ԱՐԴԷՆ 52-ՐԴ ՕՐԸ
Երէկ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Մինչ Լաչինի միջանցքը փակ եւ Արցախը շրջափակուած վիճակի մէջ կը գտնուի, Երեւանի ղեկավարութիւնը բոլոր հարթութիւններու վրայ կը ջանայ լուծում մը ապահովել ստեղծուած ծանր իրավիճակին։
Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Փաշինեան եւ Փութին երէկուան զրոյցին ընթացքին անդրադարձան նոյն հարցին։ Վարչապետը խօսեցաւ Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի ապօրինի շրջափակման հետեւանքով Լեռնային Ղարաբաղէն ներս ստեղծուած մարդասիրական տագնապին շուրջ՝ կարեւորելով անոր յաղթահարման ուղղութեամբ Մոսկուայի կողմէ անհրաժեշտ քայլերու իրականացումը։ Նոյն համատեսքին մէջ կողմերը անդրադարձան Ռուսաստանի խաղաղապահ առաքելութեան գործունէութեան։ Զրուցակիցները կարծիքներ փոխանակեցին Երեւան-Մոսկուա-Պաքու առանցքին վրայ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու իրականացման հարցերուն վերաբերեալ։ Վարչապետը եւ նախագահը կանգ առին նաեւ հայ-ռուսական համագործակցութեան օրակարգի այլ հարցերուն վրայ։
Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնն ալ երէկ հաղորդեց, որ Արցախի ռուս խաղաղապահներու հրամանատարութիւնը կը շարունակէ բանակցային գործընթացը՝ Լաչինի միջանցքով անխոչընդոտ շարժի վերսկսումը ապահովելու համար։
Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովն ալ երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ։ Այս առթիւ Լաւրով նշեց, որ Ռուսաստան պատրաստ է բանակցութիւններ կազմակերպել Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ՝ խաղաղութեան պայմանագրի նախագծին շուրջ։ Ընդգծուեցաւ երեք երկիրներու ղեկավարներուն կողմէ ստորագրուած համաձայնագրերու հիման վրայ Ատրպէյճան-Հայաստան յարաբերութիւններու կարգաւորման բոլոր ուղղութիւններով կանոնաւոր աշխատանքի վերսկսման կարեւորութիւնը։ Այս համատեսքին մաս կը կազմէ ռուսական կողմի պատրաստակամութիւնը՝ Մոսկուայի մէջ յաջորդ հանդիպումը կազմակերպելու ուղղութեամբ։ Ըստ պաշտօնական աղբիւրներու, հաստատուած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի նախագծին շուրջ արտաքին գործոց նախարարներու բանակցութիւններու փուլը։ Լաւրով եւ Պայրամով շարունակեցին նաեւ քննարկել՝ Լաչինի միջանցքին շուրջ ստեղծուած իրավիճակի կարգաւորման ուղիները։
Այս հեռախօսազրոյցին առընթեր, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Միխայիլ Կալուզին երէկ ընդունեց Մոսկուայի մօտ Ատրպէյճանի դեսպան Փոլաթ Պիւլպիւլօղլուն։ Զրոյցի ընթացքին քննարկուեցան շարք մը արդիական միջազգային ու տարածաշրջանային նիւթեր։ Փոխ-նախարարն ու դեսպանը խօսեցան նաեւ Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու եռակողմանի համաձայնութիւններու կատարման հիման վրայ Երեւան-Պաքու կարգաւորման հեռանկարներուն շուրջ։
Միւս կողմէ, Հայաստանի Առողջապահութեան նախարար Անահիտ Աւանէսեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան ընդհանուր տնօրէն Թետրոս Կեպրէյէսուսի հետ։ Զրուցակիցները անդրադարձան Լաչինի միջանցքի փակման հետեւանքով Արցախի մէջ ստեղծուած առկայ իրավիճակին։ Այս կապակցութեամբ շօշափուեցան զանազան հաւանականութիւններ. ինչպէս՝ առաքելութիւն ուղարկել տեղւոյն վրայ իրավիճակը գնահատելու համար, անհրաժեշտ բժշկական պարագաներ եւ դեղօրայք հասցնելու հնարաւորութիւն եւ Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան կողմէ յստակ դիրքորոշում։