ԱՐՑԱԽՆ ՈՒ ԱՐՑԱԽՑԻՆ

Այս օրերուն շատեր ինծի պէս կը փափաքին ապրիլ Արցախի մէջ:

Կեանքի ճանապարհը աւելի քան յիսուն օրէ ի վեր փակ է: Ճանապարհի գոց ըլլալը բնաւ չի խաթարեր արցախահայոց անդորրը, պարզապէս թեթեւ անյարմարութիւն մը կը պատճառէ: Արցախի մէջ միայն ճանապարհը գոց չէ, յաճախակի կը գոցեն նաեւ բնական կազը, որու երակը կը գտունի Բերձորի մէջ: Արցախի մէջ նոյնիսկ սկսան կատակելու, թէ ատրպէյճանցիները կը խաղան խաղաքարտ, պարտուողը կ՚ըլլայ բնական կազը ու կը գոցեն:

Շաբաթներ առաջ Բերձորի մէջ խաթարուեցաւ հոսանքի կայանը: Վերջիններս մեզի հրաման չեն տար զայն վերանորոգելու: Բոլոր Արցախին հոսանքը կ՚ապահովէ Մարտակերտի շրջանի մէջ գտնուող Սարսանկի ջրամբարի ջրաելեկտրակայանը: Մէկ ջրաելեկտրակայանը դժուարութեամբ կրնայ անխաթար աշխատիլ: Այդ իսկ պատճառաւ Արցախի մէջ օրը չորս ժամ կը խզեն հոսանքը՝ երկու ժամ առաւօտեան, երկու ժամ երեկոյեան, որպէսզի ջրաելեկտրակայանը կարենայ դիմանալ ծանրաբեռնուածութեան: Մարդիկ ալ խնայողաբար կը գործածեն հոսանքը:

Իմ միտքը այնտեղ է՝ Արցախի մէջ: Այլեւս որոշած եմ, պիտի ապրիմ Արցախի մէջ: Ճամբան գոց է, այս պահուն չեմ կրնար տեղափոխուիլ: Ամառը լաւագոյն ժամանակահատուածն է իղձերու իրականացման համար:

Հինգ-վեց ամիս յետոյ...

Այս ամիսներու ընթացքին ինչե՜ր պիտի տեղի ունենան: Այս ամիսներու հոլովոյթին Արցախը ի՛նչ վիճակի պիտի հասնի: Որպէս արցախցի ինքզինքս յանցաւոր կը զգամ, այս ծանրագոյն ժամանակահատուածին հայրենիքէս հեռու մնալու համար: Իմ խիղճը անդադար կը տանջէ զիս. «Ելի՛ր, գնայ, քու տեղդ այնտեղ է: Քու սէրդ միւսներու սէրէն կը տարբերի ոչինչով: Հեռուէն չեն սիրեր: Հեռուէն շատեր կը սիրեն: Արցախը ունի քու ներկայութեան, քու օգնութեան կարիքը: Մի՛ յապաղիր»:

Իմ ցանկութիւնը մեծ է, որոշումս յստակ, սակայն այս պահուն վճռական չեմ: Ճամպրուկներս պատրաստ չեն: Միթէ՞ վախի զգացումն է, որ ետ կը պահէ զիս իմ որոշումէն: Միթէ՞ կը վախնամ: Թերեւս անորոշութեան, կորուստի, պատերազմի վտանգները զիս կը վանեն: Անշուշտ, անկարելի է անտեսել վտանգը: Կարծեմ բնական է վտանգները հաշուի առնել: Կարեւորը այն է, որ իմ ներքին ձայնը աւելի բարձր է՝ քան իմ ներքին վախերը: Օրերս անսպասելի երջանկացայ. «Եկուր փոխադրուինք Արցախ»: Վերջին երեք տարիներուն չեմ յիշէր, թէ երբ զգացած էի այսքան շատ երջանկութիւն: Այս մէկ նախադասութիւնը փարատեց բոլոր ամպերը: Հազարապատկեց իմ բոլոր ուժերը: Նորէն ծագեցաւ արեգակը արդար: Նորէն շողացի: Յիշեցէք մարդիկ, այլեւս մօտ է իմ բաղձանքի ժամը: Այլեւս մօտ է տուն վերադառնալու ժամը: Կ՚ուզեմ, որ իմ սերունդները ըլլան արցախցի: Այս մէկը հնարաւոր է միմիայն ապրելով Արցախի մէջ: Արցախէն դուրս իմ սերունդները պիտի կոչուին՝ արմատներով արցախցի: Անոնք պիտի չտիրապետեն մեր քաղցրահամ, անկեղծ ու սրտաբուխ բարբառին: Մեր բարբառը ուրիշ է՝ արեւահամ է, քաղցրահամ: Տեղին է յիշել մեծանուն բանաստեղծուհի Սիլվա Կապուտիկեանի բանաստեղծական տողերը.

Հայրենիքից անուշ ու թանկ
Ուրիշ ի՞նչ կայ երկնքի տակ:
Այնտեղ ես դու աչքդ բացել,
Հասակ առել, փարթամացել,
Այնտեղ է քեզ մայրդ անքուն,
Սէր ու մուրազ պահած հոգում՝
Օրօր ասել գիշերն ի բուն...

Արցախն ու արցախցին զօրեղ են միասին: Արցախն ու արցախցին կարիքն ունին մէկզմէկու: Արցախցին պէտք է, պարտաւոր է ապրիլ Արցախի մէջ: Արցախն ու արցախցին չեն կրնար առանձին ապրիլ: Սպասէ ինծի, շատ ուշ պիտի չմնամ:

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Փետրուար 2, 2023