ԿԱԽԱՂԱՆԻՆ ԴԻՄԱՑ…

Մեր թուականէն 50 տարիներ առաջ՝ 6 մայիս 1972 թուականին 25 տարեկան թուրք երիտասարդ մը իր կախաղանին դիմաց նստած վերջին սիկառէթ մը վառել կ՚ուզէ, սակայն չի սարսափիր մահէն, որովհետեւ կախաղանին դիմաց հասնելէն առաջ մտածած էր այդ բոլորին մասին եւ մինչեւ իսկ իր բանտի խուցին մէջ թուղթի վրայ գրի առած այդ սոսկալի, սակայն իրեն համար երանելի պահերը:

Իր երեւակայութեան մէջ հետեւեալ տողերով կը ներկայացնէ կախաղանի պատկերը. «Հանդիպումի գացողի մը պէս պիտի երթամ կախաղան. կախուելուս օրը երբ գայ սիրած հագուստներս ու կօշիկներս պիտի հագուիմ: Մահուան սպիտակ շապիկը պիտի փորձեն հագցնել. պիտի չհագուիմ ոչ ալ պիտի ածիլուիմ: Պիտի երթամ այդտեղ պահ մը նստիմ, սիկառէթ մը վառեմ եւ ապա հրաշալի թէյ մը խմեմ: Ռոտրիկոյի կիթառի գլուխգործոցը կ՚ուզեմ ունկընդրել այդտեղ. կարծելով կախուողի մը վերջին փափաքները չեն մերժեր: Վերջը պարանը ես պիտի անցընեմ իմ վիզէս եւ դառնալով իմ կախուիլս դիտողներուն պիտի ըսեմ, թէ այստեղ մեռնողը միայն իմ մարմինս պիտի ըլլայ, սակայն գաղափարներս պիտի չմեռնին, պիտի ապրին...»:

Հիմա արդէն կախաղանին դիմաց նստած կիթառի գլուխգործոցն ու թէյը մոռցած սիկառէթը բեռնին կը դիտէ կախաղանը. յանկարծ հօրը վերջին նամակ մը գրել կ՚ուզէ եւ ոստիկանին օգնութեամբ մահէն վայրկեաններ առաջ գրի կ՚առնէ հետեւեալ տողերը.

«Հայր,

Այս նամակը երբ ձեր ձեռքը անցնի ես արդէն իսկ մեկնած պիտի ըլլամ: Ես ինչքան ալ մի նեղուիք ըսեմ, գիտեմ թէ պիտի նեղուիք: Սակայն կ՚ուզեմ այս մէկը քաջասրտութեամբ ընդունիս. մարդիկ կը ծնին, կը մեծնան, կ՚ապրին եւ կը մեռնին, հիմնականը սակայն երկար ապրիլը չէ, այլ ապրած ժամանակ շատ գործեր ընելն է: Այդ իսկ պատճառով ես կանուխ մեկնումս բնական ձեւով կ՚ընկալեմ: Ինձմէ առաջ մեկնող ընկերներս մահուան դիմաց երբեք չտկարացան. ես ալ պիտի չտկարանամ, երբեք չկասկածիս: Որդիդ մահուան դիմաց տկար եւ անօգնական մնացած չէ, որովհետեւ ան այս ճամբան ուզելով ընտրեց եւ գիտէր, թէ այս պիտի ըլլայ աւարտը: Թէեւ մեր մտածումները իրար հակառակ, սակայն կը կարծեմ կը հասկնաս զիս: Մայրս մխիթարելը քու գործդ է. բոլոր գիրքերս կը նուիրեմ փոքր եղբօրս. անպայման խրատէ զինք. կ՚ուզեմ գիտնական ըլլայ եւ գիտութեամբ զբաղուի, որովհետեւ այդ մէկը եւս մարդկութեան ծառայութիւն ընել է: Կ՚ուզեմ գիտնաս, որ բոլոր ըրածներուս համար երբեւէ զղջացած չեմ. քեզ, մայրս եւ եղբայրներս կը գրկեմ.

Զաւակդ»:

Ժամը կը հասնի ժամանակաւորէն յաւերժութիւն մեկնելու. 25-ամեայ երիտասարդը կը հագուի այնքա՜ն չուզած մահուան սպիտակ հագուստը եւ վերջին անգամ տեսնել կ՚ուզէ իր ընկերները՝ որոնք իր հետ կախաղան պէտք է բարձրանային. կը գրկէ զիրենք եւ ինքնավստահ քայլերով կը մօտենայ կախաղանին. կ՚ուզէ վերջին խօսք մը ըսել, սակայն ոստիկանապետը կ՚արգիլէ. մեծաւորներէն մին «ձգէ՛ թող խօսի», կ՚ըսէ եւ հեգնական ոճով մը երիտասարդին վերջին խօսքերը կը լսէ, որմէ ետք հրամանը կը տրուի եւ երիտասարդին մատղաշ մարմինը օդէն կը կախուի: Սարսափելին այն է, որ իր ճակատագիրին արժանացած միւս ընկերները պարտադիր կը դիտեն իրենց ընկերոջ կախուելու ընթացքը. անոնցմէ մին կը դիտէ նաեւ երկրորդինը... որմէ ետք կու գայ իր հերթը յաւերժութեան միանալու:

Յիշեալ երիտասարդները պարզապէս երեքն են այն բազմահազար երիտասարդներէն, որոնք պատմութեան ընթացքին զոհը դարձան իրենց գաղափարներուն եւ ազատամտութեան. հայ ժողովուրդը եւս բազմաթիւ մտաւորականներ եւ յեղափոխականներ կորսնցուց իրենց ունեցած գաղափարներուն պատճառով. անոնցմէ շատեր իրենց կեանքի մեծ մասը անցուցին բանտերու մէջ: Ինչքան ալ գրենք անոնց մասին, երբեք պիտի չկարենանք զգալ անոնց ապրած ցաւը. մարդասպանը իր ոճիրին պատիժն է որ կը կրէ բանտերուն մէջ, սակայն գաղափարի համար բանտարկուած մարդը լռութեան դատապարտուիլ կը փորձուի եւ վա՜յ անոր՝ որ խօսքի ազատութիւնը կ՚առնուի իրմէ:

Հայ գաղափարի բանտարկեալ մը իր օրագիրին մէջ հետեւեալ տողերը գրի կ՚առնէ. «Կաղկանձող շունը... վայող բուն... սպասող պահակը... հալածող քամին... ու լացող երկինքը միեւնոյն ողբը... միեւնոյն ցաւը կ՚արտայայտեն... Մահ ու տխրութիւն... ու ես գիշերուան այս սարսուռներուն տակ, սենեակիս մենութեան մէջ... մարելու մօտիկցող, պլպլուն լամպիս հոգեվարքի ցոլքերուն տակ մէկու մը այցին կը սպասեմ... Լռութիւն... ոտքի ձայն մը կ՚առնեմ... ահա՛ սենեակիս դուռը կը բախեն... մտէ՛ք կ՚ըսեմ եւ շեմքիս վրայ կը նշմարեմ տարիներու բեռան տակ կքած 1927-ի նոր տարին... Ու այս պահուս 1926-ը ճամբու դրած՝ 1927-ը կը դիմաւորենք...» («Դէպի Կախաղան» գիրքէն):

Վերոյիշեալ պատկերներն ու տողերը ամերիկեան ժապաւէնի մը ծնունդը չեն:

Հրապարակախօս եւ բանասէր Յակոբ Թէրզեան իր «Կիլիկիոյ աղէտը» աշխատութեան մէջ հետեւեալ ձեւով կը նկարագրէ հաճընցի Գարեգին Աճէմեանին կախաղան բարձրանալը. «Առտուն կանուխէն լուր կու տան Գարեգինին, որ պատրաստուի կախաղան ելլելու։ Առիւծասիրտ Գարեգինը առանց յուզուելու կը պատասխանէ «քանի որ կախուելս որոշուած է, պատրաստ եմ մեռնելու»: Գարեգինը երբ կախաղանին կը մօտենայ կատարեալ պաղարիւնութեամբ կը բարձրանայ չուանի աթոռին վրայ եւ երեք անգամ կը գոչէ «կեցցէ՜ Արդարութիւն, կեցցէ՜ ազատութիւն, կեցցէ՜ Ազգս» եւ չուանը ինք իր ձեռքով անցընելով իր վզին կը հրամայէ որ աթոռը քաշեն ոտքին տակէն»:

Իրապէս քաջասիրտ են անոնք, որոնք մահուան սարսափին դիմաց նոյնիսկ գաղափարները աւելի՛ վեր կը դասեն քան իրենց սեփական կեանքը, որովհետեւ միայն յեղյեղուկ մարդը կրնայ ծախել ու դաւաճանել իր գաղափարները: Երանի՜ անոր, որ հաճընցի Գարեգինին քաջութիւնը ունենայ... որուն պակասը ունինք այսօր:

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -103-

Մինչեւ որոշ ժամանակ մահուան եւ մեռելի հանդէպ բնական վախ մը գոյութիւն ունէր մէջս, սակայն փորձառութեամբ այդ մէկը եւս պարզ դարձաւ: Տակաւին նոր եկեղեցական դարձած մեծահասակ սրբազաններէն մին վախճանեցաւ. եկեղեցական օրէնքին համաձայն իւրաքանչիւր եկեղեցական թաղման ժամանակ պատարագի զգեստ կը հագուի եւ խորանի վրայ վերջին օծումը կը կատարուի:

Երիտասարդ հինգ միաբանի պաշտօն տրուեցաւ զգեստաւորել հանգուցեալ սրբազանը. այդ հինգ երիտասարդէն մէկն ալ ես էի: Սկսանք դիակի հագուստը հանել եւ մէկ առ մէկ հագցնել պատարագի զգեստը: Դիակին ոտքը վեր կ՚ընենք, ձեռքը վեր կ՚ընենք, պահ մը կռնակէն բռնելով կը նստեցնենք եւ «պատրաստ» վիճակի մէջ կը բերենք դիակը եւ ապա կը համբուրենք դիակի օծուած ճակատը:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 24, 2022