ՄՈԼԵՌԱՆԴՈՒԹԻՒՆ
Կեանքի մէջ յաճախ կը հանդիպինք եւ կ՚ազդուինք նախապաշարումներէ։ Որքան ալ լայնախոհ ըլլանք, թերեւս անզգալաբար եւ անգիտակցօրէն, քիչ կամ շատ կը տպաւորուինք նախապաշարումներու ազդեցութենէն։ Նախապաշարումները յաճախ, դարերու հոլովումներու մէջ զանազան արգելիչ պատճառներու հետեւանքով, զոր օրինակ, միջավայրի, կլիմայի եւ ապրելակերպի անփոփոխելիութեամբ, քարանալով՝ միտքը կ՚ըմբոստացնեն որեւէ նոր ճշմարտութեան դէմ՝ զոր գիտութիւնը կամ յառաջդիմութիւնը նորանոր լուսաբանութիւններու շնորհիւ ի յայտ կը բերէ։
Ըմբոստ մտքին իր կանխակալ ըմբռնումին վրայ յամառիլ՝ մնալը, կամ հինի պահպանումին համար անոր ցոյց տուած այլամերժ մոլութիւնը եւ կոյր եռանդը կը կոչուին «մոլեռանդութիւն»։
Ազատամիտ եւ ողջախոհ մտքին համար բացարձակապէս ընդունելի չէ՛ մոլեռանդութիւնը, քանի որ անիմաստ եւ անգիտակից պահպանողականութիւնը միայն վնաս կը հասցնէ թէ՛ անհատին եւ թէ՛ հաւաքականութեան, ընկերութեան։ Անգիտակից պահպանողականութիւնը՝ հաւասար է յետադիմութեան, յետամնացութեան եւ խաւարամտութեան…
Ուստի, մոլեռանդութիւնը կը մերժէ որեւէ քննութիւն, դատողութիւն եւ վերլուծութիւն, աւելի պարզ խօսելով՝ անիկա ծնունդ է տգիտութեան, որ չի կրնար չափ դնել մոլութեան եւ եռանդին, որոնցմով միտքը կը կառչի անբաժան այս կամ այն անանդրադարձ համոզումին։
Իբրեւ հինի քարացումը՝ մոլեռանդութիւնն ալ սակայն կրօնքի մէկ երեւոյթն է։
Մոլեռանդութիւնը ծայրայեղութիւն եւ չափազանցութիւն կ՚ենթադրէ, այս պատճառով ան մոլութիւն մըն է։
Արդարեւ, մոլութիւնները կրնան դասաւորուիլ ըստ առաքինութիւններուն, որոնց կը հակադրուին եւ կամ առընչուիլ «գլխաւոր մեղքերուն», զորս քրիստոնեայ փորձառութիւնը մանրամասնած է հետեւողութեամբ Սուրբ Յովհաննէս Կասիանոսի եւ Սուրբ Գրիգոր Մեծի։ Անոնք «գլխաւոր» կը կոչուին, որովհետեւ ծնունդ կու տան այլ մեղքերու, այլ մոլութիւններու։ Ասոնք են՝ հպարտութիւն, ագահութիւն, նախանձ, բարկութիւն, վաւաշատութիւն, որկրամոլութիւն, ծուլութիւն կամ հեղգութիւն։ Կը տեսնուի որ ասոնց մէջ մոլեռանդութիւնը չկայ. չկա՛յ, որովհետեւ այս բոլորը արդէն չափազանցութիւններ եւ ծայրայեղութիւններ են թերեւս բնական զգացումներու։ Նոյնը կ՚ըսեն «ազատութիւն», «եղբայրութիւն» եւ «հաւասարութիւն» բանաձեւին մասին եւ կը հարցնեն, թէ այս բանաձեւին մէջ ինչո՞ւ չկայ «սէր»ը։
Պատասխանը շատ պարզ է. չկայ, որովհետեւ, հոն ուր կայ «ազատութիւն», «եղբայրութիւն» եւ «հաւասարութիւն»՝ հոն արդէն կայ սէ՛ր։ Եւ փոխադարձաբար՝ հոն ո՛ւր սէր կայ, հոն կայ նաեւ՝ ազատութիւն, եղբայրութիւն եւ հաւասարութիւն։ Ահաւասիկ, այս իմաստով՝ հոն ուր կայ մոլութիւններ, հոն կայ նաեւ՝ մոլեռանդութիւն, եւ ուր որ կայ մոլեռանդութիւն, հոն կայ մոլութի՛ւն։
Անոնք որ կը հրաժարին բուռն եւ արիւնոտ արարքներէն եւ մարդուն իրաւունքները պահպանելու համար՝ կը դիմեն ամենատկարներուն իսկ մատչելի պաշտպանութեան միջոցներու, անոնք տուրք կը մատուցանեն աւետարանական սիրոյն, պայմանաւ որ ասիկա կատարուի առանց վնասելու միւս մարդոց եւ ընկերութիւններուն իրաւունքներուն եւ պարտաւորութիւններուն։ Անոնք արդարօրէն կը հաւաստեն, բռնութեան դիմելու ֆիզիքական եւ բարոյական վտանգներուն ծանրութիւնը, անոր գործած աւերներով եւ մեռեալներով։
Մարդկային կեանքին յարգանքը եւ աճումը՝ խաղաղութիւն կը պահանջեն։ Խաղաղութիւնը չէ միայն չգոյութիւնը պատերազմին, ան չի սահմանափակուիր միայն հակադիր ուժերուն հաւասարակշռութիւնը պահպանելով։ Երկրի վրայ խաղաղութիւնը չի կրնար ձեռք ձգուիլ առանց անձերու ինչքերու պահպանումին, առանց մարդկային էակներու միջեւ ազատ հաղորդակցութեան, առանց անձերու եւ ժողովուրդներու արժանապատուութեան յարգանքին, առանց եղբայրութեան, եղբայրակցութեան յարատեւ գործադրութեան։
Խաղաղութիւնը «գործն է արդարութեան». (ԵՍ. ԼԲ 17), եւ արդիւնքը սիրոյ։ Եւ ուրեմն երբ սէրը կը պակսի, կը սկսի ատելութիւնը, եւ երբ կու գայ ատելութիւնը, իսկ ատելութիւնը կը սնանի եւ կ՚աճի յոռի զգացումներու չափազանցութեամբ եւ ծայրայեղութեամբ՝ մոլութիւններով եւ սխալին վրայ յամառելով, այսինքն մոլեռանդութեամբ…
Իրական լայնամտութիւնը եւ ազատախոհութիւնը կը կայանան չափաւորութեան մէջ։ Արդարեւ, չափաւորութիւնը եւ պարզութիւնը էական պայմաններն են մտքին զարգացման եւ հոգիին ազնուացման։ Կրօնքն ալ, բանականութիւնն ալ, բարոյականն ալ այսպէս կը պահանջեն։ Մարդու ընդհանուր բնախօսական եւ հոգեխօսական կազմուածքը չափաւոր եւ պարզ «սնունդ»ի մը իւրացումով աւելի կորովի, աւելի պինդ, աւելի յարմար կը դառնայ որեւէ ծառայութեան։ Իսկ մոլեռանդութիւնը՝ որ կ՚ենթադրէ չափազանցութիւն, կը թունաւորէ մարդու կազմուածքը, եւ վատախտարակ, անընդունակ կ՚ընէ զայն ազնիւ եւ բարձրագոյն մտածութիւններու եւ գործերու…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Դեկտեմբեր 12 2022, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/30/2024
- 11/30/2024