ԱՆԳԱՐԱ-ՊԱՔՈՒ-ՄՈՍԿՈՒԱ ԱՌԱՆՑՔԻՆ ՎՐԱՅ ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ԲԱՆՈՒԿ ԵՐԹԵՒԵԿ

Անգարա-Պաքու-Մոսկուա առանցքին վրայ այս շրջանին դարձեալ դիւանագիտական երթեւեկը խտացած է, ինչ որ Հարաւային Կովկասի առկայ հաւասարակշռութիւններուն տեսակէտէ կը ներկայացնէ մեծ կարեւորութիւն։ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններուն մէջ յառաջացած բարդ կացութիւնը ա՛լ աւելի ուշագրաւ կը դարձնէ այս առանցքի իրադարձութիւնները։

Երէկ, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Մոսկուայի մէջ հիւրընկալեց Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովը։ Նոյն օրը, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւն ալ Պաքուի մէջ հիւրընկալեց Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքարի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը, որու կազմին մէջ էր բանակի ամբողջ վերնախաւը։ Ալիեւ ընդունեց նաեւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի օգնական Իկոլ Լեւիթինը։ Կը հաղորդուի, որ հանդիպման ընթացքին քննարկուած են տարածաշրջանային քաղաքական, տնտեսական եւ փոխադրութեան տարանցման վերաբերեալ հարցեր։

Լաւրով երէկ Մոսկուայի մէջ Պայրամովի հետ սարքած համատեղ մամլոյ ասուլիսին ժամանակ յայտնեց, որ Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան պայմանագիրը կը ստորագրուի Ալմա-Աթայի հռչակագրի հիման վրայ։ Իր խօսքով՝ խաղաղութեան պայմանագրին վերաբերեալ ռուսական նախագիծը տակաւին այս տարեսկիզբին փոխանցուած է Երեւանին եւ Պաքուին եւ այդ մէկը ընդհանուր առմամբ ունեցած է դրական արձագանգ։ Ընթացքին երկու կողմերն ալ իրենց առաջարկները ներկայացուցած են Մոսկուայի նախագծին շուրջ։ Ըստ Լաւրովի, անցեալ աշնան Ուաշինկթընի մէջ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպման ժամանակ Ատրպէյճան ներկայացուցած է փաստաթուղթի հերթական տարբերակը, որմէ վերջ Հայաստանի ներկայացուցիչներն ալ ներկայացուցած են իրենց տեսակէտը։ Ռուս նախարարը շեշտեց, որ Մոսկուա միշտ կը շարունակէ պատրաստակամ մնալ աջակցութիւն ցուցաբերելու համար։ «Այստեղ շատ կարեւոր է կողմնորոշուիլ հիմնական սկզբունքային հարցերու շուրջ։ Այս իմաստով Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներուն միջեւ Փրակի մէջ, հոկտեմբերի 6-ին համաձայնեցուածը, ի հարկէ, կարեւոր նշանակութիւն ունի, որովհետեւ անոնք հաստատած են իրենց նպատակաուղղուածութիւնը՝ բոլոր խնդիրները լուծել ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան եւ 1991 թուականի դեկտեմբերի Ալմա-Աթայի հռչակագրի հիման վրայ», նշեց ան։

Երէկուան յայտարարութիւններուն մէջ Սերկէյ Լաւրով հերթական անգամ կարեւորեց Երեւան-Մոսկուա-Պաքու առանցքին վրայ գոյացած համաձայնութիւններու կատարման ընթացքը։ Ան ընդգծեց տարածաշրջանէն ներս փոխադրութեան կապերու ապաշրջափակման, Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատման եւ այլ հարցերու կարեւորութիւնը։ «Մենք շահագրգռուած ենք ամէն կերպ նպաստելու փոխադրութեան կապերու ապաշրջափակման, սահմանազատման, խաղաղութեան պայմանագրի կնքման եւ, ընդհանուր առմամբ, վստահութեան միջոցներու ամրապնդման՝ ներառեալ հասարակական կառոյցներու, քաղաքագէտներու, խորհրդարանականներու միջեւ շփումներու զարգացումը», ըսաւ Լաւրով։ Իր կարգին, Պայրամովն ալ Մոսկուայի մէջ յայտարարեց, որ Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան պայմանագրի նախագծին շուրջ բանակցութիւններու երրորդ փուլը մինչեւ տարեվերջ տեղի կրնայ ունենալ։ Ան ըսաւ, որ Պաքուի կողմէ մեկնաբանութիւններու երրորդ ծրարը արդէն ներկայացուած է Երեւանին։

ԱՐԵՒՄՈՒՏՔԻ ՋԱՆՔԵՐԸ

Միւս կողմէ, Արեւմուտքի դերակատարներն ալ կը շարունակեն յամառ ջանքեր գործադրել Հարաւային Կովկասի գործընթացներուն վրայ ազդեցութիւն բանեցնելու առաջադրութեամբ։ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի ամերիկացի համանախագահ, Հարաւային Կովկասի բանակցութիւններուն գծով Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարի յատուկ ներկայացուցիչ Ֆիլիփ Ռիքեր վերջին օրերուն յայտարարեց, որ Ուաշինկթըն ամենաբարձր մակարդակի վրայ ներգրաւուած է Երեւան-Պաքու ուղիղ բանակցութիւններուն եւ կ՚աջակցի անոնց։ Ֆիլիփ Ռիքեր, որ վերջերս իրերայաջորդ այցելեց Պաքու, Թիֆլիզ եւ Երեւան, ուղեւորութեան վերջին փուլին մէկտեղուեցաւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ։ Շրջագայութեան աւարտին Ֆիլիփ Ռիքեր հրապարակեց տեսաուղերձ մը։ Իր խօսքով՝ ԱՄՆ-ի յանձնառութիւնը կը ներկայացնէ Հայաստանի եւ ամբողջ Հարաւային Կովկասի ապագան։ Արդարեւ, Ուաշինկթըն յանձնառու է տարածաշրջանէն ներս խաղաղ ապագայի ապահովման։ Ան համոզուած է, թէ շարունակական երկխօսութիւնը՝ այսինքն ո՛չ թէ ռազմական գործողութիւնը, այլ՝ դիւանագիտութիւնը, առանցքային է խնդիրներու կարգաւորման եւ տեւական խաղաղութեան հասնելու առումով։ «Բոլորս ալ կը գիտակցինք, որ սա դիւրին չէ», ըսաւ Ռիքեր։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 6, 2022