ՕԳՏԱԳՈՐԾԵԼ ՀՆԱՐԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ

Անգարա այս շրջանին ուշադրութեան կիզակէտին կը պահէ Երեւանի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացը եւ այս ուղղութեամբ ամենաբարձր մակարդակի վրայ կը հնչեցնէ հետեւողական պատգամներ։ Այս շրջանակին մէջ, Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար վերջին օրերուն հիւրընկալեց Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին գծով Թուրքիոյ յատուկ ներկայացուցիչը՝ դեսպան Սերտար Քըլըչը։ Պաշտօնական աղբիւրները որեւէ մանրամասնութիւն չհաղորդեցին զրոյցի բովանդակութեան կապակցութեամբ։ Հարկ է նշել, որ այս հանդիպումը զուգադիպեցաւ Կարսի մէջ կազմակերպուած «Ձմեռ-2023» զօրավարժութիւններու օրերուն։ Ինչպէս ծանօթ է, նախարար Հուլուսի Աքար այդ ռազմափորձերուն մասնակցած էր Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանովի եւ Վրաստանի Պաշտպանութեան նախարար Ճուանշէր Պուրչուլածէի հետ։

Բաց աստի, Հուլուսի Աքար վերջին հարցազրոյցներէն մէկուն մէջ ալ անդրադարձաւ Հարաւային Կովկասի իրավիճակին։ Իր խօսքով, Հայաստան պէտք է սեղմէ՝ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի երկարած խաղաղութեան ձեռքը։ «Տրամաբանական չէ, որ Հայաստան դուրս կը մնայ ազդեցութեան ոլորտէն եւ կ՚երազէ։ Խորհուրդ կու տանք օգտագործել ընձեռուած հնարաւորութիւնը», ըսաւ Հուլուսի Աքար, որ հերթական անգամ անդրադարձաւ նաեւ Զանգեզուրի միջանցքին։ Ան համոզուած է, թէ այդ միջանցքով անցնող երկաթուղիներն ու մայրուղիները շատ մեծ արժէք կը ներկայացնեն տարածաշրջանի տնտեսական, ընկերային կեանքի եւ անվտանգութեան համար։

Ի՞ՆՉ Կ՚ԸՍԷ ՆԱԽԱՐԱՐ ՄՈՒՇ

Միւս կողմէ, շաբաթավերջին, Առեւտուրի նախարար Մեհմէտ Մուշն ալ Կարսի մէջ հաւաքոյթի մը ընթացքին անդրադարձաւ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին։ Ան մասնաւորապէս խօսեցաւ դէպի Հայաստան «Տողու» սահմանադրան մասին, որու բացումը կը նախատեսուի։ «Սա մեր սահմանակից քաղաքներէն մին է եւ սահմանադրան բացումը կարգ մը ընթացակարգեր կը նախատեսէ։ Մեր այստեղի սահմանադրան պարագային քիչ մը աւելի տարբեր կացութիւն մը խնդրոյ առարկայ է։ Մեր Արտաքին գործոց նախարարութիւնը անհրաժեշտ շփումները յառաջ կը տանի։ Այնտեղ Ատրպէյճանի իրաւունքը պէտք է պաշտպանուի եւ հաւասարակշռութեան մը ապահովման պարագային, այսպիսի որոշումի մը պարագային մեր ենթակառուցուածքները պէտք է պատրաստ ըլլան։ Մենք թեքնիք ենթակառուցուածքները արագ ձեւով կրնանք ամբողջացնել։ Այստեղ անհրաժեշտ անձնակազմը եւ մնացեալ ենթակառուցուածքները եթէ ըլլան, այդ բոլորը արագօրէն կը լրացուին եւ մեր նախարարութիւնը ի զօրու է այդ բանը ընելու», ըսաւ նախարարը։

Իր յայտարարութիւններուն տեւողութեան նախարարը շեշտեց, որ Թուրքիա, ընդհանրապէս, կը ջանայ սահմանային անցակէտերու թիւը բարձրացնել՝ իր առեւտրական գործունէութիւնները աւելի հանգիստ իրականացնելու նպատակով։ Այսինքն, սա միայն Կարսի եւ Հայաստանի վերաբերեալ պարագայ մը չէ, այլ ընդհանուր գիծ մըն է։ Արդարեւ, եթէ այլընտրանքային սահմանային անցակէտեր ըլլան, այդ պարագային խտացումները կը նուազին եւ անհրաժեշտ գործողութիւնները շատ աւելի կարճ ժամանակի ընթացքին կը կատարուին, ինչ որ առեւտրական գործունէութեան վրայ կ՚ազդէ շատ դրական ձեւով։ «Օրինակ, Պուլկարիոյ հետ մենք ունինք երկու սահմանային անցակէտ։ Հետեւաբար, այստեղ, Կարսի վերաբերեալ պարագան կ՚ուզեմ այս ձեւով ամփոփել եւ կը յուսամ, թէ այնտեղ համաձայնութիւն մը կը գոյանայ, որու արդիւնքին անհրաժեշտ քայլերը կ՚առնուին», եզրափակեց նախարարը։

Երկուշաբթի, Փետրուար 6, 2023