ՍԵՒ ԾՈՎՈՒ ՄԷՋ ԲՆԱԿԱՆ ԿԱԶԻ ՆՈՐ ՈՒ ՄԵԾ ՊԱՇԱՐ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ գլխաւորեց տարուան վերջին նախարարաց խորհուրդի ժողովը։ Նիստի աւարտին Պեշթեփէի համալիրէն ներս Էրտողան հանդէս եկաւ մամլոյ ասուլիսով։ Այս առթիւ նախագահը զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն ներկայացուց, որ Թուրքիա բնական կազի նոր պաշար մը յայտնաբերած է Սեւ ծովու յատակին։ 58 միլիառ խորանարդ մեթրի տարողութեամբ այս մեծ պաշարը կը գտնուի  3 հազար 23 մեթր խորութեան վրայ։ Ան շեշտեց, որ այս պաշարը կ՚արժէ 1 թրիլիոն տոլար։

Ըստ Էրտողանի բացատրութիւններուն, բնական կազի այս նոր պաշարը յայտնաբերուած է «Չայճումա-1» տարածքէն ներս։ Այսպէսով, ընդհանուր առմամբ, Թուրքիոյ կողմէ կատարուած որոնումներուն հիման վրայ Սեւ ծովու մէջ յայտաբերուած բնական կազի պաշարներուն տարողութիւնը հասած է 710 միլիառ խորանարդ մեթրի։

Նախագահ Էրտողան այս բոլորի լոյսին տակ տեղեկացուց, որ յայտնաբերուած պաշարներէն արտահանուելիք բնական կազը պիտի հունաւորուի դէպի Սաքարիայի գօտի եւ այսպէսով պիտի համարկուի ազգային կազի դրութեան։

Նախագահը մատնանշեց, որ այս որոնումները Թուրքիոյ կողմէ կատարուած են սեփական նաւերով եւ առանց ոեւէ մէկուն թոյլտուութեան։ «2023 թուականին այս բոլորը մեր ազգի ծառայութեան տակ պիտի ըլլայ», մատնանշեց նախագահը։

Կառավարութեան նիստէն վերջ նախագահը կրկնեց, որ վերջնական նպատակն է ժառ առաջ յաղթահարել նաւթի եւ բնական կազի պարագային արտաքին կախուածութիւնը։ «Մենք վճռած ենք ապահովել, որպէսզի Թուրքիա ուժանիւթի կեդրոնական կէտին վրայ հանգոյց մը ըլլայ Կասպից ծովու աւազանի, Միջերկրականի եւ Մերձաւոր Արեւելքի գծով», եզրափակեց նախագահ Էրտողան։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 27, 2022