ԲԱՐՈՒԹԻՒՆԸ՝ ՊԱՅՄԱՆԱՒՈՐ
Մարդուն բարութիւնը պայմանաւոր է եւ յարաբերական. երբեմն, ըստ պարագաներու պահանջին՝ բարի է, երբեմն ալ՝ չար։ Ո՞վ է լման, ամբողջովին բարին, որ կը նշանակէ «միշտ բարի», եթէ ոչ անկարելի, բայց դժուա՛ր է որոշել։
Նոյնպէս, մարդ «միշտ չար» ալ չի կրնար ըլլալ՝ «չար» ճանչցուած մէկը կրնայ բարի գործ մըն ալ կատարել։
Այս պատճառով Քրիստոս հաստատեց բարիին եզականութիւնը. «Մէկ է բարին», որովհետեւ միակ բարին Աստուած է։ Արդարեւ, մարդ թէ՛ բարի է, թէ՛ չար, թէ՛ ազնիւ, վեհանձն, եւ թէ՛ վատ եւ խաբեբայ, թէ՛ սիրող, թէ՛ ատող, թէ՛ արդար եւ թէ՛ անիրաւ, թէ՛ գորովալից, թէ՛ անգութ։ Այս կը նշանակէ, որ մարդուս նկարագիրը միագոյն չէ՝ բազմագոյն է։ Ուստի ամէն սպիտակ սեւ կէտ մը ունի իր մէջ, եւ փոխադարձաբար՝ ամէն սեւ սպիտակ նշան մը իր հոգւոյն խորը։ Եւ ո՛չ մէկ խաւար բոլորովին մութ է. անոր մէջ կայ անպայմա՛ն լոյսի շող մը…։
Եւ այնքան զանազանութիւն կայ մարդուս նկարագրին մէջ՝ այնքան զանազան գոյներ եւ տեսակներ, որքան կ՚երեւին գարնանային կամ ամառնային համայնապատկերի մը մէջ։ Մարդուս հոգին տխո՛ւր պատկեր մըն է «Բաբելոնական խառնակութեան», եւ ո՛չ թէ «սպիտակութիւն», սրբութեան, կամ տիրականապէս աստուածային նկարագրին տիպարին։
Մարդ այլեւս չի՞ տենչար արդեօք սրբանալու։
Կամ ինքզինք արդէն սրբացած կը կարծէ մարդ, եւ կամ սրբութեան արժէքին կ՚անգիտանայ եւ անկարեւոր նկատելով զայն՝ կ՚անտեսէ։ Մարդ տարուած իր առօրեայէն, կը թողու, կը լքէ ամէն հոգեւոր արժէք եւ կը մխրճուի ինքն իր մէջ եւ կը մնայ հոն՝ ամուլ, անաշխատ, անգործ…։ Մարդ որքան ունի «ներքին աշխարհ» մը, ունի նաեւ «արտաքին աշխարհ» մը. եւ անոնք որոնք չեն կրնար ներդաշնակել «ներքին»ը եւ «արտաքին»ը, անոնք կը մնան անկատար՝ թերի եւ տկա՛ր։
Ճշմարտութիւնը կարելի չէ՛ քօղարկել. որքան ալ ծածուկ պահէ մարդ իր «ներքին աշխարհ»ը, ան ամենափոքր շարժումով մը իսկ ինքզինք կը յայտնէ. «չկա՛յ ծածուկ բան որ չյայտնուի…»։
Մարդու կեանքը լեցուն է ելեւէջներով, դիրքի, վիճակի, կացութեան փոփոխութիւններով. երբ նոր օր մը կը սկսի մարդուս առջեւ, ան չի գիտեր որ ինչե՜ր պիտի պատահին այդ օրուան մէջ, որոնք բոլորովին հակառակ պիտի ըլլան իր ծրագիրներուն, ակնկալութիւններուն եւ փափաքներուն։ Արդարեւ, մարդ կը ծրագրէ, բայց Աստուած կը ծիծաղի, քանի որ մարդուն ծրագրին իրականացումը կախում ունի Անոր կամքէն։
Մարդուս կեանքը կը նմանի լեռներու եւ ձորերու՝ որոնք կը խորհրդանշեն կեանքի ընդհանուր փորձառութիւնը՝ օր մը բարձր, օր մը ցած։ Մարդուս կեանքը կը սկսի մեծ ակնկալութիւններով՝ անծանօթ ապագայի մը մասին մեծ ծրագիրներով. երջանիկ ըլլալ, հարուստ ըլլալ, միշտ առողջ մնալ, կեանքին տիրող ըլլալ՝ անկախ եւ ազատ… բայց առանց Աստուծոյ կամքին, ո՛չ մէկը կ՚իրականանայ։
Մարդ կ՚երազէ լերան պէս միշտ բարձր ըլլալ, բայց ինքզինք կը գտնէ ցած ձորի մը մէջ… եւ ասիկա կը պատահի յաճախ, քանի որ մա՛րդ չի կրնար մնալ լերան գագաթին վրայ։ Մարդու երազներուն մէջ միայն կը ցցուին լեռներ իր յոյսի հորիզոնին վրայ, այն լայն հորիզոնին՝ որուն հասնիլ կարելի չէ՛։ Եւ երբ երազը վերջանայ, մարդ ինքզինք կը գտնէ «տառապանքներու, ցաւերու եւ վիշտերու խորունկ ձորերուն մէջ»։ Ուստի, կեանքը իր ամբողջութեանը մէջ, երբե՛ք չէ ի՛նչ որ մարդ կ՚երազէ եւ կը փափաքի որ իրականանայ։
Կեանքը ունի իր ուրախութիւններու վարձատրութիւնները, բայց նաեւ՝ իր ցաւերու եւ յուսախաբութիւններու հատուցումները։ Ձախողութիւններու լեռնակատարներուն ստորոտը կայ ձախողութեան ձորը։ Առողջութեան դէմ, հիւանդութիւնն ալ իր ցած եւ մութ ձորը ունի մարդկային կեանքին մէջ։ Լեռներու ստորոտը միշտ կայ ձոր մը։ Դիրք, աստիճան, բարձր տիտղոսներ, պատիւ, փառք. բարձունքներ են՝ որոնց վրայ մնայուն տուն չի կրնար շինել մարդ. կամաւ կամ ակամայ պիտի իջնէ ձոր մը։ Ամէն բարձրութիւն ունի իր հետ ցածութիւն մը։ Եւ մահուան շուքի ձորը պիտի սպասէ բոլորս։ Ո՛վ որ ալ ըլլայ, ո՛ր մէկ բարձունքին վրայ ալ կեցած ըլլայ մարդ, ի վերջոյ պիտի իջնէ ձոր. ա՛յս է բնութեան անգիր եւ անփոփոխ օրէնքը…։
Եւ ահաւասիկ, այս պայմաններուն ներքեւ մարդուս տրամադրութիւնն ալ տեւապէս փոփոխութեան կ՚ենթարկուի, եւ բարութիւնն ալ, այս կերպով պայմանաւոր կը դառնայ, քանի որ բարի եւ բարեսէր ըլլալ չի բաւեր, գործնականապէս ալ բարի եւ բարեսէր պէտք է ըլլալ, անշուշտ այն չափով որ մարդուս կարողութիւնը կը ներէ։ «Բարի» ըլլալու համար կատարեալ ըլլալու է, բայց ո՞վ է «կատարեալ»ը…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յունուար 24 2023, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/30/2024
- 11/30/2024