ԺԻՐԱՅՐ ԼԻՊԱՐԻՏԵԱՆԻ ՆՈՐ ԳԻՐՔԸ. ՀԻՆԳ ՀԱՏՈՐՆԵՐԷՆ ԵՐԿՐՈՐԴԸ
Պատմաբան, հասարակական, քաղաքական գործիչ եւ դիւանագէտ Ժիրայր Լիպարիտեանի «Հայաստանի երրորդ հանրապետութիւն, Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւն. Նիւթեր պատմութեան համար» աշխատութիւնը արդէն ընթերցողի սեղանին է: Այս հատորը դիւանագէտի՝ հինգ հատորներ ընդգրկող շարքի երկրորդն է: Արդէն լոյս տեսած է առաջին հատորը (որուն ԺԱՄԱՆԱԿ ալ անդրադարձած էր) «Հայաստան-Թուրքիա. Պետականութիւն, պատմութիւն, քաղաքականութիւն» խորագրով, որ կը պարունակէ Ժիրայր Լիպարիտեանի հեղինակած՝ հրատարակուած եւ անտիպ յօդուածներ, հարցազրոյցներ: Նոր տպուած գիրքին մէջ նոյնպէս ընդգրկուած են հեղինակին տպուած ու անտիպ յօդուածներու, ինչպէս նաեւ հարցազրոյցներու ընտրանի մը: Նիւթերը թէ՛ արեւելահայերէն են եւ թէ՛ արեւմտահայերէն: Այս որոշման նպատակը, ըստ հեղինակին, պարզ է՝ զարկ տալ մեր սքանչելի լեզուի երկու ճիւղերուն ալ, մանաւանդ՝ արեւմտահայերէնին, որ նուազ կ՚օգտագործուի պատմագիտական եւ քաղաքական նիւթերու քննարկման համար: Իրերայաջորդ հինգ հատոր հրատարակելը քանի մը նպատակ ունի: Ժիրայր Լիպարիտեան այսպէս կը բացատրէ այդ նպատակները.
Առաջին. հրատարակել նախապէս անտիպ նիւթեր:
Երկրորդ. անոնց միացնել նոյն թեմային պատկանող արդէն հրատարակուած նիւթեր, որոնց տարածումը եղած է սահմանափակ:
Երրորդ. այս նիւթերու մեծ մասի բնագիրը եղած է անգլերէն. հայերէն թարգմանութեամբ զանոնք ներկայացնելով մատչելի դարձնել աւելի լայն շրջանակներու: Եւ, վերջապէս, ի մի բերել նիւթեր, որոնք զիրար կ՚ամբողջացնեն՝ պարզաբանելով այն արժէքներն ու սկզբունքները, որոնց վրայ հիմնուած են իմ մտածելակերպը, գիտական ոլորտի աշխատանքները եւ քաղաքական ու դիւանագիտական գործունէութիւնները:
Հատորի մէջ հաւաքուած նիւթերու մեծ մասին աւելցուցած եմ ներածական գրութիւն մը՝ ընթերցողին ծանօթացնելու համար այն պարագաներուն, որոնք առիթ տուին կամ պատճառ դարձան այդ նիւթի շարադրման ու ներկայացման: Երբեմն ալ աւելցուցած եմ Յետգրութիւն մը՝ արձանագրելու համար այդ նիւթի կապակցութեամբ զարգացումներ եւ արձագանգներ: Կը կարծեմ, որ այդ յաւելումները կեանքի կը կոչեն այդ նիւթերը՝ ընթերցողին ծանօթացնելով անոնց գիտական ու քաղաքական համաթեքսթերուն:
…Գրուած՝ աւելի քան երեք տասնամեակներու ընթացքին, այստեղ հաւաքուած նիւթերը կը ներկայացնեն, մէկ կողմէն, հեղինակի մտածողութեան զարգացումն ու հետեւողականութիւնը, իսկ միս կողմէն՝ զարգացող դէպքերու հետ այդ երկուքի առընչութիւնը:
Ինչպէս Լիպարիտեանի նախորդ հատորի պարագային էր, այս հատորն ալ արդէն կազմուած էր, երբ սկսաւ Ղարաբաղի վերջին պատերազմը՝ 2020 թուականի սեպտեմբերի 27-ին: Հեղինակը որոշած է այս պարագային ալ հատորը անփոփոխ պահել, սակայն յարմար նկատած է արդէն ներգրաւուած հինգ բաժիններուն աւելցնել վեցերորդ մը՝ չորս նիւթերով, որոնք անմիջականօրէն կ՚առընչուին պատերազմին եւ անոր վերաբերող լուծումներու:
Հատորը կը պարունակէ 36 նիւթ՝ հաւաքուած վեց բաժիններու մէջ:
Բաժինները խորագրուած են ըստ հետեւեալի.
1- Նիւթեր նախապատմութեան համար
2- Ներքին քաղաքական խնդիրներ
3- Արտաքին եւ անվտանգութեան խնդիրներ
4- Լեռնային Ղարաբաղի հարցը
5- Մտորումներ
6- 2020 թուականի պատերազմէն ետք
Նախաբանին մէջ Ժիրայր Լիպարիտեան շնորհակալութիւն կը յայտնէ բոլոր անոնց, որոնք օժանդակեցին գիրքի պատրաստութեան որպէս խմբագիրներ, թարգմանիչներ եւ այլ աշխատանքներ կատարողներ՝ Կարինէ Յարութիւնեանին, Սեդա Հաքիմեանին, Վահէ Սահակեանին, Խաչիկ Տէրտէրեանին, Աննա Աղաճանեանին, Արամազդ Ղալամքեարեանին, Ասպետ Քոչիկեանին եւ Խաչիկ Թէօլէօլեանին: Շնորհակալութիւն կը յայտնէ նաեւ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական համայնքներու բաժանմունքին, համեստ մեկենասի մը, «Ապաւէն» ընկերութեան տնօրէն Արսէն Ղազարեանին, «Գառնի ինվեստ» ընկերութեան տնօրէն Բագրատ Ասատրեանին եւ «Անտարես» հրատարակչութեան տնօրէն Արմէն Մարտիրոսեանին, որոնց օժանդակութեամբ կարելի դարձաւ այս եւ յառաջիկայ հատորներու հրատարակութիւնը:
Նոր լոյս տեսած այս հատորի շնորհանդէսը նախատեսուած է դեկտեմբերի 15-ին՝ Երեւանի Պետական համալսարանի երդիքին տակ:
Ժիրայր Լիպարիտեան իր այս գիրքը նուիրած է Հայաստանի Երրորդ հանրապետութեան հիմնադիր նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանին:
Հատուածներ կը ներկայացնենք «Հայաստանի Երրորդ հանրապետութիւն, Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւն. Նիւթեր պատմութեան համար» գիրքէն։
*
ԻՆՉ ՈՐ ԲՈԼՈՐԸ ԳԻՏԵՆ ԿԱՄ ԱՄԷՆ ՄԱՐԴ ԻՆՉ ԳԻՏԷ
Մի քանի տարի առաջ, Ամերիկայի ամենէն բարձր վարկանիշ ունեցող համալսարաններէն մէկուն մէջ տուած դասախօսութեանս աւարտին կայացած ընթրիքի մը ընթացքին, իր ճիւղին մէջ շատ յարգուած գիտնական մը հետեւեալ յայտարարութիւնը ըրաւ. «Լեւոն Տէր-Պետրոսեան (Երրորդ Հանրապետութեան առաջին նախագահը) 1990-ական թուականներուն Հայաստանի ամենէն կաշառակեր մարդն էր»: Հարցուցի, եթէ վստահելի ապացոյցներ ունէր այդ հաստատումը ընելու. ի վերջոյ, բոլորս ալ ակադեմական գիտաշխատողներ էինք: Պատասխանը եղաւ. «Անշուշտ, ամէն մարդ գիտէ այդ»: Դիտել տուի, որ եթէ գիտաշխատողներ իրենց դատողութիւնը կը հիմնեն «ամէն մարդ գիտէ»ի վրայ, գիտութիւնը վատ վիճակի մէջ է:
Որեւէ ժամանակաշրջանի պատմութեան գրառումը մարտահրաւէրներ կ՚ընդգրկէ: Դժուարութիւնները կը բազմապատկուին, եթէ ժամանակաշրջանը տակաւին զարգացման մէջ է: Ինչ որ կը թուի դիւրացնող ազդակ ըլլալ՝ տակաւին կենդանի վկաներ, դերակատարներ եւ որոշում առնող անձեր, հակասականօրէն կրնան բարդութեանց աղբիւր հանդիսանալ: Այս հաստատումը, ինչ կը վերաբերի Հայաստանի Հանրապետութեան պատմութինը (1991 թ.էն՝ ներկան) գրելուն՝ կրնայ նոյնպէս տարօրինակ թուիլ, որովհետեւ այդ հանրապետութեան ծնունդը անմիջապէս յաջորդեց տեղեկատուական ճարտարարուեստի յեղափոխութեան:
Եթէ պատմաբանը այս բազմաթիւ դժուարութեանց չգիտակցի եւ հսկայական նախազգուշութիւններու չդիմէ, այնքան արգելքներու եւ խնդիրներու պիտի հանդիպի, որքան եթէ փորձէր իններորդ դարու ընկերային շարժման մը մասին գրել կամ փորձէր կայսրութեան անկումը պատճառաբանել:
Ժամանակակից պատմութիւն մը գրելու դժուարութիւնները կը սկսին, իրապէս, բաց արխիւներու բացակայութեամբ. այդ դժուարութիւնները կը բազմանան, երբ նկատի կ՚ունենանք այն, որ այդ պատմութիւնը կերտողները, որոնք տակաւին ողջ են, պէտքը կը զգան արդարացնելու իրենց որոշումները եւ ծածկելու իրենց սխալները: Քաղաքական եւ պետական գործիչներ ունին հասկնալի բնազդ մը՝ իրենց մասին ըսուածն ու գրուածը հակակշռի տակ պահելու համար փճացնելու իրենց համար վնասակար փաստաթուղթերը, արխիւներ չթողնելու, խմբագրելու իրենց յուշագրութեանց մէջ զետեղուած յիշատակումները եւ նոյնիսկ անհետացնելու որոշ որոշումներու գրաւոր արձանագրութիւնները: Ականատեսներու վկայութիւնները կրնան ազդուած ըլլալ, եւ ընդհանրապէս ալ կ՚ազդուին, նոյնիսկ կարճ ժամանակի ընթացքին, յիշողութեան կամայ թէ ակամայ կորուստէն:
Պատմութեան վստահելիութիւնը խոչընդոտող յաւելեալ այլ ազդակներ ալ կան. (ա) անձերու, խումբերու եւ քաղաքական կուսակցութիւններու կողմէն մղուած քարոզարշաւները՝ իրենց պատումներուն յաղթանակն ու քաղաքական յաջողութիւնը ապահովելու նպատակով, (բ) արխիւներու բացման յետաձգումը, (գ) այդ պատմութինը գրելու ժամանակ պատմաբանի կողմնակալ շահագրգռուածութինը, (դ) նաեւ պատմաբանի նախադատելու հակուածութիւնը՝ դէպքերու մասին մամուլի մէջ կարդացած, հեռատեսիլէն կամ YouTube-էն դիտած ըլլալով: Տակաւին նոյնիսկ մօտեցած չեմ այն չքննարկուած տկարութիւններուն, ինչ որ մեր պատմաբանը կրնար ունեցած ըլլալ պատմութիւնը գրելու չսկսած: «Հոն էի», «Տեսայ», «Անձամբ կարդացի» եւ տրամաբանութեան այսպիսի օրինակներ պատմաբանին կու տան իր գործին հանդէպ վստահութեան զգացում մը, որ զինք պիտի մղէ նուազ քննադատականօրէն մօտենալու փաստաթուղթերուն եւ տեղեկագրութիններուն. աւելի նշանակալի է, երբ պատմաբանը զգացական գետնի վրայ, անճիշդ մօտեցումով կ՚ընտրէ փաստաթուղթերն ու իրողութիւնները եւ հանդէս կը բերէ փաստարկ մը, բանագրութիւն մը կամ պատում մը իր իսկ ստեղծած պատմութեան մէջ:
Առանց այս հաւանական վտանգներէն պաշտպանուելու՝ մենք պարզապէս չունինք անհրաժեշտ հեռաւորութիւնը, որպէսզի կարենանք սահմանել, թէ ի՛նչը փաստացիօրէն կարեւոր է երկարաձիգ ժամանակի վրայ եւ, ի վերջոյ, ի՛նչը իրականութիւն է, ի՛նչը՝ քարոզչութիւն կամ յերիւրանք: Վստահօրէն, այս պայմաններու տակ շատ դժուար է բացատրել այս դէպքերէն, քաղաքական ուղիներէն կամ տեղեկագիրներէն որեւէ մէկուն «ինչու»ն: Որպէս պատմաբաններ, մենք նախապէս պէտք է որոշենք, թէ՝ «Բացատրուելիքը ի՛նչ է»:
Բազմաթիւ պատմաբաններ կը շարունակեն ժամանակակից հայոց պատմութիւնը գրել, ընդհանուր առմամբ, ծանրաբեռնուած ըլլալով ձախողած յեղափոխական շարժման մը, ցեղասպանութեան մը, երկուքուկէս տարիէն կորած առաջին հանրապետութեան մը, աւելի երկար տեւած, բայց ժամանակի փորձութեան չդիմացած եւ իր իսկ քաղաքացիներուն կողմէն մերժուած երկրորդ հանրապետութեան մը արգիլումներով: Հիմա ականատես կ՚ըլանք երրորդ հանրապետութեան մը, որ կը գոյատեւէ երերալով, եւ սփիւռքի մը, որ դարձած է մեծապէս անտարբեր կամ կը յաւակնի, թէ ի՛նք գիտէ դարմանը հանրապետութեան տկար վիճակին, եւ եթէ Հայաստանի ղեկավարները հետեւին սփիւռքի առաջարկած դեղագրի ցուցմունքներուն՝ ամէն տկարութիւն կը բուժուի:
Հատուածներ՝ Լոս Անճելըս հրատարակուած Armenian International Magazine (այժմ՝ դադրած) հարցազրոյցէն (1999թ.):
1997 թուականի սեպտեմբերին Հայաստանի մէջ ունեցած պաշտօններէն հրաժարելէն յետոյ այդ մէկը Ժիրայր Լիպարիտեանի առաջին հարցազրոյցն էր.
-Ձեր հրաժարականի օրերուն շշուկներ կը շրջէին, որ Դուք կը հեռանաք՝ զիջելով կա՛մ ռուսերուն կա՛մ Հայաստանի ներքին ընդդիմութեան: Այդպէ՞ս է:
-Անշուշտ ո՛չ: Հայաստան գացի վեց ամիսով, մնացի եօթ տարի: Ես քաղաքական յաւակնութիւններ (ambitions) չունէի եւ պաշտօնանկութիւն չէի սիրեր: Եօթ տարին աւելի էր, քան ի վիճակի էի: Հրաժարական տուի՝ կրկին ընտանիքիս միանալու համար: Խնդիրը այն է, որ ճշմարտութիւնը, որպէսզի արժանահաւատ ըլլայ, պէտք է նաեւ ճշմարտանման ըլլայ: Ես կը հասկնամ, որ խարդաւանքներ եւ իշխանութիւն սիրող միջավայրի մը համար իմ տուած պատճառս շատ պարզ հնչեց:
-Հայաստանի մէջ ի՞նչը աւելի վստահելի կը համարուի՝ քաղաքական կուսակցութիւնները, թէ՞ մտաւորականութիւնը:
-Չեմ կրնար Հայաստանի մտաւորական խաւի մասին խօսիլ: Կան բազմաթիւ պայծառ մտածողներ ու լրագրողներ, սակայն ոչ մէկ խաւ տակաւին դուրս չէ եկած նախկին մտաւորականութեան շուքին տակէն: Հայաստանի մէջ մտաւորական բառը կը կապուի անցեալի վերնախաւի հետ, որ կորսնցուցած է ՍՍՀՄ իշխանութեան օրօք իր ունեցած արտօնեալ դիրքը՝ առանց կորսնցնելու արտօնուածութեան իր զգացումը: Մինչ ոմանք ընդունեցին անկախութիւնն ու բարեփոխումները եւ փորձեցին յարմարիլ նոր իրականութեան, ուրիշներ գործի դրին իրենց ողջ եռանդն ու հանրաճանաչութիւնը՝ ջանալով վերանուաճել իրենց նախկին արտօնութիւնները, միշտ խօսելով ժողովուրդի անունով:
Կ՚ենթադրուի, որ մտաւորականները պէտք է հարցեր առաջադրեն (միւսները՝ ներառեալ քաղաքական գործիչները, ժամանակ կամ հակուածութին չունին հարցեր հնչեցնելու), նոր տեսակէտներ ներկայացնեն անցեալի ու ապագայի մասին, նոր պատկերացումներ՝ ներկայի վերաբերեալ: Օրինակ՝ պէտք չէ՞ր լաւ հետազօտութիւն մը կատարուէր այն ազդեցութեան մասին, որ վերջին տարիները ունեցած են տնտեսութեան, հասարակական կառոյցներու եւ արժէքներու, քաղաքական մշակոյթի ու ներկայիս հասարակութեան հիմքը կազմող հաստատութիններու վրայ: Արդեօք Հայաստանն ու հայ ժողովուրդը քարտէսի վրայ յանկա՞րծ յայտնուեցան: Հնարաւո՞ր է, որ կաշառակերութիւնը ծագած ըլլայ անկախութեան յաջորդ առաւօտուն եւ Ղարաբաղ Կոմիտէի հետ կամ նոյնիսկ անոնց պատճառով: Գոյութիւն չունի՞ն արդեօք, Հայաստանի ինքնութեան եւ ապագայի վերաբերեալ իրարմէ տարբերուող տեսակէտներ:
Հին մտաւորականութիւնը ձեռնամուխ չեղաւ այդ խնդրին: Նոր մտաւորականութիւնը դեռ պէտք է հասուննայ՝ հակառակ անոր, որ, ինչպէս ըսի, կան պայծառ ու խիզախ ուղեղներ՝ ինչպէս հին, այնպէս ալ նոր սերունդներուն մէջ:
Ինչ կը վերաբերի քաղաքական կուսակցութիւններուն, չեմ կարծեր, թէ Հայաստանի ժողովուրդը որեւէ հաւատ ունի անոնց նկատմամբ: Բացարձակ մեծամասնութիւնը որեւէ առընչութիւն չունի կուսակցութիններուն հետ, իսկ կուսակցութիւնները՝ իրենք, գրեթէ ոչինչ ըրած են՝ փարատելու համար «կուսակցութիւն» գաղափարի հանդէպ ժողովուրդին մէջ տարիներ շարունակ արմատաւորուած անվստահութիւնը, որ արդիւնք էր Կոմունիստական կուսակցութեան իշխանութեան:
Աւելցնեմ նաեւ, որ թէեւ սփիւռքը ունի բազմաթիւ անհատներ, որոնք մտաւորական են բառի արեւմտեան իմաստով, չկայ սփիւռքեան մտաւորականութիւն, որ հաւաքականօրէն առաջադրէ եւ քննարկէ հիմնարար հարցեր՝ կապուած հայ ժողովուրդի անցեալի եւ ներկայի փորձառութեան ու ապագայի հետ: Երբեմն այդ ընելու փորձեր եղած են, սակայն յաջողութեան չեն հասած տեւական երկխօսութիւն պահպանելու իմաստով:
Դժբախտաբար, պատմաբանները աշխատած են աւելի լրագրողներու եւ քաղաքական գործիչներու նման, մինչդեռ քաղաքական առաջնորդները պարտադրած են պատմութեան իրենց սեփական մեկնութիւնը:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Ընկերամշակութային
- 11/29/2024