ԻԳՆԱՏԻՈՍ ՀԱՅՐԱՊԵՏ

Ժողովուրդներ, ազգեր ունեցած են հանճարներ, հերոսներ՝ որոնք օգտակար են եղած իրենց ժողովուրդին եւ համայն մարդկութեան։

Եկեղեցին ալ ունեցած է հերոսները՝ սրբութեան եւ առաքինութեան տիպարները, որոնք իրենց կեանքով յեղաշրջած եւ մեծ ազդեցութիւն գործած են մարդկութեան ընդհանուր ընթացքը։ Եկեղեցին պարծանքով կը տօնախմբէ անոնց յիշատակը։ Անոնք ապրած են Աւետարանի չափանիշներով։ Անոնք եղած են աննահանջ ախոյեաններ։ Ի վերջոյ անոնք ի սպաս են դրած իրենց ձիրքերը, տաղանդը, երբեմն իրենց խօսքը կամ գրիչը, եւ մէկ խօսքով իրենց կեանքը՝ հոգիներու փրկութեան եւ Եկեղեցիի գոյապահպանման, գոյատեւման եւ պայծառութեան նուիրական գործին։

Այս տեսակի անձնաւորութիւններ, արդարեւ, եղած են իսկական «տիպար»ներ մարդկութեան համար, որոնք ճանչնալ եւ անոնց կեանքի փորձառութիւններէն օգտուիլ ամէն մէկ հաւատացեալի համար պարտք մըն է՝ հաւատքի զօրացման եւ հաւատքը գիտակցաբար ապրելու համար։

Երբ կը յիշենք Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոսի խօսքը, թէ՝ պէտք է հաւատալ հասկնալով, գիտակցաբար եւ հասկնալ եւ գիտակցիլ հաւատքով, խօսքը, ապա ուրեմն կարեւորութիւնը եւ անհրաժեշտութիւնը կը զգանք տիպար անձերու՝ սուրբերու ծանօթանալու եւ օգտուելու անոնց կեանքի փորձառութիւններէն։ Ուստի, սուրբերու կեանքը մեզի ցոյց կու տայ «հաւատք»ին պատճառը եւ նպատակը։

Հաւատքը փաստի, ապացոյցի պէտք չունի՛. զայն գիտակցաբար զգալ եւ ապրիլ, հաւատի հաստատ հիմերու վրայ բարձրանալուն միակ կերպն է։

Ուրեմն այս մտադրութեամբ, մեր սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներուն կը ներկայացնենք այդ տիպարներէն՝ Սուրբ Իգնատիոս Աստուածազգեաց Հայրապետը։

Սուրբ Իգնատիոս Աստուածազգեաց Հայրապետ եղած է Անտիոքի եպիսկոպոս։ Ան Պետրոս առաքեալի յաջորդին՝ Եւոտիոսի յաջորդն է, այսինքն՝ Անտիոքի երրորդ եպիսկոպոսը՝ մին՝ ամենէն նշանաւոր, յայտնի առաքելական հայրերէն։ Ան ծնած է շուրջ 35 թուականին։

Ան «Աստուածազգեաց» կոչուած է, աւանդութեան մը համաձայն՝ թէ ինքը մին է այն մանուկներէն՝ որոնք գրկեց Յիսուս զանոնք օրհնելով։

Կը կարծուի Յովհաննէս Աւետարանիչին աշակերտած է, Պողիկարպոսի հետ։

Սուրբ Իգնատիոս, մարտիրոսութեան պսակին արժանացաւ 114 թուականին՝ Տրայիանոսի օրով, երբ նոյն կայսրը Պարթեւաց վրայ արշաւած միջոցին Անտիոքէն անցնելով՝ տեսաւ զայն, եւ ստուգելով Հելլէնները քրիստոնէութեան դարձնելու անոր մասին եղած ամբաստանութիւնները, հրամայեց որ Հռովմ տանին զայն՝ կրկէսի գազաններուն առջեւ նետելու համար։

Երբ իրենները միջոցներ կը փնտռէին զինք ազատելու համար, գրեց անոնց եւ բացարձակ կերպով արգիլեց այդ վարմունքը. «Աստուծոյ ցորեան եմ ես» (ցորեան=հացաբոյս, հացահատիկ), կ՚ըսէր. «պէտք է աղացուիմ (=ալիւրի վերածուիմ, մանրուիմ) գազաններու ժանիքներէն, որպէսզի սուրբ հաց ըլլամ»։

Եւ արդարեւ, այդպէս կնքեց ան իր կեանքը՝ գազաններու առջեւ, 108 թուականին։

Եկեղեցւոյ մատենագրութեան մէջ նշանաւոր են Սուրբ Իգնատիոս Հայրապետի եօթը նամակները՝ որոնք կը պարունակեն վարդապետական եւ հոգեկրթական հարցերու վերաբերմամբ թանկագին տեսութիւններ եւ յորդորներ։ Այս նամակները մեծ մասամբ հայերէնի թարգմանուած են Ե. դարուն։

Իր նամակները հաւաքուած  կարելի է գտնել՝ «The Letters of St. Ignatius, Alexander Roberts - James Donaldson»ի մէջ։

Հայ Եկեղեցին Սուրբ Իգնատիոս Հայրապետի յիշատակը կը տօնէ դեկտեմբեր 17 եւ յունուար 29 կամ 30-ի շրջանին մէջ։ Իսկ Յոյն Եկեղեցին՝ դեկտեմբեր 20 եւ յունուար 29, Լատիններ՝ դեկտեմբեր 19 եւ փետրուար 1։

Այս տարի՝ 2022-ին կը տօնուի 19 դեկտեմբեր, երկուշաբթի օր։ Հայ Եկեղեցին Սուրբ Իգնատիոսի հետ նոյն օրը կը յիշէ նաեւ Ադդէ Հայրապետը եւ Մարութա Եպիսկոպոսը։

Ադդէ Հայրապետ, ըստ աւանդութեան, եպիսկոպոս ձեռնադրուած է, յետոյ, Թադէոս առաքեալէն՝ իր Եդեսիայէն մեկնելէն քիչ առաջ, իբրեւ փոխանորդ իրեն։

Ան Աստուծոյ խօսքը սորվեցուցած պահուն, 36 թուականին նահատակուած է՝ վկայական մահով։

Մարութա Եպիսկոպոս, ազգութեամբ ասորի հօր կողմէ եւ մօր կողմէ հայազարմ, նշանաւոր եղած է Դ. դարուն վերջերը՝ իր առաքինի կեանքին եւ հրաշագործութիւններուն պատճառով։ Ներկայ գտնուած է Պոլսոյ Ժողովին։ Ասորական մատենագրութեան մէջ հռչակուած է իր անունը։ Ան գրած է պատարագամատոյց մը, Սուրբ Գիրքի մեկնաբանութիւններ եւ աղօթքներ։

Նփրկերցի Մարութա Եպիսկոպոս վախճանած է 420 թուականին…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Դեկտեմբեր 7 2022, Իսթանպուլ

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 20, 2022