ՏԱԳՆԱՊԱԼԻ ԿԱՑՈՒԹԻՒՆ
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ Սեն Փեթերսպուրկի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Նախօրէին Փաշինեան մասնակցած էր՝ Փութինի տանտիրութեամբ կազմակերպուած Անկախ պետութիւններու համագործակցութեան (ԱՊՀ) անպաշտօն գագաթաժողովին, որուն ներկայ էր նաեւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ։ Երէկուան հանդիպման նկատմամբ հանրային կարծիքին մօտ վառ հետաքրքրութիւն խնդրոյ առարկայ էր՝ նկատի ունենալով, որ Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքը փակուած է եւ Արցախը երկար ժամանակէ ի վեր յայտնուած շրջափակման մէջ։ Քրեմլինի աղբիւրները գագաթաժողովէն առաջ արդէն յայտնած էին, որ Սեն Փեթերսպուրկի մէջ Փաշինեան-Փութին-Ալիեւ ձեւաչափով եռակողմանի հանդիպում մը չէր նախատեսուած։ Ռուսաստանի նախագահը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն հետ պիտի տեսակցէր առանձին։ Յամենայնդէպս, Նիկոլ Փաշինեանի հետ երէկուան հանդիպման ընթացքին, զրոյցի հրապարակային բաժնին մէջ Փութինի կողմէ կատարուած ակնարկին մէջ յայտնի դարձաւ, որ եռակողմանի ձեւաչափով քննարկում մըն ալ տեղի ունեցած է Սեն Փեթերսպուրկի մէջ։ Ի դէպ, այս հանդիպման վերաբերեալ որեւէ պաշտօնական հաղորդում կամ տեսանիւթի հրապարակում չէ կատարուած։
Փաշինեանի հետ երէկուան հանդիպման սկիզբին Փութին ըսաւ. «Ի հարկէ, գլխաւոր հարցը Հարաւային Կովկասի մէջ իրավիճակի կարգաւորումն է, Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւնները՝ այն ամէն ինչը, որ կապուած է Լեռնային Ղարաբաղի հետ»։
Իր կարգին, Նիկոլ Փաշինեանն ալ հանդիպման սկիզբին ըսաւ. «Ի հարկէ, դուք ճիշդ էք, տուեալ պահուն գլխաւոր հարցը, ամենահրատապ հարցը այն տագնապն է, որ առկայ է Լաչինի միջանցքին մէջ։ Գիտէք, արդէն գրեթէ քսան օրէ ի վեր Լաչինի միջանցքը փակուած է։ Սա Լեռնային Ղարաբաղին ռուս խաղաղապահներու պատասխանատուութեան գօտին է։ Կը փափաքիմ յիշեցնել, որ Ռուսաստանի նախագահի, Ատրպէյճանի նախագահի եւ Հայաստանի վարչապետի եռակողմանի յայտարարութեան համաձայն՝ Լաչինի միջանցքը պէտք է ըլլայ ռուս խաղաղապահներու վերահսկողութեան ներքեւ։ Ատրպէյճանի Հանրապետութիւնը երաշխաւորած է ուղեւորներու, բեռներու, մարդոց անխոչընդոտ տեղաշարժը Լաչինի միջանցքով։ Այժմ այնպէս կը ստացուի, որ Լաչինի միջանցքը չի գտնուիր ռուս խաղաղապահներու վերահսկողութեան ներքեւ»։
Իրականութեան մէջ, երէկուան Փաշինեան-Փութին հանդիպման ընդառաջ Երեւան-Մոսկուա առանցքին վրայ տեղի ունեցան զգայացունց իրադարձութիւններ։ Այսպէս, Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան յայտնեց, որ Ռուսաստան ճնշում կը բանեցնէ Հայաստանի վրայ, որպէսզի միջանցք տրամադրէ Ատրպէյճանին, նաեւ մաս կազմէ՝ Սպիտակ Ռուսիոյ հետ նախատեսած միութենական պետութեան։ Մոսկուայի ղեկավարութիւնն ալ անմիջապէս արձագանգեց Արմէն Գրիգորեանի այս խօսքերուն։ Քրեմլինի բանբերը՝ Տիմիթրի Փեսքով յայտնեց, որ այդ յայտարարութիւնները կը համարուին սադրանք։
Իր կարգին, Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովն ալ երէկ յայտնեց, որ Արցախի կարգավիճակին վերաբերեալ Ռուսաստանի կողմէ ներկայացուած առաջարկները անընդունելի են իր երկրին համար։ Ծանօթ է, որ Մոսկուա կ՚առաջարկէ Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակը թողել ապագայի, իսկ Պաքու համամիտ չէ այդ մէկուն։
ՀԻՒԱՆԴՆԵՐՈՒ ՓՈԽԱԴՐՈՒԹԻՒՆ
Միւս կողմէ, այս առաւօտ հաղորդուեցաւ, որ շրջափակեալ Արցախէն Կարմիր խաչի միջնորդութեամբ երեք ծանր հիւանդ տեղափոխուած է Հայաստան։