ԴԵՍՊԱՆ ՔԸԼԸՉ ՇՆՈՐՀԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ ՅԱՅՏՆԵՑ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ՝ ՄԱՐԴԱՍԻՐԱԿԱՆ ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ

Հայաստանի կողմէ աղէտալի երկրաշարժէն վերջ Թուրքիոյ համար ցուցաբերուած մարդասիրական օժանդակութիւնը ուշադրութեան կ՚արժանանայ նաեւ Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին մէջ։ Շաբաթավերջին այդ գործընթացէն ներս Թուրքիոյ յատուկ ներկայացուցիչը՝ Սերտար Քըլըչ ընկերային ցանցերու վրայ արձագանգեց օժանդակութեան եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Հայաստանին։ Ան այս ամբողջին մէջ մասնաւոր երախտագիտութիւն արտայայտեց գործընթացէն ներս Հայաստանի յատուկ ներկայացուցիչին՝ Ռուբէն Ռուբինեանին եւ Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Վահան Կոստանեանին։

Դեսպան Սերտար Քըլըչ գրառման մէջ յիշեցուց, որ երկրաշարժէն անմիջապէս վերջ 28 հոգիէ բաղկացեալ փրկարարներու խումբ մը Հայաստանէն եկած էր Թուրքիա՝ թեքնիք սարքաւորումներով։ Աւելի վերջ, Ալիճանի ցամաքային սահմանէն Հայաստանի ժողովուրդին կողմէ 5 բեռնատար ուղարկուած է Թուրքիա՝ ընդգրկելով 100 թոն սննդամթերք, դեղօրայք, ջուր եւ այլ հրատապ օժանդակութեան նիւթեր։ Այդ բոլորը ճանապարհ դուրս եկած են դէպի Ատըեաման։

Դեսպան Սերտար Քըլըչի գրառման կցուած են նաեւ զանազան լուսանկարներ, որոնք կը ցոլացնեն այդ բեռնատարերու Մարքարայի կամուրջէն անցնելով՝ Ալիճան ցամաքային սահմանի անցակէտէն Թուրքիա մուտք գործելը։

Դեսպան Սերտար Քըլըչի կողմէ ընկերային ցանցերու վրայ կատարուած այս գրառման անմիջապէս արձագանգեց նաեւ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացէն ներս Հայաստանի յատուկ ներկայացուցիչ Ռուբէն Ռուբինեան։ Այս վերջինը ուրախութիւն յայտնեց, որ կարողացած է իր նպաստը բերել այս գործին։

Իր կարգին, Հարաւային Կովկասի հարցերով Եւրոմիութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաարն ալ ուրախութիւն յայտնեց, թէ Հայաստան մարդասիրական օժանդակութիւն փութացուցած է Թուրքիոյ։

Հայաստանէն Թուրքիա հասած մարդասիրական օժանդակութեան շաբաթավերջին անդրադարձաւ նաեւ «Անատոլու» գործակալութիւնը։ Այսպէս, նշուած է, որ Ալիճան-Մարքարա սահմանային անցակէտէն Թուրքիա մուտք գործած Հայաստանի հինգ բեռնատարերը եւ պաշտօնեաները սահմանին դիմաւորուած են Իգդիրի աղէտներու եւ արտակարգ իրավիճակներու տնօրէն Պուրհան Չէօլլիւի եւ զինուորական պատասխանատուներու կողմէ։ Դիմաւորման արարողութեան զուգահեռ տեղի ունեցած են պաշտօնական անհրաժեշտ գործողութիւնները, որոնց աւարտին հայկական բեռնատարերը ուղղուած են դէպի աղէտի գօտի՝ Ատըեամանի շրջանը։ Գործակալութիւնը այս առթիւ յիշեցուցած է, որ Ալիճան-Մարքարա սահմանային անցակէտը 35 տարի վերջ դարձեալ օգտագործուած է մարդասիրական օժանդակութիւն տեղափոխելու համար։ Արդարեւ, 1988 թուականին Սպիտակի մէջ պատահած սարսափելի երկրաշարժէն վերջ ալ Թուրքիա մարդասիրական օժանդակութիւն փութացուցած էր Հայաստանին։ «Անատոլու» գործակալութիւնը յիշեցուցած է, որ այդ ժամանակ ալ նոյն սահմանային անցակէտէն թրքական բեռնատարերը մուտք գործած էին Հայաստան՝ ուղղուելու համար դէպի աղէտի գօտի։

Մինչ այդ, Ատըեամանի մէջ Հայաստանէն փութացած փրկարարներու խումբը կը շարունակէ իր գործունէութիւնը։ Լրահոսին մէջ շաբաթավերջին արձագանգ գտաւ, որ Հայաստանի, Թուրքիոյ եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու փրկարարներուն համագործակցութեամբ երկու աղջնակ փրկուած է փլատակներուն տակէն։ Առաջին անգամ տեղեկացուեցաւ, որ հայ փրկարարները ութ տարեկան աղջիկ մը փլատակներու տակէն դուրս բերած են՝ իրենց թուրք գործընկերներուն հետ։ Երկրորդ լաւ լուրը յաջորդեց այդ մէկուն՝ այս անգամ եռակողմանի ձեւաչափի մէջ։

ՀԱԼԷՊԷՆ ԶՈՀԵՐ

Միւս կողմէ, շաբաթավերջին յայտնի դարձաւ, որ երկրաշարժի Իսքենտէրունի (Աղեքսանդրիկ) զոհերու շարքին կը գտնուին Հալէպէն երեք հայեր։ Այսպէս, ստուգուած է, որ զոհերուն բոլորը կը պատկանին Մեսրոպեաններու ընտանիքին։ Սաստիկ երկրաշարժին հետեւանքով մահացած են Մեսրոպ Մեսրոպեան, Արմիկ Մեսրոպեան եւ Դշխուն Մեսրոպեան, որոնք Հալէպի հայկական կեանքէն ներս բեղուն գործունէութիւն ծաւալած անձնաւորութիւններ եղած են։

Երկուշաբթի, Փետրուար 13, 2023