ՄԵԶ ՉՆՄԱՆԷՔ, ՄԱՆՈՒԿՆԵՐ
Կանաչ, վիթխարի ընկուզենիի տակ,
Իրենց հասակի կարգով, ծալպատակ,
Միասին բազմած,
Մի շրջան կազմած,
Քեֆ էին անում
Եւ ուրախանում
Մեր հսկայ պապերն ու մեր հայրերը՝ գիւղի տէրերը:
Մենք առոյգ ու ժիր գեղջուկ մանուկներ,
Երեք դասընկեր,
Նրանց առաջին գլխաբաց կանգնած,
Ձեռքներս խոնարհ սրտներիս դրած,
Զի՜լ, ուժեղ ձայնով նրանց սպասում,
Տաղ էինք ասում:
Երբ զուարթաձայն մեր երգը լռեց,
Մռայլ թամադէն պեխերն ոլորեց,
Նրա հետ վերցրին լիք բաժակները
Բոլոր մեծերը
Ու մեզ օրհնեցին. «Ապրէ՛ք, երեխէ՛ք,
Բայց մեզ պէս չապրէք...»:
Ժամանակ անցաւ, նրանք էլ անցան,
Զուարթ երգերս վշտալի դարձան.
Ու ես յիշեցի մեր օրը լալիս,
Թէ մեզ օրհնելիս
Ինչու ասացին. «Ապրէ՛ք, երեխէ՛ք,
Բայց մեզ պէս չապրէք...»:
Խաղաղութիւն ձեզի, մեր անբախտ պապեր,
Ձեզ տանջող ցաւը մեզ էլ է պատել:
Այժմ, տխրութեան թէ քեֆի ժամին,
Մենք էլ օրհնելիս մեր զաւակներին՝
Ձեր խօսքն ենք ասում. «Ապրէ՛ք, երեխէ՛ք,
Բայց մեզ պէս չապրէք...»:
1887 թուականին, Ամենայն հայոց բանաստեղծ՝ Յովհաննէս Թումանեանի գրած «Հին օրհնութիւն» բանաստեղծութիւնը երբեք չէ կորսնցուցած իր արդիականութիւնը: Կը յիշեմ, մեր մեծերը մեզ նոյնպէս կ՚օրհնէին այսպէս՝ նոյն բառերով:
Գալիք սերունդներուն ես կը պատգամեմ. «Տղաք, մեզ չնմանէք: Կեանքի բոլոր պարագաներուն եղէք մարդ: Միշտ մնացէք հայ՝ հայրենասէր ու աստուածապաշտ: Սերունդներ, մեր սխալները օղ ըրէք ձեր ականջներուն: Խուսափեցէք մեր սխալներէն: Նմանեցէք ինքներդ ձեզի: Ձգտեցէք դէպի կատարելիութիւն...»:
Նորէն իմ ականջներուն կը հասնին անհաս, անծանօթ մէկու մը ձայնը. «Չկայ չարիք՝ առանց բարիքի»: Մեզի այսօր ընձեռուած է բացառիկ հնարաւորութիւն, կարդալու հայոց պատմութեան տողատակերը, ականատեսը ըլլալու, լրացնելու բոլոր չգրուած տողերը, իրական պատմութիւնը, լուծելու հանգոյցները:
Անգործութեան երեսուն տարիներ:
Այո՛, մենք մեզի շնորհած անկախութիւնն ու ազատութիւնը չգնահատեցինք յաւուր պատշաճի: Չկրցանք: Արցախի աւելի քան մէկամսեայ շրջափակումը կու գայ մեր բացթողումները ջուրի երես հանելու: Այստեղ մենք կ՚առերեսուինք մենք մեզի ու մեր սխալներու, մեղքերու հետ: Միայն ու միայն մեր իշխանաւորներու ամենաթողութեան հետեւանքով է, որ Արցախի խանութները կողպուած են, կամ դատարկ են ցուցափեղկերը: Ինչո՞ւ այսօր արցախցին կարօտ պիտի ըլլայ հողկիթի, բանջարի, կաղամբի կամ ստեպղինի: Ինչո՞ւ երկիրս պիտի ունենայ շաքարաւազի կամ ձէթի պակասութիւն՝ չկայ: Աւելի՛ն, ինչո՞ւ չունինք կաթնամթերք, հաւկիթ: Առատ է միայն միսն ու կանաչեղէնը: Ինչո՞ւ երեսուն տարիներու ընթացքին Արցախի մէջ չկառուցուեցան բոլոր անհրաժեշտ արտադրամասերն ու գործարանները, ինչո՞ւ մեր հողերը մնացին անմշակ: Ինչուներու, բացթողումներու շարանը անվերջանալի է: Ցաւալի է ներկայիս վիճակը: Այսօր մենք հարուստ ենք ցաւով: Ցաւն է, որ կ՚աշխուժանայ մեր ողորմելի ներկայի մէջ: Եւ այս բոլորի հետ մէկտեղ կը շարունակենք զիրար խաբել, փորձելով հնարաւորինս շատ օգուտ քաղել հնարաւոր ամէն տեղէ: Իսկ առանց բարութեան, սիրոյ, կարեկցանքի, յոյսի ու հաւատքի ամբարման՝ դժուար թէ հասնինք բաղձալի օրուան:
Աստուած օգնական ու պահապան Հայաստան ու Արցախ աշխարհներուն:
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Երեւան