ԽՄԲԱԳՐԱՏԱՆՍ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու՝ վերջերս հրատարակուած «Անի» գիրքին հեղինակը՝ Վետաթ Աքչայէօզն ու ՀԱՅՃԱՐ-ի վարչութեան ատենապետուհի Կիւլիւզար Արթուչը։ Վետաթ Աքչայէօզ, որ Կարս քաղաքէն է, ուսումնասիրութիւններ ունի պատմական Անի քաղաքի մասին եւ իր ծով պաշարը ցոլացուցած է այս նոր գիրքով։ Հրատարակչական այս կարեւոր ծրագիրը կեանքի կոչուած է ՀԱՅՃԱՐ-ի ջանքերով, ինչ որ կ՚արդարացնէ անոր առաքելութիւնը։
Երէկուան այցելութեան ընթացքին հիւրերը մեզի յանձնեցին ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագրութեան համար մակագրուած օրինակը։ Հաճելի զրոյցի ընթացքին արժեւորուեցան կոթողային այս գիրքի հրատարակութեան արձագանգներն ու խոստացած հեռանկարները։
Այս առթիւ հերթական անգամ կը շնորհաւորենք Վետաթ Աքչայէօզն ու ՀԱՅՃԱՐ-ը, որոնց համագործակցութիւնը տուած է իսկապէս ողջունելի պտուղ մը։