«ԱՐԺԱՆԱՊԱՏԻՒ» ԳՈՅՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵՐ ԾԵՐԵՐՈՒՆ

Երէկ անծանօթ մը ուզեց կարծիքս լսել Հայաստանի իրավիճակին մասին եւ ուզեց գիտնալ դրակա՞ն են անոնք՝ թէ ոչ ժխտական: Պատասխանս յստակ էր՝ թէեւ այն չէր ինչ ինք կ՚ուզէր լսել.

«Այնքա՛ն ժամանակ որ 70-75 տարեկան պառաւներ ստիպուած կ՚ըլլան գիշերուան 2-3-ին փողոցները աւլել՝ օրուան ապրուստ մը ապահովելու համար... կը նշանակէ սխալ բան մը կայ». անծանօթը սակայն այս ըսածս մեկնաբանեց հետեւեալ ձեւով.- «այդ մէկը լաւ բան է. կը նշանակէ հակառակ այդ տարիքին մարդ տակաւին աշխատելու ցանկութիւն ունի»: Ճշմարտութիւնը սակայն այդ ծերուկները այս ցուրտին փողոց առաջնորդողը այդ փափաքէն ու ուժէն աւելի թշուառութիւնն է, որովհետեւ այդ փողոցը չաւլել դէպի թշուառութեան անդունդ քայլ մը աւելի մօտենալ կը նշանակէ:

Երկիրի մը լաւ կամ վատ ըլլալը ինչով կը չափուի գաղափար չունիմ, սակայն այնքան ժամանակ որ մեր ծերերը կը շարունակեն չարչարուիլ, ձմեռուան ցուրտին կանաչեղէն մը իրենց ձեռքին բազմամարդ մայթերու վրայ կը փորձեն շա՜տ չնչին փող մը աշխատիլ... այդ երկիրը լաւ կոչել կարելի չէ:

Ամերիկեան հոգեբանական կենդրոն մը ծերերու առողջ ապրելակերպի առաջին նախապայման կը դնեն մարմնապէս եւ հոգեպէս հանգիստ կեանքը. թող այդ հոգեբանները գան եւ սերտեն մեր ծերերուն կեանքը, որ ո՛չ մարմնապէս եւ ո՛չ ալ հոգեպէս կայուն եւ առողջ վիճակ մը կը ներկայացնէ:

Թէեւ Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան 83-րդ յօդուածը կ՚ըսէ. «Իւրաքանչիւր ոք, օրէնքին համապատասխան, ունի մայրութեան, բազմազաւակութեան, հիւանդութեան, հաշմանդամութեան, աշխատավայրի մէջ դժբախտ պատահարներու, խնամքի կարիք ունենալու, կերակրողը կորցնելու, ծերութեան, գործազրկութեան, աշխատանքը կորցնելու եւ այլ դէպքերուն ընկերային ապահովութեան իրաւունք»։ Թուղթի վրայ թափուող խօսքերը ի՜նչ անուշ են... սակայն ճշմարտութիւնը. ո՞ր ապահովութեան մասին է խօսքը: Այս յօդուածին յաջորդող 84-րդ յօդուածը կը շարունակէ. «Իւրաքանչիւր կարիքաւոր եւ տարեց մարդ, օրէնքին համապատասխան, ունի արժանապատիւ գոյութեան իրաւունք»։ Արժանապատիւ ըսելով ի՞նչ պէտք է հասկնալ... որովհետեւ մեր տարեցներուն մօտ արժանապատուութեան տեղ ամօթ, նուաստացում, կարօտագին վիճակ ու անարդարութիւն է որ կը տենսեմ:

Ցաւ ի սիրտ, այսօր Հայաստանի մէջ ապրող ծերութեան մէկ մասը իր մահուան օրը երկու աչքով կը սպասէ, որովհետեւ ամենէն հանգիստ ու խաղաղ անցընելու այդ ժամանակաշրջանը իրենք կ՚անցընեն թշուառութեան, չարչարանքի ու տառապանքի մէջ. այսօր փորձեցէք Երեւանի Հիւսիսային պողոտայի վրայ պտոյտ մը կատարել եւ պիտի տեսնէք, թէ քանի՜ քանի ծերունիներ պիտի մօտենան եւ ձեզմէ օրուան հացի մը դրամը խնդրեն. ցուցալոյսերու տակ քանի՜ քանի ծերունիներ իրենց ձեռքին թաշկինակներ պիտի գան եւ ձեր ինքնաշարժներուն ապակիները ծեծելով փորձեն թաշկինակ մը ծախել:

Հաւանաբար շատեր մտածեն, որ այդ մէկը որպէս գործ կ՚ընեն, նկատի ունենալով որ մուրացկաններ յաճախ աւելի լաւ գումար կ՚աշխատին՝ քան հասարակ պաշտօնեաներ:

Յաճախ Հայաստանի այս ամօթները անտեսել ուզող անհատներ կը պատճառաբանեն, թէ ո՛չ թէ միայն Հայաստան, այլ գրեթէ ամբողջ աշխարհն է որ այս հարցով կը տառապի. սակայն մեզ աշխարհը այնքան չի հետաքրքրեր՝ ինչքան մեր տարեցները, մեր հայրերն ու մայրերը, որոնք սահմանադրութեան համաձայն «արժանապատիւ» ապրելու իրաւունքը ունին:

Երկիր մը՝ որուն տարեցը թշուառ իսկ երիտասարդը գաղթական ըլլալու ճամբուն մէջ կը գտնուի՝ չի կրնար յաջողած ու բարգաւաճ երկիր եւ պետութիւն դառնալ. Հայաստանի կառաւարութեան ամենէն մեծ անդամէն մինչեւ ամենէն փոքրը լաւապէս գիտէ եւ կը գիտակցի, թէ այն թոշակը որ կը տրուի մեր տարեցներուն ո՛չ թէ ամսուան, այլ շաբաթուան մը համար բաւարար գումար մը չի ներկայացներ:

Վերջերս Գանատայէն բարկեամ մը խօսակցութեան ընթացքին կը պատմէր, թէ ինչպէս Գանատայի պետութիւնը տարեցներուն համար դաշտագնացութիւններ եւ զանազան հաւաքներ կը կազմակերպէ, որպէսզի ծերերը հաւաքուելով հաճելի պահեր ունենան, որովհետեւ անոր արժանի են իրապէս. ինչո՞ւ համար Գանատա, Ամերիկա եւ կամ Եւրոպա ապրող տարեցը պիտի չմտահոգուի յաջորդ օրուան իր ուտելիք հացի գոյութեամբ, մինչ մեր տարեցները պայքարելով կեանքի բոլոր դժուարութիւններուն դէմ դուրս պիտի գան փողոց՝ յաջորդ օրը անօթութենէն չմեռնելու համար:

Վերջապէս մեր տարեցներուն մեծամասնութիւնը կա՛մ անօթութենէն, կամ ցրտահարութենէն եւ կամ բժշկական անմիջական միջամտութեան պակասէն հոգի պիտի տան:

Ծննդոցի Գիրքը խօսելով Աբրահամի համար կ՚ըսէ. «Եւ Աբրահամը լաւ ծերութեամբ ալեւորած եւ իր օրերը կշտացած աւանդեց իր հոգին» (Ծննդոց 25,8). Մեր տարեցներէն քանի՞ն արժանի պիտի ըլլան Աբրահամի այդ հանգստութեան, քանի՞ն իրենց օրերէն կշտացած պիտի աւանդեն իրենց հոգին. հաւատացէք, թէ Հայաստանի ծերերուն համար մահը այսօր փրկութիւն է, որովհետեւ մահուան մէջ աւելի հանգիստ գտնելու յոյսը ունին արդէն՝ քան կեանքի:

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -118-

Տարիներ առաջ Ֆրանսայէն եկաւ բարեարար մարդ մը եւ միասնաբար մեկնեցանք Կիւմրի, Վանաձոր եւ Սպտակ՝ օգնելու համար մինչեւ օրս անմարդկային պայմաններու մէջ ապրող մեր հայորդիներուն:

Մտանք տուն մը՝ ուր 89 տարեկան տարեց մը առանձին կ՚ապրէր։ Կորսնցուցած էր իր ամուսինը եւ բացի ամուսինէն իր տան սիւնը եղող երկու զաւակները, որոնց նկարները պատին վրայ կախուած կը մնային:

Բարերարը փորձեց իր պայուսակէն դուրս հանել գումարը, սակայն տարեցը մերժեց. «դրամ չեմ ուզեր ես. Աստուած թող իմ հոգիս առնէ կը բաւէ, որովհետեւ այդքան բանէ ետք տակաւին ապրիլ ու դիմանալ աւելի ցաւ կը պատճառէ»։ Փայտաշէն տուն մըն էր՝ գրեթէ կիսաբաց. ձմեռը ինչպէ՞ս պիտի յաջողէր տաքցնել այդ փոքր խրճիթը ինք ալ չէր գիտեր. հաւանաբար օր մըն ալ 5-6 օր ետք պիտի նկատէին իր բացակայութիւնը եւ զինք քարացած գտնէին գետնին. ո՜չ ոք պիտի ցաւէր անոր մահով... հազարաւոր դժբախտ ծերերուն պիտի երթար աւելնալ նոր մը՝ որ վստահաբար վերջինը պիտի չըլլար անբախտներու ամբոխին...:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 12, 2022