ԹՈՒԱՅՆԱՑՄԱՆ ՇՐՋԱՆԻՆ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ

Մեր դարու ցաւալի իրողութիւններէն մին է, որ մարդոց այլեւս գրականութեան՝ գրելու կամ ընթերցանութեան նկատմամբ հետաքրքրութիւնը կը նուազի ու գրեթէ ոչնչացած է։ Այս հանգամանքը պէտք է նկատի ունենանք․ մենք հիմա թեւակոխած ենք թուային դարաշրջանը։ Մենք տակաւին լիովին չենք հասկնար, թէ սա ի՛նչ կը նշանակէ, որքա՛ն կարեւոր է։ Արդարեւ այս բանը աւելի շեշտակի կը հասկնանք՝ երբ կը տեսնենք, որ մեր եւ յաջորդ սերունդներու միջեւ անջրպետը աւելի խորացած է։ Նոյնիսկ իմ սերունդը կը սորվէր կարդալով, իսկ նոր սերունդը կը սորվի դիտելով։ Այսինքն՝ երեխաները այլեւս չեն ուզեր սորվիլ կարդալով։

Վերջերս ականատես եղայ, թէ զարմուհիիս դուստրը պատմութեան դասերը կ՚ուսումնասիրէ՝ դիտելով տեսախաղեր: Սա բան մըն է, որու մասին ես չէի մտածեր իմ մանկութեան շրջանին։ Բայց եթէ ան պէտք է սորվի ուրիշ առարկայ մը, կը նստի համակարգիչին դիմաց եւ կը փնտռէ սոյն նիւթի մասին տեսանիւթեր: Այժմ, թուային յեղափոխութիւնը, իրականութեան մէջ, շատ կարեւոր է՝ ինչպէս արդիւնաբերական յեղափոխութիւնը կամ ելեկտրականութեան գիւտը: Սա շատ արմատական, խոր փոփոխութիւններ բերած է մեր կեանքերուն, ինչ որ, բնականաբար, ազդեց նաեւ գրականութեան եւ արուեստի վրայ: Օրինակ՝ ծնունդ առաւ բան մը, որ կը կոչուի թուային արուեստ:

Այս կէտին, կայ բան մը, որ չի փոխուիր աշխարհի վրայ. պատմուածքներու կարիքը։ Մարդկութիւնը պատմութիւններ կը պատմէ՝ նոյնիսկ Ադամէն ու Եւայէն սկսեալ: Ուստի, մարդկութեան պատմութիւններու կարիքը չի սպառիր։ Բայց, քանի որ կարդալու կարիքը հետզհետէ կը թուլանայ, ցաւօք, պէտք է ըսել, որ շատ կարեւոր, բացասական կողմ մը կայ այստեղ. մարդիկ առաւել հակուած են տեսողական պատմուածքներուն:

Առանց կարդալու սորվելու կամ ընթերցանութեան նուազման պատճառած ամենամեծ խնդիրը վերացականութեան որակի նուազումն է՝ քանի բառերն ու պատկերները նոյնը չեն՝ անցեալի բաղդատմամբ: Բառերը վերացական են։ Այն, ինչ որ մենք բառ կ՚անուանենք, տառերու համադրում մըն է եւ երբ մեր մտքին մէջ սեղանը կը պատրեկացնենք, եթէ փորձենք նկարել զայն, իւրաքանչիւրի ուղեղին մէջ կը յայտնուի այնքան հարիւրաւոր տարբեր պատկեր, որքան այդ բառը ըսող մարդոց թիւը: Բայց, այնուամենայնիւ, կայ մտաւոր կուրութիւն, որ կը յառաջանայ այլեւս չկարդալէն: Մեր վերացականութիւնը նկարագրելու ընդունակութիւնը նուազած է: Այս իրավիճակը անխուսափելիօրէն կ՚ազդէ կեանքի իւրաքանչիւր բնագաւառի վրայ: Սա քաղաքականութեան, մարդկային  կամ ընկերային յարաբերութիւններու, տնտեսութեան եւ մարդկութեան ծանծաղամիտ դառնալու հիմնական գործօններէն մէկն է: Բայց այս ծանծաղամտութիւնը մարդիկը կը յուզէ, կը տրտմեցնէ՝ քանի մարդը իրականութեան մէջ էակ մըն է, որ պէտք չէ այդքան մակերեսային ըլլայ: Մարդ որքան ծանծաղամիտ կը դառնայ, այնքան աւելի տխուր կը դառնայ եւ որքան աւելի տրտմի, այնքան աւելի կը դիմէ այն սարքերու, որոնք զայն կը դարձնեն մակերեսային:

Բացի այն հանգամանքէն, թէ չկարդալը մարդը ծանծաղամիտ կը դարձնէ, ես իմ ներկայ տարիքին աւելի հեշտ կը տեսնեմ, որ մանկութենէն ձեռք բերած կարդալու սովորութիւնս զուգահեռաբար կեանքի տեսակաւորութիւն հաղորդած է ինծի։ Կարելի է ըսել, որ բոլորս կեանքի միջին տեւողութիւն ունինք, իսկ ժամանակը, ինչպէս գիտէք, յարաբերական է։ Տեսայ ու զգացի, որ մեր ժամանակ  անուանածը կարելի է երկարեցնել, կրճատել ու նոյնիսկ խորացնել։ Ես ճանապարհորդեցի, յուզուեցայ, վախցայ, լացի, ծիծաղեցայ, սիրեցի եւ ատեցի իմ սիրած գիրքերու հեղինակներու հերոսներուն հետ՝ իրենց ապրումներով: Անոնց բոլորը ճամբորդութիւններ էին, որոնք փոխեցին ժամանակը ինծի համար: Ես ներաշխարհիս մէջ գացի այս ճամբորդութիւններուն, կրկին ու կրկին բացայայտեցի ինքզինքս եւ հարստացայ՝ աւելցնելով այլ ժամանակներ իմ կեանքի տեւողութեան՝ ներառեալ որոշ գիրքերու բովանդակութեան ցնցիչ, դառն ու գոյութենական ցաւերը: Բազմաթիւ ապացոյցներ հաւաքեցի այն մասին, թէ ո՛վ եմ ես եւ ի՛նչ կ՚ուզեմ ընել կեանքի տեւողութեան եւ ընդունեցի, որ ես մահկանացու եմ. սա նոյնպէս այս գործընթացի մեծ օգուտներէն մին եղած է:

Ունենալ ծանծա՞ղ կեանք մը, թէ՞ ժամանակի ընթացքին փոխուող, փոխակերպուող ու խորացող կեանք մը… Կ՚ուզե՞մ այդպէս ապրիլ, թէ՞ կը փափաքիմ պարզել իմ իրական եսը։ Կ՚ուզե՞մ որ ինծի միշտ ըսեն, թէ ինչ պէտք է ընել, թէ՞ կ՚ուզեմ ունենալ աւելի ազատ կամք:

Այս հարցումները կարելի է բազմապատկել, բայց որոշումը ձերն է։ Եթէ ինծի հարցնէք, առանց յապաղելու կարդացէ՛ք։

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Ուրբաթ, Փետրուար 3, 2023