ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ ԻՆՉՈ՞Ւ ԿԸ ԿՐԱԿԷ

Պարզ էր, որ Ֆրանսայի Ազգային ժողովը՝ Ծերակոյտի հետեւողութեամբ պիտի յանգէր նման բանաձեւի: Երեւոյթը շատ նման է 44-օրեայ պատերազմին Ֆրանսայի երկպալատ բանաձեւերուն, որոնք կոչ կ՚ուղղէին Արցախի անկախութիւնը ճանչնալու: Նման բանաձեւեր խաղաթուղթ են գործադիրին համար՝ օգտագործելի Ատրպէյճանի հետ յարաբերութիւններու ընթացքին: Այստեղ արդէն կը խօսուի Ատրպէյճանի դէմ պատժամիջոցներ կիրարկելու մասին, եթէ շարունակուի ներխուժումը Հայաստանի ինքնիշխան տարածքներ: Քաղաքական առումով կայ, անշուշտ, Հարաւային Կովկասի մէջ ռուսական ազդեցութեան հակակշիռ քայլեր առնելու ենթաառաջադրանքը: Ռուսական միջնորդութեան եւ ԵԱՀԿ-ի անդամալուծման արանքին մէջ Ֆրանսա կ՚աշխատի դեր ստանձնել տարածշրջանին մէջ եւ ներգրաւուիլ գործընթացին: Օրէնսդիր դաշտի ընդունած բանաձեւերը հիմնականին մէջ այս նպատակը կը հետապնդեն:

Շարունակենք համեմատութիւնը նախկին բանաձեւերուն հետ եւ նկատենք, որ անոնք չտեղափոխուեցան գործադիրի դաշտ՝ ինչպէս կ՚ակնկալւէր: Միեւնոյն ժամանակ արձանագրենք, որ նախագահ Մաքրոնի եւ ընդհանրապէս Փարիզի պաշտօնական դիրքորոշումը Ատրպէյճանի յարձակողապաշտութեան դէմ ամենէն հասցէականն էր՝ հնչած սեպտեմբերի պատերազմական գործողութիւներուն առիթով: Ասիկա պատճառ դարձաւ, որ Պաքու վեթոյի ենթարկէ Փարիզի մասնակցութիւնը բանակցային գործընթացին: Քէ տ՚Օրսէի յայտարարութիւնը, թէ բանաձեւերը Փարիզի պաշտօնական վարքագիծը չեն ներկայացներ, կը կատարուի այն ատեն, երբ ճիգ կը թափուի Պրիւքսելի քառակողմ հանդիպումը յաջողցնելու: Եւ եթէ մէկ կողմէ անիկա կը մեկնաբանուի այնպէս, որ Փարիզ կը փորձէ վերստին հաւասար հեռաւորութիւն պահել միջնորդի դեր վերստանձնելու համար, միւս կողմէ նոյնքան պարզ է, որ վեթոյի չեղեալ նկատուելուն պարագային Մաքրոն կարելիութիւն կ՚ունենայ իր օրէնսդիրին տրամադրած խաղաթուղթերը օգտագործելու:

Չի բացառուիր, որ Ատրպէյճան շարունակէ պատրուակել նման բանաձեւերը: Հարցը, ըստ էութեան, մեծ հաշւով կախում ունի Պաքու-Անգարա-Մոսկուա գիծին վրայ ընթացող բանակցութիւններէն: Պաքուի մերժումը Փարիզի ներգրաւման կը բխի նախ եւ առաջ Մոսկուայի շահերէն, որ կը նախընտրէ Անգարայի հետ համաձայնաբար պահպանել հիմնական միջնորդի դերը:

Պէտք է նկատել, որ Ուաշինկթըն եւս իրարու ետեւէ այցելութիւններով եւ յայտարարութիւններով կը փորձէ իր ներգրաւուածութիւնը աշխուժացնել այս բոլորին զուգահեռ: Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարութեան Կովկասի թղթածրարի պատասխանատուն եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի ամերիկացի համանախագահը դարձեալ այցելեցին Պաքու, Թիֆլիզ, Երեւան: Հայաստանի մօտ ԱՄՆ-ի դեսպանը յայտարարութիւն կ՚ընէ ուղղուած Ռուսաստանին: Կը յայտնէ, թէ տարածաշրջանէն Ռուսաստանի քաշուելու պարագային Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու կարելիութիւնները՝ խաղաղութեան հաստատման գործին մէջ, կը սահմանափակուին: Յայտարարութեան շրջածիրը շատ կարեւոր է այս պարագային: Երեւանի մօտ ԱՄՆ-ի դեսպանը շուտով պիտի ստանձնէ Մոսկուայի մօտ ԱՄՆ-ի դեսպանի պաշտօնը։ Եւ այս յայտարարութիւնը կը կատարուի Ծերակոյտի մէջ այս հարցով կազմակերպուած լսումներուն ընթացքին: Ուղերձը այն է, որ իր պետութիւնը պիտի աշխատի իրականացնել ԱՄՆ-Ռուսաստան համագործակցութիւն տարածաշրջանին մէջ:

Համահունչ խօսքեր կ՚ըսէ նաեւ Երեւանի մօտ ԱՄՆ-ի նոր դեսպանի թեկնածուն։ Ըստ իրեն, իր երկիրը կը փնտռէ երկկողմանի եւ բազմակողմանի ուղիներ՝ օգնելու համար կողմերուն հասնելու խաղաղ, տեւական կարգաւորումի՝ հիմնուած ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան եւ Հելսինքիի եզրափակիչ աքթի սկզբունքներուն վրայ: Բազմակողմանին նաեւ կ՚ենթադրէ Մոսկուան, իսկ ԵԱՀԿ-ին յղում կատարելը՝ Ռուսաստանի հետ համագործակցութեան կարելիութիւն:

Հակասական երեւոյթներ կ՚արձանագրուին: Անգարա կը խօսի Երեւանի հետ յարաբերութիւններու դրական եւ գործնական փուլի մասին։ Պայրամով կը դժգոհի հայկական կողմի դիրքորոշումներէն եւ Պաքու կը շարունակէ կրակել: Ուաշինկթընի ներկայացուցիչները կ՚ակնարկեն Երեւանի հետ խորքային բանակցութիւններու եւ յետքայլ կ՚ընեն Պաքուի հանդէպ իրենց բարձրացուցած հարցերէն: Պրիւքսելի հանդիպումը չեղեալ կը նկատուի, սակայն նոր փորձեր կ՚երեւին զայն վերագործարկելու: ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան ձեւաչափը կ՚անդամալուծուի, սակայն յղումներ կը կատարուին՝ զայն բանակցութիւններու իբրեւ հիմք նկատի ունենալու համար։ Զուգահեռաբար կ՚ընթանան միջնորդական նոր ձեւաչափեր ձեւաւորելու մրցապայքարներ: ՀԱՊԿ քաղաքական գնահատական չի տար, բայց կ՚առաջարկէ օժանդակութիւններու թղթածրար մը, որուն ամենակարեւոր առանցքը Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին առաքելութիւններ ուղարկելն է: Միջնորդականին առընթեր կը սկսի այս ձեւով Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանագիծին վրայ առաքելութիւններու հակամարտութիւն: Այս բոլորը կը խօսին Հարաւային Կովկասի մէջ ներթափանցման եւ ներգրաւման աշխարհաքաղաքական մրցակցութիւններու մասին։ Անոնք կրնան զսպիչ դեր ունենալ Պաքուի ցուցաբերած շտապողականութեան դէմ: Ատրպէյճան չի յաջողիր իր ճշդած խնդիրները լուծել իր պատկերացուցած ժամանակահատուածին մէջ. այդ պատճառով ալ կը կրակէ:

ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Խմբագրական՝ Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթի

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 6, 2022