ՀՈԳԻՆ ՇԱՐԺԻՉ Ո՛ՒԺՆ Է ՄԱՐՄՆԻՆ
Առանց պատճառի արդիւնք չ՚ըլլա՛ր. ասիկա անժխտելի ճշմարտութի՛ւն մըն է։ Եւ որովհետեւ մարդուս մէջ կը հաստատուի ուժերու, կարողութիւններու գոյութիւնը, որոնք նիւթեղէն-մարմնային չեն կրնար նկատուիլ, անոնց պատճառը բացատրելու համար անհրաժեշտ է դիմել տարբեր աղբիւրի մը, տարբեր պատճառի մը, ահաւասիկ ա՛յդ աղբիւրը կը կոչուի «հոգի»։
Մարդ երբ կ՚ուզէ ինքզինք ճանչնալ եւ վերլուծել իր կարողութիւնները, երբ վերցնէ իր հոգիէն այն ծածկոցը՝ զոր կեանքը տարածած է հոն, - պատած է իր իմացականութիւնը նախապաշարումներով, կանխակալութիւններով, մոլորումներով եւ իմաստակութիւններով, - եւ թափանցէ իր էութեան ամենէն ներքին ծալքերուն, ինքզինք դէմ առ դէմ կը գտնէ այն բարձր սկզբունքներուն, առանց որոնց չկա՛յ մեծութիւն մարդկութեան համար։ Այդ բարձր սկզբունքները՝ բարձրագոյն եւ անկեղծ սէրը, արդարութիւնը եւ յառաջդիմութեան, բարեփոխութեան զգացումը, որոնք զանազան աստիճաններով կը գտնուին այնքա՛ն տգէտին որքան հանճարեղ մարդուն քով, չեն կրնար առաջ գալ նիւթէն, մարմինէն, որ զո՛ւրկ է այդպիսի յատկութիւններէ։
Եւ նիւթը երբ չունի սոյն յատկութիւնները, ինչպէ՞ս պիտի կարենայ յօրինել առանձինն էակներ, որոնք այդ յատկութիւններով օժտուած են։
Գեղեցիկին եւ ճշմարիտին զգացումը, սքանչացումը, զոր կը զգան մարդիկ, թէ՛ ազնիւ եւ թէ՛ մեծ գործերու համար, իրենց անդամներու միսէն եւ իրենց երակներու արիւնէն տարբեր ծագում մը պիտի կարենային ունենալ։ Անոնք կը նմանին աւելի ցոլքերուն, մաքուր եւ բարձր լոյսի մը, որ կը փայլի մարդոց իւրաքանչիւրին մէջ, ինչպէս արեւը կը ցոլայ ջուրերու վրայ, թէպէտ այդ ջուրերը ըլլան պղտոր կամ յստակ։
Տխրութիւն, տրտմութիւն, սրտնեղութիւն հոգիի արտայայտութիւններ են, եւ ո՛չ մարմնի։ Եւ անոնց հետեւանքով բխած արցունքը՝ մարմնակա՛ն։ Այս ալ ցոյց կու տայ հոգիին գոյութիւնը, որ բոլորովին տարբեր է մարմինէն՝ նիւթէն։
Հրեշտակները կը խօսին եւ կը քալեն։ Իրենց պէտքերը իրենք կը հոգան՝ կը քալեն եւ կը ստանան այն ինչ որ կը պահանջեն։
Սուրբերը կը խօսին, բայց չեն քալեր։ Իրենց պահանջները կ՚ըսեն եւ վերէն կը ստանան։
Իսկ մարդիկ ո՛չ կը խօսին, ո՛չ կը քալեն. միայն կու լան երբ պահանջք մը ունենան եւ իրենց պահանջքը կը ստանան վերէն՝ լալո՛վ։ Ուստի Տաթեւացիի մեկնաբանութեամբ՝ խօսիլ եւ քալել. երկրային եւ երկնային աշխարհի հետ յարաբերութիւն կը նշանակէ, ուստի հրեշտակներ Աստուծոյ ներկայութիւնը կը վայելեն ամբողջութեամբ, սուրբերը միայն խօսքով, բայց չեն կրնար Աստուծոյ ներկայութիւնը վայելել, որովհետեւ երկրի վրայ են եւ կարող չեն երկինք բարձրանալ՝ քալել։ Եւ մարդը՝ ո՛չ խօսքով եւ ո՛չ ալ քայլով, մօտենալով Աստուծոյ ներկայութիւնը չի կրնար վայելել, բայց միայն լալով, արցունք թափելով։ Արցունք թափելով կ՚աղօթեն, կը յարաբերուին Աստուծոյ հետ եւ կը ներկայացնեն իրենց երկրային պահանջները։ Եւ ատիկա կ՚իրականանայ հոգիի միջոցով։ Ահաւասի՛կ, նիւթէն անջատ, հոգիի գոյութեան յստակ ապացոյցը։ Ուստի աղօթքը ո՛չ թէ նիւթին, այլ հոգիին գործն է։
Աշխարհական մը, կը պատմուի, թէ օր մը վանք մը կ՚այցելէ։ Հոն կը տեսնէ վախճանած հոգեւորականներու տապանաքարեր, որոնց վրայ գրուած է. «Ծննդեան թուական… եւ վախճանման թուական» եւ որ մէկուն աւելցուած է. «Ապրեցաւ միայն երեք օր», կամ ուրիշի մը. «Ապրեցաւ միայն երկու ժամ»։
Աշխարհականը զարմացած կը հարցնէ վանահօր. «Ծննդեան եւ վախճանման թուականներուն համեմատ անոնք պէտք է ապրած ըլլային երկար տարիներ, հապա երեք օր, երկու ժամ ինչո՞ւ…»։
Վանահայրը կը պատասխանէ.
«Իրաւ է որ անոնք ապրեցան երկար տարիներ, բայց երկրի վրայ ապրեցան երկինքը եւ Աստուծոյ ներկայութիւնը կրցին վայելել միայն երեք օր կամ երկու ժամ երկրի վրայ, այդ պատճառով եւ այդ իմաստով անոնք ապրեցան այդքան միայն»։
Ահաւասիկ, հոգիի գոյութեան ապացոյց մը եւս, թէ հոգւով ապրիլ եւ մարմնով ապրիլ, երկինքը վայելել եւ երկրի բարիքը օգտագործել տարբեր բաներ են։
Ի զո՜ւր մարդ պիտի պնդէր, թէ ամէն ինչ նիւթ է։
Ի՞նչ, սիրոյ եւ բարութեան բուռն թափ մը կը զգան մարդիկ. սիրե՜նք առաքինութիւնը, անձնուիրութիւնը, դիւցազնութիւնը, բարոյական գեղեցկութեան զգացումը քանդակուած ըլլայ մեր մէջ, իրերու եւ օրէնքներու ներդաշնակութիւնը մեզի թափանցէ, զմեզ դիւթէ՜, եւ այս ամենէն ո՛չ մէկ բան չզանազանէ զմեզ նիւթէն։
Զգանք, սիրենք, խիղճ, կամք, միտք ունենանք եւ առաջ գա՜նք պատճառէ մը, որ չունի սոյն յատկութիւնները, ո՛չ մէկ աստիճանով, պատճառէ մը՝ որ չի զգար, չի սիրեր, որ ոչինչ կը ճանչնայ, կոյր եւ համր է։
Կարելի՞ է որ աւելի բարձր, աւելի կատարեալ, լաւագոյն ըլլայինք քան այն ուժը, որ զմեզ արտադրած է։
Այդպիսի կարծիք մը քննութիւն չի վերցներ։
Մարդ իր մարմնով, գործարաններով առաջ կու գայ նիւթէն, իմացական եւ բարոյական կարողութիւններով առաջ կու գայ հոգիէն։
Ա՛լ աւելի ճշդօրէն ըսենք մարդկային մարմնի նկատմամբ, թէ սոյն հիանալի մեքենան կազմող գործարանները կը նմանին այն անիւներուն, որոնք անկարող են գործել առանց շարժիչ ուժի մը, առանց կամքի մը՝ զանոնք շարժման մէջ դնող։
Հոգի՛ն է այդ շարժիչ ուժը։
Հոգին կը բնակի նիւթին մէջ, ինչպէս բանտարկեալ մը՝ իր մենախուցին մէջ։ Զգայարանքներն այն բացուածքներն են, որոնցմով ան կը հաղորդակցի արտաքին աշխարհի հետ։
Մարմինը մուրացածոյ՝ մուրացկանաբար առնուած օտարէն հագուստ մըն է լոկ, վաղանցիկ ձեւ մը, կերպ մը, շուտով կազմալուծուելու ենթակայ. հոգին կ՚ապրի շիրմէն անդին, յաւիտենական, անմա՛հ է ան։
Արդարեւ, հոգեկան կեանքը՝ կանոնաւոր, ճշմարիտ, անվախճան կեանքն է։
Ուրեմն, սիրելի՜ բարեկամներ, կարեւորը այն է՝ որ մենք որքա՞ն կ՚անդրադառնանք, եւ կարեւորութիւն կ՚ընծայենք հոգիին։ Քանի որ հոգին ալ խնամքի կարիքը ունի՝ պէտք է խնամք տանիլ անոր, սնուցանել զայն, որպէսզի չկորսնցնէ իր աշխուժութիւնը եւ կարենայ մարմնին՝ նիւթին օգտակար ըլլալ։ Եւ հոգիին սնո՛ւնդն է աղօթքը. աղօթենք, որպէսզի առողջ մնայ հոգին ե՛ւ մարմինը…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Նոյեմբեր 28 2022, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/30/2024
- 11/30/2024