ՄԱՐԴԿՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
Թուրքիան ցնցած ահաւոր երկրաշարժը այնպիսի հետեւանքներ ունեցած է, որ բոլոր հարթութիւններու վրայ փոփոխութիւններու դուռ բացած է՝ մտայնութեան եւ վերաբերմունքի տեսակէտէ։ Աղէտի ծանր հետեւանքներով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններուն տեսակէտէ ալ ուշագրաւ իրադարձութիւններ կ՚ապրուին։ Երկու հարեւան երկիրներուն միջեւ ծանրաբեռնուած քաղաքական օրակարգը կարծես պահ մը մոռացութեան մատնուած է եւ այս փուլին կը գերիշխէ մարդկութիւնը եւ զօրակցութեան բնազդային տրամադրութիւնը։
Երէկ, Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ունեցան հեռախօսազրոյց մը։ Աղէտի ցնցումներով պայմանաւորուած դառն իրավիճակին մէջ, Հայաստանի վարչապետը ցաւակցութիւն եւ զօրակցութիւն յայտնեց Թուրքիոյ նախագահին եւ ժողովուրդին՝ երկրի հարաւ-արեւելեան շրջաններէն ներս տեղի ունեցած հուժկու երկրաշարժի հետեւանքով բազմաթիւ զոհերուն կապակցութեամբ։ Նիկոլ Փաշինեան շուտափոյթ ապաքինում մաղթեց բոլոր վիրաւորներուն համար։ Ան ընդգծեց, որ Երեւանի «Զուարթնոց» օդակայանէն թռիչքի կը պատրաստուէր Հայաստանի Հանրապետութեան փրկարար ուժերու ջոկատը՝ դէպի աղէտի գօտի փոխադրելիք օդանաւը։ Իր կարգին, Էրտողան շնորհակալութիւն յայտնեց Փաշինեանին զօրակցութեան համար։ Նախագահը ընդգծեց, որ Թուրքիոյ կառավարութիւնը բարձր կը գնահատէ Հայաստանի աջակցութիւնը՝ կարեւորելով այդ քայլը նաեւ երկու երկիրներու միջեւ երկխօսութեան ապագայ խորացման տեսանկիւնէն։
Այս հեռախօսազրոյցէն ժամեր անց, Հայաստանէն փրկարար ջոկատը տեղափոխող օդանաւը արդէն վայրէջք կատարեց Կազիանթէպի օդակայանը։ Շուրջ երեսուն հոգիէ բաղկացեալ մասնագիտական անձնակազմի մը մասին է խօսքը։ Առայժմ պաշտօնական աղբիւրները յստակ տեղեկութիւններ չեն հաղորդած, որ Հայաստանէն ժամանած փրկարարները աղէտի գօտիի ո՛ր հատուածէն ներս պիտի աշխատին։ Ըստ կարգ մը լսումներու, հաւանական է, որ անոնք գործի լծուին Ատըեամանի շրջանին մէջ, սակայն, յամենայնդէպս, այս բոլորը տակաւին վերջնական տեղեկութիւններ չեն։
Մինչ այդ, երէկ, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանն ալ Պերլինի մէջ անդրադարձաւ ստեղծուած իրավիճակին։ Գերմանիոյ Արտաքին գործոց նախարար Աննալենա Պերպոքի հետ սարքած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Արարատ Միրզոյեան ըսաւ.
«Հակառակ յարաբերութիւններու եւ իրողութիւններու ամբողջ բարդութեան՝ Հայաստանի Հանրապետութիւնը օգնութեան ձեռք կը մեկնէ եւ մարդասիրական աջակցութեան պատրաստակամութիւն յայտնած է թէ՛ Թուրքիոյ եւ թէ՛ Սուրիոյ համար։ Մենք՝ որպէս 1988 թուականին մեր տարածքէն ներս աւերիչ երկրաշարժ տեսած ազգ, կը կարեւորենք, որ բնական աղէտներու ժամանակ որեւէ հասարակութիւն առանձին չմնայ»։ Ուստի, նախարարը ցաւակցութիւն յայտնեց Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցած երկրաշարժին բերումով։ Լրագրողի մը կողմէ տրուած հարցման ի պատասխան՝ ան մանրամասնութիւններ ներկայացուց նաեւ, թէ Հայաստան յստակ ի՛նչ աջակցութիւն առաջարկած է Թուրքիոյ համար։
«Հայաստանի Հանրապետութիւնը պատրաստ է եւ այս պահուն կը քննարկէ մարդասիրական օժանդակութեան տեսքով առաջին անհրաժեշտութեան ապրանքներու փոխանցումը Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ երկրաշարժէն տուժած շրջաններուն, ինչպէս նաեւ փրկարար ծառայութեան ջոկատներու գործուղումը համապատասխան վայրեր՝ գետնի վրայ օգնութիւն ցուցաբերելու համար։ Ես կ՚ուզեմ կրկնել այն ինչ, որ ըսի ներածական խօսքիս մէջ։ Մենք 1988 թուականին մեր տարածքին մէջ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ, տեսած ենք, թէ ինչպիսի աղէտալի հետեւանքներ կարող է ունենալ երկրաշարժը եւ մենք այդ ժամանակ առանձին չենք մնացած։ Մենք ստացած ենք միջազգային հանրութեան օգնութիւնը։ Ես կը կարծեմ, թէ պէտք է նաեւ պատրաստ ըլլանք մեր օգնութեան ձեռքը մեկնելու բոլոր ժողովուրդներուն, որոնք այդ պահուն բնական աղէտի հետեւանքով այդ օգնութեան կարիքն ունին», ըսաւ նախարարը։
Պերլինի մամլոյ ասուլիսին ժամանակ Արարատ Միրզոյեան անդրադարձաւ նաեւ Անգարա-Երեւան քաղաքական երկխօսութեան։ Այս կապակցութեամբ ան ըսաւ. «Կայ երկխօսութիւն, ինչպէս տեղեակ էք, սահմաններու բացման եւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման վերաբերեալ։ Կ՚ուզեմ վերահաստատել Հայաստանի Հանրապետութեան պատրաստակամութիւնը՝ անկեղծօրէն ներգրաւուած ըլլալու այս գործընթացին մէջ եւ այն տրամաբանական եւ հնարաւորինս արագ դրական վերջաբանի հասցնելու։ Կ՚ուզեմ տեղեկացնել, որ որոշ յառաջընթաց մը կայ։ Մեր ընկալմամբ՝ քիչ մը դանդաղ է գործընթացը, բայց, այնուամենայնիւ շատ դրական է, որ մենք ունինք գետնի վրայ դրական արձանագրումներ։ Վերջերս Թուրքիան եւ Հայաստանը որոշեցին վերացնել օդային բեռնափոխադրումներու արգելքը։ Սա հերթական եւ դրական քայլ է եւ մենք կը յուսանք, թէ այս գործընթացը աւելի արագ եւ աւելի շօշափելի ձեռքբերումներով պիտի շարունակուի։ Յամենայնդէպս, Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ կ՚ուզենք նաեւ այս հարցի առընչութեամբ վերահաստատել մեր դիրքորոշումը խաղաղ, համագործակցային եւ կայուն մեծ տարածաշրջան մը ունենալու հարցին մէջ»։