ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԱՂՕԹՔ

Երէկ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբանութիւնը եւ հաւատացեալ ժողովուրդը կիրակնօրեայ Ս. Պատարագին մասնակցեցան Ս. Գայիանէ վանքին մէջ՝ նախագահութեամբ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի։ Արարողութեան ընթացքին կատարուեցաւ խաղաղութեան ու զօրակցութեան աղօթք յանուն Արցախի։ Այսպէս, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբանութիւնը եւ հաւատացեալ ժողովուրդը առ Աստուած աղօթք վերառաքեցին Հայաստանի եւ Արցախի խաղաղութեան եւ համայն հայ ժողովուրդի անվտանգ ու ապահով կեանքին համար։

Վեհափառ Հայրապետը օրուան պատգամին մէջ շեշտեց, որ արդէն եօթ օրէ ի վեր կեղծ պատճառաբանութիւններով փակ կը պահուի Արցախը՝ Հայաստանի եւ Արցախի հետ կապող միակ ճանապարհը։ Նորին Սրբութիւնը շեշտեց, որ սա Արցախի ժողովուրդը մարդասիրական աղէտի կը մատնէ։ Ան համոզուած է, թէ Ատրպէյճանը այսօր վախի ներշնչման միջոցաւ կը փորձէ հայաթափել Արցախը։ «Միայն դատապարտութեան խօսքերը բաւարար չեն զսպելու Ատրպէյճանի ծաւալապաշտ նկրտումները եւ կասեցնելու անոր թշնամական ընթացքը», ըսաւ Նորին Սրբութիւնը եւ ընդգծեց, որ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին պիտի շարունակէ ջանքեր գործադրել, որպէսզի միջազգային հանրութիւնը, բարեկամ պետութիւնները, քոյր եկեղեցիները, միջազգային եւ միջեկեղեցական կազմակերպութիւնները հնարաւոր զօրակցութիւնն ու աջակցութիւնը ապահովեն Արցախին եւ Արցախի հայ ժողովուրդի զաւակներուն համար։ «Սիրելի արցախցիներ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն մեր աղօթքն ու զօրակցութիւնը կը բերենք ձեզի։ Ազատ, անկախ եւ անվտանգ ապրելու ձեր արդար պահանջին մէջ ազգս հայոց միասնական է։ Արիաբար պիտի դիմակայենք մեզ պատուհասած բոլոր արհաւիրքներուն, որպէսզի Արցախը ապրի արցախցիի ոգիով, ծնունդ առնող մանուկներու ճիչերով, հայկական հարուստ վկայութիւններով, պատմական շէներով ու բազմադարեան սրբավայրերով», ըսաւ ան։

ՎԱՏԻԿԱՆԷՆ ԱՐՁԱԳԱՆԳ

Միւս կողմէ, Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապն ալ երէկ Վատիկանի մէջ անդրադարձաւ Լաչինի միջանցքի փակման հարցին։ 

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 19, 2022