ԸՆՏԱՆԵԿԱՆ ԵՐՋԱՆԿՈՒԹԻՒՆ

Երջանկութիւնը հիւսուած է մանրաթելերով: Բաղադրատոմսի բաղկացուցիչ մասը կը կազմէ՝ ներդաշնակութիւնը, համերաշխութիւնը, փոխըմբռնումը, հանդուրժողութիւնը, համբերութիւնը, վստահութիւնը, գնահատանքը՝ համեմուած սիրով:

Իւրաքանչիւր կերակուրի, ուտելիքի համը կը բերէ աղը, իսկ կեանքի համը սէրն է: Առանց սիրոյ անկարելի է հասնիլ յարատեւութեան: Ընտանեկան երջանկութիւնը նոյնպէս բացառութիւն չէ՛: Ակամայ կը թուի, թէ ընտանիք կազմելը դիւրին գործ մըն է: Հնարաւոր է ընտանիք կազմելը ըլլայ դիւրին, սակայն այդ ընտանիքը պահելը ամենեւին դիւրին չէ, եւ ամէն մարդու խելքի բանը չէ: Ընտանեկան կեանքի մինչեւ յարատեւ խաղաղութեան հասնիլը պարտաւոր է անցնիլ ցնցումներու, փորձութիւններու միջով: Այս բոլորը անհրաժեշտ է կոփումի, օրհնութեան համար: Ո՛չ մէկ բան դիւրին է մեր կեանքի մէջ, այլ մենք լոյս աշխարհ կու գանք, նեղ արահետներով քայլելու, նեղութիւններու մէջէն անցնելու, այդ նեղութիւնները յաղթահարելու նպատակաւ: Որքան ալ գիտութիւնը զարգանայ, այնուամենայնիւ դժուարութիւնները չեն պակսիր: Թէպէտ մարդու բանականութիւնը անդադար ինկած է դիւրութիւն ստեղծելու ետեւէն:

Բոլոր դժուարութիւնները կ՚ապահովեն մեր կեանքի որակը: Ինչպէս որ ոսկին կը փորձարկեն բարձր ջերմութեան մէջ, այնպէս ալ փորձութիւնները անհրաժեշտ են մեր կեանքի որակը բարձրացնելու համար: Համերաշխ ու հանդուրժող մարդը միշտ կը տանի յաղթանակ: Համբերութիւնը ստուերի պէս կը հետեւի այդպիսիներուն:

Պզտիկ քաղաքի մը մէջ կը բնակէին երկու ընտանիք՝ միմեանց հարեւանութեամբ: Ընտանիքներէն մէկուն մէջ ամուսինները կը վիճէին անդադար: Անոնք զիրար կը մեղադրէին բոլոր ձախողումներու պարագային, իսկ երկրորդ ընտանիքին մէջ կը տիրէր սէր ու համերաշխութիւն:

Կամակոր տանտիրուհին կը շուարէր դրացիներու երջանկութեան, կը նախանձէր եւ կը պատուիրէր իր ամուսինին.

-Գնա՛, տե՛ս, թէ անոնք ինչպէս միշտ կրնան համերաշխ ապրիլ: Ի՞նչ է պատճառը, որ անոնց մօտ ամէն բան հարթ է ու շիտակ:

Մշտապէս դժգոհ, ամէն բանի մէջ բացասական երանգ փնտռող տիկինը չէր կրնար ըմբռնել այդ համերաշխութիւնը, նոյնիսկ իրեն տարօրինակ կը թուէր։ Սակայն ան նոյնպէս յոգնած էր տեւական անախորժութիւններէն: Կ՚ուզէր քիչ մըն ալ հանգիստ ու խաղաղ ապրիլ: Սակայն վաղուց կորսնցուցած էր երջանկութեան բանալին: Ուստի, իր ամուսինէն պահանջեց, որպէսզի ան ջանայ պարզել դրացիներուն համերաշխութեան գաղտիքը:

Ամուսինը որոշեց հետեւիլ կնոջ խորհուրդին:

Վերջինս կ՚երթայ դրացիներուն տունը: Կամացուկ մը ներս կը մտնէ ու կը պահուըտի անկիւն մը: Ծածուկ կը հետեւի ամուսիններու առօրեային:

Տանտիրուհին ուրախ երգ մը մրմըն-ջալով կարգի կը բերէր իրենց տունը: Այսպէս բարձր տրամադրութեամբ ալ կ՚առնէր տան փոշիները: Հերթը հասած էր թանկարժէք ծաղկամանի մը, որուն փոշին կ՚առնէր, երբ յանկարծ հեռաձայնը հնչեց: Աճապարանքով կինը ծաղկամանը դրաւ սեղանի եզրին, այն աստիճան որ յանկարծ կրնար զայն իյնալ։ Խօսակցութեամբ տարուած ան մոռցաւ զգուշացնել հիւրասենեակ մտած իր ամուսինը, որպէսզի զգուշութեամբ տեղաշարժուի: Ամուսինը պատահաբար դպաւ ծաղկամանին, որ ինկաւ ու կոտրեցաւ։

«Կռիւը պատրաստ է», իր մտքով կը խորհէր, գաղտագողի տուն մուտք գրծած դրացին:

Սակայն իրադարձութիւնները զարգացան իր պատկերացումներուն, սպասումներուն հակառակ:

Տանտիրուհին մօտեցաւ: Ափսոսանքով մը հոգոց հանեց եւ ըսաւ ամուսինին.

-Ներէ՛ թանկագինս, ես եմ մեղաւորը: Անփոյթ գտնուեցայ եւ սեղանի եզրին ձգեցի ծաղկամանը:

-Ի՞նչ կ՚ըսես, դուն զիս ներէ՛ սիրելիս: Յանցաւորը ես եմ: Կ՚աճապարէի եւ չնկատեցի ծաղկամանը: Իմ անփութութեան պատճառաւ այն ինկաւ ու կոտրեցաւ: Լա՛ւ, թող որ մեր ամենէն մեծ ձախորդութիւնը այս ըլլայ: Այս խօսքերուն յաջորդեց գրկախառնութիւնն ու փոխադարձ ըմբռնումը:

Դրացիի սիրտը կծկուեցաւ ցաւէն: Իր բոլոր մեղքերը վայրկեանի մը մէջ անցան իր աչքի առջեւէն: Տեսնելով իր յանցանքներու խորութիւնը, թերութիւններու ահաւորութիւնը, ինքզինք նողկալի զգաց: Անտրամադիր վերադարձաւ տուն: Կինը հարցուց անոր.

-Ինչո՞ւ այսքան ուշացար: Կրցա՞ր բան մը պարզել:

-Այո՛:

-Եւ ի՞նչ:

-Անոնց ծիրէն ներս բոլորը յանցաւոր են, իսկ մեր կտուրէն ներս ամէն ոք արդար է: Ահաւասիկ, մեր դրացիներու երջանկութեան գաղտնիքը:

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 14, 2022