ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԵՐԺ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԱՅՍՕՐ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ ՌՈՒՍԱՍՏԱՆ

Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան այ­սօր աշ­խա­տան­քա­յին այ­ցե­լու­թեամբ կը մեկ­նի Ռու­սաս­տան։ Ու­ֆա­յի մէջ ան կը մաս­նակ­ցի ՊՐԻՔՍ-ի, Եւ­րոա­սիոյ տնտե­սա­կան միու­թեան (ԵՏՄ) եւ Շան­հա­յի հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան կազ­մա­կեր­պու­թեան գա­գա­թա­ժո­ղո­վի աշ­խա­տանք­նե­րուն։

Միւս կող­մէ, Սերժ Սարգ­սեան ե­րէկ հիւ­րըն­կա­լեց Եւ­րո­միու­թեան Հա­րա­ւա­յին Կով­կա­սի եւ Վրաս­տա­նի ճգնա­ժա­մի հար­ցե­րով յա­տուկ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Հեր­պերթ Զալ­պէ­րը, որ վեր­ջին օ­րե­րուն շփում­ներ ու­նե­ցաւ Ե­րե­ւա­նի մէջ։ Պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, զրու­ցա­կից­նե­րը քննար­կե­ցին տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին անվ­տան­գու­թեան ու կա­յու­նու­թեան, Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախնդ­րի խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման բա­նակ­ցա­յին գոր­ծըն­թա­ցի ներ­կայ փու­լին, առ­կայ խնդիր­նե­րուն եւ կար­գա­ւոր­ման գոր­ծըն­թա­ցը յա­ռաջ մղե­լու ուղ­ղու­թեամբ հե­տա­գայ հնա­րա­ւոր ջան­քե­րուն, ինչ­պէս նաեւ Հա­յաս­տան-Եւ­րո­միու­թիւն հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան զար­գաց­ման վե­րա­բե­րեալ հար­ցեր։

Սերժ Սարգ­սեան հեր­թա­կան ան­գամ ընդգ­ծեց, որ Ե­րե­ւան բարձր կը գնա­հա­տէ Եւ­րո­միու­թեան հա­ւա­սա­րակշ­ռուած դիր­քո­րո­շու­մը Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախնդ­րին վե­րա­բե­րեալ, ինչ­պէս նաեւ խնդրի հա­մա­պար­փակ կար­գա­ւոր­ման հա­մար բա­րեն­պաստ մթնո­լորտ մը ստեղ­ծե­լու յանձ­նա­ռու­թիւ­նը։ Սարգ­սեան կա­րե­ւո­րու­թեամբ անդ­րա­դար­ձաւ, որ Ռի­կա­յի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած Եւ­րո­միու­թեան Ա­րե­ւե­լեան գոր­ծըն­կե­րու­թեան գա­գա­թա­ժո­ղո­վի ըն­թաց­քին լիա­կա­տար ա­ջակ­ցու­թիւն ար­տա­յայ­տուած է ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րու՝ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման ուղ­ղու­թեամբ ձեռ­նար­կած ջան­քե­րուն, նե­րա­ռեալ՝ այդ եր­կիր­նե­րու նա­խա­գահ­նե­րուն մա­կար­դա­կով 2009 թուա­կա­նէն ի վեր կա­տա­րուած յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րը։

Հեր­պերթ Զալ­պէր ընդգ­ծեց, որ Ռի­կա­յի գա­գա­թա­ժո­ղո­վի ար­դիւն­քին ըն­դու­նուած հռչա­կագ­րին մէջ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման վե­րա­բե­րեալ ձե­ւա­կեր­պում­նե­րը, իս­կա­պէս, ար­դար էին եւ միան­գա­մայն հա­մար­ժէք ի­րա­վի­ճա­կին։ Ան վե­րա­հաս­տա­տեց Եւ­րո­միու­թեան ա­ջակ­ցու­թիւ­նը ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րու ձե­ւա­չա­փի շրջա­նա­կէն ներս ըն­թա­ցող բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը ու շեշ­տեց, թէ այդ ձե­ւա­չա­փի պահ­պան­ման հար­ցին մէջ ԵՄ-ի դիր­քո­րո­շու­մը կը մնայ ան­փո­փոխ։

Հինգշաբթի, Յուլիս 9, 2015