ՍՐԲԱԳՐԵԼՈՒ ԱՐՈՒԵՍՏԸ

Կեանքի մէջ կան իրականութիւններ, ինչ որ մեր սպասածին հակառակ, կրնան ամբողջութեամբ տարբեր ազդեցութիւն գործել մարդ արարածի կեանքին մէջ. անոնցմէ մէկն է բարկութիւնն ու ջղայնութիւնը:

Նորութիւն մը չէ, որ գրեթէ մեր ծնողներուն մեծամասնութիւնը իրենց զաւակները «կրթել» ու «հանդարտեցնել» կը փորձեն ջղայնութեան ու բարկութեան ճամբով եւ այդ մէկը մանուկ տարիքին գրեթէ կրնայ ունենալ իր դրական ազդեցութիւնը: Մանուկը խաղաղեցնելու եւ կրթելու այս ձեւը շատ անգամ ծնողներ կը փորձեն ի գործ դնել իրենց պատանիներուն հանդէպ, ինչ որ շատ անգամ կրնայ դրական արդիւնքներու չհանդիպիլ, որովհետեւ մանկութիւնն ու պատանեկութիւնը իրարմէ տարբեր են եւ հետեւաբար տարբեր են նաեւ անոնց ըմբռնումներն ու զգացումները. իրականութեան մէջ թիւով քիչ են այն մանուկները, որոնք բարկութեան եւ ջղայնութեան ճամբով կարելի է խաղաղեցնել, որովհետեւ պատանին մանուկին հակառակ աւելի ջղային ու ըմբոստ բնաւորութեան տէր կը դառնայ:

Աւելին, շատ մը ընտանիքներ անցնելով տրամաբանութեան սահմանները այդ մէկը կը փորձեն կիրառել նաեւ իրենց երիտասարդներուն վրայ, ինչ որ զանոնք կա՛մ կռուարար եւ կա՛մ ընկճուած արարածներ կը դարձնեն:

Հետեւաբար այսօրուան մեր նիւթը զօրակցելու եւ իրապէս առողջ դաստիարակութեան մասին է: Մարդկայնօրէն բոլո՛րս ալ ճիշդերու կողքին կրնանք գործել սխալներ, որոնք այսպէս կամ այնպէս կ՚ազդեն մեր կեանքին եւ ապրելակերպին վրայ, սակայն իւրաքանչիւր սխալ մարդ արարածը կ՚առաջնորդէ սրբագրութեան, որովհետեւ մեր կեանքի ճիշդերով ու սխալներով է որ կեանք կը դառնայ եւ ինչպէս ժողովուրդը կ՚ըսէ «միայն Աստուած անսխալական է». առաջին հերթին պէտք է ընդունիլ, որ սխալիլը որքա՛ն ալ սխալ ըլլայ՝ վերջապէս մարդկային է եւ հակառակ այն իրողութեան, որ մենք սխալողը լաւապէս քննադատելու ունակութիւնը ունինք, պէտք է գիտակցինք, որ նոյն սխալին մէջ չիյնալու ապահովագրութիւնը երբեւէ չունինք:

Սխալող անձի հոգեբանութիւնը ծանրաբեռնուած ու ծանրակշիռ կ՚ըլլայ եւ նման պարագաներու իր ջղայնութիւնը փոթորկելու փոխարէն այդ ալեկոծութիւնը խաղաղեցնող վայրեր ու անձեր կը փնտռէ. այդ «փնտռուած» խաղաղութեան տուիչները շատ անգամ բարեկամներ եւ ընկերներ, շատ անգամ ալ ընտանիքի անդամներ կ՚ըլլան: Վստահ եղէք, որ նման պարագաներու անոնք կը նախընտրեն իրենց ընկերներն ու բարեկամները՝ քան ընտանիքի անդամները, որովհետեւ մեր ընտանիքի անդամները ցաւ ի սիրտ մանկավարժութենէն եւ ընդհանրապէս մարդու հոգեբանութենէն ո՛չ մէկ գաղափար ունին:

Օրինակի համար՝ դժուարութեան մէջ գտնուող եւ կամ սխալ մը գործող անհատ մը երբ դիմէ իր ընտանիքի անդամներուն, անոնցմէ զօրակցութիւն կը սպասէ եւ այդ զօրակցութիւնն է, որ զինք կ՚առաջնորդէ դէպի ճիշդ ճամբայ, սակայն շատ մը ծնողներ հայկական աւանդութեան համաձայն, յանձն կ՚առնեն ջղային ու բարկացած դիրք մը եւ վառուող կրակը մարելու փոխարէն նոր բոց մըն ալ իրենք կը յառաջացնեն, ինչ որ սրբագրութեան ճամբու մղելու փոխարէն աւելի կը խորտակէ սխալած երիտասարդի հոգեկանը:

Բարկութեան ճամբով սխալները սրբագրելու դարը արդէն իսկ անցաւ (եթէ անշուշտ գոյութիւն ունէր նման դար մը). հաւատացէք, որ այդ բարկութիւնն ու ջղայնութիւնը ամբողջութեամբ սպասուածէն հակառակ դեր պիտի ունենայ եւ ակնկալուած սրբագրութիւնը այնպէս ալ իրականութիւն պիտի չդառնայ: Մինչ հակառակ պարագային խաղաղութեամբ տրուած խրատ մը կրնայ խաղաղեցնել եւ խաղաղ մթնոլորտի մէջ զինք ինքնասրբագրութեան առաջնորդել:

Թէեւ ներկայ օրերուս մեր ծնողները անգիտակ են այդ բոլորին, սակայն վստահ եմ, որ մեր անցեալի հայրապետները լաւապէս կ՚ըմբռնէին այդ բոլորը։ Օրինակի համար՝ մեր հայրապետներէն Ներսէս Շնորհալի իր «Թուղթ Ընդհանրական»ին մէջ եղած չարութեան դիմաց հետեւեալը կը յորդորէ. «Խրատեցէք ի բարիս շարժել եւ ի չարիս անշարժ մնալ», հայրապետը բարկանալու փոխարէն կը յորդորէ բարութեամբ ու խրատով մօտենալ սխալողներուն, վստահ ըլլալով որ զիրենք սրբագրութեան ճամբան տանողը ա՛յդ է՝ եւ ոչ բարկութիւնը։ Նման յորդոր մը կը տեսնենք Գրիգոր Տաթեւացիի «Գիրք քարոզութեան որ կոչի ամարան» հատորին մէջ, ուր հայրապետը կ՚ըսէ «խրատեա եւ քարոզեա ի բարին. եւ այն եւս ողորմութիւն է հոգեւոր», այլ խօսքով՝ բարի քարոզը հոգիի ողորմութիւն կ՚որակէ։

Տակաւին երէկ կը հետեւէի անցնող ամիս աշխարհի ֆինանսական ոլորտը տակնուվրայ ըրած տղուն հարցազրոյցին. երիտասարդ տղան բազմահազար մարդոց պատճառած է 31 միլիառ ամերիկեան տոլարի վնաս։ Հարցազրոյց վարողը հարց կու տայ, թէ «ընտանիքդ ի՞նչ վերաբերմունք ունի». երիտասարդին պատասխանը կ՚ըլլայ. «կը փորձեն աջակցիլ ու օգնել ինչքան հնարաւոր է» եւ այդ է որ ոտքի կը պահէ երիտասարդը։ Վստահ եղէք բազմահազար մարդոց կարծիքն ու վերաբերմունքը այնքան չ՚ազդեր երիտասարդի մը վրայ՝ ինչքան իր հարազատ ընտանիքի վերաբերմունքն ու կարծիքը։

Վստահ եղէք, որ այդ զօրակցութեան պակասն է, որ շատ մը երիտասարդներ առաջնորդած է ինքասպանութեան, որովհետեւ բարկութիւնը ծովին մէջ խորտակուողը փրկելու փոխարէն աւելի խորերը առաջնորդել կը նշանակէ։

Վերջապէս յիշեցէք, որ լեզուն մարմինի փոքր անդամ մը ըլլալով հանդերձ կը շարունակէ մնալ աշխարհի ամենէն զօրաւոր զէնքը՝ կարող ամէ՛ն բան ընելու։

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -120-

Ժողովուրդը կ՚ըսէ, թէ «ամէն բանի չափաւորն է օգտակարը»։

Ճանչցած եմ ընտանիք մը, որ ցաւ ի սիրտ, ունէր զաւակ մը, որուն մօտ 12-13 տարեկանին յայտնուած է հիւանդութիւն մը։ Հիւանդութեան յայտնութենէն ետք ընտանիքին վերաբերմունքը ամբողջութեամբ փոխուած է իրենց զաւակին հանդէպ։ Ամէն միջոց ի գործ դրած են, որպէսզի իրենց հիւանդ զաւակը չյոգնի, չնեղուի եւ գրեթէ կեանքի կոչած են իր բոլոր պահանջները։

Այս մէկը սակայն երախտագիտութեան զգացում մը արթնցնելու փոխարէն վերածուած է չարութեան եւ շահագործման. հիւանդ երիտասարդը ինքզինք թագաւոր կարծելով խնդրելու փոխարէն սկսած է պահանջել, մտածելով որ հիւանդութիւնը նկատի ունենալով՝ ոչ ոք կրնայ բան մը ըսել։ Սահմանները անցնելով մինչեւ իսկ մի քանի անգամ ծեծած է հայրն ու մայրը, որոնք «մեղք է, հիւանդ է» ըսելով յայտնուած են մեղքնալիք կացութեան մէջ...։

Այդ իսկ պատճառով պէտք է չափաւոր ըլլալ ամէ՛ն պարագաներու մէջ, այլապէս կեանքի ապտակը հեռու չէ մեզմէ։

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 14, 2022