ԱՇԽԱՐՀԻ ՆԵՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Թէ չը լինի 
Աշխարհում լաց. 
Մեզ կեանք էլի
Չը տար Աստուած։

ՐԱՖՖԻ

Նեղութիւններ անխուսափելի են աշխարհի վրայ, արդարեւ աշխարհ, որու վրայ կ՚ապրի իր երկրային կեանքը մարդ, երբեք բուրաստան մը չէ։ Ցաւը եւ վիշտը, նեղութիւններ եւ դժուարութիւններ, ամէն տեսակ չարիք աշխարհը «աշխարհ» կ՚ընեն, եւ ապրելու համար մարդ պէտք է տոկայ, հանդուրժէ այդ բոլորին։ Արդէն աշխարհ երբեք չէ խոստացուած մարդուն որպէս «դժբախտ», հանգիստի վայր, այլեւ ընդհակառակը՝ պայքարի դա՛շտ։ Կեանքը անվերջ պայքար մըն է, եւ Աստուած երբ դրախտէն վտարեց մարդը, զայն դրաւ աշխարհի վրայ՝ շարունակելու իր կեանքը նեղութիւններու, դժուարութիւններու մէջ, աշխատելու եւ այդպէս իր «հացը ճարել»ու։

Քրիստոս ալ ըսաւ յստակօրէն. «Աշխարհի վրայ նեղութիւն պիտի ունենաք, բայց քաջալերուեցէ՛ք, որովհետեւ ես յաղթեցի աշխարհին». (ՅՈՎՀ. ԺԶ 33)։ Ուստի, Քրիստոս՝ Աստուծոյ Որդին Ինքն ալ չարչարանք կրեց այս աշխարհի վրայ։

Ուրեմն, աշխարհ «աշխարհ» չ՚ըլլար առնց նեղութեան եւ կեանք՝ առանց աշխարհի նեղութիւններու, որոնք անխուսափելի են եւ մաս կը կազմեն Աստուծոյ ծրագրին։ Այս ուղղութեամբ առանց «նեղ դուռն»էն անցնելու կարելի չ՚ըլլար լայնատարած դաշտերու հասնիլ։ Եւ աշխարհի նեղութիւնները կը զօրացնէ մարդը։

Թէ ի՞նչ է զօրութիւնը։

Զօրութիւնը այն բարոյական առաքինութիւնն է, որ նեղութիւններու եւ դժուարութիւններու մէջ կ՚ապահովէ վճռակամութիւնը եւ հաստատամտութիւնը բարիին հետապնդումին մէջ։ Նեղութիւնները եւ դժուարութիւնները յաղթահարելու միակ միջոցն է՝ քա՛ջ ըլլալ, չվհատիլ, չյուսալքուիլ եւ անոնց դէմ «բարի պատերազմ»ով պայքարի՛լ։ Զօրութիւնը կ՚ամրացնէ առաջադրանքը փորձութիւններու եւ նեղութիւններու դիմադրելու եւ արգելքներուն յաղթահարելու բարոյական կեանքին մէջ։

Զօրութեան՝ բարոյական քաջութեան առաջինութիւնը մարդս կարող կը դարձնէ յաղթելու վախին, նոյնիսկ մահուան վախին, որ բոլոր վախերու նախապատճառն է, ճակատելու նեղութիւններուն եւ հալածանքներուն։

Բարոյական քաջութիւնը մարդս տրամադիր կը դարձնէ երթալու մինչեւ հրաժարումը եւ զոհաբերումը իր կեանքին, պաշտպանելու համար արդար եւ իրաւացի դատ մը։

«Իմ զօրութիւնս եւ իմ երգս Տէ՛րն է», կ՚ըսէ Սաղմոսերգուն. (ՍԱՂՄ. ՃԺԷ 14)։

Եւ դարձեալ Քրիստոսի անսուտ եւ ճշմարիտ խօսքը. «Աշխարհի վրայ պիտի չարչարուիք, սակայն քաջալերուեցէ՛ք, որովհետեւ Ես յաղթեցի աշխարհին». (ՅՈՎՀ. ԺԶ 33)։ Քրիստոս Յիսուս ո՛չ միայն խօսքով, այլ նաեւ Իր իսկ կեանքով եղաւ կենդանի օրինակը «կեանք պայքար»ին եւ վկան՝ աշխարհի նեղութիւններուն։

Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոս կ՚ըսէ. «Լաւ ապրիլը ուրիշ բան չէ եթէ ոչ՝ սիրել Աստուած ամբողջ սրտով, ամբողջ մարմնով, ամբողջ հոգիով եւ ամբողջ գործերով։ Կը վերապահենք Անոր ամբողջական սէր ժուժկալութեամբ, որ ո՛չ մէկ դժուարութիւն կրնայ խախտել, ի՛նչ որ զօրութիւն է, որ կը հնազանդի միայն Անոր, որ ասիկա արդարութիւն է, որ կը հսկէ կշռադատելու համար բոլոր բաները, որպէսզի չըլլայ թէ անակնկալի գայ խորամանկութենէն եւ սուտէն, եւ ասիկա խոհեմութիւն է»։

Մարդկային առաքինութիւնները կ՚արմատաւորուին աստուածաբանական առաքինութիւններուն մէջ, որոնք մարդուն կարողութիւնները եւ տարողութիւնը ատակ կը դարձնեն մասնակցելու աստուածային բնութեան. (Բ ՊԵՏՐ. Ա 4)։

Հոս, հարցում մը յաճախ կը զբաղեցնէ մարդուս միտքը. Աստուած ինչո՞ւ արգելք չի հանդիսանար աշխարհի նեղութիւններուն, եւ կ՚արտօնէ որ նեղութիւններ գոյութիւն ունենան։ Ինչպէս ամէն հարցի լուծումը եւ ամէն հարցումի պատասխանը՝ այս հարցումին պատասխանն ալ կը գտնենք Սուրբ Գիրքին մէջ. «Եւ Ադամին ըսաւ.- Որովհետեւ դուն քու կնոջդ խօսքը մտիկ ըրիր եւ այդ ծառէն կերար, որուն համար պատուիրեցի քեզի՝ ըսելով.- Չուտես անկէ, երկիրը քու պատճառաւդ անիծեա՛լ ըլլայ, կեանքիդ բոլոր օրերուն մէջ նեղութիւնով ուտես անկէ. եւ փուշ ու տատասկ բուսցնէ քեզի եւ դաշտին խոտը ուտես։ Երեսիդ քրտինքովը ուտես քու հացդ, մինչեւ գետինը դառնալդ, ուրկէ առնուեցար, քանզի հող էիր դուն ու հողի պիտի դառնաս». (ԾՆՆԴ. Գ 17-19)։

Ուստի մարդուն անհնազանդութեանը պատճառով նեղութիւնը հաստատուեցաւ աշխարհի վրայ եւ ժառանգաբար փոխանցուեցաւ բոլոր մարդկութեան՝ սերունդէ սերունդ։

«Հարկ է անցնինք բազմաթիւ նեղութիւններէ որպէսզի մտնենք Աստուծոյ Առքայութեան մէջ». (ԳՈՐԾՔ. ԺԴ 22)։

Ուրեմն, նեղութիւնները «ճակատագիր»ը չէին մարդուն, բայց անոնք անոր «պարտք»ը իր իսկ մեղքին՝ իր անհնազանդութեանը եւ յաւակնութեանը պատճառով։

«Պետրոս այս բաները տակաւին չէր հասկցած, երբ կը փափաքէր Քրիստոսի հետ ապրիլ լերան վրայ։ Ասիկա, ո՛վ Պետրոս, մահէդ ետք վերապահեց քեզի։ Բայց այժմ՝ Ինք անձամբ քեզի կ՚ըսէ.- իջի՛ր երկրի վրայ վաստակելու, երկրի վրայ ծառայելու, արհամարհուելու, չարչարուելու, խաչուելու երկրի վրայ։ Կեանքը երկիր կ՚իջնէ, որպէսզի սպաննուի։ Հացը՝ որպէսզի քաղցը զգայ, ճանապարհը՝ որպէսզի ճամբաներու յոգնութիւնը զգայ։ Աղբիւրը՝ որպէսզի ծարաւի եւ դուն տակաւին կը մերժե՞ս չարչարուիլ», կ՚ըսէ Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոս։

Մարդուս համար անկարելի՛ է առանց նեղութեան, առանց ցաւի եւ վիշտի կեանք ունենալ. եթէ կեանք կայ, կա՛յ ուրեմն նաեւ՝ նեղութիւն…։

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Նոյեմբեր 30 2022, Իսթանպուլ

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 6, 2022