ԹԱՓ ՏԱԼ ՊԱՅՔԱՐԻՆ
Ցեղասպանագէտներու միջազգային ընկերակցութեան 12-րդ գիտաժողովը երէկ բացուեցաւ Երեւանի մէջ։ 2015-ի ոգեկոչումներուն շրջագծով ընկերակցութիւնը որոշած է սոյն գիտաժողովը իրականացնել Հայաստանի մէջ։ Մինչեւ շաբաթավերջ պիտի շարունակուին աշխատանքները։ «20-րդ դարու ցեղասպանութիւններու համեմատական վերլուծութիւն» խորագրեալ գիտաժողովին բացումը երէկ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանին մէջ, Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի ելոյթով։ Մեծ դահլիճին մէջ բացուած գիտաժողովի առաջին փուլին ներկայ գտնուեցան նաեւ Ցեղասպանագէտներու միջազգային ընկերակցութեան նախագահ Տանիէլ Ֆէյերսթէյն, Ծիծեռնակաբերդի թանգարան-կաճառի տնօրէն Հայկ Տեմոյեան, 2015-ի միջոցառումները կազմակերպող պետական յանձնաժողովի ընդհանուր համակարգող Վիգէն Սարգսեան, այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ եւ հեղինակաւոր մասնագէտներ։ Ծիծեռնակաբերդի թանգարան-կաճառի հիւրընկալմամբ կ՚իրականանայ այս գիտաժողովը։ Երեւանի մէջ սկսած այս հաւաքոյթը աննախադէպ է թէ՛ մասնակիցներու քանակին եւ թէ ակադեմական բարձր վարկանիշին տեսակէտէ։ Ծրագրին կը մասնակցին ցեղասպանագիտութեան եւ յարակից ոլորտներու շուրջ 180 մասնագէտներ, որոնք աշխարհի զանազան երկիրներէն փութացած են Երեւան։ 2015-ի ոգեկոչումներուն շրջագծով կազմակերպուած այս գիտաժողովը ձօնուած է նաեւ Բ. Համաշխարհային պատերազմի եւ Հոլոքոստի 70-րդ տարելիցներուն։
Ցեղասպանագէտներու միջազգային ընկերակցութիւնը կը հանդիսանայ ցեղասպանութիւնները եւ մարդկութեան դէմ կատարուած յանցագործութիւնները ուսումնասիրող գիտնականներու յառաջատար ու խոշորագոյն միաւորումը։ Ընկերակցութիւնը 1994 թուականին հիմնադրուած է խումբ մը յայտնի ցեղասպանագէտներու կողմէ. օրինակ՝ Իսրայէլ Չառնի, Հելէն Ֆէյն, Ռապըրթ Մելսըն, Ռաճըր Սմիթ։ Ընկերակցութիւնը այսօր կը միաւորէ աւելի քան հինգ հարիւր գիտնական աշխարհի զանազան երկիրներէն։ Անոր նպատակն է հետազօտել եւ ուսումնասիրել աշխարհի վրայ տեղի ունեցած ցեղասպանութիւններու պատճառները՝ կանխարգիլելու համար անոնց ապագային կրկնուիլը։ Կազմակերպիչները ուշադրութիւն կը հրաւիրեն այն հանգամանքին վրայ, թէ Ցեղասպանագէտներու միջազգային ընկերակցութեան անդամները մշտապէս իրենց ուսումնասիրութիւններու կեդրոնին պահած են Հայոց ցեղասպանութիւնը։
Գիտաժողովի բացման ընթացքին ունեցած ելոյթին ժամանակ Սերժ Սարգսեան ըսաւ. «Հպարտ եմ, որ ըլլալով մարդկութեան դէմ ամենասարսափելի յանցագործութեան՝ ցեղասպանութեան ենթարկուած ժողովուրդ, մենք վերածնած ենք, պետականութիւն կերտած եւ այսօր հնարաւորութիւն ունինք հանդէս գալու որպէս ցեղասպանութեան յանցագործութեան դէմ պայքարի առաջամարտիկներէն մին։ Յաճախ կը թուի, որ միջազգային իրաւունքի զարգացման, քաղաքական մտքի յառաջխաղացման զուգընթաց մարդկութիւնը պէտք է արդէն իսկ յաղթահարած ըլլար ցեղասպանութեան յանցագործութեան արհաւիրքը։ Այնքան խօսուած է մարդկութեան դէմ ուղղուած այս յանցագործութեան բաղադրիչներուն մասին, այնքան ջանք ներդրուած է այս յանցագործութիւնը բնորոշելու, կանխարգիլելու, պատժելու եւ դատապարտելու ուղղութեամբ, որ կը թուէր, թէ «այլեւս երբեք» կարգախօսը իր լիարժէք իրագործման կը հասնի։ Դժբախտաբար, մենք այսօր ալ ականատեսը կը դառնանք ցեղասպանական գործողութիւններուն, այլատեացութեան քարոզչութեան, ֆաշիստ գաղափարախօսութեան յառաջ մղման։ Մենք կը տեսնենք զանգուածային սպանութիւններ, վայրագութիւններ, կոտորածներ, կրօնական, ազգային, լեզուական տարբերակմամբ հիմնաւորուող խտրականութիւն, առանձին խումբերու հատուածային կամ ամբողջական ոչնչացման փորձեր, մշակութային ժառանգութեան եւ հոգեւոր կեանքի թիրախաւորում։ Սա մեզի կը յուշէ, որ ցեղասպանութեան յանցագործութեան դէմ միջազգային պայքարը պէտք է նոր թափ առնէ, նոր բովանդակութիւն ստանայ եւ պէտք է օգտագործուին հնարաւոր բոլոր հարթակները»։
Իր ելոյթին տեւողութեան Սերժ Սարգսեան ընդգծեց, որ ցեղասպանութեան մը մասին խօսելու ժամանակ մշտապէս պէտք է օգտագործուի այդ եզրոյթի միակ ճիշդ բնորոշումը, որն է յանցագործութիւն։ Ըստ իրեն, հաշուի առնելով այդ յանցագործութեան բազմաշերտ բնոյթը, չափազանց կարեւոր է, որ անոր բնորոշման, կանխարգիլման, դադարեցման, դատապարտման, անոր համար պատիժի կիրարկման գործընթացը ըլլայ բազմակողմանիօրէն հիմնաւորուած եւ այդ հիմնաւորուածութիւնը կառուցուած ըլլայ գիտական հէնքի վրայ։ Պատմաբաններ, քաղաքագէտներ, ազգագրագէտներ, մշակութաբաններ, միջազգային իրաւունքի մասնագէտներ, հոգեբաններ, բազմաթիւ այլ մասնագէտներ անհրաժեշտ են ցեղասպանութեան յանցագործութեան դէմ պայքարը աւելի արդիւնաւէտ յառաջ մղելու համար, ինչպէս նաեւ ցեղասպանութիւններու հետեւանքները յաղթահարելու ուղղեալ քայլեր ծրագրաւորելու եւ իրականացնելու համար։ Սարգսեանի համոզմամբ, այս հանգամանքով իսկ կը բիւրեղանայ Ցեղասպանագէտներու միջազգային ընկերակցութեան հարթակին կարեւորութիւնը։ Ան շարունակեց.
«Դուք մասնագիտականօրէն կը զբաղիք մարդկութեան առջեւ ծառացած այս դժոխային երեւոյթով։ Դժբախտաբար, պատմութեան ընթացքին յաճախ տարատեսակ շահերը անհեռատեսօրէն վեր կը դասուին ցեղասպանութիւնները կանխագործելու հրամայականէն՝ մարդկութեան տարեգրութեան մէջ ստեղծելով անպատիժ նախադէպեր ու այդպէսով իսկ խթանելով այդօրինակ վարքագծի հետագայ դրսեւորումները։ Գաղտնիք չէ, որ կատարուած յանցագործութիւնները քօղարկելու, զոհը ոճրագործ եւ ոճրագործը զոհ ներկայացնելու փորձերէն զերծ չի մնար նաեւ գիտութիւնը կամ մի գուցէ աւելի ճիշդ է ըսել՝ հակագիտութիւնը»։