ՇՆՈՐՀԱՒՈՐ ՍՈՒՐԲ ԾՆՈՒՆԴ
Վաղը Սուրբ Ծնունդ է: Քրիստոնեայ աշխարհը իւրօրինակ կը պատրաստուի Ամանորին եւ Սուրբ Ծնունդին: Ամանորին սրտատրոփ կը սպասեն ո՛չ միայն քրիստոնեաները, այլեւ մարդկութեան զգալի մասը: Շատերու համար այն ամենասիրելի տօնն է:
Ամանորին եւ Սուրբ Ծննդեան տօնին իր շունչը կը սփռէ մշտադալար եղեւինը: Սա ազնուազարմ ծառը կարծես բանբերը ըլլայ Նոր տարիի: Իսկ ի՞նչ կապ ունի այն Սուրբ Ծննդեան տօնին հետ:
Տօնական այս ծառը ունի դրախտի կենաց ծառի խորհուրդը: Իսկ եղեւինի մշտադալարութիւնը կը խորհրդանշէ Տիրոջ անսպառ բարիքները ու անհատնում շնորհները: Քրիստոնեայ աշխարհին մէջ եղեւինը կը կոչուի նաեւ Շննդեան ծառ, քանզի խորհրդաւորապէս կը կապուի կենդանի Կենաց Ծառի՝ Յիսուս Քրիստոսի հետ: Իսկ տօնածառի գագաթը պսակող աստղը Բեթղեհէմի աստղն է, որ Արեւելքէն եկած երեք մոգերը կ՚առաջնորդէր դէպի մսուր, ուր պիտի ծնէր աշխարհի Փրկիչը: Եւ ինչպէս մոգերը բերին ընծաներ Յիսուս մանուկին, այնպէս ալ մենք կը բերենք ընծաներ Կենաց Ծառին: Իսկ գոյնզգոյն լոյսերով ողողուած եղեւինը կը խորհրդանշէ այն հոգեւոր լոյսը, որով լուսաւորեց մեր Տէրը համայն աշխարհը:
Տօնածառի ծագումի ու գործածութեան մասին կան բազում առասպելներ, հեքիաթներ ու աւանդութիւններ: Ըստ ասոնցմէ մէկուն՝ Գերմանիոյ կը վերագրուի Սուրբ Ծնունդի տօնածառի զարդարման աւանդոյթի սկիզբը՝ 16-րդ դարուն: Իսկ Սուրբ Ծնունդի տօնածառի մասին ամենայայտնի ու ամենագեղեցիկ առասպելներէն մին հետեւեալն է.
Երբ Բեթղեհէմի քարայրներէն մէկուն մէջ ծնաւ աշխարհի Փրկիչը, ոչ միայն մարդիկ, այլեւ քարայրը շրջապատող ծառերը նոյնպէս իւրովի կը մասնակցէին մեծ խորհուրդին: Անոնք ուրախ կը տարուբերուէին՝ կարծես խոնարհելով Օրհնեալ Մանուկին: Բոլորն ալ կ՚ուզէին տեսնել նորածին Փրկիչը: Ծառերն ու թուփերը կը տարածէին իրենց ճիւղերը՝ ջանալով տեսնել քարայրին ներսը: Բոլորէն աւելի երջանիկ էին քարայրի մուտքին մօտ կանգնած երեք ծառերը՝ արմաւենին, թթենին ու եղեւինը: Երբ արեգակը ծագեցաւ, արմաւենին պարզեց իր լայն տերեւները, որպէսզի հով ընէ Յիսուսին: Թթենին իր տերեւները տուաւ, որպէսզի անոր համար պատրաստեն փափուկ անկողին:
-Իսկ իմ տերեւները փշոտ են: Ես ոչինչ ունիմ Յիսուս մանուկին տալու, մտորեց եղեւինը ու սկսաւ լալու:
Երբ մութը ինկաւ եւ երկինքի մէջ վառուեցան աստղերը, անոնք որոշեցին օգնել եղեւինին: Կամաց-կամաց աստղիկները սահեցան ներքեւ, նստան եղեւինի ճիւղերուն: Եղեւինը սկսաւ փայլիլ ու շողշողալ: Երբ փոքրիկ Յիսուսը արթնցաւ ու տեսաւ փայլուն ծառը, շատ ուրախացաւ: Այս եղաւ ամենագեղեցիկ նուէրը Յիսուս մանուկին:
Այդ օրուընէ սկսեալ՝ եղեւինը դարձաւ Ամանորի ծառ, Ս. Ծնունդի ծառ:
Առաջին ժամանակներուն տօնածառը կը զարդարուէր խնձորներով՝ խորհրդանշելով պտղաբերութիւնը, ցորենի հատիկներով՝ ի նշան առատութեան, ինչպէս նաեւ լուբիայի պատիճներով, որոնք աւանդաբար կը խորհրդանշեն ընտանիքի ամրութիւնը: Առատութեան ու լիութեան խորհրդանիշն էր տօնածառի զարդարանքը քաղցրեղէնով, ընկոյզով, մանրադրամով, պզտիկ քսակներով:
18-րդ դարուն տօնածառը սկսան զարդարել մոմերով, իսկ լոյսի յայտնագործումէն վերջ զանոնք փոխարինեցին փոքրիկ լամբերը: Այսօր տօնածառերը կը զարդարեն զանազան փայլուն խաղալիքներով, ամանորեան զարդերով: Սովորաբար ծառը կը համարուէր նաեւ ընտանիքի պտղաբերութեան խորհրդանիշը: Տակաւին մինչեւ այսօր գերդաստանի անդամները կը նշանակուին ծառի պատկերներով եւ ըստ այնմ կը կատարուի նաեւ ճիւղահամար:
Հինէն ի վեր հայերը եղեւինի փոխարէն Ամանորին կը զարդարէին ձիթենին ու խնկենին: Տանտէրները կը կտրէին ձիթենիի ճիւղ մը ու զայն կը բերէին տուն: Իբրեւ Կաղանդի ծառ կը զարդարէին բնական զարդերով՝ կաղիններով ու ընկոյզներով: Երեկոյեան հաստ ճիւղը կը խրէին նախապէս թխած մեծ հացի կամ բաղարջի մէջ, կանուխ առաւօտեան կը տանէին եկեղեցի՝ քահանային օրհնել տալու համար: Այնուհետեւ կը բերէին տուն եւ կ՚ամրացնէին գերանին վրայ:
Այսպիսով, կեանքի խորհրդանիշ Սուրբ Ծնունդի ծառը ամէն տարի իր խորհրդաւորութեամբ կը յիշեցնէր Կենդանի Կենաց Ծառի՝ Յիսուս Քրիստոսի մասին: Կեանքը սկիզբ առաւ անոր հետ եւ կեանքը մարդոց համար Լոյսն է, որ կը փայլի խաւարին մէջ (Յովհաննէս, 1:4):
Շնորհաւոր Սուրբ Ծնունդ:
Թող Աստուծոյ ողորմածութեամբ այս տարին օրհնեալ ու խաղաղ ըլլայ Հայաստան ու Արցախ աշխարհիս համար: Իսկ հայուն համար ըլլայ խոկումի, Աստուծոյ դառնալու եւ զԱյն ճանչնալու տարի մը: Աստուած օրհնէ բոլորս:
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
(Երեւան)
Ընկերամշակութային
- 11/29/2024