ԱՐՑԱԽԻ ՄԻԱԿ ՋԵՐՄԱՑՆՈՂԸ՝ ՁՄՐԱՆ ԱՐԵՒԸ…

«Շրջափակուած Արցախի մէջ պաշարման բոլոր օրերուն երեխաներ ծնած են»: Այս նախադասութիւնը այս օրերուն կը փորձեն հրամցնել որպէս լաւ եւ ուրախալի լուր եւ կը փորձեն ասով քիչ մը մխիթարել Արցախի ճակատագրով մտահոգ մարդիկը: Բայց ասիկա ոչ թէ լաւ լուր մըն է, այլ սովորական, հերթական լուր մը, քանի որ երեխաները կը ծնին, երբ կը լրանայ անոնց մայրերուն յղութեան ինն ամիսը: Անոնք կը ծնին՝ անկախ շրջափակումէ, պատերազմէ, գաղթական օրերէ… Ծնելիք երեխաները տեղ, օր, ժամ, պայման, եղանակ, դրութիւն, աղքատութիւն եւ այլ հանգամանքներ չեն ճանչնար. անոնք կը ծնին, որովհետեւ արդէն պիտի ծնէին… Երեխաներ ծնած են միշտ՝ աղէտներու, փախուստի, զրկանքի, պատերազմի, նաեւ՝ շրջափակումներու եւ մարդ արարածը պատուհասած այլ դէպքերու ժամանակ… Երեխաները, այո՛, մեր կեանքի գոյնն ու համն են, բայց «Արցախի մէջ ամէն օր երեխաներ ծնած են» լուրը ո՛չ մէկ ձեւով կը թեթեւցնէ Արցախի ներկայ վիճակը, որ առաւել քան անմխիթար է:

Արցախն ու Արցախի ժողովուրդը այսօր ուրիշ լուրերու կարիք ունին. լուրերու, որոնք կեանքի նշաններ ցոյց կու տան շնչահեղձ եղող Արցախին: Արցախցին կ՚ըսէ, թէ տոկուն է, կը դիմանայ, բայց այդ մէկը կարծես ինքզինք մխիթարելու համար է, որ կ՚ըսէ:

Մենք ամէն օր լուրեր կ՚առնենք ընտանիքներէ, ուր հիւանդներ, երեխաներ, ծերեր, անդամալոյծներ կան, պատերազմին տուն, զաւակ ու ամուսին կորսնցուցածներ, վշտահար, անյոյս հայեր, որոնք կառչած են… ոչինչէ: Անոնց միակ ջերմացնողը այս օրերուն ձմրան ժլատ արեւն է, որ երբեմն կը փայլի Արցախի անխաղաղ երկնակամարին վրայ:

Անհնար է առանց արցունքներու, առանց սիրտի դողի լսել անձնական պատմութիւնները ծանօթ եւ անծանօթ արցախցիներու, արցախաբնակներու եւ այսօր Արցախ գտնուողներու… Բոլորը ցաւ մը ունին: Բոլորը լուռ կը ճչան…

Ստեփանակերտի մէջ կը բնակին իմ բարեկամուհիներս, հեռու-մօտիկ ծանօթներս: Անոնց մէկ մասին ծանօթ եմ տակաւին մանուկ ժամանակուընէ: Ստեփանակերտի մէջ անցած է իմ մանկութեանս հինգ տարիներէն մաս մը: Մայրս ուսանած է Ստեփանակերտի մանկավարժական համալսարանին հայկական բաժինը։ Ուսանող դարձած ժամանակ արդէն ծնած էին անոր երկու զաւակները, եւ ան իր հետ տարին երկու-երեք անգամ Ստեփանակերտ տարած է մեզ՝ զիս եւ եղբայրս: Քոյրս ծնած է անոր համալսարանի վերջին տարին, եւ քրոջս մեր ընտանիքի անդամները երբեմն կատակով «արցախցի» կ՚ըսեն: Արցախը ձեւով մը իմ մանկութիւնս է նաեւ, ուր ես անցուցի 1980-ականներու սկիզբի տարիները՝ յանձնուած խնամքին մարդոց, որոնց տունը մայրս սենեակ մը վարձած էր: Անոնք մեզ շատ կը սիրէին, ընտանիքի պէս կը վերաբերէին, կը կերակրէին, կը խաղցնէին, մինչեւ մայրս տուն կու գար: Երբեմն ժամերով բակը կը խաղայինք՝ քիչ մը տխրութիւն, միայնակութիւն կար, քանի որ անծանօթ էր մեզի բակը, քաղաքը… Մինչեւ հիմա կը յիշեմ Ստեփանակերտի Աբովեան փողոցի այդ ընդարձակ եւ լուսաւոր թուացող բակը՝ փողոցէն բաժնող խոշոր կրաձոյլէ պարիսպներով, որոնցմէ մէկուն վրայ լուսանկար ունիմ մայրիկիս հետ: Երբ կը լուսանկարուէինք, մօտակայ տաղաւարէն կը հնչէր «Ճամբորդ եմ» երգը: Մայրս ըսաւ՝ կը յիշես, որ այս երգը մտիկ ընելու ժամանակ նկարուած ենք: Յետոյ, շատ տարիներ յետոյ, երբ արդէն շատ մեծ էի, ես Ստեփանակերտ այցելելով, գացած եւ փնտռած եմ այդ փողոցն ու բակը եւ անոնք այնքա՜ն խղճուկ, պզտիկ եւ գորշ թուացած են ինծի… Մանկութեան ժամանակ ամէն ինչ մեծ եւ տպաւորիչ կը թուի, եւ միայն չափահաս դառնալով մենք խելահաս ձեւով կը տեսնենք իրերն ու անոնց գոյները, չափերը: Մտած եմ մեզ հիւրընկալած ընտանիքին տունը, եւ այնքա՜ն նեղ թուացած է այդ տունը… Մինչեւ հիմա կը զարմանամ՝ ինչպէ՞ս իրենց ընտանիքին անդամներուն հետ մենք ալ կը տեղաւորուէինք հոն եւ մայրս ալ դասեր կը սորվէր: Տանտիրուհին կուչ եկած, զոհուած միակ որդւոյն լուսանկարին առջեւ նստած՝ հեռատեսիլ կը դիտէր: Ատիկա 1990-ականներու վերջն էր: Ես գիտէի, որ անոնց որդին զոհուած է, այցելած էի նաեւ ցաւակցելու… Այդ օրերուն արցախցի գրեթէ բոլոր ընտանիքները զոհուած ազգական մը ունէին, եւ այնքան սովորական կը թուէր այդ մէկը: Անցան տարիներ.. Ստեփանակերտը շինուեցաւ, պատերազմին հետքերը փորձեցին ջնջել, արցախցին կ՚ապրէր բարեկեցիկ կեանքով, Արցախը դարձաւ զբօսաշրջութեան կեդրոն, ուխտագնացութեան վայր… Ամէն օր նոր կառոյց մը կը հիմնուէր, լուրերը սովորաբար դրական էին.. Մինչեւ 44-օրեայ պատերազմը: 44-օրեայ պատերազմէն երկու տարի ետք արցախցին ու Արցախը ջանացին ոտքի կենալ, շարունակել կեանքը։ Կարծես կեանքի նշաններ կային արդէն: Բայց այսօր կրկին նոյն խեղճացած Արցախն է, ինչպէս որ կը տեսնէինք առաջին պատերազմէն ետք, նոյն պատկերները կը տեսնենք նաեւ այսօր, եւ նոյնքան կը ցաւինք, կը տառապինք նաեւ այսօր: Ամբողջ հայութիւնը այսօր կը տառապի Արցախին համար: Զօրակցութեան, քաջալերանքի խօսքերը, այո, կարեւոր են, բայց ոչ մէկ ձեւով կը թեթեւցնեն անլոյս, առանց տաքարանի, առանց տարրական սնունդի գոյատեւող արցախցիին կեանքը: Արցախցին իր վիշտը առած նստած է… Այնպէս, ինչպէս մեր բնակարանի տանտիրուհին 1990-ականներու այդ օրը սենեակին մէջ միայնակ մնացած էր իր վիշտին հետ, եւ ո՛չ մէկ նուէր, ո՛չ մէկ խօսք եւ ոչինչ սփոփեց այդ կինը:

Այսօր արդէն անհնար է այցելել հինաւուրց այդ հողը, չկան զբօսաշրջութեան նշաններ, չկայ ուխտագնացութեան ճամբայ… Արցախը Հայաստանին կապող միակ ճանապարհը 44 օրէ ի վեր շրջափակուած է: Ճիշդ այն օրերու քանակն է, որքան որ տեւեց վերջին կործանարար պատերազմը: Բայց պատերազմը կանգ առաւ 44-րդ օրը, իսկ 44 շրջափակուած օրերուն տակաւին օրեր կ՚աւելնան, 44-ը կը դառնայ 45, 46…

Ինչպիսի՛ն էր իմ մանկութեանս տեսած Արցախը: Ստեփանակերը բազմազգ քաղաք էր. հոն կը բնակէին հայեր, ատրպէյճանցիներ, ռուսեր… Ատրպէյճանցի եւ հայ բոլոր տղամարդիկը ես կը յիշեմ պեխերով: Պեխեր ունէին նաեւ մեր վարձակալած տունին տղամարդիկը, որոնք հայ էին: Հաւանաբար այդ մէկը դիմագիծ մը պահելու, ընդօրինակելու քայլ մըն էր… Մայրս երբեմն մեզ համալսարանի կը տանէր: Մանկավարժական համալսարանը ունէր երկու բաժին՝ ատրպէյճանական եւ հայկական: Կը յիշեմ, դասի նստած կ՚ըլլային, ատրպէյճանցի ուսանողներու խումբը աղմուկով կը խուժէր եւ ազատել կու տար լսարանը՝ ըսելով, որ ազատ լսարան չկայ եւ իրենք դաս պիտի ընեն: Հայ ուսանողները կը սպասէին դուրսը, մինչեւ անոնք վերջացնէին դասը: Կը յիշեմ անոնց ատրպէյճաներէն խօսուածքը, ազատ պահուածքը, քանի որ իրենք հաւատացած էին, թէ իրենց երկիրն է: Այդ ժամանակ Արցախը, իբրեւ ինքնավար մարզ (կը կոչուէր ԼՂԻՄ-Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար մարզ), կը մտնէր Ատրպէյճանի Հանրապետութեան կազմին մէջ: Երբ իմ մայրս ստացաւ իր աւարտական վկայականը, անոր առաջին էջին մէջ նախ ատրպէյճաներէնով գրուած է, ապա՝ միւս էջին վրայ՝ հայերէնով: Երբեմն կը բանամ, կը նայիմ աւարտական վկայականը՝ դասերուն մէկ մասը Ատրպէյճանի պատմութեան կը վերաբերէին, չկար հայոց պատմութեան մասին ոչ մէկ պահ, կար Խորհրդային Միութեան պատմութիւն, որուն մէջ կ՚անցնէին հայոց պատմութիւնը: Յաճախ կը դիտեմ նաեւ աւարտական լուսանկարը… Մանկավարժի կրթութեան համար Արցախ հասած հայաստանցիներ կային այդ լուսանկարին մէջ, որովհետեւ Ստեփանակերտի մանկավարժական համալսարանը հաւանաբար լաւ համբաւ ունեցած է, նաեւ՝ Երեւանի մանկավարժական համալսարան ընդունուիլը այդ տարիներուն դժուար եղած է՝ կաշառք, ծանօթ կամ այլ միջոցներ պէտք էին… Զանազան այսպիսի բարքեր տիրած են Խորհրդային Միութեան բոլոր կողմերը…

Փաստօրէն, յետոյ անկախութիւն հռչակած, կառավարութիւն, նախագահ, դրօշ, խորհրդարան եւ պետական այլ խորհրդանիշներ ունեցած Արցախի Հանրապետութիւնը ընդամէնը մարզ եղած է: Բայց ինչպէ՞ս ինքնավար եղած է, եթէ երկրի մը մէջ էր… Ասոնք հարցումներ են, որոնց պատասխանները չկան: Արցախի ժողովուրդը այսօր ալ կը յիշէ, որ ոչ մէկ ինքնավարութիւն ունեցած են, այդ մէկը ձեւական անուանում մըն էր, որ փակցուցած են Արցախի վրայ: Եւ յետոյ, Արցախ անունը այն ժամանակ մենք չէինք լսեր, գիտէինք միայն Ղարաբաղ… Գորիսէն Ղարաբաղ տանող ճանապարհները երկար էին, փոշոտ եւ վտանգաւոր: Հայրս ամէն անգամ մեզ կը տանէր իր հին խորհրդային «Վոլկա» ինքնաշարժով, որ ծանր կը շառաչէր անսարք ճանապարհներուն՝ պատրաստ ամէն վայրկեան գլորուելու ճամբուն մէկ կամ միւս կողմը: Կը յիշեմ ատրպէյճանական տուները՝ մեզի հանդիպած ճանապարհին, կանգ կ՚առնէինք, անոնք մեզի բան մը կը հիւրասիրէին, բայց մայրս չէր ձգգր ուտէինք, կ՚ըսէր՝ անոնք ձեռքները չեն լուացած: Անոնք, անշուշտ չէին լսեր, կը հաւատային, թէ կերանք իրենց հիւրասիրած ուտելիքը, որ կ՚ըլլար նուռ, ձմերուկ կամ գոմէշի մածուն: Գոմէշներ կը պահէին անոնք, որոնք ծանր քայլերով կը հանդիպէին ամէնուր: Անգամ մը ատրպէյճանցի մարդ մը թքաւ մեր ինքնաշարժին վրայ, երիտասարդ մըն ալ ուրիշ օր մը քար նետեց մեր ետեւէն: Ես, այն ժամանակ, պզտիկ ըլլալով շատ զարմացած էի, թէ ինչպէս մեծ մարդը կրնայ թքնել չարաճճի մանուկի մը պէս: Մայրս այնքան չէր սիրեր ատրպէյճանցիները, որ անգամ մը մեծ հօրս ատրպէյճանցի ծանօթը մեր տունը հիւր գալով եւ գիշերը մնալով, ես վախէն այդ օրը տաքութիւն ունեցած էի: Բայց այն ժամանակ վախնալու դէպքեր չկային, պարզապէս մայրս իրենց շրջապատին մէջ ուսանելով, շատ բան տեսած էր եւ միշտ կ՚ըսէր. «Միշտ իրենք ճիշդ էին, մեզի առիթ չէին տար»: Մենք մեզի հետ Հայաստանէն Արցախ կը տանէինք բազուկի թթուաշ, զոր շատ կը սիրէին մեզ հիւրընկալած մարդիկ: Անոնց տունը միշտ ընկոյզ, թութի չիր, նուռի հիւթ կար:

Արցախէն ես այդ տարիներէն կը յիշեմ նաեւ հագուստի, կօշիկի խանութի հերթերը, Հայաստանէն գացածները ժամերով հերթեր կը սպասէին այդ խանութներուն առջեւ: Անոնք կը գնէին արտասահմանեան կօշիկ եւ հագուստ, ինչ որ տեղացի ատրպէյճանցիները չէին գնահատեր: Օր մը մայրս կապոյտ, շատ պարզ, չեխական վերնազգեստ մը առած էր եւ ըսաւ. «Իրենք ասանկ բաներ չեն հագուիր, ծաղիկներով եւ վառ գոյներով կը սիրեն, դուրսէն եկած ապրանքն ալ մեզի կը մնայե»: Ատիկա Ստեփանակերտի ատրպէյճանցի բնակիչներու այն ժամանակուայ ճաշակն էր: Իրենք իրենց հագուստով անպայման կը զատուէին: Չեմ մոռնար Ստեփանակերտի գրախանութները, ուր նոյնպէս հայկական գիրքերը կը մնային: Մայրս այդ գրախանութներէն կը գնէր Կաղանդի հրաշալի բացիկներ, որոնք իմ այդ ժամանակուայ միակ ուրախութիւնն էին: Ես այդպէս ալ յետոյ ոչ մէկ տեղ տեսայ այդքան գեղեցիկ նկարներով տօնական բացիկներ: Անոնք բոլորը ուրախ կեանքի պատկերներ ունէին՝ կարմրաթուշ մանուկներ, ժպտուն ծնողք, անհոգ մեծ մայրիկ ու մեծ հայրիկ, տաքուկ տուներ, բնական եղեւնիներ, ձիւնի մեծ փաթիլներ եւ Կաղանդ պապուկ ու անոր նուէրները նկարուած էին բացիկներուն վրայ եւ իրական կը թուէր այդ ամէն ինչը:

Ստեփանակերտն ու Արցախի միւս բնակավայրերը այսօր պաշարուած են եւ հոն այսպիսի պատկերներ չկան այլեւս: Ամէն օր մենք կը ստանանք դատարկ խանութներու, փայտեայ վառարանով տաքցուող տուներու, մոմի լոյսին տակ դաս ընող մանուկներու, ձմեռնային ծածկոցներու տակ պատսպարուած ծերերու եւ հիւանդներու լուսանկարներ:

Ամէն առտու մենք կ՚արթննանք, կը բանանք «Արցախի տեղեկատուական շտապ» անունով համացանցային էջը, որպէսզի տեսնենք, թէ ինչ սահմանափակում մտցուցած են արցախցիներուն համար:

Երէկուընէ արդէն Ստեփանակերտի եւ Արցախի շրջաններուն մէջ դադրեցաւ կազալցակայաններու աշխատանքը: Հազարաւոր ինքնաշարժներ, որոնք կը լիցքաւորուէին կազով, այսուհետեւ պիտի չկարենան կազ առնել կայաններէն: Ձեւով մը սահմանափակուեցաւ նաեւ Արցախին մէջ տեղաշարժը:

Կայաններուն մէջ կուտակուած կազը որոշուած է տրամադրել միայն առողջապահական հաստատութիւններուն եւ կենսական նշանակութեամբ կառոյցներուն:

Հանրային սպասարկում իրականացնող եւ հանրային ծառայութիւններ մատուցող կազմակերպութիւններու ինքնաշարժներուն կառավարութիւնը կը տրամադրէ պենզին կամ տիզելական վառելիք: Շաբաթ օրը յայտնի դարձաւ, որ ատրպէյճանական կողմը կրկին ամբողջութեամբ արգելակած է Հայաստանէն Արցախ մտնող միակ կազատար խողովակին աշխատանքը՝ փակելով զայն։ Շրջափակման ընթացքին՝ դեկտեմբեր 12-էն սկսեալ Արցախի մէջ ասիկա կազի հոսքը խոչընդոտելու արդէն չորրորդ դէպքն է: Նման դէպք մըն ալ անցեալ տարուան մայիսին եղաւ եւ եւս մէկ անգամ՝ դեկտեմբերի սկիզբը։ Բայց այս անգամ երկիրը պարզապէս կաթուածահար եղած է: Յունուարի 9-ին ալ վթարուած է Հայաստանէն Արցախ մուտք գործող ելեկտրականութեան հոսքագիծը, իսկ ատրպէյճանական կողմը կ՚արգիլէ մօտենալ եւ նորոգել զայն: Առանց կազի եւ լոյսի. այս երկու կենսական պէտքերը արդէն բաւական են պատկերացնելու արցախցիին վիճակը: Արցախի տարածքին յունուարի 21-էն հովհարային անջատումներու նոր կարգ սահմանուած է՝ օրական 3 անգամ՝ իւրաքանչիւր անգամ 2 ժամ տեւողութեամբ։ Նախորդ օրերուն արցախցիներու բողոքները տեղ հասած են եւ հովհարային անջատումներու օրական վեց ժամեայ կարգը վերցուած է, հիմա աւելի կարճ տեւողութիւն սահմանուած է:

Միւս կողմէ, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի կողմէ Արցախին հրատապ մարդասիրական աջակցութիւն ցուցաբերելու ծրագիրի ծիրէն ներս նուիրաբերած 100 թոն ուտելիքը այս պահուն մնացած է Գորիս քաղաքին մէջ, հնարաւոր չէ տեղ հասցնել… Ռուս խաղաղապահներու հետ բանակցութիւնները տակաւին կը շարունակուին եւ, յուսանք, որ մինչ այս յօդուածը լոյս տեսնէ, արցախցիները արդէն վայելելու կ՚ըլլան համազգային ջանքերով հաւաքուած այդ ուտելիքը, մթերքը եւ առաջին խիստ անհրաժեշտութեան ապրանքները: Մինչեւ յաջորդ համազգային ջանքը…

Մինչեւ արեւը աւելի պայծառ կը շողայ Արցախի երկնակամարին վրայ, արցախցին դաշտեր դուրս կու գայ, կը քաղէ դաշտերուն բարիքը, կը թխէ կանաչիով հացը եւ կը փորձէ կառչիլ զինք սնած, պահած այդ դարաւոր ու բազմաչարչար հողին…

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Հինգշաբթի, Յունուար 26, 2023