ԽԱՂԱՔԱՐՏԵՐՈՒ ՀԵՏՔՈՎ

Ռուսական յայտնի «Քոմերսանթ»ը վերջերս յօդուած մը հրապարակեց Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններուն մասին։ Այսպէս, մատնանշուեցաւ, որ Երեւան եւ Պաքու կը հաշտուին արեւմուտքի մէջ։

Խաղաղութեան համար երկու տեսակի պայքար կայ ու երբեք պէտք չէ զարմանալ, որ այդ խաղաղութեան հասնելու համար կը տենչան թէ՛ Հայաստան եւ թէ՛ Ատրպէյճան՝ իւրաքանչիւրը իր տեսակէտով, իր հայեցակարգով ու մանաւանդ՝ իր պայմաններու պատուհանով։

Ատրպէյճան, որուն համար Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը կամ հարցը ընդհանրապէս լուծուած է, ունի ընկալում մը, թէ հիմա ճիշդ ժամանակն է, որպէսզի կարողանայ այդ խաղաղութեան թուղթը Հայաստանէն «կորզել» ու այսպէսով երկու տարի առաջ իր ձեռքը անցած յաղթանակի խաղաքարտը լաւագոյնս օգտագործել։

Միւս կողմէ, Հայաստան, որ շատ լաւ կը հասկնայ, թէ որեւէ լարումի ու մանաւանդ մեծ բախումներու պարագային աւելիով պիտի տուժէ, ունի մօտեցումներու անյստակութիւն, որուն համար ալ կրնայ շատ աւելի մեծ վնասներու որոգայթին մէջ նետուիլ։ Հայաստանի պարագային ամենավատը անկեղծութեան բացակայութիւնն է ու ճիշդ այդ պատճառով ալ ո՛չ ընդդիմութիւնը կրնայ իշխանութեան հասնիլ, ո՛չ ալ իշխանութիւնը պիտի կարողանայ մեծ ռիսքերու ճգնաժամէն դուրս բերել երկիրը։

Այստեղ պէտք չէ մոռնալ, որ Արցախի հիմնախնդիրը (որուն աւարտած ըլլալուն մասին համակարծիք են Ատրպէյճանի եւ Ռուսաստանի առաջնորդները) որոշակի զարգացումներ ապրեցաւ նաեւ այն պատճառով, որ տեղի ունեցած միջազգային բաւական ծանր իրադարձութիւնները պիտի շարունակեն մնալ հիմնական առանցքը Հարաւային Կովկասի մէջ։

Ռուսաստանի համար այնքան կարեւոր Լեռնային Ղարաբաղը այսօրուան կտրուածքով կը շարունակէ հանդիսանալ հաւասարակշռութիւններուն վրայ ազդող մեծ օղակ մը՝ հակառակ անոր, որ ամբողջ Հայաստանն ու հայութիւնը եկած են այն եզրակացութեան, թէ ինչ ալ ըլլան զարգացումները, Ռուսաստան մատը մատին պիտի չզարնէ եւ ինչ ալ տեղի ունենայ Ղարաբաղի մէջ կամ շուրջ, պիտի շարունակէ հանդէս գալ իր նոր դիտողի դերով։

Միւս կողմէ, հակառակ անոր, որ անցեալ օրերուն Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ շարունակեց «ծանր հրետանի»անման խօսքերով կրակ բանալ հայկական կողմին վրայ՝ աւելի քան երեւելի է, որ յառաջիկայ ժամանակներուն չի պատրաստուիր ռազմական մեծ գործողութիւններու երթալու։ Ճիշդ է, որ ռազմական գործողութիւններու համատարած ահը կը շարունակէ մնալ Հայաստանի մեծամասնութեան գլխաւոր մտահոգութիւնը, բայց եւ այնպէս, կան բազմաթիւ ուժեղ գործօններ, որոնց վրայ յենլով կրնանք հանգիստ կերպով մտածել, որ յառաջիկայ ժամանակներուն (առնուազն մինչեւ յառաջիկայ տարուան գարունը) մեծ պատերազմի մը հաւանականութիւնը շատ քիչ է։

Նման հաստատակամութեամբ վերլուծական փորձ ընելը անշնորհակալ գործ մըն է, սակայն այնքան ժամանակ, որ Պաքու եւ Երեւան կը շարունակեն (նոյնիսկ միջնորդաւորուած) բանակցութիւններ իրականացնել, ապա սա կը նշանակէ, որ երկու կողմերն ալ կը տենչան փոխադարձ ընդունելի պայմանագրի մը ստորագրման հասնելու։

Ի դէպ, վերջին իրադարձութիւններուն տեսակէտէ ուշագրաւ է «Քոմերսանթ»ի յօդուածը եւ այստեղ տեղ կու տանք անոր հիմնական առանցքներուն։

*

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի Ուաշինկթընի հանդիպումը զուգադիպած է խորհրդանշական թուականի մը։ 2020 թուականի նոյեմբերի 7-ին էր, որ Ատրպէյճանի զօրքերը վերջնականապէս ամրացան Շուշիի մէջ՝ հասնելով այդ պատերազմի հիմնական նպատակին։ «Արտաքին գործոց նախարարները կարծիքներ փոխանակած են հաւանական խաղաղութեան պայմանագրի տարրերուն շուրջ եւ յայտարարած՝ թէ կան շարք մը խնդիրներ, որոնք տակաւին լուծման կարիք ունին», Ուաշինկթընի հանդիպումէն յետոյ համաձայնութեամբ յայտարարած են Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի դիւանագիտական գերատեսչութիւնները։ Երկուստեք վերահաստատուած են 6 հոկտեմբերին Փրակի մէջ եւ 31 հոկտեմբերին Սոչիի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումներուն ընթացքին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն ստանձնած պարտաւորութիւնները։ Կը հաղորդուի, որ նախարարները որոշած են արագացնել իրենց բանակցութիւնները եւ յառաջիկայ շաբաթներու ընթացքին հանդիպում մը եւս ունենալ:

Միեւնոյն ժամանակ, մեր կողմէ միջանկեալ նշենք, որ «Քոմերսանթ»ի հրապարակուած պահուն՝ մինչեւ տարեվերջ Փաշինեան եւ Ալիեւ կրկին պիտի հանդիպէին Պրիւքսելի մէջ։ Ալիեւ բազմիցս ըսած է, որ եթէ ըլլայ քաղաքական կամք, ապա խաղաղութեան պայմանագիրը կրնայ ստորագրուիլ մինչեւ այս տարեվերջ։ Նոյն միտքը ան կրկնած է՝ 8 նոյեմբերին ելոյթ ունենալով Շուշիի մէջ տեղի ունեցած զօրահանդէսին։ Դարձեալ մեր կողմէ աւելցնենք, որ Ալիեւ արդէն յայտարարած է, որ այդ հանդիպումը կը ջնջէ։

Յիշեցնենք, որ խաղաղութեան պայմանագրի կնքման նիւթը վերջին անգամ քննարկուած է 31 հոկտեմբերին, Սոչիի մէջ՝ Նիկոլ Փաշինեանի, Իլհամ Ալիեւի եւ Վլատիմիր Փութինի միջեւ։ «Հանդիպումը օգտակար էր եւ այդ մէկը պայմաններ կը ստեղծէ իրավիճակի կարգաւորման ապագայ քայլերուն համար», ըսած էր Փութին բանակցութիւններէն յետոյ։

Աւելի վերջ, Ալիեւ Երեւանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման համար առաջադրած էր հինգ սկզբունք. ինքնիշխանութեան փոխադարձ ճանաչում, տարածքային պահանջներու բացակայութեան հաստատում, անվտանգութեան սպառնալիքներէ հրաժարում, սահմանազատում եւ փոխադրական կապերու ապաշրջափակում։ Միեւնոյն ժամանակ, Արեւմուտքի առաջարկները կը ներառեն Լեռնային Ղարաբաղի անվերապահ ճանաչումը՝ որպէս Ատրպէյճանի մաս, առանց որեւէ յատուկ կարգավիճակի։ Իսկ ռուսական նախաձեռնութիւնը կը յուշէ, որ կարգավիճակի հարցը պիտի յետաձգուի։

ԻՐԱՆԻ ԳՈՐԾՕՆ

Արեւմուտքի միջնորդական ջանքերու աշխուժութիւնը համընկնած է Ատրպէյճանի պետական եւ կառավարամէտ լրատուամիջոցներու՝ Մոսկուայի եւ նամանաւանդ ռուս խաղաղապահներու քննադատութեան աճին հետ: Այսպէս, «caliber.az» կը նշէ, որ խաղաղապահները մարդասիրական օգնութեան քօղի տակ Լաչինի միջանցքով զէնքի տեղափոխման ներգրաւուած են։

Նշենք, որ Սոչիի մէջ կայացած հանդիպման ժամանակ Ալիեւ ստորագրած է այն յայտարարութիւնը, ուր կ՚ըսուի, թէ Երեւան եւ Պաքու կ՚ընդգծեն «ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի հիմնական ներդրումը՝ տեղակայման գօտիի վրայ անվտանգութեան ապահովման գործին մէջ» եւ «անոր ջանքերու անհրաժեշտութիւնը՝ տարածաշրջանի մէջ իրավիճակի կայունացման համար»։ Միւս կողմէ, յաղթանակի օրուան առթիւ Շուշիի մէջ ելոյթ ունենալով՝ Ատրպէյճանի նախագահը այլ շեշտադրում մըն ալ ըրած է. «Ղարաբաղը մեր հողն է։ Այնտեղ ժամանակաւորապէս տեղակայուած են ռուս խաղաղապահներ։ 10 նոյեմբեր 2020-ի յայտարարութեան մէջ անոնց ժամկէտը նշուած է եւ եթէ ոեւէ մէկը յոյս կապէ ոեւէ մէկու մը հետ, ապա կրկին ողբերգութեան պիտի բախի»։

Ալիեւի ելոյթին որպէս հակառակորդ հանդէս եկած է ո՛չ միայն Երեւանը, այլեւ Թեհրանը, որ վերջին շրջանին ակնյայտօրէն Երեւանի կողմն է։

«Մենք սերտ կապեր հաստատած ենք մահմետական երկիրներու հետ եւ կրցած ենք անոնց բացատրել, որ Հայաստան ակրեսիւ քաղաքականութիւն կը վարէ ո՛չ միայն մեր, այլեւ ամբողջ մահմետական աշխարհի դէմ: Իսլամական երկիրներու ղեկավարները կրնա՞ն իրենց գիրկը բանալ մզկիթներ քանդողներու առջեւ։ Կրնա՞ն անոնք գրկել եւ համբուրել: Սա կեղծաւորութիւն է, սա դաւաճանութիւն է։ Անոր այլ անուն կարելի չէ տալ», ըսած է Ալիեւ։ Այսպէսով Ատրպէճանի նախագահը յստակ անդրադարձած է Փաշինեանի այցին դէպի Թեհրան, ուր ան իսկապէս շատ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալուած էր:

«Բայց Պաքուի եւ Թեհրանի փոխադարձ պահանջները շատ աւելի խոր են՝ քան Նիկոլ Փաշինեանի գրկախառնութիւնը Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիի հետ։ Ատրպէյճանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը յայտարարած է ծայրայեղականներու խումբի մը ձերբակալման մասին։ Այդ խումբը իբրեւ թէ կը գործէր Իրանի յատուկ ծառայութիւններու վերահսկողութեան ներքեւ։ Իսկ Իրանի պետական «Sahar TV»ն հրապարակած է տեսանիւթ մը, ուր կը շեշտուի, որ Ատրպէյճանի նախկին նախագահ Հայտար Ալիեւ էթնիք քիւրտ է եւ ժամանակին համագործակցած է Անգարայի եւ Պաքուի կողմէ՝ որպէս ահաբեկչական կազմակերպութիւն ճանչցուած ՓՔՔ-ի հետ», եզրափակած է աղբիւրը:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 2, 2022