11 ՏԱՐՈՒԱՆ ԸՆԴՀԱՏՈՒՄԷ ՎԵՐՋ ԱՌԱՋԻՆ ՇՓՈՒՄ

Թուրքիա-Ռուսաստան-Սուրիա առանցքին վրայ երէկ տեղի ունեցաւ կարեւոր շփում մը։ Սուրիոյ ներքին պատերազմի ժամանակաշրջանին ընդհատուած Անգարա-Դամասկոս յարաբերութիւնները այս շրջանին աստիճանաբար կը վերակենդանանան՝ մասնաւորապէս Մոսկուայի դրական ներգործութիւնով։ Այս ուղղութեամբ երեք երկիրներու առաջին դէմքերը միջոցէ մը ի վեր կ՚արտայայտեն քաղաքական կամք եւ կը յայտնեն պատրաստակամութիւն։

Ստեղծուած մթնոլորտին մէջ Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար երէկ այցելեց Մոսկուա, ուր մէկտեղուեցաւ Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկուի եւ Սուրիոյ Պաշտպանութեան նախարար Ալի Մահմուտ Ապպասի հետ։ Նախարար Աքարի հետ էր նաեւ ՄԻԹ-ի խորհրդական Հաքան Ֆիտան։ Շոյկուի եւ Ապպասի ալ կողքին էին Ռուսաստանի եւ Սուրիոյ յատուկ ծառայութիւններու ղեկավարները։ Դռնփակ զրոյցը տեղի ունեցաւ Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարարութենէն ներս։

Եռակողմանի բանակցութիւններէն վերջ հրապարակուեցաւ պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը, ուր նշուեցաւ, որ քննարկուած են Սուրիոյ տագնապը, գաղթականաց հարցերը, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ տարածքի բոլոր ահաբեկչական կազմակերպութիւններուն դէմ համատեղ պայքարը։ Յայտարարութեան մէջ մատնանշուեցաւ, որ ժողովը ընթացած է շինիչ մթնոլորտով։ Սուրիոյ եւ տարածաշրջանէն ներս կայունութեան ապահովման նպատակով որոշուած է եռակողմանի այս ձեւաչափին մէջ շարունակել քննարկումները։

Թրքական լրատուամիջոցները կը շեշտեն, որ 11 տարուան ընդհատումէ մը վերջ Անգարայի եւ Դամասկոսի միջեւ տեղի ունեցած է առաջին ուղիղ շփումը։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 29, 2022