ՀԱՅՐԵՆԻՔԸ ՍՏԱՄՈՔՍԷՆ ԿԱՐԵՒՈՐ
Այլեւս չեմ յիշեր՝ համալսարանի որերորդ դասարանի ուսանողուհի էի, երբ կը մասնակցէի կամաւորականներու վերապատրաստման դասընթացքներու: Օր մը կէսօրին գացինք մօտակայ ճաշարան՝ ճաշելու: Մեզի հետ էր նաեւ եւրոպացի կամաւոր մը: Ան աչքերը լայն բացած, շուարած կը դիտէր, թէ ինչպէս մեզմէ քանի մը հոգի դդմաճը կ՚ուտէ հացով՝ հանապազօրեայ հացով: Ես ալ այդ օրը սորվեցայ, որ դդմաճը հացով չեն ուտեր՝ որովհետեւ ան խմոր է: Շատ շուարեցայ:
Այո, մենք՝ արցախցիներս ամէն բան կ՚ուտենք հացով: Հաց շատ կ՚ուտենք. «Հացը շատ, հաւկիթը քիչ», իմ մայրիկի այս խօսքերը տակաւին իմ մտքին մէջ են: Նորէն Արցախը վերադարձաւ շատ հաց ուտելու իր սովորութեան: Աւելի քան երկու շաբաթէ ի վեր ծննդավայրս կը գտնուի շրջափակումի մէջ: Գոց է Արցախի միակ կեանքի ճանապարհը՝ Բերձորի միջանցքը: Արցախը կանգնած է մարդկային լուրջ աղէտներու շեմին: Կը սպառին, սպառումի եզրին են առաջին անհրաժեշտութեան ապրանքները՝ միրգ ու բանջարեղէն, մթերք, վառելիք, դեղօրայք, նորածիններու համար նախատեսուած արհեստական կաթը, լաթը... Սակայն այս ամէնը արցախցին չ՚ընկճեր, այս ամէնը արցախցին չի կոտրեր, պարզապէս կը պատճառէ անյարմարութիւն:
Արցախցին պատրաստ է դիմակայելու ամէն տեսակ դժուարութիւններու, միայն թէ շարունակէ ապրիլ իր հողին մէջ: Տեղին է յիշել արցախցի գրող, հրապարակախօս, լրագրող, հանրային գործիչ, հայ արձակի տաղանդաւոր ներկայացուցիչ՝ Մաքսիմ Յովհաննիսեանի «Տէրունական աղօթք» բանաստեղծութիւնը.
Մեզ չի հասկնար օտարերկրացին...
Օտարը ոնց հասկնայ մեզ՝
Կարեւոր, իսկ անոր համար տարօրինակ...
Անկեղծ ըսած, օտարը մտքով կը քմծիծաղի ծննդավայրին մեր խախտուած
Կապուածութեան վրայ, որ անոնց համար բնակավայր է, մեզի համար կուռ
Բառակապակցութեամբ անքակտելի յօրինուածք՝ «մեր հողուջուրը»
Երբ բաժակ կը բարձրացնենք
Մեր հանդերու աղբիւրներէն մէկի
Կանաչ ափին բացուած սեղանին ու կ՚ըսենք՝
Մեր հողուջրի կենացը,
Կարծես, երդումի խօսքեր կ՚ըսենք, կը հաղորդուինք մաղթանքի սուրբ ծէսի արարողութեանը:
Իշխանագետի կարմրախայտը իր իսկ ջուրի մէջ կ՚եփենք, անխառն գինին կը դնենք կողքին,
Մօտիկ անցնողին՝ այնքան, որ ձայնդ հասնի, ձեռք ընես՝ հասկնայ գայ ու քեզի հետ մի կտոր հաց կտրէ, այդ ժամանակ ալ օրհնանքի պէս կ՚ըսենք՝ մեր հողուջրի կենացը:
Միամտօրէն կարծելով, թէ այս է կեանքի վսեմ իմաստը...
Այո՛, արցախցիի մը համար կարեւորը իր հողն ու ջուրն է: Ստամոքսի հարցը երկրորդական է: Կարեւորը անօթի չմնաս, ուժ ունենաս պայքարելու համար:
Ամուսինս՝ Արին, ամէն անգամ կը զարմանայ, երբ կը տեսնէ, թէ ես ու իմ մայրիկը դդմաճը կամ ուրիշ ուտելիք մը կ՚ուտենք հացով: Կամ երբ՝ երբեմն ճաշը կը սիրենք մատներով ուտել: Մայրս կ՚ըսէ. «Եթէ կ՚ուզես ճաշի համը զգալ՝ մատներով կեր, այդպէս աւելի քաղցր է: Պատառաքաղը ի՞նչ է, մետաղէ ձուլակտոր մը»:
Նորագոյն ծանր ժամանակներուն լաւագոյնս կը հասկնամ արցախցին ու կը խոնարհիմ իւրայիններուս դիմաց. կարեւորը հայրենիքն է, իսկ դժուարութիւնները ի վերուստ Տիրոջ կողմէ մեզի կը տրուին յաղթահարելու համար:
Ապրէ՛ Արցախ,
Շնչէ՛ Արցախ,
Օրհնեալ ու փառաւորեալ հող, դուն ես մեր զարկերակը:
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Երեւան
Ընկերամշակութային
- 11/29/2024