառը։
Ըսենք, որ մասնատուփին վրայ դրոշմուած էին մի քանի հայերէն տառեր։ Վեհափառը յանձնարարեց երիտասարդ աշխատողի մը՝ տառերը վերծանել եւ այդ մասին յայտնել իրեն, ապա ինծի առաջարկեց նստիլ իր դիմացի աթոռին եւ հարցուց.
-Ձեր գրած բացատրագիրէն իմացայ, որ դուք բժիշկ էք եւ գիտութիւններու տոքթոր. այդպէ՞ս է:
-Ճիշդ այդպէս,- ըսի ես։
-Ատիկա շատ լաւ է,- ըսաւ Վեհափառը եւ շարունակեց,- Իսկ ի՞նչ թեմայի վրայ աշխատած էք դուք՝ գիտական այդ բարձր աստիճանը ստանալու համար։
Այդ մէկը ինծի համար անսպասելի հարցում էր։ Ես պահ մը շուարեցայ յանկարծակիի եկած մարդու պէս եւ կը մտածէի, թէ ինչպէ՛ս ըսեմ, որ յարմար ըլլայ։ Վեհափառը նկատեց իմ շփոթութիւնս եւ հանգիստ ձայնով ըսաւ, որ առանց անյարմար զգալու ըսեմ:
-Համալսարանը աւարտելէ ետք ես 16 տարի (1948-1964 թուականներուն) աշխատած եմ Լենինական եւ այդ ընթացքին ոչ ոք որեւէ գիտական նիւթ ինծի յանձնարարած է: Սակայն այդ տարիներուն յաջողած եմ յայտնաբերել նոր հիւանդութիւն մը, որուն մասին հանրապետութեան մէջ ոչ մէկ բան գիտէին:
-Ասիկա հետաքրքրական է,- ըսաւ Վեհափառը եւ ապա հարցուց,- Իսկ ինչպէ՞ս կը կոչուի այդ նոր հիւանդութիւնը:
-Կը կոչուի էրիզիպելոիտ,- ըսի դանդաղ եւ պարզ ձեւով (մորթի վարակիչ հիւանդութիւն մը, որուն յարուցիչը խոզի «կարմիր քամի»ի ցուպիկներն են: Կը փոխան-ցըւի հիւանդ ձուկերու եւ կենդանիներու միջոցով):
-Իրօք նոր է, ես ալ չեմ լսած հիւանդութեան նման անուանում,- ըսաւ ան եւ տիրեց լռութիւն:
Այդ ոչ յարմար նիւթը փոխելու համար որոշակի զգուշութեամբ ըսի.
-Կը տեսնեմ, որ Մայր Աթոռի մէջ եւ անոր շրջակայքը դրական առումով մեծ փոփոխութիւններ տեղի կ՚ունենան:
-Եւ տակաւին շատ բաներ կան ընելու, եթէ կարողանամ հասցնել,- ըսաւ Վեհափառը,- Իսկ դուք անցեալին երբեւէ տեսա՞ծ էք, թէ ինչպիսի անբարեկարգ դրութիւն կը տիրէր եկեղեցւոյ մէջ եւ անոր շուրջը:
-Այո՛, ես տեսած եմ վաղուց ու մօտէն եւ շատ ափսոսած, որ փառք ու պատիւ ունեցող այս Սուրբ Տաճարը անուշադրութեան մատնուած էր: Պատերազմի տարիներուն Վեհարանի այս շէնքը զօրանոցի վերածուած էր: 1942 թուականին մեր զօրամասը տեղակայուած էր ճիշդ այստեղ՝ Վեհարանին տեղը, որ նոյնպէս անբարեկարգ վիճակի մէջ էր...
-Այդ պարագային, պատմեցէք, թէ ինչպէ՞ս տեսաք եւ ի՞նչ դրութիւն կը տիրէր Մայր Աթոռի մէջ եւ անոր շրջապատը այդ խառն ժամանակներուն,- հարցուց Վեհափառը:
-Ոչ մէկ լաւ բան կարելի է ըսել այդ մասին: Ամէն տեղ եւ բոլոր հանգամանքներուն հոգեւորականները կը հալածուէին: Շատ տեղեր, մանաւանդ գիւղական վայրերը, գիւղական եկեղեցիները դարձած էին բուրդի, ցորենի եւ ուրիշ նիւթերու պահեստանոցներ: Զօրամասի տղոց հետ յաճախ կը դիտէինք նաեւ Մայր Տաճարը, անոր բակն ու կից կառոյցները եւ միշտ հոնկէ կը հեռանայինք ափսոսանքով: Եկեղեցւոյ դուռը չկար, բաց էր եւ որեւէ ատեն կարելի էր ներս մտնել:
Այդ օրերուն խօսակցութիւն կ՚երթար, որ գողութիւն կատարուած էր. տարած էին եկեղեցւոյ եւ անոր թանգարանին մէջ եղած բոլոր արժէքաւոր իրերն ու պարագաները: Դէպի հարաւ՝ մօտ 50 մեթր հեռաւորութեան վրայ, կը գտնուէր եկեղեցւոյ անշուք ու փոքր լիճը: Անոր մէջ ոչ մէկ կաթիլ ջուր կար, եւ զինուորականները զայն դարձուցած էին աղբավայր:
Համոզուած էինք, որ եկեղեցին, անոր բակն ու յարակից տարածքները կարիք ունին հիմնաւոր վերանորոգման, վերակառուցման ու վերափոխումներու:
Օրուան ընթացքին աւելը ձեռքը առած տարեց կին մը կու գար եկեղեցի: Ան նախ կը համբուրէր այդ սրբավայրին պատերը՝ միաժամանակ չորցնելով իր աչքերէն թափող արցունքները:
Երբեմն այդ կինը կ՚ընդունէր ողբարկու կնոջ իւրայատուկ կեցուածք ու ձեռքերը տարածելով՝ ինքն իրեն կը խօսէր լսելի ձայնով. «...Այսպէս մնալու չէ, Աստուծոյ լոյսն ու բարութիւնը նորէն կը հասնի հայ տուներուն...»:
Անգամ մը տղոցմէ մէկը կնոջ ըսաւ. «Մայրի՛կ, դուք շատ կը համբուրէք պատերուն աղտոտ քարերը, պիտի վարակուիք ու հիւանդանաք»:
Ան զարմացած հայեացքով նայեցաւ եւ ըսաւ. «Մինչեւ հիմա դեռ չէ՞ք գիտեր, որ եկեղեցւոյ մէջ մարդ չի հիւանդանար, հակառակը, հոս եկած հիւանդները կը լաւնան ու կը բուժուին»:
Այդ զինուորը չշարունակեց խօսակցութիւնը՝ հասկնալով, որ չէր կրնար զայն համոզել:
Ինչ որ կը տեսնեմ ներկայիս Մայր Աթոռին մէջ, ոչ մէկ բանով կարելի է համեմատել առաջուան եղածին հետ: Հոս մեծ յառաջընթաց կայ, ամէն բան վերանորոգուած է կամ նորն է կառուցուած: Բակը եւ շրջապատը կանաչապատուած ու բարեկարգուած են:
-Յստակ կ՚երեւի, այո՛, հոս որոշակի աշխատանքներ կատարուած են,- ըսաւ Վեհափառը ու շարունակեց,- Հոն, ուր կայ աշխատանք, միշտ ալ օգտակար կամ լաւ բան մը կը ստացուի: Իմաստուն մարդոցմէ մէկը շատ դիպուկ ըսած է. «Բոլոր տեսակի հարստութիւններուն աղբիւրը աշխատանքն է»:
Ես յիշեցի, որ այդ իմաստալից միտքերը Էնկէլսի փիլիսոփայութենէն են, բայց լռեցի եւ ոչ մէկ բան ըսի: Վեհափառը շարունակեց.
-Ես կ՚ընդունիմ, որ փոքր ծաւալով որոշ աշխատանքներ հոս իմ կողմէ կատարուած են: Այդ գործերը հիմա հաճելի են շատերուն ու պարզերես կը դարձնեն ինծի այն հազարաւոր մարդոց առջեւ, որոնք կու գան այս սրբավայրը, բայց երբ զանոնք կը համեմատես անցեալի մեր նշանաւոր կաթողիկոսներուն կողմէ կատարուած գործերուն հետ, կ՚երեւի, որ հոս եղածները չնչին բաներ են անոնց դիմաց,- ըսաւ Վեհափառը յուզմունքով:
-Մասնաւորապէս անցեալի ո՞ր կաթողիկոսները նկատի ունիք,- հարցուցի ես:
-Լաւագոյն օրինակ կրնայ ըլլալ Ներսէս Գ. Տայեցի Կաթողիկոսը (641-661 թուականներ), զոր կ՚անուանէին նաեւ «Կառուցող կաթողիկոս»: Ան այդ հեռաւոր ժամանակներուն (641-653 թուականներ), 10-12 տարուան ընթացքին կառուցեց վաղ միջնադարեան Զուարթնոց տաճարը եւ ատով ալ անմահացաւ պատմութեան մէջ:
Անհրաժեշտ է նշել, որ մեր ժողովուրդին՝ մինչեւ հիմա կառուցած եկեղեցիներուն մէջ, Զուարթնոցի տաճարը իր ծաւալով եղած է ամենամեծը եւ ամենաբարձրը (45 մեթր):
Եւ այդ բարդ կառոյցը շինարար վարպետները կրցան վեր բարձրացնել այնպիսի ժամանակաշրջանի մը ընթացքին, երբ չկար մեքենագիտութիւն եւ մարդիկ գաղափար չունէին նոյնիսկ երկաթի եւ շաղախի խառնուրդով ստացուած ամուր կառոյցներուն մասին:
Զուարթնոց տաճարը եղած է բացառիկ ճարտարապետական կառոյց եւ գեղեցիկ տեսարժան վայր, որ դէպի իրեն կը քաշէր մարդիկը:
Աւելի քան 300 տարի գոյատեւեց այդ տաճարը եւ մնաց կանգուն՝ զարմանք ու հիացմունք պատճառելով դիտողներուն: Ըսենք, որ այդ տաճարը կառուցող Հայրապետը, վարպետները, արհեստաւորները, այդ կարգին նաեւ բանուորները, եղած են բարձր ճաշակ ունեցող ու շատ ազգասէր անհատներ: Անոնք ունեցած են հայրենասիրութիւն, աշխատասիրութիւն եւ մեծ կամք՝ այդ նպատակին հասնելու համար: Այդ բացառիկ տաճարը կառուցած են ճիշդ վայրին վրայ (Արարատեան դաշտավայր) եւ ամենայարմար տեղը, ուրկէ իր անթարթ հայեացքով կը նայէր Արարատ լեռան բարձունքներուն...
Երբեմն ալ ինծի կը թուի, որ իրար դիմաց կանգնած Արարատ լեռը եւ Զուարթնոց տաճարը ոչ միայն կը նային իրարու, այլեւ փոխադարձաբար կը զգան մէկը միւսին հմայքը, գեղեցկութիւնն ու մեծութիւնը,- ըսաւ Վազգէն Կաթողիկոսը վառ արտայայտչականութեամբ մը:
Փոքր լռութենէ մը ետք Հայրապետը շարունակեց.
-Զուարթնոցի տաճարը քանդուած է 10-րդ դարուն, ապա աւերուած յուշարձանին որմնաքարերը, արծուաքանդակ խոյակները, սիւները եւ այլ պարագաներ դարեր շարունակ մնացած են քարի տակ եւ այդ վիճակին մէջ պահպանուելով՝ հասած են մինչեւ մեր օրերը: Ես հիմա ալ կը պատկերացնեմ այդ գործին ողջ ծանրութիւնը եւ միաժամանակ կը հպարտանամ Ներսէս շինարար կաթողիկոսին աշխատասիրութեամբ, տաղանդով, համարձակութեամբ եւ լաւատեսութեամբ... Ան անտեսեց հոն եղած բոլոր դժուարութիւնները եւ դիմեց բացառիկ համարձակութեան՝ կատարելով նման ձեռնարկում մը, որ լի էր հակասութիւններով ու բարդութիւններով...
Կ՚երեւի Աստուած ինքը կամեցած էր այդպէս եւ ինքն ալ օգնեց Ներսէս Տայեցի Կաթողիկոսին՝ Զուարթնոցին պէս այդ բարդ կառոյցը գլուխ բերելու համար,- ըսաւ Վազգէն Վեհափառը՝ խաչակնքելով...
-Ոմանք կ՚ուզեն այդ աւերուած տաճարը ամբողջապէս նորէն վերականգնել, սակայն պիտի չկարենան: Անհրաժեշտ է նկատի առնել, որ տաճարին նախկին հիմքերը դարերու ընթացքին քայքայուած ու թուլցած են, անոնք այլեւս չեն կրնար դիմանալ այդ մեծածաւալ բարձր շէնքին ծանրութեան: Զուարթնոցի տաճարը կարելի է վերականգնել միայն մասնակի ձեւով եւ ոչ ամբողջական չափերով: Անոնք, որոնք կը փափաքին այդ յուշարձանը տեսնել ամբողջական կանգուն վիճակին մէջ, թող վերցնեն անոր նախագիծը եւ այլ տեղ մը կրկին կառուցեն զայն...
Սակայն ես կը կարծեմ, որ նոյնիսկ քանդուած վիճակին մէջ ալ անոր աւերակները գեղեցիկ են ու հետաքրքրական... Միայն թէ այդ աւերակները պէտք է լաւ պահպանուին, որ անոնցմէ ալ չզրկուինք,- ըսաւ Հայրապետը յուզմունքով:
-Ներկայիս ես կը ջանամ հասնիլ այն բանին, որ Էջմիածին եկողները այդ Սուրբ Տաճարը տեսնելէ ետք, միաժամանակ կարենան դիտել նաեւ նոր կառուցած յուշարձանները, կոթողները, թանգարանին նոր շէնքը, հոն ցուցադրուող թանկարժէք նմույշներն ու այլ պարագաները: Եկեղեցւոյ համար մեծ հարստութիւն կը նկատեմ նաեւ բազմաթիւ հին խաչքարերը, որոնք ներկայիս կը շրջապատեն այս սրբավայրերը, անոնք նոյնպէս կը դիտուին մեծ հետաքրքրութեամբ:
Յանկարծ կաթողիկոսին դէմքը մռայլեցաւ եւ դառնալով ինծի՝ ըսաւ.
-Զարմանքով կարելի է յիշել, որ մինչեւ հիմա աշխարհի տարածքին տակաւին չկան վճռական խիստ օրէնքներ, որոնցմով կարելի կ՚ըլլայ պատժել այն անհատները, որոնք բարբարոսաբար կ՚ոչնչացնեն, կ՚այրեն, կ՚աւերեն ու ոտնատակ կու տան յուշարձանները, սրբավայրերը, արուեստի նմոյշները եւ խաչքարերը... Կան յուշարձաններ կեղծողներ, իրենցով ընողներ ու զանոնք իւրացնողներ ... Ցաւով պէտք է ըսեմ, որ այդ յուշարձանապիղծները տակաւին այսօր ալ կան եւ կը գործեն, բայց կը մնան անպատիժ,- ըսաւ Վեհափառը յուզուած ձայնով:
Խօսակցութեան պահուն ես կը նկատէի, թէ ինչպէ՛ս կը փոխուէր Վեհափառին դէմքին արտայայտութիւնը եւ ինչպիսի՜ հոգեկան ապրումներ կ՚ունենար այդ միտքերը արտայայտելով: Ես անցեալին տեսած եւ զգացած էի Վեհափառին նպատակադրուած գործունէութիւնը: Փաստօրէն, անոր ջանքերուն շնորհիւ էր, որ նորէն հնչեցին այդ հոգեւոր տաճարին լռած զանգակներուն ղօղանջները: Անոնք կարծես նորէն կենդանացան եւ ազդարարեցին այս նոր դարաշրջանի հոգեւոր կեանքին սկիզբը: Ամենայն Հայոց Վեհափառ Վազգէն Առաջինը Սուրբ Էջմիածինը իր միւս կառոյցներով վերածեց իւրատեսակ թանգարանի, մշակոյթի մեծ կեդրոնի՝ բաց երկինքի տակ: Եւ այդ էր պատճառը, որ 4-րդ դարէն եկող այդ սրբավայրը այսօր ալ դէպի իրեն կը քաշէ ոչ միայն հայութիւնը, այլեւ՝ շատ շատերը:
Ես միտքիս մէջ հազար երանի կու տայի հայ ժողովուրդին, որ ունէր Վազգէն Ա.-ի նման հայրենասէր ու հոգատար Կաթողիկոս մը...
Մեր զրոյցին աւարտին Հայոց Վեհափառ Հայրապետը ինծի նուիրեց «Արարատ» պատկերազարդ ալպոմը, որուն վրայ իր սուրբ ձեռքով գրած էր. «Յարգարժան տիար Յովսէփ Յովասափեանին օրհնութեամբ»։ Ճիշդ նման պատկերգիրք մըն ալ պատրաստեց Սթաւրոփոլ բնակող Վարդան Տէր-Վարդանեանին յանձնելու համար:
Վերադառնալով տուն՝ ես շնորհակալական նամակ մը ղրկեցի Ամենայն Հայոց Վեհափառ Վազգէն Ա.-ին՝ իր բարեսիրտ վերաբերմունքի եւ ինծի տրուած ընծային համար:
Տարեվերջին ան պատկերազարդ, շքեղ բացիկով մը շնորհաւորեց մեր ընտանիքը՝ 1985 թուականի Նոր տարուան եւ Սուրբ Ծննդեան առթիւ...
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Ընկերամշակութային
- 11/29/2024