ՑՈՒՑԱԿՆԵՐՈՒ ԳՈՅՆԵՐԸ ՃՇԴՈՒԵՑԱՆ

Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ընտրութեան գործընթացը կը շարունակուի նախատեսուած հունին մէջ։ Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնութեանց համայնքային վաքըֆներու ընտրական կանոնադրութեան տրամադրութիւններուն հիման վրայ՝ համապատասխան ժամանակացոյցը կը բանի եւ, ինչպէս ծանօթ է, քուէարկութիւնը նախատեսուած է մարտի 12-ին։

Ատենապետ Խաչիկ Սարըլըի կողմէ գլխաւորուած ընտրական մարմինը երէկ արդէն հերթական հրապարակումներ ըրաւ նախընտրական գործընթացին կապակցութեամբ։ Այսպէս, Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան Իսթանպուլի Ա. շրջանի մասնաճիւղը արդէն թեկնածուներու վերաբերեալ անհրաժեշտ քննութիւնները աւարտած է։ Այս պայմաններուն ներքեւ, ընտրական մարմնին յանձնուած են թեկնածուական վերջնական ցուցակները։ Վաւերացեալ այդ ցանկերը արդէն հրապարակուած են Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն, Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եւ Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցիներու համալիրներէն ներս։

Ինչպէս ծանօթ է, թեկնածուական վեց խումբեր առաջադրուած էին՝ յառաջիկայ շրջանին Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ղեկը ստանձնելու համար։ Ընտրական մարմնի մամլոյ բանբերը՝ իրաւաբան Սարօ Պենկլեան երէկ տեղեկացուց, որ արդէն վիճակահանութեամբ ճշդուած է նաեւ իւրաքանչիւր թեկնածուական խումբին գոյնը, որով ան պիտի ներկայանայ համայնքի ընտրողներուն։ Այսպէս, Շէյտա Երկանեան-Նանեանի կողմէ գլխաւորուած խումբին վիճակած է դեղին գոյնը, Աքսել Թոփալեանի կողմէ գլխաւորուած խումբին՝ ճերմակը, տքթ. Թագւոր Անանի կողմէ գլխաւորուած խումբին՝ մանիշակագոյնը, Արէտ Աքփոլատի կողմէ գլխաւորուած խումբին՝ կապոյտը, Ասլան Կիւնէրի կողմէ գլխաւորուած խումբին՝ կարմիրը եւ վերջապէս այժմու ատենապետ իրաւաբան Սիմոն Չեքէմի գլխաւորած խումբին՝ կանաչը։

Յառաջիկայ շրջանին թեկնածուական խումբերը այս գոյներով պիտի ներկայանան համայնքային շրջանակներուն եւ մինչեւ քուէարկութեան թուականը այդ խորհրդանշանով պիտի փորձեն ապահովել ժողովրդական զօրակցութիւն։

Երեքշաբթի, Փետրուար 21, 2023