ՂԵՒՈՆԴ ԱԼԻՇԱՆԻ ՆԿԱՐԱԳՐԱԾ ԱՐՑԱԽԸ

Այսօր փորձեր կը կատարուին կեղծելու Արցախի պատմութիւնը: Աւելին՝ խոշոր ջանքեր ուղղուած են հայաթափելու հայոց հնամենի բնակավայրը, քաղաքական խաղացողներ երազներ ունին Արցախը տեսնելու առանց հայերու... Արցախցին կրկին պայքարի ելած է: Հայը կրկին պայքարի ուղին բռնած է, սակայն հայ պատմագիտութիւնը, քաղաքական միտքը, հասարակական շարժումները այսօր առաւել քան խեղճացած են: Նոյնիսկ ամենաբարձր հնչող ձայները տեղ չեն հասնիր, ճշմարտութիւնը կը բախուի սառը պատերուն: Յոխորտանքը աղմուկի վերածուած է, ճշմարտութիւնը՝ շշունջի: Մինչդեռ պատմութեան խորքերէն կու գայ ճշմարտութեան ձայնը: Հայոց պատմութիւնը, գրականութիւնը, անցեալ դարերուն ստեղծուած գրական երկերը ամենազօրաւոր պատասխանները կրնան տալ նորօրեայ կեղծումներուն եւ օձագալար պտոյտներուն:

Այդ առումով կոթողային գործ է հայ բանաստեղծ, բանասէր, պատմաբան, աշխարհագրագէտ, թարգմանիչ, Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութեան անդամ Ղեւոնդ Ալիշանի «Արցախ» պատմական երկը: Ալիշանական Արցախը մեզ կը տանի 19-րդ դար, ուր կը տեսնենք Արցախը իր քաղաքական, աշխարհագրական, հոգեւոր, մշակութային, շինարարական եւ շատ ուրիշ ասպարէզներով:

Բազմատաղանդ ու բազմաժանր գրողը՝ Ալիշան, որ իրաւամբ կոչուած է Նահապետ, այնպիսի սրտալի նկարագրութիւններով մեր առջեւ կը բանայ Արցախ աշխարհը, որ կը տեսնենք անոր աշխարհիկ եւ հոգեւոր մեծերը, եկեղեցիները, քաղաքներն ու գիւղերը, դաշտերն ու ձորերը, բերդերը, ուտելիքները, աւանդոյթները եւ այդ ամէն ինչին ձուլուած արցախցի շինականը, որ միշտ կառչած մնացած է իր հողին: Արցախի պատմութիւնը Ալիշանի նկարագրութեան մէջ անբաժան է հայոց պատմութենէն: Ալիշան գիտական հիմնաւորումներ կու տայ իր բոլոր բացատրութիւններուն, ո՛չ միայն Արցախի մասին իր գրութեան մէջ, այլեւ՝ Հայաստանի աշխարհագրութեան վերաբերող միւս հատորներուն մէջ եւս: Նկատենք, որ մեծ գիտնականը երբեւէ չէ եղած Հայաստան, Արցախ, սակայն իր կուտակած գիտելիքները, փորձն ու ուսումնասիրութիւնները այնքան հիմնաւոր են, որ հեռուէն նոյնիսկ կրցած է տեսնել հայոց աշխարհը: «Արցախ» երկի վերջին մասը նուիրուած է Մեծ Հայքի տասներկրորդ նահանգի՝ Ուտիքի ուսումնասիրութեան: Մեծ հայագէտը Արցախի եւ Ուտիքի տեղագրութիւնը կատարած է իբր զիրար ամբողջացնող նահանգներ:

Ղեւոն Ալիշանի Արցախը առաջին անգամ հրատարակուած է «Բազմավէպ»ին մէջ՝ 1888-1889 թուականներուն: Ընտիր գրաբարով գրուած այդ երկը գրաբարէն աշխարհաբար թարգմանած է Գէորգ Թոսունեան:

Այսօր, երբ բոլորիս սիրտերն ու հոգիները Արցախի մէջ է, երբ Արցախը կրկնապատիկ ջերմութեան կարիք ունի, երբ կարօտ ենք անոր լեռներուն եւ ձորերուն, եկեղեցիներուն եւ սրբավայրերուն, կրկին կը կարդանք Արցախի ալիշեանեան նկարագրութիւնը եւ մենք մեզ մօտ կը զգանք այդ սարերուն, կիրճերուն, անտառներուն եւ ի վերջոյ, մարդոց: Արեւմտահայերէնի վերածելով կու տանք հատուած մը «Արցախ» տեղագրութենէն:

ԱՐՑԱԽ

ՂԵՒՈՆԴ ԱԼԻՇԱՆ

Արցախի ամուր եւ ապահով երկիրը, որ աւելի փոքր է, քան Մեծ Հայքի շատ աշխարհներ (նահանգներ), ունի մօտ 90-100 մղոն երկարութիւն եւ ատոր կիսուն չափ լայնութիւն: Այն արեւմտեան կողմէն սահմանակից է Սիւնեաց աշխարհին, հիւսիս-արեւելքէն՝ Ուտիքին, հարաւէն՝ Երասխ գետին. հիւսիսային եւ արեւելեան սահմանագիծը բացայայտ չ՚երեւիր, այլ կը թուի, թէ զայն կը բաժնուի լեռներու ստորոտներով, մասնաւորապէս Խոչքար լեռներով եւ Շամքորի անջրպետով, իսկ արեւմուտքէն՝ Սիւնեաց Հագարու գետով ու լեռներով, որոնք կը պարսպեվն անոր ելքը եւ կը փոխեն ջուրերուն ընթացքը, որովհետեւ Սիւնիքի մէջ գետերը հիւսիսէն եւ ելքի կողմէն կ՚իջնեն Գեղամայ լեռներով դէպի մեծ Երասխը, իսկ Արցախի մէջ արեւմուտքէն արեւելք դէպի Կուր գետը կը հոսին, ոռոգելով Ուտիքի դաշտը, ուր ամենահզօրը ամենահիւսիսայինն է՝ Թարթառը կամ Թերթերը, ըստ մեր նախնիներու՝ Տրտուն, որ, բխելով Վայոց ձոր եւ Զանգեզուր լեռներու թիկունքէն, անցնելով Խաչենի խոր ձորերով, դուրս կու գայ Ուտիքի Առանձնակ դաշտը՝ անցնելով Պարտաւ քաղաքին քովէն:

Ասոնցմէ զատ, հիւսիսային կողմը կան եւ մանր այլ գետեր, ինչպէս՝ Քուրանը, որ Քուրակին կը խառնուի, նաեւ դանդաղընթաց այլ գետեր: Իսկ Թարթառէն հարաւ կը հոսի հին ատեն Չղախ կոչուած գետակը, որ Խաչենագետ կ՚անուանուի, որմէ աւելի հզօր է Գարգարացիներուն գետը՝ Գարգարը, որ կը բխի Շուշիի սահմաններէն եւ կը խառնուի Կուր գետին, Երասխի խառնարանէն փոքր ինչ աւելի վերեւ: Երասխին կը խառնուին նաեւ այլ գետակներ, որոնք կ՚իջնեն Շուշիի հարաւէն, ինչպէս՝ Քոզլուն, Չէրէքէն, Տիլին կամ Գուրուն եւ Քենտիլանը:

Բայց Արցախ աշխարհը աւելի շատ նշանաւոր է իր լեռներով, քան թէ գետերով, որուն պատճառով ալ մեր նախնիք անոր տուած են ամուր մակդիրը, որ աւելի յաճախ կը տրուի Աղուանքի պատմիչին կողմէ. «Խոր ձորերով, անտառներով հարուստ Արցախ աշխարհը», այլ տեղերու մէջ՝ «…վիմայատակ լեռներու ապառաժներ… արցախական ամուր գաւառներու լեռներու վիմախառն ձորախիտ ապառաժներ»: Իսկ Եղիշէն անկէ աւելի առաջ ամրութեան հետ կը յիշէ նաեւ «Արցախի թանձրախիտ անտառները»:

Արցախի լեռները Սիսական լեռներուն հետ միասին զուգակից են ստորին Կովկասի լեռներուն, որոնց մասին գիրքերուս ներածականին մէջ խօսեցանք: Ատոնք միատարր լեռներու ամբողջութիւն չեն, այլ անջատ են եւ ինկած են մէկը միւսին դիմաց, որով եւ յիշեալ լեռնաշղթան կը յառաջացնէ բազմաթիւ խոր ձորեր ու անդունդներ, վիմայատակ ստորոտներ, որոնց յարող թանձրախիտ անտառներով պատուած գագաթները անկրկնելի կը դարձնեն երկրին տեսքն ու գեղեցկութիւնը եւ խառնիխուռն կերպով կ՚երեւին սոճիներու, մայրիներու հոծ շերտեր, քարքարոտ լեռներու անհարթ կառոյցներ, խառնիխուռն վիհերու անտաշ ձեւեր, ինչպէս որ կը նկարագրէ արդի աշխարհագրագէտներէն մէկը:

Այդ լեռները յատուկ անունով չեն յիշատակուիր հիներու կողմէ, բացի հիւսիսը գտնուող Աստղաբլուրէն եւ հարաւը գտնուող Դիզափայտէն, թերեւս ասոնց կարելի էր միացնել Ուտիքի մէջ նշուածները: Իսկ այժմ հարաւային բարձունքներէն կը նշուին Սարիալը եւ Մռաւը, որոնք Ուտիքի եւ Արցախի միջեւ լարաբաժան են, Ուլուխանլը՝ տեղադրուած Թարթառի ակունքներուն մօտ, որոնց ելքերէն կը սկսին Չլբերդ եւ Գիւլիստան լեռները, ատոնցմէ ալ հարաւ Գըրք-Կէօզը, որուն շարունակութիւնը կը կազմեն Գանձասար եւ Շահթախտ լեռները, ուր կը գտնուին Խաչենագետի աղբիւրները: Հարաւային կողմը՝ Սիւնիքի միջնասահմանին, Շուշիի Քիրիզ եւ Զիարեդ լեռներն են, իսկ արեւելքը, դէպի դաշտաբերան՝ բրգաձեւ Կուրիան լեռը: Բայց շատերուն անունները անծանօթ են մեզի, որովհետեւ Շուշիի եւ արքունի ճանապարհի կողմերէն զատ, այդ կարգին եւ Գանձակը, միւս անուններէն շատ քիչերը աւանդուած են գիտնականներուն կողմէ, չեն յիշատակուած նաեւ ծառերու, վայրի կենդանիներու ու թռչուններու տեսակները, որոնք, պէտք է գուշակել, որ շատ հինէն խոր ձորերու եւ անտառներու մէջ բնակած են եւ ոչ նոր յառաջացած տեսակները: Խորենացին կ՚ըսէ, որ Քարախունկ լեռը պէտք է Կողթ գաւառին մէջ ըլլայ:

Երկրամասի անուան ծագումը անյայտ եւ անյիշատակ կը մնայ. թերեւս անյարմար չ՚ըլլար կարծել ծառերուն ու թուփերուն ցախ անունէն ծագած ըստ երկիրին անտառախիտ բնոյթի. այս մեր նախորդները կը գրեն նաեւ «ձ» տառով: Արցախը կը գրուի նաեւ յոգնակիով՝ Արցախք նաեւ Արցախունեաց գաւառ, որ կու գայ Կաղանկատուացիէն. ըստ այդմ կառուցողէն ալ կը յառաջանայ անունը. այդ անունը աւելի յաճախ կը հանդիպի ածանցմամբ՝ Արցախական գաւառք կամ կողմանք: Բնաւ եւ ոչ մէկ տեղ կը հանդիպինք Աշխարհ անուան, այլ այն Բուզանդի երկին մէջ մէկ անգամ կոչուած է երկիր, իսկ մնացած բոլոր պարագաներուն՝ գաւառ, ինչպէս նոյն Բուզանդի, այնպէս ալ աւելի յաճախ Կաղանկատուացիի մօտ, թէպէտեւ ուրիշները ասիկա կը նկատեն շատերէն մէկը եւ կը տարբերակեն անոր գաւառները:

Այդ պատճառով ինծի կը թուի, որ հին սովորութեամբ յետագային զայն նկատուած է 15 աշխարհներէն (նահանգներէն) մէկը՝ Սիւնեաց մարզի առաջին անբաժանելի մասը, որ Սիսակի եւ Առանի բուն ժառանգութիւնն էր. այն Վաղարշակի օրօք ալ զատ նահանգ չէ դիտուած, եւ մեր հին պատմիչներէն ոչ մին կը յիշատակէ ասոր իշխաններուն, այն չի յիշատակուիր նաեւ հին գահնամակներուն կամ ասոնց նման եւ ոչ մէկ աղբիւրի մէջ:

Երկիրը իր բնութեամբ նման է Սիւնիքին, անոր ալ կից է, եւ երկուքի մէջ ալ կան համանուն գաւառներ, ինչպիսիք են Սիսականը, Վայկունիքը, Հաբանդը:

Բայց երբ այն զատուած է Սիւնիքէն, միայն իր ամրութեամբ է, որ աչքի զարկած է հայոց հարստութեան մէջ եւ առաւել եւս Աղուանքի մէջ: Թերեւս վայրի ամրութեան վրայ յոյս դնելով էր, որ երկրին իշխանները կ՚ապստամբէին արքունիքի դէմ, ինչպէս որ կը վկայէ Բուզանդը Արշակ երկրորդի օրօք եւ քաջ Մուշեղի միջոցով նուաճուիլը: Վարդանանց օրերուն փախստականներէն շատերուն համար ապաւէն եղան անոր լեռները, ուրկէ խաբէութեամբ իջեցնելով՝ Վասակը անոնց կու տայ պարսիկներուն ձեռքը, բայց կային նաեւ այնպիսիներ, որոնք սուրբ զօրավարի նահատակութենէն յետոյ «տիրեցին Արցախի բազում ամրոցներու» եւ կը դիմադրէին պարսիկներուն:

Ատկէ ետք Ուտիքի հետ միասին այս ալ կը դառնայ Աղուանից թագաւորութեան մէկ մարզը եւ միջին դարերուն Աղուանից աշխարհի անունով Առան կը կոչուի: Համանուն աշխարհին մէջ բազմաթիւ իրադարձութիւններ տեղի կ՚ունենան, եւ ան իր ամրութեան շնորհիւ զանազան փորձանքներէ մասամբ զերծ կը մնայ, իր գործը կը կարգաւորէ առանձին իշխաններու միջոցով, որոնց մէջ քաջի անուն հանեցին Խաչենի իշխանները, ինչպէս կ՚երեւի գաւառի աշխարհագրութենէն: Արի իշխաններէն ոմանք, յաջորդելով միմեանց, Սիւնեաց մելիքներուն հետ միասին հասան մինչեւ անցեալ դարու վերջը եւ մեր օրերը:

Հայոց նախնիներու իշխանութեան ժամանակ Արցախը տասներկու կամ աւելի գաւառներու բաժնուած էր, պարզ է՝ ոչ-շատ ընդարձակ գաւառներու, որոնց բոլոր վայրերը ծանօթ չեն, իսկ անոնց սահմանները ա՛լ աւելի անծանօթ են, քանի որ Աղուանքի իշխանութեան ժամանակ առանձին իշխաններու կողմէ նուաճուելով, անոնք փոխեցին իրենց սահմանները: Այսպէս, Խորենացին 12 գաւառներ կը թուարկէ, իսկ ըստ այլ օրինակներու 13 կամ 14 են: Ատոնք են՝

ա. Կողթ կամ ըստ վատիկանեան օրինակի՝ Կոխտ, Կողդք, որ կ՚իյնայ Գեղամայ ծովի ելքի, Շամքոր եւ Խոչքար գետերու ակունքներուն միջեւ, Այրում գաւառը, որ տեղադրեցինք Ուտիքի մէջ:

բ. Բերդ ձոր կամ Բերդաձոր, որ կ՚իյնայ Կողթէն հարաւ, Գանձակ եւ Քուրակ գետերու ձորագլուխներու, որ նոյնպէս Ուտիքի մէջ կը տեղադրուի:

գ. Վայկունիք. ինկած է վերոյիշեալներու հարաւ-արեւմտեան կողմը, Թարթառի ակունքներուն քով:

դ. Սիսական ոստան, նոյն Սիսան ձորը. կը սկսի Վայկունիքի ելքէն եւ, ինչպէս ինծի կը թուի, ինկած է Քուրակի եւ Քուրանի միջեւ:

ե. Մեծկունիք կամ Մեծունիք կամ Մեծ Կողմանք. Թարթառի հիւսիսային կամ ձախ կողմն է, Չլաբերդ:

զ. Մեծիրանք կամ Մեծարանք կամ Մեծիւրեանք. նոյն անուն գետի հարաւը, Գիւլիստան:

է. Փառնէս կամ Քուստի Փառնէս, որ կը կարծուի վերեւի երկուքի արեւելեան կողմը: Խորենացիի աշխարհագրութեան զատ օրինակներուն մէջ այդ գաւառը երկու մասի բաժնուած է Քուստի եւ Փառնէս, որոնք, երկրամասի մէջտեղը, իրարու մօտ գտնուելով, մէկ անունով կը կոչուին՝ Միջնարցախ:

ը. Միւս Հաբանդ, այսինքն՝ տարբեր Սիւնիքի մէջ գտնուած Հաբանդէն. կը սկսի անոր ելքէն եւ կը տարածուի Մեծիրանքի հարաւը:

թ. Պարզկանք կամ Պազկանք, նոյն Պանծկանքը, որ սահմանակից է Հաբանդին եւ Ամարասին:

ժ. Մուխանք կամ Մխանք, որ կը կոչուի նաեւ Մխանց տոհմ:

ժա. Հարժլանք կամ Հարճլանք կամ Հարջլանք:

ժբ. Պիանք, որ վատիկանեան օրինակը Ապիանդք կը գրէ, ասոր երեք կողմերը անյայտ են, կը թուի, որ ինկած պէտք է ըլլայ այժմեան Շուշիի, Սիւնիի եւ Երասխի միջեւ, ուր որ եւ պիտի գրուի:

ժգ. Քոտակ կամ Կոտանք, անշուշտ, եթէ ստոյգ է զատ օրինակներուն մէջ աւելցուածը:

Այդ գաւառներէն շատերը ունին տոհմական անք մասնիկը: Ինչպէս կ՚երեւի անուններէն, ատոնք տրուած են գաւառի բնութեան համապատասխան շատ վաղ ժամանակներէն ի վեր, որպիսիք են Խաղբեանք եւ Խաչեանք անունները, որոնք կը յիշատակուին Ներսէս Մեծի գահնամակին մէջ, Դ. դարուն, իսկ այնուհետեւ ԺԲ. եւ ԺԳ. դարերուն պատմութեան մէջ կը փայլին Խաղբակեան իշխանները եւ Խաչենցիք:

Այդ գաւառներուն անուններն ու տրոհումը 12-ի կամ 13-ի, թերեւս աղաւաղուած են Աղուանից իշխաններու եւ Բագրատունիներու օրօք, տակաւին մինչեւ Ժ. եւ ԺԱ. դարերը կը լսուին եւ կը պահպանուէին, այնուհետեւ Հայոց եւ Աղուանից թագաւորութիւններու՝ Պարսկաստանի կողմէ գրաւուելու ժամանակ կը լսուին գաւառներու եւ իշխանութիւններու նոր անուններ, որոնցմէ հնագոյններն են Ռոսաստակ եւ Չղախ գաւառակները Ինճէ գետի հովիտը, Ճառաբերդ աշխարհը կամ գաւառը, որ կը գրաւէ Թարթառի ամբողջ հիւսիսը եւ մինչեւ այժմ կը պահէ իր անունն ու գաւառի պատիւը Չլաբերդին մէջ. այն պատմիչներու երկերու մէջ կը յիշուի Է.-ԺԲ. դարերու միջեւ: Երկրորդը Փառիսոսն է, որ յայտնի կը դառնայ Ժ.-ԺԲ. դարերուն. այն ինկած է Ճառաբերդէն հիւսիս: Ատոնք, հակառակ որ կը խառնուին իրարու, բայց պատմիչի կողմէ որպէս մէկ ամբողջութիւն չեն յիշատակուիր: Երրորդը Խաչենն է, որ նախորդներուն գերազանցած է ո՛չ միայն փայլուն ժամանակով, այլեւ հնութեամբ ու պատուով: Խաչենը, որ ինկած է Տրտու եւ Գարգար գետերուն միջեւ, իր անունը կ՚առնէ համանուն գետակէն: Խաչենը մեծ փառքի կը հասնի ԺԳ. դարուն, երբ գրեթէ Արցախ անունն ալ կը փոխուի եւ Փոքր Սիւնիք կը կոչուի: Գլխաւոր գաւառներուն հետ միասին ԺԲ. դարուն կը յիշատակուի նաեւ Ադախը, որ կարծեմ Գանձակ գաւառի հարաւային կողմն է: Ասոնցմէ աւելի փոքր գաւառներ են Ամարասը Թ. դարուն, որ կը կոչուի աւանի անունով, կը գտնուի Հաբանդ, Ծար երկիրը, որ կը սկսի Սիւնեաց Սոդէն եւ կը կազմէ հին Վայկունիքի մէկ մասը, Ականան եւ Կարկառը, որոնք կը յիշատակուին ԺԳ. դարուն եւ կը գտնուին Սիւնեաց սահմաններուն, Վայկունիք եւ Բերդաձոր: Ատոնք փոքր իշխանութիւններ են, ատոնց պէտք է միացնել նաեւ Հանդաբերդը եւ Ուռիաձորը: Նոյն դարուն եւ ԺԴ.-ի սկիզբի արձանագրութիւններուն մէջ կը նշուին այլ բնակավայրեր (վիճակք). ինչպէս՝ Գլուխ, որ իմ կարծիքով Ծարի կողմն է, Ճոխանց, Հասկաբակ, Կալեր, Խորուագետ, Դուալանոց, որոնց տեղերը չեմ գիտեր: Ատոնք իրարու մօտիկ մանր իշխանութիւններ են, սահմանակից նախապէս յիշեալ Ականային եւ Ծարին: Իսկ Խաչենէն հարաւ (զայն տրոհուած էր երկու մասի՝ Վերին կամ Ներքին եւ Ստորին) կը յիշատակուին Դիզա կամ Դիզակ երկիրը եւ Վարանդան. ասոր անունը կայ ու կը մնայ ինչպէս ամբողջ գաւառի, այնպէս ալ Արցախի հարաւային մասին համար:

Այս բոլոր գաւառներէն եւ իշխանութիւններէն միայն Խաչենի անունն ու պատիւն է հին ու հայկական, որ իր իշխանութեամբ յարատեւեց եւ հասաւ մինչեւ մօտ դարերը՝ փառաւորուելով նաեւ քահանայական պատուով: Այնտեղ՝ Գանձասար փոխադրելով Աղուանքի կաթողիկոսական աթոռը՝ Արցախի ստորին կողմերը ամբողջութեամբ Գանձասար կոչուեցան հայոց պատմութեան յետագայ դարերու ընթացքին:

Իսկ երբ կը տկարանայ հայկական իշխանութիւնը, եւ կը զօրանայ օտարներուն ձեռներէցութիւնը, նախ կը հռչակուի հին Առան անունը (յայտնի է, որ այն միշտ անտեսուած էր) արեւելեան թագաւորներու շրջանին, եւ մինչեւ վերջերս պարսից արքունիքի մէջ Արցախ աշխարհը այդ անունով կը ճանչցուի, որ կը կազմէր ամբողջ նահանգի կամ Առան երկրի միջին մասը, Սիւնիքէն մինչեւ Կուր, որ այժմ Ղարաբաղ կը կոչուի՝ անտառներու, ագարակներու, այգիներու եւ անոնց ստուերներու պատճառով:

Այժմ այն ռուսական ինքնակալութեան իշխանութեան տակ է, կովկասեան բաժնին մէջ եւ մայրաքաղաքի անունով կը կոչուի Շուշի:

Այդ արցախական մասը այժմեան Առանն է կամ Ղարաբաղը, որ այժմ տրոհուած է երկու գաւառի՝ Չլաբերդի՝ հիւսիսը եւ Վարանդի՝ հարաւը։ Ատոնք միջնադարեան գաւառներու անուններն են: Բայց երկրամասի միջին մասը՝ Խաչենը, կը կոչուէր եւ ցարդ կը կոչուի Գիւլիստան, որ կը գրաւէ Արցախի հիւսիս-արեւմտեան մասը, այն է՝ Թարթառի աղբիւրներուն աւազանը: Այժմ այն կը նկատուի Սիւնեաց երկրի Զանգեզուր գաւառի մէկ մասը: Ասոնցմէ դուրս կը մնան նահանգի հիւսիսային եւ արեւելեան եզրերը, որոնք կը մտնեն Գանձակ եւ Ջիւանշիր գաւառներուն մէջ. ատոնք մենք Ուտիքի մէջ տեղադրեցինք…

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Հինգշաբթի, Փետրուար 2, 2023