ԴԻՏԵԼ Ե՛Ւ ՏԵՍՆԵԼ

«Չի՛ բաւեր աչք ունենալ. պէտք է գիտնալ նաեւ անոնք օգտագործել»։

Jean Paul Sartre

Շուրջը դիտել մարդուս բնական մէկ արարքն է, քանի որ մարդը հետաքրքիր արարած մըն է. միշտ սորվիլ, հասկնալ կ՚ուզէ, եւ շարունակ կը դիտէ աշխարհը։ Բայց դիտել չի բաւեր, որովհետեւ մարդ նաեւ բանաւոր էակ մըն է եւ պէտք է հետեւութիւններ հանէ իր դիտածներէն՝ մտածէ անոնց վրայ։ Ուստի, «դիտող ըլլալ» եւ «շրջահայեաց» ըլլալ տարբեր բաներ են՝ շրջահայեաց ըլլալ, կը նշանակէ՝ դիտելէն քայլ մը առաջ երթալ, դիտուածը նաեւ տեսնել, եւ իմաստ մը տալ անոր։ Եւ այս իմաստով, դիտելէ աւելի՛ն է տեսնելը…։

Մարդ կրնայ արուեստագէտի մը նկարչական հրաշալի գործը դիտել, հիանալ, բայց ի՞նչ կը հասկնայ, ի՞նչ կը տեսնէ անոր մէջ, ի՞նչ կը հետեւցնէ այս նկարէն՝ ահաւասի՛կ ա՛յդ է կարեւորը։

Նոյնն է պարագան, երբ մարդ գիրք մը, հեղինակութիւն մը կը կարդայ. որեւէ արժէք պիտի չունենայ այդ ընթերցումը՝ երբ ընթերցողը չխորհրդածէ իր կարդացածին վրայ, հասկնալ չուզէ, թէ հեղինակը ի՛նչ ըսել ուզած է։

Ուստի երաժշտութիւն մը լոկ մտիկ ընել չի բաւեր, այլ՝ պէտք է զգալ զայն, տպաւորուիլ եւ կերպով մը իւրացնել։ Մարդ երբ կը խորհրդածէ կարդացածին վրայ, կամ կը տպաւորուի որեւէ գեղարուեստական գործէ մը, այն ատեն միայն կրնայ հասկնալ անոնց իրական արժէքը։

Պարզ խօսակցութեան մը մէջ իսկ կարեւոր է՝ մտիկ ընելու առընթեր խօսքերուն իմաստ մը տալ, որովհետեւ խօսակցութիւնը մարդոց փոխյարաբերութիւններու մէջ ամենէն կարեւոր ազդակն է իրար հասկնալու, գաղափարներ փոխանակելու եւ փոխադարձ զգացումներ արտայայտելու։ Ուստի միայն մտիկ ընել եւ կամ միայն դիտել ի՞նչ արժէք պիտի ունենայ, եթէ անոնցմէ հետեւութիւններ չի քաղեր մարդ։

Դասատուն, ուսուցիչը դաս կ՚աւանդէ իր աշակերտներուն, եւ աշակերտները մտիկ կ՚ընեն զայն, բայց եթէ այդ դասէն օգուտ մը քաղել կ՚ուզեն, պէտք է անոր վրայ խորհին, խորհրդածեն։ Վարպետ մը իր աշկերտին գործնական օրինակներով ասպարէզին մասին տեղեկութիւններ կու տայ՝ աշկերտը կը դիտէ այդ օրինակները, բայց եթէ միայն դիտելով բաւարարուի եւ չգործադրէ զանոնք, ի՞նչ արժէք պիտի ունենան վարպետին ցոյց տուած օրինակները։

Հոգեւորականը կը քարոզէ՝ խրատներ կու տայ, եւ ներկայ ժողովուրդը մտիկ կ՚ընէ զայն։ Բայց եթէ պատուիրածները չգործադրէ, ի՞նչ բանի կը ծառայէ քարոզը, խրատները։

Դիտել չի բաւեր մարդիկը, պէտք է տեսնել նաեւ անոնց ներաշխարհը՝ հոգերը, ցաւերը, նեղութիւնները, եւ կարելի չափով անոնց դարման փնտռել։ Ա՛յս է մարդուն կոչումը՝ դիտել եւ տեսնե՛լ։

Մակերեւութապէս, սովորութիւններ եւ բարքեր կը փոխուին, բայց հիմնական որոշ սկզբունքներ, հաւատալիքներ դարերու բիւրեղացած իմաստութիւնն են, հիմնուած՝ մարդկութեան բարիին եւ չարին, լաւին եւ գէշին մասին ստացած փորձառութեան վրայ։ Եւ այս ուղղութեամբ, ո՛չ մէկ քաղաքակրթութիւն, որ թեթեւութեամբ եւ անտարբերութեամբ վարուած է այդ հաւատքին հետ, վերապրած եւ գոյատեւած է։

Մարդ շատ բան կորսնցուցած է եւ կը կորսնցնէ, եթէ չգործադրէ իր կոչումին պահանջքը՝ բանաւոր ըլլալու, խորհելու, խորհրդածելու եւ անպայմա՛ն որոշում մը տալէ առաջ մտածելու եւ դատելու։ Եւ այն ատեն մարդը վե՛ր ելլելով՝ մարդկութեան արժանաւոր պատուանդանին վրայ իր արժանի տեղը պիտի գրաւէ։

Եւ, սիրելի՜ բարեկամներ, եթէ այսօր աշխարհ ի հեճուկս դիւանագիտական եւ քաղաքագիտական մարզին մէջ, դիւանագէտներու եւ քաղաքագէտներու ջանքերուն ձախողութեան, տակաւին կը կառչի խաղաղութեան յոյսին, այդ յոյսը հիմնուած է խղճի եւ բանականութեան ե՛ւ բարոյականութեան նման անշեղ հաստատ օրէնքներու վրայ։

Եւ ասիկա, ո՛չ միայն համաշխարհային, ընկերային, այլ՝ ընտանեկան եւ անհատական հարց մըն է։

Պատմութիւնը կը վկայէ ժողովուրդներու, ազգերու, որոնք այդ «բիւրեղացած իմաստութեան» շնորհիւ պահած են իրենց գոյութիւնը եւ կը շարունակեն գոյատեւել։ Ուստի, խիղճ, բանականութիւն եւ բարոյականութիւն սնունդը պէտք է ըլլան ընկերութեան՝ իբրեւ ազգ, իբրեւ ժողովուրդ, իբրեւ ընտանիք եւ անհատ, արմատներուն, որպէսզի հեռու մնան ամէն տեսակ թունաւոր մտայնութիւններէ, որոնք նախճիրներ՝ սպանդներ, կոտորածներ կը գործեն, ինչպէս անհատին, ընտանեկան կեանքին, եւ նոյնպէս աշխարհի ամենէն քաղաքակրթեալ նկատուած ազգերուն մէջ։ Ուստի, առանց մտածելու եւ խորհրդածելու, առանց նայելու եւ տեսնելու օրինակի մը բարի կամ չար, օգտակար կամ վնասակար ըլլալը, միայն եւ միայն դիտելով կամ լսելով հետեւիլ անոր, պատիւի եւ երջանկութեան խորտակումներուն պատճա՛ռն է։

Վատառողջ օրինակներու գործադրութիւնը կարելի է կանխել, արգելք հանդիսանալ՝ դիտուածը տեսնելով, լսուածը հասկնալով միայն։

Բանականութեան շնորհքով օժտուած մարդուն բանականութեամբ վարուիլ կը վայելէ…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Նոյեմբեր 20 2022, Իսթանպուլ

Շաբաթ, Նոյեմբեր 26, 2022