ԻՆՔՆԱԿՈՉ ՀԱՒԱՏԱՑԵԱԼՆԵՐ
Քննադատութիւնը ըստ էութեան օգտակար արարք մըն է, քանի որ անոր միջոցով անհատը եւ ընկերութիւնը կրնայ յառաջանալ, կրնայ հետզհետէ զարգանալ եւ կատարելագործուիլ։ Եթէ քննադատութիւն չըլլայ՝ հաւանական սխալներ չեն սրբագրուիր եւ բնական յառաջդիմութեան ընթացքը արգելքներու կրնայ հանդիպիլ։ Մէկ խօսքով՝ քննադատութիւնը դրական դեր կը խաղայ ընկերային կեանքին մէջ՝ անոր զարգացման եւ կատարելագործման համար։
Սակայն, իրաւացի եւ արդար քննադատութիւնը, եւ անիրաւ, անարդար քննադատութիւնը պէտք է, պայմա՛ն է որ զանազանուին։ Որքան օգտակար է արդար եւ իրաւացի քննադատութիւնը, ա՛յնքան վնասակար է անարդար, անիրաւ եւ անշահ քննադատութիւնը։
Արդարեւ, կեանքի փորձառութիւնը մեզի ցոյց տուած է, որ կեանքի մէջ արդար, իրաւացի՝ օգտակար քննադատութենէ աւելի՝ անարդար, անիրաւ՝ վնասակար քննադատութիւններ կը գտնուին։ Ուստի, վկայ եղած ենք յաճախ այնպիսի քննադատութիւններու եւ ինքնակոչ, կարծեցեալ «քննադատ»ներու՝ որոնք քննադատութիւնը «գործ» ըրած են իրենց, սովորական զբաղում եւ անգիտակից եւ անտեղի քննադատութիւններ կատարելով շատ վնաս հասցուցած են թէ՛ անհատին եւ թէ ընկերութեան։
Այսպիսի «ախտաւոր» քննադատողներ, ամէն արարք, ամէն մարդ կը քննադատեն՝ պարզապէս քննադատած ըլլալու համար եւ այս կերպով իրենք զիրենք կը գոհացնեն։ Այս տեսակի մարդիկ «ախտաւոր» են, քանի որ քննադատութիւնը իրենց ապրելակերպ ըրած են, եւ եթէ չքննադատեն, իրենց հոգւոյն մէջ պակաս մը կը զգան, անհանգիստ կ՚ըլլան։ Անոնք պէտք է անպայմա՛ն քննադատեն, մինչեւ իսկ արժանապատուութիւններ վիրաւորեն եւ վնաս հասցնեն իրենց շուրջիններուն։
Ի՞նչ տեսակ հոգեվիճակ մըն է այս տեսակ քննադատութիւն կատարողներու ապրումները։ Հասկնալ մեզի համար կարելի չէ, հոգեբաններու եւ հոգեբոյժներու մասնագիտութեան պէտք է ձգել։ Մենք միայն, բոլորովին առարկայական տեսանկիւնէ կրնանք դիտել հարցը եւ իրապաշտ տեսութեամբ կը ներկայացնենք այս «ախտաւոր» համարելի, տարօրինակ, անսովոր արարքը։
Հոս հարցը կը սկսի սա կէտէն, թէ՝ առանց նուազագոյն տեղեկութեան մը տէր ըլլալու կարելի՞ է արդեօք որեւէ խնդրի մասին գաղափար յայտնել։
Սա պէտք է յիշենք, որ մենք յաճախ վկայած ենք անձերու, որոնք բոլորովին մակերեսային, անկատար եւ երբեմն սխալ տեղեկութիւններ ունենալով, եւ ամէն բան գիտցողի «հովեր առնել»ով՝ կարեւոր եւ կենսական հարցերու մասին գաղափար յայտնած, եւ գաղափար յայտնելով չբաւարարուելով՝ իրենց գաղափարը պարտադրել փորձած են ուրիշներուն։ Եթէ հարցնէք, թէ ո՞ւրկէ առած են տեղեկութիւնը գաղափար յայտնելու համար, անոնք ինքնահաւանօրէն կը պատասխանեն, թէ հեռատեսիլէն ստացած են այդ տեղեկութիւնները… ուրեմն ո՜րքան դիւրին է «գիտուն» ըլլալ, ո՜րքան պարզ է ամենագէտ ըլլալ։ Իրապէս, այդքան դիւրին ըլլար, այսօր աշխարհի վրայ տգէտ չէր մնար. ամէն մարդ ինքնաբաւ՝ ոչ մէկը ուրիշ մէկու գիտութեանը կարօտ կ՚ըլլար։ Բայց այդպէս չէ՛. ամէն մարդ իր չափովը եւ իր կշիռովը պէտք է արտայայտուի, պէտք է մասնակցի հարցերու լուծման։
Այսպիսիներուն եթէ հարցնէք իրենց գաղափարին սկզբնական հիմը, ձեզի կը պատասխանեն. «այդպէս լսեցի»։ Ոմանք ալ կ՚ըսեն, թէ հինէն ի վեր այդպէս տեսած է։ Լա՛ւ, բայց լսուածը կամ տեսնուածը ճի՞շդ է։ Չեն հարցափորձած, մտքի կատարեալ կուրութեամբ ընդունած եւ իւրացուցած են։ Իրենց գաղափարը ո՛չ հիմ եւ ոչ ալ փաստ, ապացոյց ունի. միայն «լսած», միայն «տեսած» են, եւ այդքանով իրենք զիրենք «գիտուն» կը համարեն եւ համարձակութիւն կ՚ունենան գաղափար յայտնելու, մինչեւ իսկ քննադատելո՛ւ…
Եւ, դժբախտաբար, ասիկա տեսնել Եկեղեցւոյ մէջ, ինքնակոչ եւ կարծեցեալ հաւատացեալներու՝ հոգեւորականներու հանդէպ անհիմն եւ կամայական քննադատութեան ենթարկուիլը տեսնել ցաւալի է։ Կան, վկայած ենք մարդոց, որոնք «Եկեղեցի»ի մասին ոչինչ գիտեն, բայց կը համարձակին քննադատել եկեղեցականը։
Եկեղեցւոյ կարգին մէջ «նուիրապետութիւն» գոյութիւն ունի. եթէ եկեղեցական մը քննադատելի արարքի մը մէջ գտնուած է, անիկա քննադատութեան կրնայ ենթարկուիլ իր նուիրապետական կարգի մեծաւորին կողմէ՝ ինչ դիրք կամ աստիճան ալ ունենայ անիկա։ Պարզապէս քննադատած ըլլալու համար, ինքզինք գոհացնելու համար քննադատել եւ մինչեւ իսկ դատապարտել սխալ է եւ անընդունելի՛։
Քննադատութեան այս սահմանները՝ չափը եւ կշիռը երբեք պէտք չէ շփոթել «խորհելու» եւ «գաղափար յայտնելու ազատութեան» հետ։ Իր սահմաններուն մէջ, իրաւացի եւ իրաւական հիմերու վրայ հաստատուած, փորձագէտ եւ իրաւասութիւն ունեցող անձերու քննադատութիւնը, եթէ օգուտ մը պիտի բերէ ընդունելի կ՚ըլլայ, անշուշտ որոշ պայմաններու եւ ձեւական կարգերը յարգելու՝ հնազանդելու պարագային։ Արդէն մեր նիւթը ասիկա չէ։
Անիրաւ եւ անհիմն քննադատողը, նա՛խ պէտք է ինքզինք ճանչնայ՝ ինքնաքննութիւն մը կատարէ, ինքզինք, իր յատկութիւնները կշռէ, իր թերութիւնները, թէ՛ տկարութիւնները եւ թէ անկատարութիւնները տեսնէ՝ ինքզինք հայելիին մէջ դիտէ, անգամ մը իր մասին խորհի եւ յետոյ լեզուն երկարէ…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յունուար 2 2022, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 12/02/2024
- 12/02/2024