ՀԱԿԱՌԱԿՈՐԴԸ ԼԱՒ ՈՒՍՈՒՑԻՉ
Չկայ չարիք, առանց բարիքի:
Իրականութեան մէջ հակառակորդը անգիտակցաբար մեզի կ՚օգնէ:
Վերջը խնդացողը լաւ կը խնդայ:
Իրականութեան մէջ հակառակորդը ամենալաւ կամ լաւ ուսուցիչ մըն է՝ անխօս:
Հասցուցած իւրաքանչիւր ապտակէն բան մը կը սորվիմ: Զոր օրինակ, այս վերջին ապտակէն հասկցայ, թէ արցախցին պէտք է ապրի Արցախի մէջ: Եթէ կ՚ուզես ապրի Արցախը: Եթէ կ՚ուզես քու սերունդներդ ալ մնան արցախցի հայ, այլ ոչ թէ արմատներով արցախցի: Եթէ կ՚ուզես զաւակներդ, թոռներդ, ծոռներդ, կոռներդ... ըմբոշխնեն անզուգական բարբառիդ քաղցրութիւնը: Անոնք դառնան այդ բարբառը, մշակոյթը, սովորութիւնները, արցախցիին բնորոշ յատուկ գիծերը ապրեցնողներէն մին:
Ժամանակաւոր կարելի է տեղափոխուիլ Հայաստանի զանազան շրջաններ ու քաղաքներ, մայրաքաղաք Երեւան: Կարելի է, ցանկալի է, անհրաժեշտ է ճամբորդել աշխարհով մէկ: Տեսնել, ճանչնալ, զգալ ու բացայայտել աշխարհը: Սակայն հիմնական, մշտական բնակութիւն հաստատել միմիայն Արցախի մէջ:
Նոյն միտքը կրնանք պնդել նաեւ սիւնեցիներու, կիւմրեցիներու, վանաձորցիներու, գաւառցիներու, ապարանցիներու եւ այլոց հետ կապուած: Ծառը, ծաղիկը իր հողին մէջ լաւագոյնս կ՚աճի, տեղափոխած ատեն կա՛մ կը թօշնի, կամ կը կորսնցնէ երբեմնի գեղեցկութիւնը:
Ես ալ ժամանակաւորապէս հաստատուած եմ Երեւան: Թէպէտ սա ինքզինքիս համար ընդունելի արդարացում մը չէ: Իմ տեղը Արցախի մէջ է: Այս օրհասական ժամանակներուն ես պարտաւոր էի ըլլալ, ապրիլ սեփական հողիս վրայ: Ո՛չ մէկ կերպով իմ խիղճի հետ կրնամ ապրիլ հաշտ ու համերաշխ: Այն անդադար զիս կը տանջէ ու կը պահանջէ վերադառնալ արմատներուս:
Արցախը հասանելի է աշխարհին: Կեղծ ու անընդունելի է այն տեսակէտը, թէ աշխարհը գոց է Արցախի համար: Արցախէն անկարելի է հասնիլ բարձունքներու: Բոլոր բարձունքները այլեւս Արցախի մէջ են, ինչպէս կրնայ ըլլալ անկարելի: Իբր թէ անկարելի է Արցախի մէջ ապրելով յառաջանալ: Մեծ սուտ: Երկու համաշխարհային պատերազմներու ընթացքին Արցախը Խորհրդային Միութեան տուաւ բազում հերոսներ, ընդհուպ երեք մարշալ:
Հայ ազգը ունեցած է հինգ մարշալներ, որոնցմէ երեքը՝ արցախցի.
Յովհաննէս Պաղրամեան՝ Սովետական Հայաստանի պաշտպանութեան փոխ-նախարար:
Համազասպ Պապաճանեան՝ Խորհրդային Միութեան զինեալ ուժերու գլխաւոր մարշալ:
Արմենակ Խամփերեանց՝ Կարմիր բանակի ռազմաօդային ուժերու հրամանատարի տեղակալ եւ շտապի պետ:
Անթիւ ու անհամար են օրինակները...
Արցախը նախ եւ առաջ ունի արցախցիի կարիքը: Արցախը պահողը արցախցին է: Արցախն ու արցախցին մայր ու որդի են: Մէկզմէկու մասին լաւագոյնս այս երկուքը կրնան հոգ տանիլ: Իսկ ես ինքզինքս կը նմանցնեմ անառակ որդիի մը, որ ուշ թէ կանուխ պիտի վերադառնայ իր հայրենիք: Արցախէն դուրս ապրելու իմ ներկան ունի ոչ մէկ արդարացում եւ ներում: Մասնաւորապէս նեղութեան, վտանգի պահին իմ պարտքն էր, է՝ որպէս հոգատար, ազնիւ զաւակ գտնուիլ իմ հողին մէջ:
Առակս ինչ կը ցուցանէ՝ սիրենք, այն ինչ որ մերն է: Եւ ատամներով, նոյնիսկ կեանքի գնով պահենք զայն: Պայքարինք զայն ապրեցնելու համար: Արցախն ու Հայաստանը պէտք է շնչեն հայերէն: Անոնց սիրտը հայերէն պիտի բաբախի, քանզի անոնք հայ են: Անոնք աստուածատուր պարգեւներն են այս ազգին: Արդարութիւնը կը հանգչի, սակայն երբեք չ՚ուշանար: Իսկ մենք այսօր կը հնձենք այն, ինչ որ ցանեցինք տարիներ, տասնամեակներ, հարիւրամեակներ ու հազարամեակներ շարունակ: Այդպէս ալ չսորվեցանք դասեր քաղել անցեալէն, պատմութենէն, իսկ պատմութիւնը կը սիրէ կրկնուիլ՝ նորովի:
Աստուած օգնական ու պահապան հայուն ու Հայաստանին, Արցախին ու արցախցիին:
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Երեւան
Ընկերամշակութային
- 11/29/2024