ԵՐԿԱՐԱԺԱՄԿԷՏ ՇԱՀԵՐ

Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացէն ներս Թուրքիոյ յատուկ ներկայացուցիչ դեսպան Սերտար Քըլըչ նախընթաց օր համալսարանականներու խօսք ուղղելու ժամանակ անդրադարձաւ գործընթացին։ Անգարայի համալսարանէն ներս ան մասնակցեցաւ՝ «Դիւանագիտութեան նուիրուած կեանք մը. վերջին զարգացումներու լոյսին տակ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւնները՝ դիւանագէտ Սերտար Քըլըչի աչքով» խորագրեալ հաւաքոյթին։

Հայկական լրահոսին մէջ ալ լայն արձագանգ գտած են այս հաւաքոյթին ժամանակ Սերտար Քըլըչի ունեցած ելոյթին մանրամասնութիւնները։

Դիւանագէտը խօսած է այն գործընթացին մասին, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ կը ծաւալուի։ Ան համոզուած է, թէ փոխադարձ ըմբռնման եւ երկու կողմերու՝ երկարաժամկէտ շահերը հաշուի առնելու պարագային կը յաղթահարուին առկայ խնդիրները։

Սերտար Քըլըչ անդրադարձաւ այն խօսակցութիւններուն, ըստ որոնց Թուրքիա եւ Հայաստան իրականութեան մէջ եռակողմանի բանակցութիւններ կը վարեն, որովհետեւ Ատրպէյճանն ալ մաս կը կազմէ այդ գործընթացին։ Այս կապակցութեամբ ան ըսաւ. «Ի հարկէ, Ատրպէյճանն ալ կայ, Հայաստանի հետ երկխօսութիւն ունեցող ուրիշ երկիրներ ալ կան։ Սակայն անոնք ֆիզիքապէս այս գործընթացին մէջ չկան ու չեն կրնար պայմաններ թելադրել։ Այս գործընթացը բացառապէս երկկողմանի մակարդակի վրայ կը տարուի։ Բացառապէս իմ եւ Հայաստանի յատուկ ներկայացուցիչ Ռուբէն Ռուբինեանի միջեւ տեղի կ՚ունենայ։ Իրեն հետ լաւ յարաբերութիւններ ունինք նաեւ՝ որպէս բարեկամ։ Պէտք է գիտակցինք, որ գործընթացներէն մէկուն մէջ դրական տեղաշարժը միւս գործընթացին վրայ ալ կ՚ազդէ դրականօրէն եւ նմանապէս գործընթացներէն մէկուն մէջ բացասական զարգացումը միւսին վրայ ալ կ՚ազդէ։ Այս երկու գործընթացները առանձին-առանձին են, բայց հնարաւոր չէ իրարմէ լիովին տարանջատել»։

Իր ելոյթին տեւողութեան Սերտար Քըլըչ յիշեցուց, որ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ վերջին շրջանին տեղի ունեցած զանազան մակարդակի հանդիպումները ունեցած են դրական մթնոլորտ։ Այդուհանդերձ, ներկայ փուլին կան որոշ խնդիրներ։ Իր կարծիքով, առկայ խնդիրներու լուծման հետամուտ պէտք է ըլլան տարածա-շըրջանային երկիրները, բայց վերջին շրջանին ԵԱՀԿ-ը, Եւրոմիութիւնը սկսած են միջամտել ու խնդիրը միջազգայնացնել, ինչ որ սխալ է։ «Տարածաշրջանային երկիրները խնդիրները իրենց իսկ նախաձեռնութեամբ պէտք է լուծեն եւ տէր կանգնին անոնց։ Այս պահուն Ռուբինեանին հետ մենք կը փորձենք ընել այս բանը», շարունակեց ան։

Բաց աստի, Սերտար Քըլըչ նշեց, որ եթէ Հայաստանի մէջ ժողովուրդի կենսամակարդակի բարձրացում եւ բարգաւաճում կ՚ակնկալուի, ապա այդ ուղին Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորումն է։ «Հիմա պատկերացուցէք՝ երկու սահմանային անցակէտ ունինք. մէկը երկաթուղային, իսկ միւսը ցամաքային։ Անոնք բանալու պարագային, Ալիճան սահմանային անցակէտին առջեւ Երեւանը կը գտնուի։ Երկաթուղիի համար նախատեսուած Աքեաքա անցակէտի դիմացն ալ Կիւմրին կը գտնուի։ Այժմ Ռուսաստանի դէմ տնտեսական պատժամիջոցներու պայմաններուն ներքեւ եթէ Հայաստանի հետ առեւտուրի բնագաւառէն ներս առկայ խնդիրները հաշուի առնենք, ապա սա Հայաստանի ժողովուրդի կենսամակարդակին վրայ շռնդալից ազդեցութիւն կրնայ ունենալ», նշեց Քըլըչ։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 29, 2022