ՕՐԷ ՕՐ ՎԱՏԹԱՐԱՑՈՒՄ
Արցախը կը շարունակէ մնալ պաշարման մէջ եւ կացութիւնը օրէ օր կը վատթարանայ։ Լեռնային Ղարաբաղի Մարդու իրաւանց պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան երէկ յայտնեց, որ մարդասիրական իրավիճակը օրէ օր կը ծանրանայ։ Լաչինի միջանցքը փակ է, Արցախը կտրուած՝ Հայաստանէն։ ԻՒՆԻՍԷՖ երէկ տեղեկացուց, որ շրջափակուած Արցախի մէջ երեխաներու դիմագրաւած կացութիւնը հետզհետէ կը բարդանայ։ Դէպի Լեռնային Ղարաբաղ մուտքի փակումը բացասաբար կ՚անդրադառնայ երեխաներու իրավիճակին վրայ։ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ արդէն սահմանափակումներ հաստատուած են հանրային սնունդի ծառայութիւններու մատուցման համար։ Արցախի Պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեան առկայ պայմաններուն ներքեւ երէկ յայտարարեց. «Մենք այս բարդ ճանապարհը պէտք է անցնինք միասին»։
Մոսկուայէն ալ երէկ դարձեալ եղաւ արձագանգ մը։ Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը տեղեկացուց, որ Լեռնային Ղարաբաղէ ներս ռուս խաղաղապահ զօրախումբը կը շարունակէ կատարել իր առջեւ դրուած խնդիրները։ Յայտարարութեան մէջ տեղեկացուեցաւ, որ Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրախումբի հրամանատարութիւնը կը շարունակէ բանակցութիւններ վարել կողմերուն հետ՝ Լաչինի միջանցքով փոխադրումներու առանց խոչընդոտի վերսկսումը ապահովելու նպատակով։
Երեւանի ղեկավարութիւնը հետզհետէ աւելի բուռն ոճով կը քննադատէ ռուս խաղաղապահներուն գործունէութիւնը։ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Երեւանի մէջ այս առաւօտ, կառավարութեան նիստի սկիզբին կարեւոր յայտարարութիւններ ըրաւ Արցախի առկայ շրջափակուած վիճակին շուրջ։ Ան տեղեկացուց, որ որոշած է Լաչինի հարցով պայմանաւորուած՝ աշխատանքային մասնաւոր խումբ մը ձեւաւորել։ «Մեզի համար անընդունելի է Լեռնային Ղարաբաղի հայաթափման լուռ վկայ դառնալու ռուս խաղաղապահներու աւելի ու աւելի տեսանելի դարձող գործելակերպը։ Ռուսաստան առարկայական կամ ենթակայական պատճառներով չի կարողանար ապահովել կայունութիւնն ու անվտանգութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ։ Պէտք է նախաձեռնել ՄԱԿ-ի անվտանգութեան խորհուրդէն ներս քննարկումի մը եւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ռուս խաղաղապահները ՄԱԿ-ի անվտանգութեան խորհուրդի լիազօրութեամբ օժտել կամ Լեռնային Ղարաբաղ յաւելեալ բազմազգ խաղաղապահ զօրախումբ մը ուղարկելու հարցը բարձրացնել։ Նման հարցադրում կը ծագի նաեւ այն պատճառով, որ Լաչինի միջանցքի փակումը Ատրպէյճանի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղէ ներս ռուս խաղաղապահներու պատասխանատուութեան գօտի ներխուժելու առաջին դէպքը չէ», ըսաւ Փաշինեան։ Բաց աստի, վարչապետը շեշտեց, որ կան բոլոր նախադրեալները՝ պնդելու համար, թէ Ատրպէյճան հերթական ռազմական սադրանքը կը պատրաստէ՝ ներառեալ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ։
Այս յայտարարութիւնները կը յաջորդեն տակաւին հազիւ երկու օր առաջ Սեն Փեթերսպուրկի մէջ Փաշինեանի եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի միջեւ տեղի ունեցած հանդիպման։
Միւս կողմէ, Արցախի կառավարութիւնը երէկ տեղեկացուց, որ որոշած է ժամանակաւորապէս դադրեցնել գործունէութիւնը այն հանքին, որու պարագան Լաչինի միջանցքի փակման համար չարաշահուած է՝ բնապահպանի պատրուակով այնտեղ ներխուժած Ատրպէյճանի պաշտօնատարներուն կողմէ։ «Պէյզ Մեթըլզ» ընկերութիւնն ալ, որ կ՚օգտագործէ այդ հանքը, որոշած է միջազգային փորձաքննութեան դիմել՝ ապացուցանելու համար բնութեան խնայման հանգամանքները։
Արցախի շրջափակումը արձագանգ կ՚ունենայ նաեւ միջազգային մամուլին մէջ։ Աւստրիոյ «Die Presse» պարբերականը այս կապակցութեամբ գրեց, որ 120 հազար հայ շրջափակման մէջ մնացած է։ Պաքու այս շրջափակումով կը ձգտի սաստկացնել ճնշումը ռուս խաղաղապահ ուժերուն եւ հայկական կողմին վրայ։
Միւս կողմէ, Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով երէկ յայտարարեց. «Հայաստանի հետ բանակցութիւններու հարթակը մեզի համար առաջնահերթութիւն չէ»։ Ըստ Պայրամովի՝ Պաքու Երեւանի հետ բանակցութիւններու մէջ միտուած է հասնիլ արդիւնքի։ Այն հարթակը, որով կ՚ընթանան բանակցութիւնները, Պաքուի տեսակէտէ առաջնահերթութիւն չէ։ Պայրամով շարունակեց. «Ատրպէյճանի դիրքորոշումը հետեւեալն է. մեր հիմնական նպատակն է, որ բանակցութիւնները արդիւնաւէտ ըլլան եւ այս տեսանկիւնէն բանակցութիւններու հարթակը թէեւ կարեւոր է, սակայն մեզի համար առաջնահերթութիւն չէ։ Ատրպէյճան միշտ համաձայնած է բանակցութիւն վարել որեւէ հարթակի վրայ։ Մենք ցոյց տուած ենք մեր բաց ըլլալը գործընթացի նկատմամբ։ Բացառութիւն կը կազմեն միայն այն հարթակներն ու մարդիկ, որոնք կողմնակալութիւն դրսեւորած են եւ անկարող են արդար ու չէզոք ըլլալու։ Բնականաբար, նման հարթակներն ու մասնակիցները անընդունելի են մեզի համար։ Ընդհանուր առմամբ, մենք չենք բացառեր երկկողմանի հանդիպումները ապագային։ Սա հնարաւոր է եւ մենք բազմիցս առաջարկած ենք, կա՛մ հանդիպում եռակողմանի կամ այլ ձեւաչափերով»։
Իր կարգին, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովն ալ հարցազրոյցի մը ժամանակ հարցումի մը պատասխանելով ըսաւ, որ Երեւան եւ Պաքու ապագայ խաղաղութեան պայմանագրի բովանդակութիւնը կ՚որոշեն իրենք իսկ։