ՄԱՐԴՈՒՍ ՄԻՏՔԸ ԵՒ ՍԻՐՏԸ

Սա անուրանալի իրողութիւն մըն է, թէ մարդ արարածը որքան մարմնաւոր, նոյնքան մտաւոր եւ հոգեւոր էակ մըն է։ Մարդուն արտաքին տեսքին նայելով անիկա լոկ նիւթական՝ մարմնական կարծել սխալ է, քանի որ մարդ խորհող եւ զգացող, խորհուրդով եւ զգացումներով շարժող, ապրող եւ կեանք վարող «անձ» մըն է։ Անձայն եւ մութ հեռատեսիլի մը համար ի՛նչ որ է ելեկտրականութիւնը, հոգին ալ նոյնն է կենդանի մարդուն համար։ Եւ ուրեմն մարդը կազմուած է՝ մարմին, հոգի եւ միտք եզրերէն, եւ առանց այդ երեքին մարդը իր իսկական առումով «մարդ» ըլլալէ կը դադրի։ Ուստի, մարդը «անձ» մըն է այս երեքով։

Կան տեսութիւններ որոնք կը ջատագովեն տգիտութիւնը, այսինքն մտքի կուրութիւնը, զանց կ՚առնեն յաճախ սրտին կարեւոր դերը մարդկային կեանքին գոյապահպանման եւ գոյատեւման համար։ Տգիտութիւնը ջատագովողներ պէտք էր որ ներբողէին նաեւ սիրտը։ Հակասութիւն մը՝ որ ընդհանրապէս կարելի է հանդիպիլ մարդկային կեանքի մէջ։

Միտք եւ սիրտ. ահաւասիկ մարմնաւոր մարդուն կեանք տուող, զայն բանաւոր, ասուն եւ զգացող «անձ» ընող ազդակներ…։ Երբ կը խօսինք միտքի եւ սիրտի մասին, հարկադրաբար մենք մեզի կը հարցնենք, ի՞նչ է միտքը եւ ի՞նչ է սիրտը։ Եւ ահաւասիկ այս հարցումը իսկ ապացոյց մըն է, թէ մարդ «մա՛րդ» է քանի որ կը խորհի եւ ինքն իրեն տեւապէս հարցումներ կ՚ուղղէ, որոնք կը բովանդակուին երեք հարցման նշաններու մէջ. «ի՞նչ», «ինչո՞ւ» եւ «ինչպէ՞ս»։

Հետաքրքրութիւնը մարդուն բնութիւնն է, կը հետաքրքրուի եւ կ՚ուզէ գիտնալ, սորվիլ եւ սորվածներուն, գիտցածներուն մասին խորհրդածել։ Եւ բոլոր այս իրողութիւնները ապացոյցներ են որ մարդ միայն «մարմին» չէ, այլ նաեւ՝ հոգի եւ միտք։

Ուրեմն ի՞նչ է միտքը, որ այդքան կարեւոր եւ անհրաժեշտ է մարդուն համար։

Միտքը իսկապէս գործարան մը չէ՛. ան գործարանի մը որոշ մէկ յատկութիւնը կամ յատկութիւններու ամբողջութիւնն է։ Այդ գործարանը ուղեղն է, որ կ՚ուղղէ ու կը կառավարէ ջիղերու միջոցով։ «Ուղեղ» բառը մեզ կը յիշեցնէ «ուղղել» գործը, որոնք ներքին կապ մը ունին իրարու հետ, այն որ ուղղելու գործը կը կատարէ ուղեղն է։ Ուղեղին մէջ է որ արտաքին աշխարհի տպաւորութիւնները զգայարաններու միջոցով եւ սրտէն անցնելով աւելի կամ պակաս անխարդախութեամբ կը պատկերանան։ Եւ հո՛ն է որ կը գոյանայ նաեւ հոգեկան այն կարողութիւնը՝ որով կարելի կ՚ըլլայ վերարտադրել նոյն պատկերները։ Միտքը ուրիշ բան չէ՝ բայց եթէ ուղեղին յիշելու, խորհելու, ըմբռնելու, հասկնալու, դատելու, վերլուծելու, խորհրդածելու եւ երեւակայելու ընդունակութիւնները բովանդակող ուժը կամ ոգին։ Միտքը ուրեմն ուղեղին գործնականի վերածուած երեսակն է։ Մարդկային իմացականութիւնը եւ բանականութիւնը, իմաստութիւնը եւ հանճարն է միտքը։

Գալով սրտին։ Սիրտը՝ փափկակազմ մսեղէն գործարան մըն է, որ մարդուն բովանդակ գործարաններուն գործարանաւորութեան կենդանական արիւնը կը մատակարարէ։ Բայց սրտին պաշտօնը միայն ասով չի վերջանար։

Սիրտը  զգայնի՛կ մըն է։

Սիրտն է որ առաջին անգամ կը կրէ այն տպաւորութիւններուն պատկերները՝ զորս զգայարաններ կը հաղորդեն իրեն արտաքին աշխարհէն։

Սէրը եւ ատելութիւնը, համակրանքը եւ հակակրանքը, կարեկցութիւնը եւ անգթութիւնը, հետաքրքրութիւնը եւ անտարբերութիւնը, եւ մէկ խօսքով՝ զգացումները իրենց բոլոր հակօրինութիւններով եւ տեղատուութիւններովը, հո՛ն, սրտին մէջ ծնունդ կ՚առնեն։

Կամքը եւ քմայքը, կեանքը եւ ճաշակը իրենց ներհակութիւններով, հակասութիւններով, իրենց աղբիւր ունին սի՛րտը։ Սիրտը նկատուած է նաեւ երբեմն ընդունարանը խոկումի եւ խորհուրդի։ Եւ այս է որ երբեմն կ՚ըսուի, սրտով խորհիլ, սրտով խորհրդածել։

Արդարեւ, ստամոքսէն սիրտ ճամբայ մը կայ, որ կ՚արտայայտուի «հացը կը զօրացնէ սիրտը» բանաձեւով։ Ժողովուրդներու իմաստութիւնը չի մոլորիր այս մասին։ Աստուած կ՚առաջնորդէ այդ իմաստութիւնը, բնութեան միջոցով՝ զոր Իր շունչը կը լեցնէ։

Վերջապէս սիրտը նաեւ քաջութիւն կ՚ենթադրէ, երբ կ՚ըսուի «սիրտ ունենալ», գործ մը, դժուարութիւն մը յաղթահարելու, նեղութիւններու տոկալու ուժը եւ կարողութիւնը բացատրելու համար։

Վերջապէս, հարցում մը եւս. ի՞նչ առընչութիւն կայ մտքին եւ սրտին միջեւ։

Այս հարցումին առաջին պատասխանը սա ըլլալու է. միտքը եւ սիրտը իրար կը հակակշռեն։

Բացայայտ է որ կենսաբանական տեսակէտով, որ գործարանաւոր մարմիններու կեանքը ուսումնասիրող գիտութիւնն է (=biologie) մտքի գործարանը կամ գանկուղեղը իր գոյութիւնը եւ բնականոնութիւնը կը պարտի սրտին։ Ինչպէս բովանդակ մարմնի, նոյնպէս ուղեղի տնտեսութեան մէջ սի՛րտն է որ կը կատարէ կենսական արիւնի բաշխումը, այս ամենաանհրաժեշտ պարտականութիւնը։ Հոս փոքր շեղում մը ընելով, յիշենք թէ՝ բժշկական (=clinique) մահը կ՚իրականանայ երեք գործարաններու գործունէութեան վերջնականապէս դադարումովը՝ ուղեղ, սիրտ եւ թոքերու բոլորովին փճացումովը։ Այս ալ ցոյց կու տայ, որ մարդ բաղադրեալ մարմին մըն է։ Եւ դժբախտ է այն մարմինը՝ որուն մէջ սիրտը տկար է։ Ուստի, «Ցեց ոսկերաց՝ սիրտ հոգած» ճշմարտութի՛ւն մըն է։ («Հանդարտ սիրտը մարմնին կեանք է. բայց նախանձը ոսկորներուն փտութիւն է». ԱՌԱԿ. ԺԵ 30)։ Ոսկորներու ցեցը՝ ցե՛ցն է նաեւ ծուծին՝ որով խմորուած է ե՛ւ ուղեղը։ Եւ ահա հո՛ս է երկու գործարաններու՝ ուղեղին եւ սրտին խորհրդաւոր փոխյարաբերութիւնները։ Զոր օրինակ, ի՞նչ է հոգը, եթէ ոչ ուղեղի ինքնալլկումը, անախորժ եւ ցաւագին, տխուր պատկերի մը վերյիշումով կամ հաւանական պատկերներու նախատեսութեամբ կատարուած, որ կ՚անդրադառնայ սրտին մէջ, թէեւ սի՛րտն է որ զգայութիւններով առիթ կու տայ առաջին անգամ այդ «հոգ»ին։

Սրտի յոյզը աղբիւրն է մտահոգութեան։ Եւ սէրը գերազանցն է այդ յոյզերուն։ Իսկ ատելութիւնը յոռեշրջումն է նոյն այն սիրոյ յոյզին, ինչպէս չարը յոռեշրջումը՝ վատասերումն է բարիին…։

Մի՛տքն ալ իր դերը ունի սիրոյ եւ ատելութեան մէջ։

Բոլոր լաւ եւ յոռի կիրքերը իրենց ծագումը կ՚առնեն սրտէն, կը զարգանան մտքին մէջ եւ կը զօրանան ե՛ւ կ՚արմատանան երկուքին փոխազդեցութեամբ…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Դեկտեմբեր 7 2022, Իսթանպուլ

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 30, 2022