ԱՆԵԼԱՆԵԼԻ ՎԻՃԱԿ

Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային անվտանգութեան աւագ խորհրդական Ճէյք Սալըվընի հետ։ Այս վերջինը երէկ հեռաձայնով խօսեցաւ նաեւ Ատրպէյճանի նախագահի աշխատակազմի արտաքին յարաբերութիւններու պատասխանատու Հիքմէթ Հաճիեւի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Արմէն Գրիգորեան մանրամասնութիւններ ներկայացուց Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքին շուրջ յարուցուած տագնապալի իրավիճակին վերաբերեալ։ Գրիգորեան եւ Սալըվըն այս կապակցութեամբ ընդգծեցին իրադրութեան շուտափոյթ հանգուցալուծման կարեւորութիւնը եւ խաղաղութեան բանակցութիւններու շուրջ աշխատանքներու շարունակուիլը։ Երէկուան հեռախօսազրոյցներու լոյսին տակ Սալըվըն կոչ ուղղեց, որպէսզի լիարժէք վերականգնուի ազատ տեղաշարժը Լաչինի միջանցքով։ Եւրոմիութեան Արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով գերագոյն յանձնակատար Ժոզէֆ Պորելն ալ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ճէյհուն Պայրամովի հետ։

Մինչ այդ, Արմէն Գրիգորեան երէկ Հայաստանի Ազգային ժողովէն ներս լրագրողներու հետ զրուցելու ժամանակ տեղեկացուց, որ Երեւան Պաքուին առաջարկած է՝ խաղաղութեան պայմանագրի նախագծին մէջ ստեղծել երաշխաւորներու կառոյց մը։ Ան յիշեցուց, որ Լաչինի միջանցքին մէջ անխափան երթեւեկութիւն ապահովելու պատասխանատուն են ռուս խաղաղապահ ուժերը։ Միեւնոյն ժամանակ, ան դիտել տուաւ, որ միջանցքը փակած այդ «բնապահպանները» միանշանակօրէն Ատրպէյճանի պաշտպանութեան կառոյցներու ներկայացուցիչներն են։ Արմէն Գրիգորեան ընդգծեց, որ Հայաստան կ՚օգտագործէ իր ամբողջ կարողութիւնը՝ ապահովելու համար Լաչինի միջանցքի բացումը։

ՓԱՇԻՆԵԱՆԻ ԵԼՈՅԹԸ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ կառավարութեան ժողովի սկիզբին արտայայտուեցաւ Լաչինի միջանցքի փակման հարցին։ «Եռակողմանի յայտարարութեամբ ստանձնուած պարտաւորութիւնը գործնականօրէն չի կատարեր նաեւ Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրախումբը», ըսաւ Նիկոլ Փաշինեան եւ աւելցուց, որ աշխատանք պէտք է տանիլ, որպէսզի ՄԱԿ-ի կամ ԵԱՀԿ-ի կողմէ փաստահաւաք առաքելութիւն ուղարկուի դէպի Լեռնային Ղարաբաղ, Լաչինի միջանցք։ Ըստ վարչապետին, Երեւան կ՚ակնկալէ Պաքուի դրական արձագանգը՝ խաղաղութեան պայմանագրի իր առաջարկներուն մասին։

Նիկոլ Փաշինեան երէկուան յայտարարութիւններուն մէջ ընդգծեց նաեւ, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կը նկատուի առաջին անհրաժեշտութեան շարք մը ապրանքներու պակաս։

ԼԱՒՐՈՎ Կ՚ԸՆԴՈՒՆԻ ՊԱՅՐԱՄՈՎԸ

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով այսօր Մոսկուայի մէջ կը հիւրընկալէ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովը։ Երկու նախարարները կ՚ունենան աշխատանքային հանդիպում մը։ Նախապէս ծրագրուած էր այսօր Մոսկուայի մէջ հանդիպում մը՝ Լաւրովի, Պայրամովի եւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի մասնակցութեամբ։ Բայց եւ այնպէս, Լաչինի միջանցքի փակման հետեւանքով Արարատ Միրզոյեան որոշեց չմասնակցիլ այս հանդիպման։ Հարկ է նշել, որ Լաւրով եւ Պայրամով երէկ ունեցան նաեւ հեռախօսազրոյց մը՝ այսօրուան հանդիպման ընդառաջ։ Անոնք անդրադարձան Լաչինի միջանցքի մէջ ստեղծուած իրավիճակին։

Միւս կողմէ, Մոսկուայի ղեկավարութիւնը երէկ արձագանգեց՝ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ ռուս խաղաղապահներու գործունէութեան հասցէին կատարուած քննադատութիւններուն։ Քրեմլինի բանբերը՝ Տիմիթրի Փեսքով յայտնեց, որ ռուս խաղաղապահները հնարաւոր ամէն ինչ կ՚ընեն՝ ապահովելու համար կարգ ու կանոնն ու հանգստութիւնը այն տարածքներէ ներս, ուր կ՚աշխատին։ Իր կարգին, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովան ալ յայտնեց, որ ռուս խաղաղապահները կը կատարեն Լաչինի միջանցքի վերահսկողութեան վերաբերեալ իրենց առջեւ դրուած պարտականութիւնները։ Անդրադառնալով Փաշինեանի յայտարարութեան՝ ան ըսաւ. «Մեր խաղաղապահներուն վերաբերեալ նման վերաբերմունքը չ՚ընդունուիր»։

Ի՞ՆՉ Կ՚ԸՍԷ ՄԱՔՐՈՆ

Իր կարգին, Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն «Լը Մոնտ» օրաթերթին տուած հարցազրոյցին մէջ անդրադարձաւ Եւրոպայի անվտանգութեան։ Ան համոզուած է, թէ մայրցամաքէն ներս ապագայ անվտանգութեան ճարտարապետութեան կառուցումը պէտք է երաշխիքներ ներառէ ո՛չ միայն Ուքրայնային, այլեւ Մոլտովայի, Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Վրաստանի համար։ Ան համոզուած է, թէ անկարելի է այդ ամբողջ տարածքի անվտանգութեան մասին մտածել սոսկ ՆԱԹՕ-ի պրիսմակով։ «Նկատի ունիմ երաշխիքներ այս բոլոր երկիրներուն համար, մեզ իսկ համար, բայց նաեւ Ռուսաստանի համար», համոզուած է Մաքրոն։

Միւս կողմէ, Թուրքիա-Վրաստան-Ատրպէյճան առանցքին վրայ վերջին օրերուն հերթական անգամ քննարկման ենթարկուեցաւ տարածաշրջանէն ներս անվտանգութեան իրադրութիւնը՝ այս անգամ պաշտպանութեան նախարարներու մակարդակով։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 23, 2022