Իրավիճակի էական փոփոխութիւն…

Քաղաքականութեան մէջ կայ սահմանում մը, որ ընդհանրացած բանաձեւումով կը կոչուի՝ իրավիճակի փոփոխութիւն։ Այստեղ խօսքը կը վերաբերի «ֆորս-մաժէօր» պարագաներու, որոնք իրավիճակի էական, արմատական փոփոխութիւններու պատճառ կրնան դառնալ։ Յեղափոխութիւններէ կամ մահափորձերէ սկսեալ, մինչեւ համաճարակները՝ այս շարքին մէջ կրնան դասուիլ, անշուշտ։ Թէեւ, սկզբունքօրէն, ծայրայեղութիւններէ խեր պէտք չէ սպասել, սակայն, իրավիճակի փոփոխութիւն ըսուածը կրնայ անպայման չենթադրել խուճապ կամ արկածախնդրութիւն։ Այսինքն, նիւթը կարելի է դիտարկել առաջնահերթութիւններու փոփոխութեան պարունակին մէջ, ինչ որ երկարաժամկէտ ազդեցութիւն կրնայ գործել կամ բեկումնային նշանակութեամբ վերատեսութիւններ կրնայ հրահրել։ Իրավիճակի փոփոխութեան, միանշանակ, դուռ կրնան բանալ նաեւ բնական աղէտները։ Այժմու աղէտալի երկրաշարժը կարծես դասական օրինակ մը եղած ըլլար։

Այս երկրաշարժին ծանր հետեւանքները Թուրքիոյ պարագային տեսանելի ապագային պիտի ըլլան բախտորոշ։ Երկրի տնտեսական եւ ընկերային հաւասարակշռութիւններու վերահաստատումը անխուսափելիօրէն կրնայ տարածուիլ երկար ժամանակի վրայ։ Պէտք չէ մոռնալ, որ համաշխարհային առկայ մեծ անորոշութեան համայնապատկերին վրայ պէտք է դիտարկել այս բոլորը։ Այսինքն, Թուրքիան թէեւ ունի վերականգնուելու բաւարար ներուժը, բայց այդ բանը դիւրին պիտի չըլլայ։ Չի բացառուիր նաեւ, որ իրադրութեան այս փոփոխութեան զուգահեռ՝ միջազգային համագործակցութեան նոր ձեւաչափեր օրակարգի վրայ գան։

Այսօր, երբ Թուրքիոյ մէջ աշխատանքի լծուած են Հայաստանէն փրկարարներ, իրավիճակի էական փոփոխութեան հանգամանքը կարելի է արժեւորել նաեւ Անգարա-Երեւան առանցքին տեսակէտէ։ Անշուշտ, մարդասիրականն ու քաղաքականը պէտք չէ շփոթել։ Սա թէ՛ բարոյական առումով վիճելի է եւ թէ առողջ եզրայանգման կրնայ չառաջնորդել։ Բայց առարկայականօրէն միջպետական նիւթ մըն է՝ քանի երկրի մը կողմէ ուրիշ երկրի մը մէջ գործառոյթ կ՚իրականացուի։ Եւս առաւել, այժմ Թուրքիոյ մէջ են նաեւ Ատրպէյճանէն փրկարարներ։ Այո՛, թէկուզ բնաւ կապ չունին իրարու հետ, բայց կը ծառայեն նոյն նպատակին։ Այս բոլորը կը համընկնին պահու մը, երբ մարդասիրական տագնապի աղաղակ կը բարձրանայ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղէն։

Մարդասիրական ազնիւ մղումը քաղաքականին ի հաշիւ չարագործելը միայն կը խորացնէ փակուղին։ Աշխարհի որեւէ երկրէ չ՚ակնկալուիր մարդասիրական գործօններով փոխել իր քաղաքականութիւնը, որով հետամուտ է ազգային շահերուն։ Անշուշտ, միամիտ պէտք չէ ըլլալ։ Միւս կողմէ, որքան որ ալ ընկալուի լռելեայն՝ իրերու դրուածքը յայտնի է բոլորին։

Մարդասիրական վեհ քայլերը կ՚առնուին անշահախնդիր, իսկ եթէ անոնք զուգադիպին իրավիճակի փոփոխութեան ջրբաժաններուն, ապա յաջորդ քայլափոխին կրնան նոր պատուհաններու բացման գործօնի վերածուիլ։ Պետութիւնները նո՛ր իրավիճակի պայմաններով, կրնան նո՛ր հայեացքով մը տեսնել այդ պատուհանին ցոյց տուած պատկերը, որուն վրայ կրնան նո՛ր՝ մինչ այդ անտեսուած, նոյնիսկ մերժուած հնարաւորութիւններ նկատել։ Այդ կէտէն սկսեալ քաղաքականութեան մէջ ալ փոփոխուած՝ նո՛ր իրավիճակներ կրնան ծնիլ։

Թուրքիոյ մէջ Հայաստանէն փրկարարներու ներկայութիւնը, բնականաբար, պէտք չէ գերագնահատել, բայց նաեւ պէտք չէ թերագնահատել։ Սա եթէ նոյնիսկ վաղը մոռցուի, ապա չի փոխուիր այն ճշմարտութիւնը, թէ Հայաստան ճիշդ քայլ մը առած է, իսկ եթէ չմոռցուի, ապա կրնայ անկիւնադարձ մը ըլլալ՝ ուրուագծելով նո՛ր իրավիճակի հորիզոնը։

Այստեղ կան պարզապէս հաւանականութիւններ, ուրիշ ոչինչ…

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Հինգշաբթի, Փետրուար 9, 2023