ԱՄՊՐՈՊ, ՈՐՈՏ, ԿԱՅԾԱԿ, ԼԵՌՆԵՐ, ԳԵՏԵՐ, ԼԻՃԵՐ…
Հին ժամանակ հայերը իւրայատուկ պատկերացումներ ունեցած են բնութեան երեւոյթներուն մասին: Հայ հին առասպելներուն, վէպերուն, ասքերուն եւ աւանդազրոյցներուն մէջ դրսեւորուած են այդ պատկերացումները, որոնք այսօրուան գիտութեան տեսակէտէն թէեւ մերժելի են, սակայն անոնց մէջ ազգագրագէտներ եւ բանագէտներ կը տեսնեն մեր ժողովուրդին բնաւորութեան եւ խառնուածքին բնորոշ գիծերը:
Ազգի մը, ժողովուրդի մը էութիւնը իր վիպական աշխարհին մէջ է: Ժողովրդական յօրինուածքներուն մէջ գլխաւոր տեղ զբաղեցուցած են արեւը, լուսինը, աստղերը, կայծակը, որոտը, անձրեւը, ցօղը, լեռները, գետերը, լիճերը եւ բնութեան բոլոր անբաժան մասերը…
Անուանի բանագէտ, ազգագրագէտ Սարգիս Յարութիւնեան իր կեանքը նուիրած է հնագոյն պատմիչներուն եւ գրողներուն գրութիւններէն պեղելու, հանելու այդ վիպական ու խորհրդաւոր զրոյցները, համադրելու զանոնք ժողովուրդին մէջ տարածուած պատմութիւններուն հետ եւ կազմելու իր կոթողային գործը՝ «Հայ հին վիպաշխարհը»: Այդ վիպաշխարհէն կը ներկայացնենք բնութեան երեւոյթներու եւ լեռնաշխարհին մասին պատումներ, որոնք դարէ դար հասած են մեր օրերուն:
*
Ամպրոպի ժամանակ հայր երկինքն ու մայր երկիրը ծիրանի ծովուն միջոցով կը միանան իրարու եւ երեքն ալ կը բռնուին երկունքի ցաւերով։ Երկունքի պահուն ծիրանի ծովուն մէջ կը բռնկի կարմիր եղէգը, որուն փողէն բարձրացող ծուխին եւ բոցերուն մէջէն կը ծնի հրեղէն մազերով, բոցավառ մօրուքով եւ արեգակնակերպ աչքերով կայծակի եւ ամպրոպի պատանի աստուածը՝ Վիշապաքաղ Վահագնը։ Ան ծնելուն պէս կը վազէ վիշապներուն դէմ կռուելու։
*
Ամպրոպի ժամանակ ծովուն խորքերէն կամ ամայի լեռներէն երկինք կը բարձրանան վիշապները, որոնք չար ոգիներուն հետ կ՚ուզեն կլլել արեգակը կամ գոցել անոր լոյս երեսը, որպէսզի մարդիկ այդ լոյս երեսը չտեսնեն։ Այդ ժամանակ Գաբրիէլ հրեշտակը ուրիշ հրեշտակներու հետ կը կռուի անոնց դէմ, կը զարնէ հրեղէն սուրերով եւ սեւ ամպերէն դուրս կը քշէ զանոնք։ Ամպրոպին որոտը այդ կռիւին ձայնն է, փայլակը՝ Գաբրիէլ հրեշտակին սուրն է, կայծակը՝ հրեղէն նետը, իսկ ծիածանը՝ աղեղը։
*
Վիշապները մազեր ու թեւեր ունին եւ բոլոր օձերուն պէս անմահ են, եթէ զանոնք չսպաննեն։ Անոնք շարունակ կը մեծնան եւ երբ վիշապը հազար տարեկան դառնայ, ի վիճակի կ՚ըլլայ աշխարհը կուլ տալու։ Ատոր համար ալ հրեշտակները երկինքէն կ՚իջնեն, կը կապեն վիշապը եւ փոթորիկին մէջէն զայն վեր կը հանեն, սակայն վիշապը կը կռուի հրեշտակներուն հետ, կը գալարի, բերնէն հուր կը թափի, յաճախ ալ ջուր կը փչէ երկրին վրայ։ Հրեշտակները զայն կը հանեն արեգակին մօտ, որուն կիզիչ ճառագայթները կ՚այրեն, մոխիր կը դարձնեն վիշապը եւ անոր մոխիրը կը թափի երկիր։
Յաճախ վիշապին գալարուող պոչը կը փրթի, կ՚իյնայ երկրին վրայ կամ ալ հրեշտակները կը ձգեն վիշապը եւ ան երկինքի բարձրութենէն կ՚իյնայ լերան մը վրայ, փշուր-փշուր կ՚ըլլայ: Երբ ծերացած վիշապը լեռներէն կամ ծովերէն երկինք կը քաշուի, երկինքին վիշապները երկիր կ՚իջնեն:
Ամպրոպին ընթացքին երեւցող ամպին հրեղէն շերտերը վիշապին հրեղէն մարմինն է, կայծակը՝ հրեշտակներուն գաւազանը կամ ճիպոտը, որով կը հարուածեն վիշապին, իսկ որոտը ծեծուող վիշապին գոռոցն է։
*
Վանայ ծովուն յատակը կայ վիշապին բոյնը, ուր կը բնակի ահռելի վիշապ մը, որ իր մարմնով բռնած է ամբողջ ծովուն յատակը։ Հրեշտակները միշտ կը կռուին անոր հետ, կը զարնեն, պոչէն կը վիրաւորեն, որպէսզի ան չմեծնայ եւ ծովն ու ցամաքը չկլլէ։
*
Ամպրոպը երբեմն պատկերուած է վիթխարի եղջիւրներ ունեցող կովու կերպարանքով, որ երկնային կաթնաղբիւրէն ջուր կը խմէ եւ արնագոյն ծովուն (ծիրանի ծով) մէջէն կը գոռայ, կը բառաչէ։ Այլ պատկերացումով՝ անձրեւաբերը Եղիա մարգարէն է, որ իր քառաձի կառքով կը սլանայ ամպերուն վրայէն, որպէսզի բռնէ իր փախչող պարտապանը եւ ետ վերցնէ պարտք տուած դրամը։
Կառքին դղրդոցէն ամպերը կ՚որոտան, իսկ անիւներէն կամ ձիերուն հարուածող մտրակէն կը փայլատակին:
*
Կոյր մարդ մը կը բարկանայ Աստուծոյ վրայ, որ զինք զրկած է տեսողութենէն։ Ան կը վերցնէ թթու չիրը, կը նետէ թուխպին վրայ։ Թուխպը սաստիկ կը զայրանայ եւ կը սկսի կոյրին վրայ գոռգոռալ։ Այդ գոռգոռոցէն ալ կը յառաջանայ որոտը։
Կայծակը կամ փայլակը կը կոչուի նաեւ Հրաչք. ան հրացայտ աչքերով կին մըն է, անունը՝ Ծովեան կամ Ծովինար եւ կը բնակի վերին երկինքը։ Ան նստած է հրեղէն ձիուն վրան եւ ձիով կը խաղայ, կը պարէ ամպերուն մէջ։ Անոր ձիուն եւ իր աչքերէն կրակ կը ցայտէ եւ ոչ ոք կրնայ նայիլ անոր հրեղէն, լուսաւոր դէմքին։ Ծովեանը երբեմն կ՚երեւի նաեւ ծպտուած՝ տղամարդու կերպարանքով։ Ամպրոպային մութ գիշերները ան յանկարծ գլուխը կը հանէ ամպերուն տակէն, վար կը նայի եւ նոյն պահուն ալ կը փայլատակէ, կ՚ըսեն՝ «Ծովեանը կը խաղայ»։ Երբ երկինքին մէջ կ՚երեւի Ծովեանը կամ Ծովինարը եւ կը փայլատակէ լոյսին եւ կրակին մէջ, իսկոյն կը սկսի անձրեւ տեղալ եւ լեռ ու ձոր կը ծածկուի պտղաբերող խոնաւութեամբ։
*
Երկրին վրայ՝ ովկիանոսին մէջ, փայլուն փորով մեծ ձուկ մը կայ։ Երբ ձուկը կ՚իյնայ կռնակին վրայ, անոր փայլուն փորին շողէն երկինքը կը սկսի փայլատակել։
*
Երբ դրախտին մէջ առաջին անգամ վարդը կը թառամի, սոխակը շատ կը տխրի եւ կը սկսի նուաղելու աստիճան տրտմութեամբ դայլայլել։ Լուսինը տեսնելով սոխակին սրտաճմլիկ վիճակը, լուռ կ՚արտասուէ։ Լուսինին արտասուքէն ալ յառաջ կու գայ ցօղը։
Կրակ եւ կայծակ
Ժամանակին քարերն ու ծառերը մարդոց նման շարժած են, խօսած, կերած, խմած։ Սատանան տեսնելով այդ, կու գայ Աստուծոյ մօտ, իրաւունք կը խնդրէ, որ ինքն ալ բան մը ստեղծէ։ Աստուած քմծիծաղով կ՚ըսէ.
-Եթէ կրնաս՝ ստեղծէ։
Սատանան կ՚երթայ քարերուն մօտ, կը տեսնէ, որ անոնք ոսկին թագաւոր դարձուցած են, կ՚ըսէ.
-Կայծքարը աւելի զօրաւոր է եւ կրնայ ոսկիէն լաւ թագաւոր ըլլալ:
Եւ ըսածը հաստատելու համար ան տունի մը մէջ խոտ, փայտ ու ցան կը լեցնէ, ապա կ՚առաջարկէ կայծքարին՝ երկաթին բախիլ։ Կայծքարն ու երկաթը կը բախին իրարու, կայծեր կը յառաջացնեն: Կայծերը կ՚իյնան տունին մէջ լեցուած չոր խոտին վրայ, կը վառին, կրակ կը ստեղծեն։ Մարդիկն ու քարերը կը հաւաքուին կրակին շուրջը եւ անոր մէջէն կը հանեն եւ կ՚ուտեն խորոված պտուղներն ու անասունները: Շատ կը հաւնին անոնց համը եւ կը սկսին այդ կրակէն տանիլ իրենց տուները, օճախ կը շինեն եւ վրան կերակուր կ՚եփեն:
Աստուած կը զայրանայ սատանային վրայ, որ ան կրակին գաղտնիքը յայտնած է մարդոց եւ կ՚ըսէ.
-Սպասէ՛, քու պատճառովդ այնպիսի կրակ մը ստեղծեմ, որմէ մարդիկ սարսափին։
Եւ ան կը ստեղծէ Աստուծոյ կրակը՝ կայծակը եւ կը ղրկէ երկիր։ Կայծակին առաջին հարուածէն իսկ կը զոհուի տասը մարդ։ Սատանան սարսափահար կը փախչի եւ այլեւս Աստուծոյ աչքին չ՚երեւիր։ Աստուած կը պատժէ քարերը, կը զրկէ զանոնք շարժելու եւ ուտելու ունակութենէն, որովհետեւ մարդիկ կայծքարին միջոցով գիտցած էին կրակին գաղտնիքը։ Աստուած նոյն ձեւով կը պատժէ նաեւ ծառերը, որոնք իրենց կամքով վառելիք դարձած էին մարդոց համար։
Հուր եւ ջուր
Կրակն ու ջուրը քոյր ու եղբայր են. կրակը քոյրն է, ջուրը՝ եղբայրը։ Անգամ մը քոյր ու եղբայր կը վիճին, թէ իրենցմէ ո՞վ աւելի ուժեղ է եւ կ՚որոշեն չափել իրենց ուժերը։ Կրակը իր ուժը ցոյց տալու համար կը սկսի այրել լեռներուն ամբողջ չոր խոտը։ Եղբայր-ջուրը կու գայ եւ անմիջապէս կը մարէ հրդեհը։ Այդ օրուընէ քոյր ու եղբայր կը բաժնուին իրարմէ։
Անգամ մը եղբայր-ջուրը կ՚իջնէ լեռնէն, քոյր-կրակը կ՚ըսէ անոր.
-Եկուր, քիչ մը նստէ՛, տաքցի՛ր։
Ջուրը կը պատասխանէ.
-Դուն ալ քիչ մը ինձմէ խմէ՛, զովացի՛ր։
Լեռներ, լիճեր, գետեր
Հայոց լեռները յաղթանդամ ու հսկայ եղբայրներ եղած են։ Ամէն առաւօտ, կանուխ արթննալով, անոնք սովորութիւն ունեցած են նախ կապելու իրենց գօտիները, ապա իրարու բարեւելու, բայց երբ եղբայրները կը ծերանան, ալ չեն կրնար կանուխ արթննալ: Օր մըն ալ, ուշ արթննալով, անոնք կը մոռնան կապել գօտիները եւ, հակառակ սովորութեան, իրարու կը բարեւեն առանց գօտիները կապելու։
Աստուած տեսնելով այդ, կը պատժէ եղբայրները, անոնք կը քարանան, կը դառնան լեռներ, իսկ անոնց գօտիները՝ կանաչ դաշտեր, արցունքները՝ անմահական աղբիւրներ։
Մասիսն ու Արագածը շատ սիրով քոյրեր կ՚ըլլան: Այնպէս կը պատահի, որ օր մը անոնք կը կռուին, սոսկալիօրէն կը վիճին. մէկը կ՚ըսէ.
-Ե՛ս եմ լաւը, քեզմէ բարձրը։
Միւսը կ՚ըսէ.
-Ես քեզմէ աւելի լաւ եմ, քեզմէ աւելի մեծ ու բարձր։
Վէճին ընթացքին վրայ կը հասնի Մարութայ լեռը, կը ջանայ քոյրերը հաշտեցնել, բայց չի յաջողիր։ Ան վրդոված հեռանալով, կ՚անիծէ քոյրերը, որպէսզի անոնք իրարմէ բաժնուին եւ երբեք իրարու չհանդիպին։ Մասիսը կը դառնայ, կ՚անիծէ Արագածը, որպէսզի ամբողջ տարին վիշտը անոր սիրտէն դուրս չելլէ, արցունքներն ալ աչքերէն չպակսին։ Արագածն ալ ետ չի մնար, իր կարգին կ՚անիծէ Մասիսը, որպէսզի աշխարհի երեսին մարդ չբարձրանայ անոր գագաթը, վրան ալ մատաղ չմորթուի։
Այդպէս ալ կ՚ըլլայ. Արագածի կատարին արտասուքէն լիճ մը կը գոյանայ, իսկ Մասիսին վրայ մինչեւ օրս մարդ չէ բարձրացած եւ մատաղ չէ մորթուած։
*
Մարութայ լերան պաշտամունքը շատ կը զայրացնէ Անտոքը եւ ան Մարութայ լեռը մարտի կը հրաւիրէ։ Մարտին ընթացքին Անտոքը իր կայծակէ թուրով կը զարնէ, կը ճեղքէ Մարութայ լերան գլուխը, որուն պատճառով ալ զայն ջղլագլուխ (զոյգ գլուխով) Մարաթուկ կը կոչեն։ Անտոքին հարուածէն վիրաւորուած Մարութան հսկայ ժայռ մը կը փրցնէ իր կողերէն եւ կը զարնէ անոր: Ժայռը կը խրի Անտոքին կուրծքը եւ կը թաղուի կողերուն մէջ: Դուրս կը մնայ միայն երկու ջաղացաքարի չափ կտոր մը, որուն վրայ այժմ ալ կ՚երեւին Մարաթուկի ձեռքին հետքերը։
*
Զագրոշի լեռները եղջիւրներով վիշապ մը եղած են։ Զագրոշը կամեցած է ուտել Տաւրոսը եւ կռիւի ելած անոր դէմ։ Տաւրոսը թէպէտ մարմնով փոքր, բայց աւելի զօրաւոր ըլլալով, այնպէս մը կը հարուածէ Զագրոշի ճակտին, որ անոր եղջիւրները գլուխէն կ՚անջատուին, կ՚իյնան ասդին-անդին: Եղջիւր մըն ալ կը թռի, կ՚իյնայ Արգէոլէն հեռու եւ կը ցցուի գետնին մէջ, որ մինչեւ այսօր Մասիուս կը կոչուի։ Միւս եղջիւրը կը թռի, կը խրի Արարատին կողը, որ մինչեւ այսօր Մասիս կը կոչուի։ Զագրոշը շուարած, կռնակը դէմ կու տայ Տաւրոսի Առնոս եւ Արտոս եղջիւրներուն։ Տաւրոսը բարկացած, այնպէս ուժգին կը հարուածէ Զագրոշի մէջքին ու փորին, որ մեծ ձոր մը բացուի Կոթուրէն մինչեւ Տիարտխուր։ Այդ ձորէն կը հոսի Զափ գետը, որ Զագրոշի արիւնն է։ Տաւրոսին հարուածէն նոր լեռներ կը բարձրանան եւ ջուրերը իրարմէ կը բաժնեն։ Զագրոշի փորոտիքի աղի ջուրերուն մէկ մասը կ՚երթայ Վան եւ կը կազմէ Վանայ լիճը։
Այդ օրուընէ Զագրոշը իր գլուխը առած մէկ կողմ կը քաշուի, անոր մարմնին մէկ ծայրը կը հասնի Արարատ, իսկ գլուխը՝ Շիրազ ու Հնդկաստան։
*
Տաղիստանի լեռն ու Մռաւը կը վիճին.
-Դուն իմ քովս ի՛նչ ես որ, ես քեզմէ շատ բարձր եմ։
Մռաւը կ՚ըսէ.
-Ինչպէ՞ս կ՚ըլլայ, որ դուն ինձմէ բարձր ըլլաս, երբ իմ դիրքս այնքան վեր է քեզմէ:
Տաղիստանի լեռը կ՚ըսէ.
-Լռէ՛, թէ չէ՝ ձեռքիս պնակը երեսիդ կը նետեմ:
Կ՚ըսէ ու ձեռքին պնակը կը նետէ Մռաւին վրայ։ Պնակը չի հասնիր Մռաւին գլխուն, այլ կ՚իյնայ մօտիկ հարթավայր մը: Մռաւը կ՚ըսէ.
-Քանի որ դուն իմ վրաս պնակ նետեցիր, կ՚անիծեմ քեզ՝ թող գլխուդ ձիւնը երբեք չհալի։
*
Ժամանակին Սեւ ու Կարմիր լեռները մարդիկ եղած են։ Սեւ լեռը եղած է բռնակալ մը, իսկ Կարմիր լեռը՝ մուրազաբեր աղջիկ մը: Բռնակալը ուժով տիրացած է աղջկան եւ ժողովուրդին անէծքով՝ քարացած, բայց քանի որ չէ յաջողած վայելել աղջկան սէրը, Սեւ լեռը մինչեւ հիմա չի կրնար անոր մօտենալ։ Ահա թէ ինչո՛ւ Սեւ լեռը անզօր կատաղութենէն կու լայ եւ իր վրէժը մարդոցմէ կը լուծէ։ Ամրան կէսին յանկարծ կը մթնի, բուք ու բորան կ՚ըլլայ, մարդ ու անասուն կը խեղդուին։
*
Աղբակի մէջ, Բարդողիմէոս առաքեալի վանքէն դէպի արեւելք, կը գտնուի քարայր մը, որ կը կոչուի Վիշապի այր։ Հոս բնակած է վիշապ մը, որ կլլած է մօտակայքէն անցնող աղջիկ մը: Բարդողիմէոս առաքեալը երբ տեսած է այս, ձիով յարձակած է վիշապին վրայ։ Վիշապը քարայրէն դուրս փախչելով փսխած է աղջիկը։ Այդ դուրս տուածը դարձած է ճերմակ քարակոյտ մը, որ փռուած է մինչեւ հիմա, քարայրէն դէպի հարաւ՝ բլուրի լանջին։
*
Մթնաձորին մէջ միշտ թուխպ ու անձրեւ կ՚ըլլայ: Ժամանակին գեղեցիկ աղջիկ մը երբ խնդացած է, չորս կողմը վարդեր ու ծաղիկներ բացուած են, իսկ երբ լացած է, անձրեւ եկած է։ Դեւերը կը յափշտակեն աղջիկը, կը տանին Մթնաձորի ամենամութ տեղը, ուր ո՛չ արեւին լոյսը կ՚իյնայ, ո՛չ ալ՝ կենդանի շունչ կայ: Աղջիկը գերութեան մէջ անընդհատ կու լայ, որմէ ալ Մթնաձորին մէջ շարունակ թուխպ ու անձրեւ կ՚ըլլայ: Երբեմն ալ, երբ աղջիկը քնացած ժամանակ երազին մէջ կը խնդայ, Մթնաձորը կը պարզուի, կը լուսնայ։
*
Սեւ լիճի ջուրին կէսը ժամանակին եկած, խմած է քառասուն գլխանի վիշապ մը, յետոյ պառկած, հանգստացած, որպէսզի միւս կէսն ալ խմէ, ցամքեցնէ լիճը։ Աստուծոյ հրամանով լեռները մօտեցած են իրարու, վերցուցած են լիճը, բարձրացուցած, հասցուցած են մինչեւ երկինք եւ ազատած վիշապէն։ Վիշապը այլեւս չէ կրցած վեր բարձրանալ ջուր խմելու, ծարաւէն ճաքճքած է, պայթած եւ ասդին անդին ցրուած:
Սեւ լիճին մէջ կ՚ապրի նաեւ գեղեցիկ աղջիկ մը։ Երբ արեւ ելլէ, ան դուրս կու գայ ջուրին երեսը, կը խաղայ ալիքներուն հետ։ Այս աղջիկը կը փակի լիճին մէջ ինկած կենդանիներուն ոտքին, չի ձգեր անոնց ջուրէն դուրս ելլել։
*
Եփրատ գետը կին մըն է՝ խռիւ մազերով, քուրձեր՝ մազէ զգեստներ հագած։ Ամէն տարի ան հարիւրաւոր մարդիկ կը լափէ: Երբ գայ Վարդավառը, Եփրատը կը նայի դիմացի ժայռին ու կ՚ըսէ.
-Վարդեւորը եկաւ, մէկը չեկաւ։
*
Մեղրագետի ակունքին տեղը առաջ թոնիր մը եղած է: Օր մը գիւղի քահանային կինը հաց կը թխէ։ Կու գայ մուրացկան մը եւ Քրիստոսի սիրոյն թարմ հաց կը խնդրէ։ Երէցկինը հաց կու տայ, մուրացկանը պանիր ալ կը խնդրէ։ Պանիր ալ կու տայ։ Մուրացկանը Քրիստոսի սիրոյն համբոյր մըն ալ կը խնդրէ։ Երէցկինը դէմքը կը մօտեցնէ մուրացկանին, համբոյր մըն ալ կու տայ: Այդ միջոցին քահանան ներս կը մտնէ, կը տեսնէ կնոջ եւ մուրացկանին համբուրուիլը, շատ կը զայրանայ կնոջ վրայ։ Կինը կ՚արդարանայ, թէ մուրացկանը Քրիստոսին սիրոյն հաց խնդրեց՝ տուի, պանիր խնդրեց՝ տուի, համբոյր ալ խնդրեց՝ չկրցայ մերժել։
-Եթէ այդպէս է,- կ՚ըսէ քահանան,- Քրիստոսի սիրոյն դուն քեզ թոնիրը նետէ։
Կինը իսկոյն ինքզինք կը նետէ շիկացած թոնիրին մէջ։ Վառ թոնիրը անմիջապէս կը լեցուի մեղրահամ ջուրով, գետ կը դառնայ։ Երէցկինը ձուկ կը դառնայ, կը մնայ գետի ակունքին մէջ։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան
Ընկերամշակութային
- 11/29/2024