ՆՈՐՈԳՈՒԵԼՈՒ ՀՐԱՄԱՅԱԿԱՆԸ

«Լեռներու ջինջ ու արձակ բնութեան կարօտն ունէի ու գեղեցիկ առտու մը մեր ուղեւորութեան ընթացքին այս տեղուանքը մեկուսացած, հովուական վրաններու հիւրն էի եղած, նոր կեանքով մը նորոգուելու [ընդգծումը մերն է], նոր կազդոյրով մը պատուաստուելու համար: Եւ ահա հիմա որ չքնաղ ու դիցական գիշեր մը զիս կը գգուէր ու կը հմայէր, ի՜նչպէս թէ կրնայի անհոգ ըլլալ անոր հրապոյրներուն դիմաց ու եզական տարփանքներս քնացնել: Եւ շլմորած ու գինով կը քալէի ծաղկաւէտ լեռան վրայ՝ գիշերին մէջ, ինքզինքս յանձնած անոր շոյանքներուն ու համբոյրներուն: Կէս գիշերի սիւքը, որ սարահարթին վրայ թափառայած կը թռչկոտէր, դալարիքն ու ծաղիկները սարսռացնելով իր թողած հետքով, կը գրկէր զիս, կը փաթթութէր ինծի ու իր կուսական քնքոյշ թեւերով կը սեղմէր զիս պինդ ու սիրազեղ: Բարձրաբերձ լեռներու շունչն էր ան, որ կեանքը, առուգութիւնը, երջանկութիւնն իսկ կ՚արտաբերէր»։

(Գեղամ Բարսեղեան)

Տարի մը եւս բոլորեցինք:

Տարի մը, որ անհատական գետնի վրայ լեցուն էր յաջողութիւններով, ուրախութիւններով, նոր ձեռքբերումներով, միաժամանակ նաեւ տխրութիւններով, ձախորդութիւններով եւ խարխափումներով:

Մեր հայրենական կեանքի գետնին վրայ տարի մը, որ անորոշութիւններով, տարակուսանքներով եւ անյայտութեամբ լեցուն էր՝ հակառակ այն փորձերուն, որոնք կը կատարուին ժողովուրդը համոզելու, թէ ամէն բան լաւ է, ամէն բան վերահսկողութեան տակ է եւ այլն: Զգացական գետնի վրայ պահ մը կրնանք կուլ տալ այդ ինքնախաբէութիւնը, սակայն երբ իրապաշտօրէն եւ անկեղծութեամբ առերեսուինք իրականութեան, ապա այդքան ալ յուսադրիչ չէ մեր հայրենիքին վիճակը այս օրերուն: Տարի մը, որու ընթացքին դարձեալ մեր զաւակներէն ոմանք իրենց արիւնը մեր հայրենիքի հողին միախառնեցին, որպէսզի ան ազատ եւ ինքնիշխան ապրի:

Յաղթական տարի մը ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին համար, որ հակառակ դիմագրաւած բազմաթիւ դժուարութիւններուն եւ ոլորաններուն, արշալոյս մը եւս դիմաւորեց՝ յոյս ունենալով, թէ բացուող այս Նոր տարուան ընթացքին պիտի յաջողի իր ոսկեշող արշալոյսներու շղթային մէջ նոր արշալոյս մը եւս դիմաւորել եւ ձգտիլ յաջորդ արշալոյսներուն:

Տարի մը, որու ընթացքին յաւիտենական հրաժեշտ տուինք մեր սիրելիներուն, մտերիմներուն, ընկերներուն, ծանօթներուն, միւս կողմէ ուրախութեամբ դիմաւորեցինք անմեղ մանուկներու լոյս աշխարհ գալը, անոնց ճիչին ու քրքիջին ընդմէջէն պահ մը կտրուելով դաժան իրականութենէն եւ փայլուն ապագայի մը յոյսերը փայփայելով:

Տարիի մը հրաժեշտ կու տանք, կը փակենք էջը 365 օրերու ճանապարհորդութեան եւ կը պատրաստուինք բանալ նոր տարուան մը մաքուր էջերը, կը բանանք լիայոյս ըլլալով, որ պիտի յաջողինք անոր էջերը լեցնել գունագեղ գոյներով, առանց արեան եւ սուգի գոյներու…

Յաջողելու համար, սակայն, կարիք ունինք մենք մեր անձերուն եւ մեր ապրած իրականութեան հետ հաշուետուութեան նստելու: Հաշուետուութիւն, որ ո՛չ թէ առ ի պարտականութիւն պէտք է կատարենք, այլ՝ առ ի պարտաւորութիւն:

Ընկերութիւններ, հաստատութիւններ, գործարաններ եւ այլ կառոյցներ, իւրաքանչիւր տարուան աւարտին հաշուետուութիւն կը կատարեն՝ անցած տարուան ընթացքին իրենց կատարած գործունէութեան: Այն կառոյցները, որոնք այդ հաշուետուութիւնը անկեղծութեամբ եւ սրտացաւութեամբ կը կատարեն, տարուէ տարի աճ եւ զարգացում կ՚ունենան, կ՚արձանագրեն, իսկ այն կառոյցները, որոնք ի միջի այլոց եւ կամ որոշ սխալներ քօղարկելով կը կատարեն իրենց տարեփակի հաշուետուութիւնը, ձախորդութիւններու եւ ձախողումներու նոր դռներ կը բանան իրենց դիմաց, որովհետեւ երբ սխալը չե՛ս դարմաներ, բնականաբար, այդ սխալը երթալով պիտի մեծնայ եւ պիտի հասնի այնպիսի վիճակի մը, որմէ ազատիլը եթէ ոչ անկարելի, ապա շատ դժուար պիտի ըլլայ:

Անձնական գետնի վրայ ալ մարդ պէտք է ինքն իր հետ հաշուետուութեան նստի՝ այսինքն մտածէ, թէ ինք անցնող մէկ տար-ւան ընթացքին ի՞նչ ըրաւ, ի՞նչ իրագործեց, ո՞ւր թերացաւ, ի՞նչ բանի մէջ սխալ գործեց, ինչո՞ւ այդպէս եղաւ, ի՞նչն էր սխալին պատճառը։ Այս բոլոր ինչուները մարդ մէջտեղ պէտք է հանէ եւ փորձէ այդ ինչուներուն պատասխանը տալ, որպէսզի նոր բացուող տարին մաքուր էջով սկսի: Մարդը եւս եթէ ի միջի այլոց վերաբերի այս ինչուներուն, ըսէ թէ՝ մարդ եմ, սխալիլը մարդկային է եւ անցնի այդ սխալներուն վրայէն, ապա ինքն իր ձեռքով իր գլուխին վրայ կը կուտակէ սեւ ամպեր, որոնք ո՛չ թէ սոսկ անձրեւով լեցուն են, այլեւ՝ կարկուտով, այն ալ հսկայ հատիկներով:

Այո՛, սխալիլը մարդկային է եւ մարդ միշտ ենթակայ է սխալելու: Այս իրողութեան պէտք է իւրաքանչիւր մարդ գիտակցի, որովհետեւ կան պարագաներ ալ, երբ մարդ կ՚անգիտանայ այս ճշմարտութիւնը եւ ինքզինք անսխալական կը կարծէ, այսպէսով սխալ սխալի վրայ բարդելով՝ ինքն իր կեանքը դժոխքի կը վերածէ…

Սխալիլը մարդկային է, ըսինք, սակայն, ա՛լ աւելի մարդկային է կատարած սխալին գիտակցիլը եւ ամէն ջանք թափելը՝ այդ սխալը ուղղելու համար: Սխալիլը մարդկային է, ըսելն ու անցնիլը տկարութեան եւ թուլամորթութեան նշան է՝ մինչ սխալիլը մարդկային է, ըսելն ու գիտակցիլը գործած սխալին՝ զօրութեան, ինքնուրոյնութեան եւ կամքի գոյութեան նշան է:

Տարեվերջեան այս վերջին օրերը լաւագոյն ժամանակն ու առիթն են մարդուն համար քննութիւն կատարելու իր անձին վրայ, վեր հանելու իր գործած սխալները եւ որոշում կայացնելու այդ սխալներէն ձերբազատուելու՝ զանոնք ուղղելով:

Տարեվերջեան եւ նոր տարուան այս ընթացքը նաեւ առիթ մըն է մարդոց եւ պետութիւններուն՝ նորոգուելու, թարմանալու: Այստեղ որ պետութիւն գրեցինք, ատով նկատի ունիմ մեր ապրած ընկերութիւնը կազմող բոլոր օղակները:

Նորոգութիւնը մարդոց կեանքին մէջ անհրաժեշտ պայման մըն է: Մանաւանդ մեր ապրած ժամանակաշրջանին, ուր գիտութիւնը գրեթէ ամէն օր նոր նուաճումներու կը տանի մարդոց, ուր կեանքը ամէնօրեայ աճի ու զարգացման մէջ է, մարդ պէտք է եւ անհրաժեշտ է, որ քայլ պահէ այդ փոփոխութիւններուն, աճին ու զարգացումին հետ: (Զգո՛յշ, այստեղ խօսքը չի՛ վերաբերիր արժէքներուն եւ սկզբունքներուն):

Ինքզինք չնորոգող ու չթարմացնող ազգը, ժողովուրդը, պետութիւնը եւ նոյնիսկ մարդը դատապարտուած է լճացման ու քայքայման: Այն ժողովուրդները, պետութիւններն ու մարդիկը, որոնք իրենք զիրենք չեն նորոգեր ու այդպիսով լճացումի եւ քայքայումի ճամբան կը բռնեն, խաղալիքը կը դառնան զիրենք շրջապատող մեծ ուժերուն եւ իրենցմէ աւելի զարգացածներուն եւ յառաջացածներուն, այսպէսով ոտնագնդակի նման աջ ու ձախ կը տարուբերին՝ չիմանալով, թէ ուրկէ պիտի գայ յաջորդ հարուածը… Որպէսզի նման իրավիճակի մը մէջ չյայտնուին վերը նշուածները, ապա անհրաժեշտ է, որ մնայուն կերպով իրենք զիրենք նորոգեն, քայլ պահեն կատարուած իրադարձութիւններուն եւ փոփոխութիւններուն հետ, այլապէս ժամանակի ընթացքին պիտի դադրին գոյութիւն ունենալէ եւ իրենց յիշատակն ալ պիտի վերանայ ընդհանրապէս, կամ ալ պատմութեան գիրքերու էջերուն վրայ պիտի արձանագրուի պարզապէս:

Առանձնացնենք մեր ժողովուրդը: Այսօր, աւելի քան երբեք, մեր ժողովուրդը իր բոլոր ոլորտներով, երեսակներով եւ խաւերով կարիք ունի նորոգութեան: Մեր ժողովուրդի պարագային նորոգութիւնը հրամայական մըն է, որ այլեւս յապաղում չի՛ վերցներ: Այսօր, մենք կարիք ունինք մեր մտածելակերպին, մօտեցումներուն, վարուելակերպին վերանայումին եւ վերանորոգումին: Այսօր շատ յաճախ դէմ յանդիման կը գտնուինք այնպիսի իրադարձութիւններու եւ եղելութիւններու, որոնց ընթացքին կը զգանք, թէ մենք տակաւին դարերով ետ մնացած ենք այսօրուան ժամանակէն, տակաւին մեր մօտեցումներն ու ընկալումները միջանդարեան են: Անդին, սակայն, ինկած ենք այլ ծայրայեղութեան մը մէջ՝ «նորարարութեան», ոտնակոխ ընելով ամէն տեսակի արժէք եւ սկզբունք: Երկուքի պարագային ալ տուժած դուրս կու գանք մեր ունեցած պայքարներէն, որովհետեւ երբ ժամանակին հետ քայլ չես պահեր, ո՛չ միջնադարութիւնը եւ ո՛չ ալ առաւել եւս նորարարութիւնը կրնան օգտակար դառնալ քեզի՝ այդ պատճառով կարիք ունինք վերանայելու մենք մեզ, սթափելու, հասարակ յայտարար մը գտնելու եւ մարդկութեան պատմութեան քառուղիին դիմաց ընտրելու ճիշդ ուղղութիւնը եւ այսպէսով շարունակելու մեր ընթացքը:

Վերջին մտածումներու լոյսին տակ, առանձնացնենք մեր հայկական իրականութեան գլխաւոր մի քանի էական կառոյցներն ու ոլորտները, որոնք առաւել կերպով նորոգութեան, թարմացումի հրամայականին դիմաց կանգնած են: Այսպիսով, Եկեղեցին, պետութիւնը, կրթական ոլորտը, կուսակցութիւնները, տարբեր ոլորտներու կառոյցներն ու հաստատութիւնները, դիւանագիտութիւնը, ընտանիքը, Հայաստան-սփիւռք փոխյարաբերութիւնը:

Առանձին-առանձին անդրադառնանք.

ա) Եկեղեցի. այսօր մենք մեզ խաբած կ՚ըլլանք, եթէ ըսենք, թէ մեր եկեղեցին նորոգուելու կարիք չունի: Ըլլա՛յ Հայաստանի, ըլլայ սփիւռքի մէջ, մեր եկեղեցին աւելի քան երբեք վերանորոգութեան, վերաթարմացումի կարիքն ունի: Այսօրուան երիտասարդութեան համար մեր եկեղեցին օտարացած է, անծանօթ կառոյցի մը վերածուած է։ (Խօսքս չի՛ վերաբերիր խնամի-ծանօթ-բարեկամ հասկացողութեան զոհ եղող երիտասարդներուն, որոնք կուրօրէն եւ անգիտակից կերպով եկեղեցին «կը պաշտպանեն»: Միւս կողմէ, յարգանք բոլոր այն երիտասարդներուն, որոնք իրապէս սրտացաւ ըլլալով՝ մնայուն կերպով եկեղեցւոյ կողքին կանգնած են):

Աւելի յստակ ըլլալու համար, պահ մը նայեցէք Հայաստանի մէջ օր օրի աւելցող թիւով աղանդաւորական շարժումներուն, իսկ սփիւռքի մէջ մեր ժողովուրդի զաւակներուն յարիլը նմանատիպ շարժումներուն: Թուային չոր հաշուարկ մը բաւարար պիտի ըլլայ՝ հասկնալու համար թէ ի՜նչ ահաւոր վիճակ մը կը տիրէ մեր եկեղեցւոյ կեանքէն ներս:

Այս օրինակը պարզապէս կը բերեմ՝ չուզելով անդրադառնալ այլ առկայ խնդիրներու, որովհետեւ մեր նպատակը քննադատել չէ, այլ եղելութիւնները վեր հանել եւ հիմնաւորել, թէ ինչո՞ւ համար նորոգութիւնը հրամայական է այսօր մեր եկեղեցւոյ կեանքէն ներս: (Այստեղ չենք խօսիր ժողովուրդի անտարբերութեան մասին ո՛չ միայն Հայ Եկեղեցւոյ նկատմամբ, այլեւ, ընդհանրապէս, կրօնական զգացումներու):

Իսկ այդ հրամայականը առաջին հերթին կը վերաբերի մեր եկեղեցականութեան, որովհետեւ երբ մեր եկեղեցական հայրերը գիտակցին իրենց նուիրական պարտաւորութեան ու պարտականութեան, ապա եկեղեցին ինքնաբերաբար կը վերանորոգուի ու բարեփոխուի: Այս մասին Մեսրոպ Եպսկ. Նարոյեան հետեւեաելը կ՚ըսէ. «Մեր եկեղեցականութիւնը պէտք է պատրաստուի ուրեմն իր կոչումին բարձրութեան վրայ մնալու համար: Հիմա ժողովուրդը առաջուընէ շատ աւելի զարգացած է. կրթութիւնը պարտաւորիչ է. եւ անհրաժեշտ է եկեղեցականութեան ալ համեմատական զարգացումը, վեր՝ ժողովրդային զարգացման մակարդակէն: Եկեղեցականութիւնը պէտք է նաեւ իր բարոյական կենցաղով նոյն բարձրութեան վրայ գտնուի: Այնպիսի ատեն մը երբ բուռն է պայքարը՝ գիտութեան եւ Եկեղեցիին, գիտութեան եւ կրօնքին միջեւ, անհրաժեշտ է եկեղեցականին՝ իմացական եւ բարոյական բարձրութեան հաւասար աստիճանի մը վրայ գտնուիլը» («Հայ Խօսնակ», Հանդէս կրօնական, բարոյական եւ գրական, Բ. տարի, թիւ 1, հոկտեմբեր 1925, էջ 6-7):

բ) Պետութիւն. մէկ կողմէ պետութիւն կը գրեմ, միւս կողմէ, կը մտաբերեմ, սակայն մեր այսօրուան վիճակը, ուր պետութեան մը միայն նշոյլը մնացած է եւ այդ նշոյլն ալ վերացման վտանգի տակ է, եթէ մենք մեզ չնորոգենք եւ չսթափինք Մորֆէոսի գիրկին մէջ մեր վայելած մրափէն…

Պետութիւնը, արդարեւ, ժողովուրդի մը քաղաքական-ժողովրդական կեանքի զարկերակն է, եթէ այդ զարկերակը չաշխատիր եւ կամ վատառողջ է, ապա այդ ամբողջ մարմինը՝ այս պարագային ժողովուրդը, երկիրը վտանգի առջեւ կը գտնուին, պէտք է աշխատիլ այդ զարկերակը առողջ պահելու, որպէսզի ամբողջ մարմինը առողջ ըլլայ: Իսկ ինչպէ՞ս կարելի է զայն առողջ պահել. շատ պարզ, երբ նեղանձնական շահերէն դուրս գալով՝ նուիրուինք ընդհանուր շահին ու օգուտին, որով մեր երկիրը կը հզօրանայ, մեր պետութիւնը կ՚ամրանայ, իսկ մեր ժողովուրդը բարօր կեանք մը կ՚ունենայ:

գ) Կրթական ոլորտը. մեր կրթական ոլորտը ահաւոր անկում ապրած է եւ կարելի է ըսել, որ Խորհրդային Հայաստանի ժամանակաշրջանէն վերջ, մենք լիիրաւ կրթական համակարգ չենք ունեցած, չունինք եւ այսօրուան տուեալներով մօտիկ ապագային պիտի չկարենանք ալ ունենալ:

Ճիշդ է, որ այսօր փորձեր կը կատարուին բարելաւելու մեր կրթական ոլորտը, սակայն, այդ փորձերը կը կատարուին ընդօրինակելով օտարներուն ունեցած փորձառութիւններն ու յաջողութիւնները՝ առանց սերտելու մեր ենթահողը, թէ ի՛նչ կարիքներ եւ սպասումներ ունի եւ բնականաբար նման մօտեցում մը, ճանապարհ իսկ չելած վիժած կարելի է համարել, որովհետեւ երբ դուն չե՛ս գիտակցիր կարիքները, չե՛ս կրնար այդ կարիքներուն գոհացում տալ: Այսօրուան մեր կրթական հաստատութիւնները, դպրոցները, համալսարանները եւ այլն անհրաժեշտ ուսումն ու դաստիարակութիւնը չեն ջամբեր մեր մատղաշ սերունդներուն:

Աւելի քան մէկ դար առաջ հրապարակախօս Գրիգոր Արծրունին հետեւեալը գրած է. «Մեր դաստիարակութեան արժանաւորութիւնը այն է, որ երեխային մէջ կը սպաննէ առողջ միտք, բարոյականութիւն եւ մարմինը: Ուսումնարանի մէջ դաստիարակութեան ուղղութիւնը անտանելի է. տան մէջ ուսումնարանէն աւելի վատ է»: Աւելի քան մէկ դար առաջ գրուած այս տողերը կարծէք այսօրուան համար գրուած ըլլան, որովհետեւ մեր ուսումնարաններուն պարզած այսօրուան դրութիւնը ո՛չ մէկ բանով կը տարբերի Արծրունիի նկարագրած վիճակէն: Այս եւ այլ խնդիրները նկատի ունենալով՝ նորոգութեան հրամայականը նաեւ կանգնած է մեր կրթական ոլորտին դիմաց եւ այդ հրամայականը առաջին հերթին կը պահանջէ փնտռել, գտնել ու ճանչնալ մեր կարիքները եւ միայն անկէ վերջ լուծումներ եւ առաջարկներ ներկայացնել:

դ) Ընտանիքը. ընտանիք հասկացութիւնը մեր մէջ շատ փոխուած է եւ գրեթէ անճանաչելի դարձած է մեր ազգային ըմբռնումին: Այսօրուան հայ ընտանիքը կամաց-կամաց սկսած է վերածուիլ համայնական ընտանիքի մը, ուր ամէն տեսակի բարքեր ու սովորութիւններ կը տիրեն՝ բացի հայկականէն, բացի սեփականէն:

Մեր նշած նախորդ երեք կէտերէն երեքն ալ կախում ունին ընտանիքէն։ Այսինքն, երբ մեր ընտանիքները առողջ են, հաստատ են, մեր մնացեալ կառոյցները եւս առողջ ու ամուր կ՚ըլլան, որովհետեւ ինչպէս Խրիմեան Հայրիկը կ՚ըսէ՝ որեւէ «Ժողովուրդ իր բարոյական կեանքի տիպարը ուղղակի ընտանիքէն կ՚առնէ եւ պարծանքով ցոյց կու տայ աշխարհին, թէ ինք բարեկիրթ ընտանիքի զաւակ ու ժողովուրդ է»: Իսկ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ երջանկայիշատակ կաթողիկոսներէն Խորէն Ա. Բարոյեան այսպէս կը նկարագրէ հայ ընտանիքը. «Հայ ժողովուրդին գոյութեան եւ գոյատեւման առաջին եւ հզօր կռուանը հայ ընտանիքն է: Ազգ մը կը բաղկանայ անհատներէ եւ այդ անհատներն ալ ազգին տուող ընկերային հաստատութիւնը ընտանիքն է: Ընտանիքը, հետեւաբար, հիմքն է ու խարիսխը, որ ոտքի կը կանգնեցնէ ամբողջ ազգը»:

Հետեւաբար, պէտք է մեր մօտեցումները վերանայինք մեր ընտանիքի հասկացողութեան մասին եւ նորոգելով այդ հասկացողութիւնը՝ ազգովին նորոգուինք:

ե) Կուսակցութիւնները, տարբեր ոլորտներու կառոյցներն ու հաստատութիւնները. մեր այսօրուան իրականութեան ամենէն ցաւալի կէտերէն մէկն է այս, որովհետեւ այս կառոյցներէն շատերը դադրած են իրենց պարտաւորութիւնները ճիշդ կերպով կատարելէ եւ փոխանակ ընդհանուրի շահին մասին մտածելու՝ լծուած են իրենց անձնական շահերուն ետեւէն։ Այսպէսով մեր միւս բոլոր ոլորտները կը տուժեն, քանի որ կուսակցութիւններուն, կառոյցներուն եւ տարբեր հոսանքներուն անդամները մեր ժողովուրդի զաւակներն են եւ կարեւոր մէկ մասնիկը մեր ժողովուրդին:

Անձնական շահերու հետապնդումէն բացի, վերոյիշեալ կառոյցներուն մէջ հնութեան ախտ մը կայ, այլ խօսքով, հիները՝ անոնք, որոնք արդէն տարիներով պատնէշներու վրայ եղած են, չե՛ն ուզեր իրենց տեղը զիջիլ նոր՝ երիտասարդ սերունդին, որպէսզի նորովի կերպով շարունակուի իրենց պատկանած կառոյցներուն գործը: Միտքս աւելի յստակ դարձնելու եւ նորոգութեան հրամայականը շեշտելու համար կարդանք Լեւոն Քիրիշճեանի (Լարէնց) հետեւեալ տողերը. «Այդ ալեհեր մարդիկը [խօսքը Չերազի եւ Բորթուքալեանի մասին է] փառք մը նկատած են ամէն առթիւ կրկնել, թէ իրենք քսան տարուան գործիչ են, թէ այսօրուան յեղափոխութիւնը դեռ ծնունդ չառած իրենք գաղափարին զինուորագրուած էին…: Չեն ըմբռներ, թէ այս աւազական խօսքերը դատապարտութիւնն իսկ են իրենց ներկային, քանի որ անոնք չեն կրցած նորոգուիլ ժամանակին հետ եւ նոր պահանջքներուն անհրաժեշտութիւնը ծաղրած են ցնդածի զառանցանքներով»:

Հետեւաբար, ցանկացած կառոյց պարտաւորութիւնը ունի նորոգուելու ժամանակին հետ, այլապէս այդ կառոյցն ու իր որդեգրած արժէքները դատապարտուած են աւազական խօսքերու եւ արժէքներու վերածուելու:

զ) Դիւանագիտութիւնը. գաղտնիք չէ, որ այսօրուան աշխարհը կ՚ապրի այնպիսի ժամանակաշրջան մը, ուր ուժը այդքան իմաստ ու կարեւորութիւն չունի՝ ինչքան ունեցած եւ որդեգրած դիւանագիտութիւնդ:

Վերջին մի քանի տարիները մեզի ապացուցանեցին, որ մենք խորհրդային կարգերու փլուզումէն վերջ եւ մինչեւ այսօր ձախողած ենք ծանրակշիռ դիւանագիտութիւն մշակելու եւ ունենալու մէջ: Մենք երկա՜ր տարիներ այս երկրի դեսպանատան դռնէն միւս երկրի դեսպանատան դուռը, կամ այս երկրի ազգային ժողովէն կամ կառավարութեան շէնքէն վազած ենք միւս երկրի ազգային ժողով ու կառավարութեան շէնք՝ լալով, ողբալով ու մուրացկանի եւ տարագրեալի հագուստը մեր վրայէն չհանելով։ Արդի՞ւնքը… Հայաստանի վերջին անկախութենէն մինչեւ այս օրերը երկարող վիճակը եւ սփիւռքի վիճակը… Վերջապէս պիտի հասկնանք, որ այսօրուան դիւանագիտական աշխարհը լալ եւ մուրալ բայերը շատոնց ջնջած է իր բառարաններէն (ո՛չ միայն այսօրուան, այլեւ ոչ շատ հեռու անցեալին, վկա՛յ Խրիմեան Հայրիկին երկաթէ շերեփի պատմութիւնը):

Այսօրուան դիւանագիտական աշխարհը՝ ուժ, դիւանգիտական ճկուն մտածողութիւն, մրցակցութիւն եւ շահերու ճշգրիտ հաշուարկներու լեզուն կը հասկնայ. լեզու մը, որ տակաւին չենք կրցած ճիշդ եւ սահուն կերպով սորվիլ, եւ կարիք ունինք այս ոլորտին մէջ նաեւ նորոգուելու, որպէսզի կարենանք քայլ պահել այսօրուան դիւանագիտական աշխարհի մօտեցումներուն եւ ըմբռնումներուն հետ:

է) Հայաստան-սփիւռք փոխյարաբերութիւնը. այս ոլորտին մէջ ալ ազգովին պէտք է մեր մօտեցումները վերանայինք եւ շատ կէտեր փոփոխութեան եւ վերանորոգումի ենթարկենք: Սակայն, պահանջուած փոփոխութիւններն ու նորոգութիւնը իրական կը դառնան եւ արդիւնք կու տան այն ատեն միայն, երբ Հայաստանն ու սփիւռքը զիրար լաւապէս կը ճանչնան: Այսօր, Հայաստանն ու սփիւռքը զիրար չե՛ն ճանչնար. գոյութիւն ունեցող ճանաչումը երազային է, աւելի ճիշդ՝ խափուսիկ է։ Կը նմանի այսօրուան երիտասարդ աղջիկներու երիտասարդ տղաներ հաւնելուն. անոնք տեսնելով երիտասարդ տղուն նստած ինքնաշարժը, ունեցած դրամապանակը եւ անոր պարունակութիւնը, դրած ժամացոյցը, օգտագործած բջիջայինը, անմիջապէս «կը սիրահարուին»՝ առանց հասկնալու, թէ ի՛նչ կը նշանակէ սիրել: Իսկ տղաներն ալ տեսնելով աղջիկներուն պարզութիւնը, գեղեցկութիւնը, իրենց ժամանակը լեցնելու եւ հաճոյքներուն գոհացում տալու համար՝ կը ձեւանան որպէս թէ իրենք ալ «սիրահարուած են»՝ մինչ այդպիսի բան մը չկայ: Ճի՛շդ նոյն կերպ է այսօրուան Հայաստան-սփիւռք իրար ճանաչումը։ Ներողութիւն կոպիտ արտայայտութեան համար, սակայն դժբախտ իրականութիւնն է այս մէկը: Հայաստանը սփիւռքին կը նայի՝ որպէս կթան կով, իսկ սփիւռքն ալ Հայաստանին կը նայի՝ մէկ աչքով որպէս մուրացկան, իսկ միւս աչքով ալ արժան արձակուրդ անցընելու վայր, միեւնոյն ժամանակ, սակայն, «հայրենասիրութիւն» խաղալով: Խօսքս, անշուշտ, չի՛ վերաբերիր այն քիչ-քիչ տոկոսին, երկուստեք, անոնց, որոնք լիիրաւ կերպով կը ճանչնան զիրար եւ իրենց ամբողջ կեանքը նուիրած են այդ երկու իրական արժէքներուն՝ Հայաստանի եւ սփիւռքի բարգաւաճման, ծաղկումին ու գոյատեւումին:

Արդարեւ մինչեւ մեր մօտեցումները չնորոգենք եւ մենք ալ չնորոգուինք, Հայաստան-սփիւռք զիրար երբեք պիտի չկարենան ճանչնալ…

***

Այս բոլոր կէտերուն կողքին տակաւին կան այլ կէտեր եւս, որոնք վերանորոգութեան կարիքն ունին, սակայն, հաւատացողն ենք, որ եթէ վերը թուարկուած կէտերը նորոգուին, ապա մնացած բոլոր նորոգութեան կարօտ կէտերը ինքնաբերաբար կը նորոգուին: Յուսանք, թէ նոր բացուող տարին մեր ժողովուրդին համար ըլլայ վերանորոգութեան, վերաթարմացումի տարի մը: Նորոգութիւն մը, որ ո՛չ թէ արտաքին է, առ երեւոյթ է, այլ՝ խորքային, արմատային եւ իսկական:

Ի վերջոյ, որպէսզի մեր սիրելի ընթերցողները չկարծեն, թէ տարին կ՚աւարտենք քննադատութեամբ եւ յոռետեսութեամբ, այլ՝ պաշտածս հայրենիքին ու ժողովուրդին նկատմամբ անհուն եւ անսահման սէրէն դրդուած, արձանագրուած տողեր ըլլալուն հանգամանքը շեշտելով մեր այսօրուան գրութեան՝ Շաւարշ Նարդունին խօսնակ դարձնելով մեր ներքին ապրումներուն, խարխափումներուն եւ զգացումներուն, մեր սիրելի ու յարգելի ընթերցողներուն բարի, քաջառողջ եւ յաջողութիւններով լեցուն նոր տարի մը կը մաղթենք՝ դիմելով մեր ժողովուրդի զաւակներուն, ըսելով.

«Քեզի՝ որ կը շտապես առտուան բարի-լոյսին մէջ, քեզի՝ որ կ՚երթաս դպրոց, քեզի՝ որ կը մտնես շուկայ, քեզի՝ որ կը վազես գործարան, քեզի՝ ծովերու վրայ թէ ցամաքի վրայ, քեզի՛ տագնապի մէջ թէ երանութեան մէջ, քեզի՛ որ կ՚աղօթես, քեզի՛ որ կ՚աշխատիս, քեզի՛ որ կ՚երգես, քեզի՝ որ կը հաւատաս տակաւին, ահա կ՚աղաղակեմ քեզի.

-Կը սիրե՜մ քեզ, ո՜վ հայերէն խօսող բազմութիւն՝ սուրբ հայութիւնս իմ, կը սիրե՜մ քեզ, ժողովուրդ Հայոց, ողջո՜յն մականուանելոյդ՝ Հայկազանց, ու թոյլ տուր ինձ, Աստուծոյ լոյսին մէջ որ կը բացուի ահա, երդնուլ եւ, ձեռքս դրած դարերու մեր ուխտին վրայ, ըսել թէ հաւատարիմ պիտի մնամ քեզի ընդ միշտ» (Շաւարշ Նարդունի, «Նայիրի» գրական շաբաթաթերթ, Բ. տարի, (ԺԲ. թիւ) 17-18, կիրակի, 3 յունուար 1954, էջ 1, Պէյրութ):

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

(Վաղարշապատ)

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 31, 2022