ՀԵՌԱՆԿԱՐՆԵՐՈՒ ՀԵՏՔԵՐՈՎ
Կասկած չկայ. այն ինչ, որ տեղի կ՚ունենայ Արցախի մէջ՝ աշխարհաքաղաքական ընդհանուր խաղի մը արարն է։
Ծանր եւ վտանգաւոր առանցքներով կ՚ընթնայ այս խաղը, որմէ հիմնականօրէն կը տուժէ Արցախի հայութիւնը, որ արդէն շուրջ երեք շաբաթէ ի վեր զրկուած է դէպի Հայաստան ցամաքային ճանապարհէ։ Ստեղծուած իրավիճակը ունի բազմաթիւ շերտեր, որոնք աւելի խորքային են՝ քան մարդասիրական-մարդկային այն տագնապը, որուն մէջ յայտնուած են արցախցիք։ Գուցէ սխալ է այն հարցադրումը, որ աւելի քան երկու տարիէ ի վեր ըրին հայերը թէ՛ Երեւանի, թէ՛ աշխարհի եւ թէ Ստեփանակերտի մէջ, որպէսզի այսօրուան չհասնէինք բոլորով։ Հարցը հռետորական չէ, ոչ ալ չարութեամբ կը հնչէ, սակայն, եղածը մաս կը կազմէ այն հին բեմագրութեան, որուն մէջ կը տապլտկինք ազգովին աւելի քան երեսուն տարիներէ ի վեր։
Ի դէպ, երբ 1994 թուականի հրադադարը կնքուեցաւ, մեծաթիւ հայեր, որոնք զէնքը նետեցին ու մտան քաղաքական ասպարէզ, կը հաւատային ու նոյնիսկ կը յոխորտային, որ «պատմական յաղթանակ»ը վերջնականապէս ամրացուած է ու պատմութիւնը այդ կէտին վրայ պիտի սառի։ Բայց այդպէս չեղաւ ու անկարելի է, որ այդպէս ըլլար, որովհետեւ այս հակամարտութեան կողմ երկու երկիրները՝ Հայաստանն ու Ատրպէյճանը տարբեր ճանապարհներով քալեցին։ Հիմա տեղն ալ չէ այդ սխալները լոյսին տալու կամ պատասխանատուներ փնտռելու, բայց եւ այնպէս, այս իրավիճակին գլխաւոր պատասխանատուները դարձեալ մենք ենք՝ հայերս։
Զգացական ընթացք մը չտալու համար այս գրութեան՝ նախ հարկ է հաշուի առնել, որ Լաչինի միջանցքին փակուիլը ունի արտաքին գործօններ, որոնց գլխաւորը միայն Արցախի կամ Սիւնիքի շուրջ Ատրպէյճանի նկրտումները կամ թշնամական հայեացքները չեն։ Կայ Ռուսաստանի գործօնը, որ ունի կարեւորագոյն շեշտեր ու միայն այդ շերտերը մէկ առ մէկ բանալով պիտի կարողանանք հասկնալ, թէ ինչ փուլի մէջ ենք այսօր։ Նախ այս բոլորը կը կատարուի այն պահուն, երբ Մոսկուա յայտնուած է ինքնին խառն դրութեան մը մէջ։ Ռուսաստանի ձեռքերը կապուած են՝ պայմանաւորուած Ուքրայնայի պատերազմով։ Ու այդ հակամարտութեան զուգահեռ՝ իր դիրքերուն թուլացմամբ։
Այս վիճակը, անշուշտ, ընդհանրապէս կ՚ազդէ ամբողջ Հարաւային Կովկասի վրայ։ Այս է նաեւ պատճառը, որ Պաքու դարձած է սանձարձակ ու վստահելով Արցախի վերջին պատերազմի աւարտին իր ունեցած արդիւնքներուն՝ սկսած է յառաջ քշել Արցախը իր մէջ կլանելու գործընթաց մը, որ այս պահուն կը կատարուի բացառապէս փափուկ միջոցներով։ Կասկածէ դուրս է, որ եթէ Պաքու ունենար աշխարհաքաղաքական կանաչ լոյս մը, ապա պիտի չյարձակէր Արցախի վրայ ու խաղի բերելով խաղաղապահները՝ ռազմական ճանապարհով պիտի իրականացնէր Արցախի վերջնականօրէն հայաթափումը։ Արտաքին գործօնները, սակայն, չեն արտօներ, որ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ նման արկածախնդրութեան մը երթայ։ Այլապէս ան կրնայ դառնալ միջազգային հանրութեան համար լուրջ թիրախ մը։
Այս բոլորէն անդին կայ, անշուշտ, Արցախի մէջ խմորուող նոր ընթացք մը, որ կը խորհրդանշուի Ռուբէն Վարդանեանի անունով։ Ան ունի, անշուշտ, ռուսական շեշտուած արեւելում եւ, ըստ երեւոյթին, յառաջ կը տանի ռուսական ընդհանուր խաղը համակարգողի նոր դեր մը։ Վարդանեան, որ ունի «կրթուած սակաւապետ»ի յարգանք, անցեալ օրերուն դարձեալ դարձաւ ո՛չ միայն ռուս պատասխանատուներու հետաքրքրութեան առարկայ, այլեւ կիզակէտ՝ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Պայրամովին համար, որ չթաքցուց իր երկրին մտահոգութիւնները անոր մասին։
Այս բոլորը, անշուշտ, կը բացայայտեն, որ Վարդանեան պզտիկ պատառ մը չէ ու անոր գործունէութեան սահմանները ճշդուած են Երեւան-Մոսկուա թէժ գիծերու ընդհանուր տրամաբանութեան մէջ։ Ու այստեղ է նաեւ, որ դարձեալ պէտք չէ բացառել այն վարկածը, որով Մոսկուա պիտի փորձէ Երեւանի մէջ իր թուլացած դիրքերը վերականգնել՝ նոյնինքն Վարդանեանին շնորհիւ՝ անշուշտ, աւելի տանելի պայմաններով։
Թէ ի՞նչ արձագանգ կրնայ տալ Երեւանը այս բոլորին եւ ի՞նչպէս կրնան ընթանալ զարգացումները՝ տակաւին ամբողջութեամբ յայտնի չէ։ Միայն յայտնի է, որ իր բոլոր խոցելիութիւններով հանդերձ, յաչս Հայաստանի լայն հասարակութեան Վարդանեան «սեւ մարդ» մը կամ «սեւ կենսագրութիւնով» տխուր անձ մը չէ։ Հետեւաբար, Ռուբէն Վարդանեան «քոնսեփթ»ը մինչեւ այս պահը կ՚աշխատի ու մօտաւոր ապագային ալ կրնանք ականատես ըլլալ, որ ի գործ դրուելիք քայլերն ալ մեծ հաշուով պիտի նպաստեն, որ ան դառնայ իսկական «սպիտակ ձիաւոր» մը։ Վարդանմանի միջոցաւ ո՛չ միայն Հայաստանի մէջ առկայ ազգային կոտրուած համերաշխութիւնը կրնայ վերանալ, այլեւ դէպի Արեւմուտք նայելու Երեւանի վերնախաւի որոշ վարկածները կրնան ամբողջովին այրուիլ։
Այս բոլորը, անշուշտ, տեղի կրնան ունենալ միայն այն պարագային, եթէ Ուքրայնայի տագնապը կերպով մը մեղմանայ եւ Ռուսաստան վերագտնէ իր նախկին անդորրը։ Աւելի ետք միայն Մոսկուա վերջնական հունի մը կրնայ տանիլ Հարաւային Կովկասի մէջ իր վաղեմի դերն ու ընելիքները։ Այլապէս, աւելիով կրնայ յստականալ Ռուսաստանի դերին կտրուկ նուազումը։ Այդ պարագային անոր փոխարէն տարածաշրջանին մէջ հիմնական խաղացողը պիտի դառնայ ո՛չ թէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները, այլ՝ անոր շրջանի գլխաւոր դաշնակիցը՝ Թուրքիան։ Եւ, անշուշտ, կ՚ակնկալուի, որ նման թատրերգութեան մը պարագային թէ՛ Երեւան եւ թէ Ստեփանակերտ ունենան յստակ, ընկալելի եւ հաւասարակշռուած մօտեցումներ։
Բաց աստի, կայ ռուս խաղաղապահներուն հարցը, որ այսօր բաւական նեղ կացութեան կը մատնէ Մոսկուան, որուն դէմ ալ քննադատական տեսակէտներ ունին թէ՛ Երեւանի քաղաքական դէմքերը եւ թէ, անշուշտ, Պաքուի վարչակազմը։ Թէեւ այս վերջինը բաւարար խելացիութիւն ունի՝ այդ քննադատական խօսքերը հրապարակաւ չընելու։ Ձախողա՞ծ է արդեօք ռուս խաղաղապահներուն վստահուած դերակատարութիւնը, հաւանաբար, այո՛։ Սակայն, աւելի քան յստակ դառնալ սկսած է, որ այս փուլին այդ դերը ընդհանրապէս անփոխարինելի է։ Միւս կողմէ, հայկական լրահոսին մէջ մերթ ընդ մերթ կ՚երեւին հրապարակումներ, որոնք մեծ հաշուով կը պատմեն Արցախի խաղը առհասարակ ռուսաց ձեռքէն առնելու մասին։ Այս բոլորին փոխարէն ալ շատ մօտաւոր ապագային պիտի ուրուագծուին հին, բայց ժամանակէ մը ի վեր ամբողջական խաղէն հեռու կանգնած ուժերու նոր դերերը, որոնք շատ հաւանաբար պատրաստեն Ատրպէյճան-Հայաստան համաձայնութիւններու մեծ ծրագիր մը, որուն գլխաւոր համակարգողը կրնայ ըլլալ ԱՄՆ։
Ահա, այդ տեսակէտին մասին օրերս բաւական ուշագրաւ գրառում մը կատարած է Հայաստանի նախկին վարչապետներէն, «Հանրապետութիւն» կուսակցութեան առաջնորդ Արամ Զ. Սարգսեան, որ մասնաւորապէս նշած է հետեւեալը.
Այս իրավիճակը յաղթահարելու համար Իլհամ Ալիեւ երկու տարբերակ ունի։
1- Չհակադրուելով հանրային կարծիքին, երթալ Լաչինի միջանցքի խնդրի հանգուցալուծման՝ ապագայ բանակցութիւններու մէջ որոշակի շահաբաժիններ ապահովելով։
2- Աւելի սրել իրավիճակը եւ միջազգային հանրութեան հետ մտնել կոշտ հակադրութեան։
Ան շարունակած է ըստ հետեւեալի.
«Համոզուած եմ, թէ Ռուսաստան պիտի չուզէ աշխարհին դիմաց միակ հակադրուողը ըլլալ եւ ամէն ինչ պիտի ընէ Ատրպէյճանը նոյն կողմը ներքաշելու համար: Փութին-Ալիեւ (…) հեռախօսազրոյցը՝ Լաչինի միջանցքը չյիշատակելով եւ միայն Հայաստանի Հանրապետութեան սահմաններուն մասին խօսելով՝ այս բանին հիմնաւորումն է։ Ժամանակը ցոյց կու տայ, որ Իլհամ Ալիեւ սրման կ՚երթա՞յ, թէ ոչ: Ես կը կարծեմ՝ չ՚երթար, որովհետեւ կը հասկնայ, որ 90-ականներուն Հայաստանի Հանրապետութիւնը փայլուն յաղթանակ ունենալով հանդերձ, չկարողացաւ դիւանագիտական հարթութեան վրայ ամրագրել զայն, այժմ ինքն ալ յաղթանակը ամրագրելու շատ լուրջ խնդիրներ ունի: Թէեւ Ատրպէյճան ՄԱԿ-ի որոշումները ունենալով վերականգնած է իր տարածքային ամբողջականութիւնը, բայց նոյնինքն միջազգային օրէնքներու կոպիտ ու ամբողջական խախտումով՝ ուժի կիրառմամբ եւ ուժի սպառնալիքով ըրած է այդ բանը, ինչ որ աշխարհ չ՚ընդունիր ու կը մերժէ։ Հետեւաբար, Հայաստան եւ Արցախ պէտք է պատրաստ ըլլան ամէն տարբերակի եւ օգուտներ քաղեն՝ ինչ վիճակի մէջ ալ գտնուին։ Այս հնարաւորութիւնը անկասկած կ՚ունենանք, եթէ միասնական եւ սթափ ձեւով աշխատինք։ Բարեբախտաբար, մենք այլեւս մինակ չենք»։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան