ԿՐԹՈՒԹԻՒՆԸ՝ ՀԱՍԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ՁԵՒԱՒՈՐԵԼՈՒ ՄԻՋՈՑ - Բ -

Բացի դպրոցական կրթութեան համախմբող եւ համագործակցային ազդեցութենէն՝ նկատուած է, որ դպրոցներու մէջ գաղտնաբար կ՚ուսուցուին որոշ արտադասարանային նիւթեր: Կեդրոնանալով դպրոցական կրթութեան բովանդակութեան վրայ՝ Պոուլս եւ Կինթիս ցոյց տուին, որ կրթական համակարգերէ ներս կան «թաքնուած ուսումնական ծրագրեր», որոնց միջոցով ուսանողները կը սորվին կարգապահութիւն, դասակարգութիւն եւ սթաթիւքոյի նկատմամբ չէզոքութիւն։ Բացի յայտնի ուսումնական ծրագրէն, անոնց ընկերային չափումներէն մին՝ թաքնուած կամ ենթադրեալ ուսումնական ծրագրի հայեցակարգի գոյութիւնն է: Սա անգիր հասկացութիւն է, որ իր մէջ կը ներառէ արտադասարանային գործողութիւններ։ Սա կը վերաբերի նախատեսուած կամ չնախատեսուած ուսուցման արդիւնքին: Ուսանողները այս մասին յստակ տեղեակ չեն։ Այն փաստը, որ այսօր դպրոցները փակուած են փշալարերով կամ ապահովուած են անվտանգութեան տեսախցիկներով, կը կանխէ արտաքին վտանգները եւ կը ստեղծէ անընդհատ հսկողութեան տակ ըլլալու զգացումը։ Կ'ուսուցուի, որ ուսուցիչներու սենեակը, տնօրէնի սենեակը աշակերտները պէտք է մտնեն դուռը թակելով։ Առաջին դասարանէն մեզ խորհուրդ կու տային «ծաղիկներ» ըլլալ ու կը սորվեցնէին լուռ կենալ, իսկ եթէ այդպէս չըլլանք, «ճըզ» կ՚ըլլայինք։ Պոուլս եւ Կինթիս այս պատկերացումները կը համարեն «թաքնուած ուսումնական ծրագիր»:

«Գաղտնի ուսումնական ծրագիր» արտայայտութիւնը առաջին անգամ օգտագործուած է Ֆիլիփ Ճեքսընի կողմէ, 1968 թուականին՝ իր «Կեանքը դասարաններէ ներս» գիրքին մէջ: Ճեքսըն կը նշէ գաղտնի ուսումնական ծրագրի երեք հարթութիւն. ամբոխ, գովասանք եւ ուժ: Դասարաններու մէջ աշակերտներ կը սորվին ամբոխէ դուրս մնալը, օտարանալը, ուրիշները քննադատելը, մրցակցութիւնը եւ ուժեղի ու թոյլի միջեւ հիմնական տարբերութիւնը։

Իվան Իլիչ, որ կ՚ուսումնասիրէ թաքուն ուսումնական ծրագրերը, կ՚ըսէ, թէ մարդիկ աւելի քիչ կ՚ապաւինին իրենց ստեղծագործական ունակութիւններուն եւ գիտելիքներուն, բայց աւելի շատ կը վստահին արդիւնաբերական արտադրանքին: Օրինակ՝ առողջապահութեան ոլորտէն ներս աւանդական բուժումներն ու գործելակերպը լիովին անհետացած են «դիւանակալական» առողջապահական համակարգերու ամրացումէն ետք: Անհատը, որ իր խօսքը ունի իր առողջութեան վերաբերեալ՝ «մարդը իր բժիշկն է» կարգախօսով, աստիճանաբար այդ լիազօրութիւնը փոխանցած է առողջապահութեան ոլորտի մասնագէտներուն: Այս իրավիճակը կը յանգեցնէ անհատի անգործութեան՝ ինչպէս կրթութեան, այնպէս ալ առողջապահութեան ոլորտին մէջ: Իլիչ կը յայտնէ, որ այս կրթական համակարգը պէտք է կասկածի տակ դրուի։ Ան կը կարծէ, որ անգործութեամբ ստացուած գիտելիքը չի նպաստեր հասարակութեան զարգացման եւ անգործութեամբ ստեղծուած իրավիճակը հասարակութիւնը միշտ կը պահէ իր տեղը։ Ան կը քննադատէ կրթութեան չորս հիմնական գործառոյթները. վերահսկուող խնամքը, մասնագիտական ​​դերերու նշանակումը, գերիշխող արժէքներու ուսուցումը եւ ընկերային հաստատուած գիտելիքներու եւ հմտութիւններու ձեռքբերումը: Երեխաները, որոնք կը պահուէին հսկողութեան տակ՝ ինչպէս բանտերու մէջ, փողոց դուրս կը բերուէին եւ հեշտութեամբ կը վերահսկուէին: Այնուամենայնիւ, այս իրավիճակը կ՚ոչնչացնէր անոնց ստեղծագործականութիւնը: Հասարակական յառաջընթացները առայժմ կատարուած են ի հակադրութիւն «հաստատուած գիտելիքներուն եւ հմտութիւններուն», որոնք ընդունուած էին մինչ այդ: Դպրոցներու մէջ կարգապահութեան ազդեցութեամբ, որ այնքան ալ չի համապատասխաներ դասընթացքի պաշտօնական բովանդակութեան եւ զայն դասակարգուած ձեւաչափի մէջ դնելով՝ Իլիչի խօսքով, «կրաւորական սպառում» կը ներշնչեն՝ առանց քննադատութեան ընդունիլ հաստատուած կարգը։ Իլիչ որդեգրեց հասարակութեան ապադպրոցականացման տեսակէտը։ Ան կը քարոզէր հասարակութեան կրթութիւնը բոլոր ոլորտներէն ներս եւ բոլոր տարիքի համար։

Ըստ Իլիչի, օրինական ուսուցման նիւթերն ու աղբիւրները պէտք է հասանելի ըլլան գրադարաններու մէջ եւ տեղեկատուական հարթակներու վրայ, որպէսզի ուսանողները կարենան հեշտութեամբ օգտուիլ անոնցմէ: Հաղորդակցութեան ցանցեր պէտք է ստեղծուին եւ տարբեր անհատներու զանազան ունակութիւններու վերաբերեալ տուեալներ պէտք է տրամադրուին եւ պահպանուին, որպէսզի հնարաւոր ըլլայ դիտարկել անոնց կրթական կարգավիճակը: Իլիչի գաղափարները այս առումով անիրատեսական կը թուին, բայց դեռ արդի են եւ տակաւին կը քննարկուին։

Կրթութիւնը պէտք է առաջին հերթին մղէ ստեղծագործականութիւնն ու քաջալերէ բազմազանութիւնը: Կրթութիւնը այն է, ուր պէտք է դասաւանդուին առարկաներ, ո՛չ թէ լռելը։ Բոլորս ալ անպայման կը յիշենք մեր դպրոցական տարիները, երբ խօսողը կը պատժուէր։ Ուսումնական ծրագրի փառաբանումը եւ անհատի իմացականութեան թերագնահատումը կը սահմանափակեն ուսանողներու ստեղծագործական ունակութիւնները: Առանց ստեղծագործելու յառաջընթաց չի կրնար ըլլալ։

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

•շար. 2 եւ վերջ

Երկուշաբթի, Յունուար 2, 2023