ԱՐԴԷՆ ԳՐԵԹԷ ԵՐԿՈՒ ԱՄԻՍ

Լեռնային Ղարաբաղը արդէն ուր որ է երկու ամիսէ ի վեր պաշարուած վիճակի մէջ է։ Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի փակման հետեւանքով Արցախը կտրուած է թէ՛ Հայաստանէն եւ թէ՛ աշխարհէն։ Ստեղծուած իրավիճակին մէջ Ստեփանակերտի ղեկավարութիւնը իրերայաջորդ պատգամներ կը հնչեցնէ՝ մարդասիրական ծանր կացութիւնով պայմանաւորուած իրադրութեան ներքեւ։  «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Արցախի Պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեան շաբաթավերջին ընկերային ցանցերու վրայ հանդէս եկաւ հերթական գրառումով։ «Մեր ընելիքներէն մին Արցախի նիւթը համաշխարհային հանրութեան ուշադրութեան կեդրոնին պահելն է», նշեց Ռուբէն Վարդանեան գրառման մէջ։

Երկուշաբթի, Փետրուար 6, 2023